Print
Category: Յուշատետր

Մայիս 12ի օրը մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ երգի եւ երաժշտութեան նոր ժամանակներու վարպետներէն Էդուարդ Միրզոյեանի, որուն ստեղծագործական բեղուն վաստակն ու գեղարուեստական դաստիարակի պայծառ դէմքը կը կազմեն հարստութիւնն ու հպարտութիւնը մեր ժողովուրդին։

Ազգայինն ու հայրենաշունչը արդիական եւ նորարար մշակումով դասական երաժշտութեան վերածած վարպետն է Էդուարդ Միրզոյեան, որ մինչեւ 2012 Հոկտեմբերի իր վախճանը, ամբողջ տասնամեակներ կանգուն մնաց պատնէշի վրայ, անխոնջ ստեղծագործեց եւ, մանաւանդ, իբրեւ մանկավարժի՝ հայոց սերունդները ոգեւորեց հայ մշակոյթի եւ երաժշտութեան հարուստ աւանդներուն պաշտամունքով։
Ինչպէս անցեալին, նաեւ մեր օրերուն, հայ մարդոց մօտ լայն ժողովրդականութիւն եւ ջերմ ընդունելութիւն կը վայելեն Է. Միրզոյեանի «Ասում են թէ» եւ «Երազ տեսայ» ռոմանսներու օրինակով իր երգերը, «Լոռեցի Սաքոն» եւ «Հայաստան», «Հայրենիքն է կանչում» ու «Լարային կվարտետ», «Սոնատա ջութակի եւ դաշնակի համար» ու «պոէմ դաշնակի համար» երգչախմբային ու նուագախմբային կատարման համար անոր մշակած մեծարժէք գործերը։
Իրաւամբ, 1940ականներէն սկսեալ, Էդուարդ Միրզոյեան իր ներկայութեամբ ու արուեստով ջերմա- ցուց եւ ազնուացուց հայոց հոգիները ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Վարպետը ծնած էր 12 Մայիս 1921ին Գորի, Վրաստան։ Վաղ տարիքէն հետեւեցաւ Երեւանի Երաժըշտանոցի դասընթացքներուն եւ 1941ին աւարտեց Վ. Տալեանի ստեղծագործական դասարանը։
1939ին, Աւետիք Իսահակեանի բառերով իր մշակած «Ասում են թէ» ռոմանսով, հազիւ երիտասարդ, Է. Միրզոյեան մուտք գործեց հայ երաժշտութեան աշխարհէն ներս եւ անմիջապէս սիրուեցաւ ու գնահատուեցաւ։
1946էն 1948, երաժշտական բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ եւ կատարելագործեց իր գեղարուեստական շնորհները Մոսկուայի Հայ Մշակոյթի Տան Երաժշտական Արուեստանոցին մէջ։
Մոսկովեան այդ տարիները հնարաւորութիւնը ընձեռեցին երիտասարդ հայ երաժիշտին, որ ոչ միայն բացուի ժամանակի երաժշտական աշխարհի միջազգային նորարութիւններուն, այլեւ գտնէ հայ ժողովուրդի ազգային արմատներէն եւ աւանդներէն եկող երաժշտութիւնը արդիականացնելու իր ուրոյն ոճը։
Հայաստան վերադարձէն ետք, Պետական Երաժշտանոցին մէջ իր ծաւալած մանկավարժական բեղուն գործունէութեան կողքին, Է. Միրզոյեան լծուեցաւ մշակութային-հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։ 1956ին ընտրուեցաւ Հայաստանի Երաժիշտ- ներու Միութեան նախագահ եւ մինչեւ 1990 մնաց այդ պաշտօնին վրայ։
Էդուարդ Միրզոյեան երաժշտական իր վաստակը հարստացուց նաեւ շարժանկարի աշխարհին մէջ իր մշակած գեղարուեստական արժէքաւոր գործերով, ինչպիսին են «Երբ քեզ հետ են ընկերներդ» (1959), «Այսօր արեւոտ օր է» (1971), «Յեղկոմի նախագահը» (1977) եւ «Աքսորական N 011» (1978) կինոնկարնե- րու երաժշտութիւնները։
