Print
Category: Յուշատետր

Մայիս 14ի օրը, 22 տարի առաջ, իր առաջին քայլը նետեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը, որ կոչուած էր դառնալու հայ ժողովուրդին համազգային ու ներկայացուցչական գլխաւոր կառոյցը եւ ծառայելու, իբրեւ այդպիսին, Հայաստանի ու հայութեան զարգացման ու բարելաւման մարտահրաւէրները միասնական ուժերով նուաճելու նպատակին։

1992ի Մայիս 14ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ նորաստեղծ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձումներու Խորհուրդին առաջին լիակատար նիստին։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սեպտեմբեր 1991ին վերականգնեց իր անկախութիւնն ու ազատութիւնը, իսկ վեց ամիս ետք՝ 1992ի Մարտ 3ին, Հ.Հ. անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պաշտօնական հրամանագրով կեանքի կոչուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը (Հ.Հ.Հ.)։ Հիմնադրամի ստեղծման պետական որոշումը իրագործման մէջ մտաւ 14 Մայիս 1992ին, երբ համահայկական պատական, հոգեւորական, քաղաքական եւ հասարակական բարձրագոյն ներկայացուցչութեան հիմունքով կազմուած Հոգաբարձուներու Խորհուրդը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։
Այդպէ՛ս իրականացման հունի մէջ դրուեցաւ համահայկական կեդրոնական կառոյց մը կեանքի կոչելու մերօրեայ կենսական նախաձեռնութիւնը։
Պատմական փաստ է, որ հայրենիքին, երկրի հայութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան օգնութեան փութալու գաղափարը միշտ ալ վառ եղած է աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքին մէջ։ Հայաստանի անկախութեան նուաճման օրերուն իսկ, 1919 թուականին, Մեծ Եղեռնէն վերապրած արեւմտահայ քաղաքական միտքը իր մէջ բաւարար ուժ գտաւ, որպէսզի Պոլսոյ մէջ նախաձեռնէր Հայաստանի օգնութեան համահայկական կառոյց մը ստեղծելու քայլին։
Եւ այդ քայլին անվերապահօրէն եւ անմիջապէս ընդառաջեց ու տէր կանգնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի ղեկավարութիւնը։
Իսկ Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, խորհրդայինները առաւելագոյնս չարաշահել փորձեցին մեր ժողովուրդին ազգային-հայրենասիրական այդ վառ ապրումները... Հայաստանի օգնութեան հասնելու նշանաբանին տակ, Կարմիր Երեւանը հետամուտ դարձաւ, սփիւռքի տարածքին իրեն հարկատու կառոյցներու սերմանումով, խորհրդային համայնավարութեան ազդեցութիւնը աշխարհով մէկ տարածելու այլասերիչ նպատակին իրականացման։ «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ» եւ «Հայրենիքի Օգնութեան Ֆոնտ» անուններու տակ, խորհրդայիններուն կողմէ կեանքի կոչուած այդ «համահայկական կառոյցներու» դառն ու տխուր պատմութեան, այլեւ ազգը պառակտող անոնց գործունէութեան անդրադառնալու առիթը չէ սակայն այսօր։
Այսօր տարեդարձն է մեր ժամանակներու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, որուն 20ամեայ յոբելեանը ողջնուող պաշտօնական իր ուղերձին մէջ, Հ.Հ. երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան տարիներ առաջ կը շեշտէր.
- «Մեր անկախ պետականութեան կազմաւորման զուգընթաց, հիմնուեցաւ համահայկական կառոյց մը, որ արդէն երկու տասնամեակ, համախմբելով համայն հայութեան ներուժը, եզակի առաքելութիւն մը կ'իրականացնէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ կառուցելով ու նորոգելով հարիւրաւոր քիլոմեթրեր երկարութեամբ ճամբաներ, կազատարներ ու ջրատարներ, արդիական հիւանդանոցներ, կրթօջախներ ու մշակութային հաստատութիւններ:
«Այս փառաւոր ճանապարհը հիմնադրամն անցած է ձեռք-ձեռքի տուած‘ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող իր բազմահազար նուիրատուներուն հետ, որոնց անկոտրում կամքին ու անմնացորդ նուիրումին արդիւնքով՝ կեանք առած են մեր հայրենիքին համար կարեւորագոյն նշանակութեամբ ենթակառուցուածքներ:
«Այս յոբելեանը կը խորհրդանշէ մեր միասնական ձեռքբերումները, մեծ ու փոքր յաղթանակները, որոնք ուղղուած են հայ ժողովուրդի բարօրութեանն ու մեր երկրի յառաջընթացին:
«Այս պայծառ յոբելեանի առթիւ ջերմագին շնորհաւորանքներ կը յղեմ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ կը մաղթեմ, որ իրականանայ շէն ու զօրաւոր հայրենիքի մէջ ապրելու բոլորիս երազանքը»:
