Print
Category: Յուշատետր

102 տարի առաջ, Մայիս 20ի օրը, Իրանի Համատան քաղաքին մերձակայքը, իր վերջին շունչը փչեց հայ ժողովուրդի բացառիկ զաւակներէն եւ Դաշնակցութեան արդարադատ հերոսներէն Եփրեմը։

20 Մայիս 1912ին, Իրանի հակասահմանադրական ուժերը ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին Համատան քաղաքին մերձակայքը։ Իրանի Սահմանադրական ուժերու յաղթական հրամանատարն էր Եփրեմ, որուն սակայն ճակատագիրը վերապահած էր յաղթանակի պահուն յաւերժութիւնը նուաճելու հերոսի մահ մը։
Յաղթանակը արդէն նուաճուած էր, երբ դաւադիր գնդակ մը վերջ տուաւ Դաշնակցութեան Անկեղծ Զինուորին կեանքին։
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի պատմութեան բախտորոշ էջերէն մէկը կը կազմէ, քսաներորդ դարասկիզբին, Իրանի Սահմանադրական Շարժումին Դաշնակցութեան բերած աշխոյժ մասնակցութիւնը՝ թէ՛ քաղաքական-ռազմավարական ճակատի վրայ Ռոստոմի ղեկավար դերակատարութեամբ, թէ՛ մարտական-զինուորական ճակատի վրայ Եփրեմի հերոսական հրամանատարութեամբ։
Երեւոյթ է Եփրեմ՝ ե՛ւ հայ ժողովուրդի, ե՛ւ Իրանի պատմութեան մէջ։
Դանիէլ Վարուժանի հանճարեղ գրիչը Եփրեմ երեւոյթին խորհուրդն ու մեծութիւնը խտացուց այսպէ՛ս.

Կարիպալտին՝ Հռովմինն է, եւ Բոնաբարդ՝ Ոճիրին.-
Կը պատկանիս դո՛ւն միայն Ազատութեան Ոգիին։
Ըզքեզ խրճիթ մը ծնաւ, Հայ վիշտը քեզ օրօրեց.-
Այդ վիշտին չափ եղար մեծ։