Միրզոյեան եղաւ դրօշակիրը ընդհանրապէս հայ մշակոյթի եւ յատկապէս հայ երգի եւ երաժշտութեան ազգային յառաջապահ դերին՝ իբրեւ բազմաչարչար եւ ճակատագրի հարուածով աշխարհասփիւռ դարձած մեր ժողովուրդին հողմացրիւ բեկորները իրարու կապող, ջերմացնող եւ հայկական հպարտութեամբ ոգեւորող անփոխարինելի զէնքի։
Ազգային արժէքներու միաւորման եւ հարստացման իր այդ կոչումով, այլեւ ու մանաւանդ իր բարեհամբոյր անհատականութեամբ ու նկարագրով՝ Միրզոյեան մեծ ներդրում ունեցաւ թէ՛ իր սերնդակից երաժիշտներուն առջեւ ստեղծագործական ասպարէզ բանալու առումով, թէ՛ հայրենի երգով ու երաժշտութեամբ տարագիր հայութեան ազգապահպանման գործին սատարելու մարզին մէջ։
Հայաստան-Սփիւռք կամրջումի աստիճանական ամրապնդման մէջ հիմնական դեր ունեցաւ եւ նշանակալից հիմք դարձաւ, 1970ին, Է. Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ հայ անուանի երաժիշտներու մեծախումբ այցելութիւնը Լիբանան, որ այդ շրջանին կը հանդիսանար Հայկական Սփիւռքի բաբախուն սիրտը։ Ոչ միայն գե- ղարուեստական իր ներկայութեամբ, այլեւ ազգային-հասարակական գործիչի իր լայնախոհութեամբ՝ Միրզոյեան յաջողեցաւ իր ընկերներով Հայաստան Աշխարհը բաբախուն ներկայութեան վերածել արտերկրի հայութեան կեանքին մէջ, տարագիր հայ մարդոց սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Քանի մը տարի առաջ, հայ երաժշտութեան ծերունազարդ վարպետը լոյս ընծայեց իր յուշագրութիւնը՝ «Ֆրագմենտներ» անուն հատորով մը։ Արդի հայ երաժշտութեան հանրագիտարան մըն է հատորը։ Ինչպէս օրին, յուշագրական այս գործը ներկայացնելով, Վլադիմիր Պետրոսեան կը վկայէր՝
«Էդուարդ Միրզոյանն ընթերցողի առջեւ բացում է Արամ Խաչատրեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Ադամ Խուդոյեանի, Յարօ Ստեփանյանի, Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեանի, Արտեմ Այվազեանի, Կարօ Զաքարեանի, Ղազարոս Սարեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Անդրէյ Բաբայեւի, Էդգար Յովհաննիսեանի եւ միւսների ստեղծագործական «խո- հանոցը», որոնք ոչ միայն պահպանել են երաժշտութեան ազգային ոգին, այլեւ գտել են ժամանակակից պայմաններում դա պահպանելու եւ զարգացնելու ճշմարիտ ուղին»:
Այդպիսին եղաւ որոշապէ՛ս Էդուարդ Միրզոյեանի ստեղծագործական «խոհանոց»ը։
Հայ երաժշտութիւնը թէ՛ հայ մարդոց հոգեմտաւոր ամէնօրեայ սնունդը դարձնելու, թէ՛ աշխարհին ծանօթացնելու եւ համապատասխան գնահատանքի արժանացնելու եւ թէ, մանաւա՛նդ, աշխարհացրիւ հայութիւնը հայրենիքին կապող ոգեղէն անփոխարինելի կամուրջի վերածելու ուղղութիւններով՝ Միրզոյեան հանդիսացաւ հայ երաժիշտներու մեծարժէք ամբողջ սերունդի մը յառաջապահ դէմքը։
Հայ երգի եւ երաժշտութեան վաստակաւոր վարպետը վախճանեցաւ 5 Հոկտեմբեր 2012ին, Երեւանի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը արժանի շուքով, իսկ մեր ժողովուրդը սրտաբուխ երախտագիտութեամբ անմահութեան յանձնեց իր արժանաւոր վարպետին։

Ն.