Ողջ հայութիւնը արդար իրաւունքը ունի հպարտութեամբ ողջունելու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի նուաճած ուղին, որ այնքան ալ հեզասահ չեղաւ։
Ընդհակառակն՝ հարթուեցաւ ծանր փորձութիւններ յաղթահարելու եւ քաղաքական խոչընդոտներ վնասազերծելու գնով։
Մեր սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ տակաւին կը յամենան վերապրուկները քաղաքական ու գաղափարական պառակտման այն հեղձուցիչ մթնոլորտին, որ սկզբնական տարիներուն, յատկապէս մինչեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախագահական պաշտօնէն հրաժարումը, հետեւեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի քայլերուն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի նախագահական առաջին իշխանութիւնը փաստօրէն փորձեց եւ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի «քաղաքականացնէ» եւ սեփական իշխանութեան հաշիւներուն ծառայեցնէ համազգային այնքա՜ն կենսական այս կառոյցը եւս...
Աւելի՛ն. Հայաստանի նախագահական անդրանիկ իշխանութեանց օրով՝ Հ.Հ.Հ.ն գործնապէս վերածուեցաւ հակադաշնակցական պայքարի «զէնք»ի, ինչ որ իր կարգին պատճառ դարձաւ, որպէսզի ընդհանրապէս Սփիւռքի տարածքին հայօճախները վերապահութեամբ մօտենան Հիմնադրամի տեղական մարմիններ առաջացնելու եւ տարեկան հանգանակութեան գործը ամէնուր իրականացնելու ծրագիրներուն։
Քաղաքական այդ պառակտիչ դերակատարութիւնը աւելիով շեշտելու ծառայեցին Հիմնադրամի ատենի ղեկավարութեան գործած նիւթական չարաշահումները՝ հանգանակուած նուիրատուութեանց ըստ կամս եւ ի սպաս անձնական իւրացումներու մսխումները։
Այդ բոլորը մեր ետին են եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր հպարտութեամբ կþարժեւորէ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ազգանուէր գործունէութիւնը։ Ըստ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի կանոնադրութեան՝ Հ.Հ.Հ.ի բարձրագոյն ղեկավար մարմինը Հոգաբարձուներու Խորհուրդն է, որուն նախագահը ի պաշտօնէ Հ.Հ. նախագահն է։
Հոգաբարձուներու Խորհուրդը կը բաղկացնեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Լ.Ղ.Հ. նախագահը, Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. վարչապետները, Հ.Հ. Սահմանադրական Դատարանի, Ազգային Ժողովի եւ Կեդրոնական Դրամատան նախագահները, Հ.Հ. նախարարներ, համահայկական երեք կուսակցութեանց՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան լիազօրած ներկայացուցիչները, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի պատասխանատուները, հանրածանօթ ազգային բարերարներ ու հասարակական գործիչներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն։
Հիմնադրամի աշխատանքներում աշխոյժ մասնակցութիւն եւ մեծ ներդրում ունին համահայկական այս կառոյցին 23 տեղական մարմինները, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի 22 երկիրներու մէջ.- Միացեալ Նահանգներ (Լոս Անճելըս եւ Նիւ Եորք), Ֆրանսա, Քանատա (Թորոնթօ եւ Մոնրէալ), Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Զուիցերիա, Աւստրիա, Շուէտ, Լիբանան, Աւստրալիա, Պրազիլիա, Արժանթին (Պուէնոս Այրէս եւ Քորտոպա), Յունաստան, Կիպրոս, Սուրիա, Ուրուկուէյ, Ռումանիա, Ռուսաստանի Դաշնութիւն, Իրան, Իտալիա եւ Քուէյթ։
Վերջին 10 տեղական մարմինները ստեղծուեցան 2009 -2012 տարիներուն։
Տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները կը մասնակցին Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նիստերուն, որուն անդրանիկ լիակատար գումարման 22րդ տաեդարձն է Մայիս 14ի այս օրը։
Հիմնադրամի ծրագիրներուն իրականացման համար, այս 22 տարիներու ընթացքին, հաւաքուած է աւելի քան 300 միլիոն տոլար։
Հիմնադրամը արդէն թեւակոխած է նոր փուլ, ուր համահայկական իր առաքելութիւնը լիարժէք եւ ամբողջական դարձնելու ճամբուն վրայ, ան լայն բացած է իր գործունէութեան աշխարհագրական կարկինը, ներառած է նաեւ սփիւռքեան գօտիի այն հայօճախները եւ կառոյցները, որոնք ծանր տագնապ կը դիմագրաւեն իրենց հայապահպանման եւ ազգակերտման գործունէութեան ընթացքին։

Ն.