Print
Category: Յուշատետր

Մայիսի առաջին օրերը, 94 տարի առաջ, պատմականօրէն ծանր ու դաժան, նշանակալից, տագնապալի եւ դառնագոյն օրեր եղան Հայաստանի ու հայութեան համար՝ նախերգանքը հանդիսանալով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումին եւ կործանումին։

Մայիս 1ի Աշխատաւորական Օրուան տօնախմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։ Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրիլին յանկարծ «խորհրդային» դարձած Ատրպէյճանի «պոլշեւիկ» իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին Հ.Հ. վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ հայկական բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը կարմիր բանակայիններու մուտքին առջեւ։
Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կառավարական¬պաշտօնական շուքով կատարուող Մայիս Մէկի հանդիսութեանց հետեւող ժողովրդային խուռներամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպասէր Խատիսեանի կառավարութեան պատասխանին՝ Կարմիրներու վերջնագիրին։
Կասկած չկար, որ հայկական բանակը պիտի չլքէր հայրենի հողը, ընդհակառակն՝ ամէն գնով պիտի պաշտպանէր Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնը ատրպէյճանական ներխուժումին դէմ։
Բայց նաեւ դաժան ու դառն իրողութիւն էր, որ Ատրպէյճան արդէն Կարմիր Ռուսաստանի դրօշը պարզած էր եւ անոր անունով յայտարարուած էր Հայաստանի ուղղուած անձնատուութեան վերջնագիրը…
Հայաստանն ու հայութիւնը ինչպէ՞ս կրնային դիմագրաւել Ռուսական Վերջնագիրը։
Հայկական անձկութիւնը ունէր նաեւ ներքին անհանգստութեան աղբիւր մը։ Աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային Օրը տօնող հայ աշխատաւորներու, յատկապէս գիւղացիներու բազմահազարանոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտակարգ աշխուժութիւն կը դրսեւորէին Մարքսի ու Լենինի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկներու փոքրաթիւ, այլ աննշան խումբերը, որոնք Կարմիր Ռուսաստանին ուղղուած զօրակցական կարգախօսքերու շարքին՝ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը պահանջող կոչեր կը վանկարկէին...
Մայիս Մէկի երեւանեան հաւաքը, անշուշտ, անտեսեց հայ պոլշեւիկներու անհեթեթ կոչերը եւ ցուցադրականօրէն, հրապակա՛ւ, որդեգրեց համաժողովրդային բանաձեւ մը, որ նախ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէր տեղի չտալ Խորհրդային Ատրպէյճանի անունով կատարուած վերջնագիրին առջեւ, ապա՝ համոզում եւ յոյս կը յայտնէր, որ Կարմիր Ռուսաստանը ի վերջոյ ընթացք չի տար ատրպէյճանական հակահայ գրգռութեանց։
Լենինեան Ռուսաստանին կապուած այդօրինակ յոյսերն ու ակնկալութիւնները անհիմն էին, անշո՛ւշտ, եւ ապարդիւն անցան բնականաբա՛ր։
Թէեւ Հայաստանի օրուան կառավարութիւնը կþանդրադառնար, որ Քեմալական Թուրքիոյ եւ Լենինեան Ռուսաստանի միջեւ ընդդէմ Դաշնակիցներուն զինակցութիւն կնքելու գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ'ունենային, բայց ստուգապէս դեռ բացայայտուած չէին ծալքերն ու տարողութիւնը այդ դաւադիր «գործարք»ին... Ստոյգ էր սակայն եւ արդէն փաստացի իրողութիւն, որ մուսաւաթական Ատրպէյճանը մէկ գիշերուան մէջ, Ապրիլ 28-29ին, որոշեց Կարմիր համազգեստ հագնիլ եւ խորհրդային իշխանութեան դրօշ պարզել, որպէսզի Կարմիր Բանակի անդրկովկասեան զօրքերուն միանալով՝ ամբողջ թափով Հայաստանի վրայով արշաւէ Թուրքիոյ հետ միանալու ուղղութեամբ։