Սիւնեաց աշխարհէն էր Եփրեմ Դաւթեանց. ծնած էր Գանձակի Բարսում գիւղը. ծննդեան թուականը ամենայն հաւանականութեամբ 1868ն է, թէեւ կենսագիրները կու տան նաեւ 1869 եւ 1871 թուականները։
Եփրեմ հայրազուրկ մեծցած էր, ծերունի մօր մը միակ զաւակն էր, որ հազիւ երիտասարդ՝ 17 տարեկանին, ուսումը կիսատ թողած, հեռացաւ իր ծննդավայրէն եւ միացաւ Երկիր անցնող ու թրքական լուծին դէմ ըմբոստացած առաջին հայ յեղափոխականներու հրոսակային շարժումին։
Գաբրիէլ Լազեան, իր «Յեղափոխական Դէմքեր»ուն մէջ ներկայացնելով Եփրեմը, մեծանուն հերոսին կրակի մկրտութիւնը կը կապէ Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի շրջակայքը «Ղօջլիտի Տղայ» անունով ծանօթ հրոսակապետի մղած կռիւներուն, որոնց ընթացքին 19ամեայ Եփրեմ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր խիզախութեամբ եւ մարտական ընդունակութիւններով։
21 տարեկանին Եփրեմ արդէն միացած էր նորակազմ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան եւ Յունոյի հրամանատարութեան տակ, իբրեւ տասնապետ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Սարգիս Կուկունեանի արշաւախումբին։
Երբ ցարական իշխանութեանց կողմէ հալածանքը սկսաւ արշաւախումբին դէմ եւ հայ յեղափոխականները ցարական բանտերը նետուեցան, պաշտօնապէս 1971ի ծնունդ՝ անչափահասի տարիքով արձանագրուած Եփրեմը, Կարսի մէջ բանտարկուելով եւ դատուելով, միայն հինգ տարուան (տասի փոխարէն) աքսորի դատապարտուեցաւ։ 1892ին աքսորուեցաւ Սիպիր, Սախալին, ուր միայն երկու տարի մնաց. յղացաւ գերաններով նաւակ մը շինելու եւ գետը նետուելով փախուստ տալու ծրագիր մը, որ գործադրեց իր հայ ընկերոջ եւ երեք ռուս ճակատագրակից բանտարկեալներու հետ։ Երկու ամիս եւ 23 օր տեւողութեամբ արկածախնդրալից ճամբորդութենէ մը ետք՝ եփրեմ վերադարձաւ հայրենիք։
1895¬1897 տարիներուն, իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բագուի Ոսկանապատ Կ. Կոմիտէի գործիչ, Եփրեմ ուսուցչական աշխատանքի լծուեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Հայերէնի կողքին ռուսերէն, պարսկերէն եւ թրքերէն լեզուներուն իր քաջածանօթութիւնը օգնեց, որպէսզի շրջագայի հայկական գիւղերով եւ յեղափոխական գաղափարներով տոգորէ հայ երիտասարդութիւնը՝ «Դէպի Երկիր» ուղղելով անոնց քայլերը։
Իր կարգին Եփրեմ շուտով ուղարկուեցաւ Ատրպատական, Թաւրիզ, որ սահմանը կտրող հայ յեղափոխականներու եւ զինատար խումբերու խարիսխն էր՝ Դաշնակցութեան զէնքի գործարանով եւ հայդուկային պատրաստուած գործիչներու կեդրոնացումով։
1897ին Եփրեմ իր մասնակցութիւնը բերաւ Խանասորի Արշաւանքին, իբրեւ ձիաւոր խումբի տասնապետ՝ մարտական իր խիզախութեամբ ու հերոսական քայլերով մեծ հռչակի արժանանալով։ Արշաւանքի յաջող աւարտէն ետք Եփրեմ վերադարձաւ Արցախ, քանի մը տարի եւս շարունակեց շրջիկ ուսուցիչ¬գործիչի իր գործունէութիւնը, մինչեւ որ 1902ին, Ռոստոմի խորհուրդով, վերջնականապէս անցաւ Ատրպատական ու հաստատուեցաւ Ռաշտի մէջ, ուր ամուսնացաւ, աշխատեցաւ ճամբու շինարարական ընկերութեան մը մէջ, մինչեւ որ հաստատեց աղիւսի արտադրութեան իր սեփական գործը։
1906ին, երբ Իրանի մէջ Սահմանադրական շարժման յեղափոխական առաջին խմորումները երեւան եկան, Եփրեմ ղեկավար դէմքերէն էր Ռաշտի Հ.Յ.Դ. «Վրէժ» Կոմիտէութեան, որուն ներկայացուցիչի հանգամանքով մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կ. Կոմիտէութեան խորհրդակցական ժողովներուն, ուր հասունցաւ Իրանի Սահմանադրական շարժման Դաշնակցութեան լիարժէք մասնակցութեան գաղափարը։
Եփրեմ հիմնական դեր ունեցաւ, համադաշնակցական առումով, այդ գաղափարին որդեգրման ու իրականացման մէջ՝ Ռոստոմը ունենալով իբրեւ միեւնոյն այդ գաղափարին ջերմեռանդ պաշտպանը։
Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը, 1907ի գարնան, որոշում կայացուց լիարժէք մասնակցութիւն բերելու Իրանի Սահմանադրական շարժումին եւ անոր գործադրութիւնը վստահեցաւ յեղափոխական մեծ վարպետին՝ Ռոստոմին։