Օրին հայ քաղաքական մտքի բոլոր թեւերուն համար պարզ ու որոշ էր, որ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը Քեմալական Թուրքիոյ դրդումով եւ ուղղակի միջամտութեամբ կատարուած քայլ էր, որուն նպատակը մէկ ու միակ էր՝ իրագործել Պաքուի եւ Անգարայի միացումը... իսկ այդ միացման համար առաջնահերթաբար հարկ էր բռնագրաւել հայկական Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան ընդարձակ հողաշերտը եւ զայն... «կամուրջ»ի վերածել ի սպաս համաթրքական միութեան իրականացումին։
Անորոշն ու անստոյգը Լենինեան Ռուսաստանի քաղաքական հաշիւներն էին։ Պարզ էր, որ խորհրդային իշխանութիւնը ամէն գնով վճռած էր... վերատիրանալ Ցարական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներուն։ Յատկապէս Պաքուն, իր նաւթահորերով, «անփոխարինելի» կը նկատուէր Լենինի եւ անոր գործընկերներուն աչքին։ Այդ դիտանկիւնէն հասկնալի էր, որ Խորհրդային Ռուսաստանը իր կենսական խնդիրներէն մէկը կը լուծէր Ատրպէյճանի... «խորհրդայնացումով»։ Բայց հասկնալի չէր, թէ Կարմիր Ռուսաստանը ինչպէ՞ս կրնար չտեսնել, թէ թուրքեւատրպէյճանեան երկեակին հռչակած «խորհրդայնացում»ը կեղծ էր եւ ըստ ամենայնի կը ծառայէր Հայաստանի վրայով համաթրքական միութիւնը իրագործելու հաշիւներուն...
Հասկնալի չէր, աւելիո՛վ, Խորհրդային Ռուսաստանի անդրկովկասեան զօրքերուն ուղղակի զինակցութիւնը Կարմիր համազգեստ հագած թուրքեւատրպէյճանեան զօրայիններուն հետ... Մանաւանդ որ միացեալ գրոհի ձեռնարկելով Հայաստանի հիւսիսէն ու արեւելքէն՝ Կարմիր Բանակն ու անոր զօրքերը համալրած համաթրքական շարժման «կարմիր» դարձած զինուորները վերջնագիր յղած էին Հայաստանի Հանրապետութեան, պահանջելով որ երեք օրէն Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան կամուրջը յանձնեն... «խորհրդայիններուն»։
Այսպէ՛ս. Ատրպէյճանի Ապրիլ 28ի խորհրդայնացումով՝ Հայաստան յայտնուեցաւ երկու կրակի մէջ.- Մէկ կողմէ համաթրքական գրոհը՝ թուրքեւազերի միութեան ծրագրի գործադրութեան թափ տալով։ Իսկ միւս կողմէ պոլշեւիկեան Ռուսաստանին մեղսակից զօրաշարժը՝ Անդրկովկասի ծայրամասը հանդիսացող Հայաստանը եւս խորհրդային մականի տակ առնելու որոշումով։
1-5 Մայիս 1920ին յանկարծակի հարցականի տակ առնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հեռանկարը՝ իբրեւ ազատ ու անկախ պետութեան գոյատեւումը։
Մինչ Հայաստանի արեւելքէն ատրպէյճանական կարմիր բանակայինները (որոնց հրամանատարութեան մէջ էին նաեւ Անաստաս Միկոյեանի օրինակով հայ պոլշեւիկներ) թափ տուած էին իրենց ներխուժման, իսկ հիւսիսէն ռուս եւ վրացի պոլշեւիկները Հայաստանի խորհրդայնացման իրենց ծրագիրը յաջողցնելու դաւեր կþորոճային, յանկարծ Ալեքսանդրապոլի մէջ բռնկեցան հայ պոլշեւիկներու Մայիս Մէկի խռովութիւնները՝ Հայաստանի հանրապետական կարգերու տապալման եւ պետական բռնաշրջումի կոչերով։
Թէեւ փոքրաթիւ էին հայ պոլշեւիկները եւ չունէին ժողովրդային ծաւալ ստանալու որեւէ յոյս ու հեռանկար, բայց անոնց խռովարարութեանց առաջացուցած խառնաշփոթին մէջ մեծ էր վտանգը ոչ-հայ փոքրամասնութեանց հակապետական ըմբոստացման՝ ապաւինելով Քեմալ-Լենին արտաքին զօրակցութեան։
Մայիս 3ին գումարուած Հայաստանի խորհրդարանին բուռն նիստը եկաւ աւելիով ծանրացնելու վտանգաւոր այդ կացութիւնը։ Մատի վրայ համրուող ձախակողմեան խորհրդարանականները Ալ. Խատիսեանի կառավարութենէն պահանջեցին, որ շուտափոյթ ընդառաջէ պոլշեւիկներու անձնատուութեան պահանջներուն եւ վերջնագիրներուն՝ առաջին հերթին «հասկացողութիւն» ցուցաբերելով Ալեքսանդրապոլի հակապետական ցուցարարներուն նկատմամբ։ Իսկ աջակողմեան (Ժողովրդական) եւ անկուսակցական պատգամաւորները ընդհանրապէս անճրկած էին եւ ի վիճակի չէին ստանձնելու վճռական քայլի դիմելու պատասխանատուութիւնը։ Մինչդեռ ստեղծուած ճգնաժամն ու անելը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ էր ամբողջական՝ միակամ ու վճռական զօրաշարժ։
Մայիս 4ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն արտահերթ ժողով գումարեց եւ ընդլայնուած խորհրդակցութեան հրաւիրեց պետական եւ կուսակցական իր ղեկավար ուժերը՝ ելքը որոշելու համար։
Անշուշտ դաշնակցական ղեկավարութեան մէջ եւս կային մտածողներ (ինչպէս նոյնինքն Սիմոն Վրացեան, որ 1920ի Նոյեմբերին պիտի ստանձնէր վարչապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան), որոնք վերապահ էին «Բիւրօ-Կառավարութիւն» կազմելու քայլին նկատմամբ։ Բայց պահը պատմական ծանրագոյն նշանակութիւն ունէր։
Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ գործող քաղաքական ուժերը ընդհանրապէս պատրաստ չէին ստանձնելու պոլշեւիկեան խռովութիւնները երկաթեայ բռունցքով զսպելու եւ հայկական ներուժը լրիւ, արտաքին վտանգին դէմ, զօրաշարժի մղելու պատասխանատուութիւնը։ Անելը դիմագրաւելու միակ ելքը Ազգի եւ Հայրենիքի առջեւ ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնելու վճռականութիւնն էր։
Առաջնահերթօրէն հարկ էր վերջ տալ, յատկապէս խորհրդարանական ուժերու մակարդակին վրայ, Մայիս 1920ի առաջին օրերուն առաջացած այդ երկուութեան։ Նախ Մայիս 1ին սկսած խռովութիւնները պէտք է զսպուէին եւ անոնց պատասխանատուները օրէնքի ուժով պատժուէին։ Ապա՝ կտրական Ո՛չ պատասխանը պէտք է տրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը հայ պոլշեւիկներուն յանձնելու վերջնագրին։
Ի վերջոյ Խորհրդային Ռուսաստանը դաւադիր զինակցութեան մէջ մտած էր Քեմալական Թուրքիոյ հետ՝ Հայաստանի հաշւոյն հողեր զիջելով համաթրքական շարժման նոր «ասպետ»ին։
Հայաստանի անկախութեան պահպանման մեծագոյն հրամայականին, փաստօրէն, մահացու հարուած կը հասցնէին խորհրդայիններուն հետ ամէն գնով «լեզու գտնելու» քաղաքականութեան ջատագովները... Դանակը հասած էր հայ ժողովուրդի ոսկորին եւ, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, բուռն էր պահանջը սերունդներու ծով արեամբ նուաճուած անկախ Հայաստանը ամէն գնով պաշտպանելու եւ կործանումէ փրկելու զօրաշարժին։
Ահա ա՛յս առումով օրհասական պահ էր Հայաստանի համար եւ Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս տէր կանգնեցաւ ազգային իր պատասխանատուութեան։
Եւ 5 Մայիս 1920ին Դաշնակցութիւնը ստանձնեց Հայաստանի կառավարման լրիւ պատասխանատուութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն փաստօրէն ստիպուեցաւ իր լրիւ կազմով ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ղեկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը՝ բժիշկ Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ եօթը հոգինոց կառավարութիւն մը առաջացնելով։