1907ի Դեկտեմբերին Ռոստոմ հասաւ Թաւրիզ եւ սկսաւ բանակցութիւններ վարել Սահմանադրական շարժման պարսիկ ղեկավարներուն հետ։ Ռոստոմ կþառաջնորդուէր ոչ միայն Իրանը բռնապետական լուծէ ազատագրելու նպատակով, այլեւ ու մանաւանդ՝ հայկական Ատրպատականի գրաւման թրքական ախորժակները իրենց սաղմին մէջ խեղդելու ռազմավարական հաշուարկով։
Իր կողմէ՝ Եփրեմ եւ Հ.Յ.Դ. Ռաշտի կազմակերպութիւնը գործնապէս արդէն մասնակից էին Սահմանադրական շարժման մարտական ինքնակազմակերպումին, յեղափոխականի իրենց փորձառութեամբ ինքնավստահութիւն ներշնչելով պարսիկ նորընծայ յեղափոխականներուն։
1908ի գարնան ընդհարումները սկսան Շահի բռնապետական ուժերուն հետ։ Դաշնակցութիւնը զէնքով ու փորձառու մարտիկներով նետուեցաւ կռուի դաշտ՝ Եփրեմին վստահելով դաշնակցական ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը։
Մինչեւ 13 Յուլիս 1909ի Թեհրանի ամբողջական ազատագրումը եւ Շահի գահընկէցութիւնը շարունակուած կռիւները, Եփրեմ դրսեւորեց Իրանի Սահմանադրական շարժման իսկական հրամանատարի փառահեղ գործունէութիւն, որուն համար արժանացաւ ոչ միայն Խանի տիտղոսին, այլեւ՝ Սարդարի (Ընդհանուր Հրամանատար) զինուորական աստիճանին։ Սահմանադրական նորահաստատ կառավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ նախ մայրաքաղաք Թեհրանի, ապա նաեւ ամբողջ Իրանի Ոստիկանապետ։ Թէեւ այդ պաշտօնին համար Եփրեմ մեղադրուեցաւ իր կուսակցական ընկերներուն կողմէ՝ իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականին ոչ-պատշաճ պաշտօն, մինչեւ իսկ Ռոստոմ՝ Եփրեմին ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ընկերաբար խորհուրդ տուաւ անոր, որ ձեւը գտնէ հրաժարելու այդ պաշտօնէն, այսուհանդերձ՝ Իրանի սահմանադրական շարժումը պէտք ունէր թագաւորական ուժերու յամեցող սպառնալիքին դէմ յեղափոխութեան ձեռքբերումները պաշտպանող երկաթեայ բազուկի, որուն ամէնէն յուսալի եւ ժողովրդականութիւն վայելող մարմնաւորումը ինք՝ Եփրե՛մն էր։
Այդպէս ալ եղաւ։ Եփրեմ իր կեանքն ու անունը վերջնականապէս կապեց Իրանի սահմանադրական շարժումին։ Շարունակեց մնալ Սահմանադրական շարժման քաղաքական նուաճումները պաշտպանողի յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Նորանշանակ Շահը իր կարգին սկսաւ դաւել Սահմանադրականներուն դէմ, պատահեցան շարք մը քաղաքական սպանութիւններ Սահմանադրական կառավարութեան ղեկավարներուն դէմ, բայց այդ բոլոր սադրանքներն ալ իրենց դէմ գտան Սահմանադրական շարժման մշտարթուն պահակին՝ Եփրեմի վճռական եւ զսպիչ, այլեւ անպարտելի բազուկը։
Այնուհետեւ, մինչեւ 1912ի Մայիս երկարած ընդհարումներուն եւ Սահմանադրական կարգերու պաշտպանութեանի խնդիր մղուած կռիւներուն, Դաշնակցութիւնը դարձեալ բերաւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը։ Դաշնակցական խեչոյի եւ Քեռիի գլխաւորութեամբ դաշնակցական ուժերու նորովի կեդրոնացումներ կատարուեցան՝ Եփրեմի գործունէութիւնը փորձառու մարտիկներու աջակցութեամբ ուժեղացնելու առաջադրանքով։ Արդիւնքը եղաւ հերոսական յաղթանակներու նոր շղթայի մը նուաճումը Եփրեմի հաշւոյն, որ արդէն անպարտելի հռչակուած էր Իրանի ժողովուրդին կողմէ։
Բայց ճակատագիրը տարբեր խաղ սահմանած էր մեծանուն հերոսին համար։
20 Մայիսին, 1912ին, թագաւորական Սալար-էլ-Տաուլէի զօրքերուն դէմ փայլուն յաղթանակ մը տանելէ ետք, երբ Եփրեմ օգնութեան կը փութար իր վիրաւոր զինակիցին, դարանակալ գնդակը վերջ տուաւ անոր Հերոսի կեանքին։
Եփրեմի անկենդան մարմինը Թեհրանի հայոց եկեղեցին բերուեցաւ վահանի վրայ։ Ան արժանացաւ ազգային հերոսի ու Սահմանադրական շարժման անվիճելի հրամանատարի փառաշուք յուղարկաւորութեան եւ թաղումին։
Ինչպէս որ Սիմոն Զաւարեան օրին, Եփրեմի նահատակութեան առիթով պիտի պատգամէր՝
«Նրան կռիւ ուղարկելիս, ողջդարձի առթիւ, Դաշնակցութիւնը ուղեկցեց Եփրեմին՝ հին դիւցազնական պատուէրով.
«- Կա՛մ վահանը ձեռքիդ, կա՛մ վահանի վրայ։
«Եւ նա հաւատարիմ մնաց այդ պատգամին։
«Չորս տարի ան կեցած էր վահանը ձեռքին՝ միշտ էլ յաղթող, եւ այսօր նա պառկած է վահանի վրայ...նորէն յաղթող...
«Եփրեմները, հրամանատարները կþընկնին եւ պէտք է որ ընկնին։ Նրանց մահով բանակն է, որ կը յաղթանակէ, Հայութեան, ամբողջ Մարդկութեան Ազատութեան օրն է, որ կը մօտենայ...»։

Ն.