- Համօ Օհանջանեան, վարչապետութեան կողքին, ստանձնեց նաեւ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ իր ունեցած արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։
- Ռուբէն Տէր-Մինասեան եղաւ, միաժամանակ, զինուորական եւ ներքին գործոց նախարար։
- Սիմոն Վրացեան ստանձնեց գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւնները։
- Աբրահամ Գիւլխանդանեանի յանձնուեցան ֆինանսներու եւ արդարադատութեան նախարարութիւնները։
- Արշակ Ջամալեան ստանձնեց հաղորդակցութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը։
- Գրիգոր Ղազարեան միատեղեց կրթութեան եւ արուեստի նախարարի պաշտօնները։
- Սարգիս Արարատեան ստանձնեց խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարարութիւնները։
Բիւրօ-Կառավարութիւնը մինչեւ Մայիսի կէսը ամբողջապէս հակակշռի տակ առաւ հանրապետութեան ներքին ճակատը։
Ալեքսանդրապոլի խռովարարները ծանրագոյն պատիժի ենթարկուեցան։ Հայ պոլշեւիկները, իբրեւ հայրենիքի դաւաճաններ ու հակապետական տարրեր, կա՛մ կախաղան հանուեցան, կա՛մ փախուստ տալով Վրաստան ու Ատրպէյճան ապաստանեցան։
Իսկ Հայոց Բանակը իր ամբողջ թափով լծուեցաւ Զանգեզուրի պաշտպանութեան՝ արեւեքէն եկող կարմիր-ազերի բանակայիններու գրոհը դիմագրաւելու զօրաշարժին։
Բիւրօ-Կառավարութիւնը միաժամանակ լարուած աշխատանքի անցաւ Կարմիր Ռուսաստանի հետ հասկացողութեան եւ գործակցութեան եզրեր գտնելու ճակատին վրայ։ Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ կազմեց բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ քաղաքական անհրաժեշտ վարկը կը վայելէր ռուս պոլշեւիկներու մօտ՝ Խորհրդային Ռուսաստանի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած ազգային-քաղաքական բնական դաշնակիցի քաղաքականութիւնը ներկայացնելու եւ ընդունելի դարձնելու համար։ Եթէ Շանթի պատուիրակութիւնը ի վերջոյ ձախողեցաւ իր այդ առաքելութեան մէջ, պատճառները Հայաստանի հանրապետական իշխանութեանց մէջ պէտք չէ փնտռել, այլ նախ՝ Լենին-Քեմալ մեծ դաւադրութեան եւ, ապա, հայ պոլշեւիկներու ձախապաշտութեան մէջ...
Բիւրօ¬Կառավարութիւնը յաջողեցաւ նաեւ մեծապետական քաղաքականութեան ճակատին վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դուրս բերելով թուրքեւազերի համաթրքական կողմի եւ Լենին¬Քեմալ դաւադիր գործակցութեան պարտադրած... շրջափակումէն։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական մեծ աշխուժութեամբ, Պօղոս¬Նուպար փաշայի Ազգային Պատուիրակութեան հետ գործակցաբար, յառաջ մղեց Սեւրի Դաշնագրին մէջ հայկական իրաւունքներուն եւ պահանջներուն միջազգային իրաւական նուիրագործումը։
Փաստացի «դիկտատուրա» ըլլալով հանդերձ՝ 5 Մայիս 1920ին կեանքի կոչուած Բիւրօ-կառավարութիւնը, նոյնպէս փաստօրէն, դրաւ հիմը Հայաստանի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հանրապետութեան ազգային-քաղաքական ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն արեւելումին։
Ներքին ճակատի միասնականութեան ամրապնդումով եւ սեփական բանակի հզօրացումով պայմանաւորուած է այդ արեւելումը։
Նաեւ՝ Ռուսաստանի հետ բնական դաշնակիցի ռազմավարութեան վրայ խարսխուած է։
Միաժամանակ՝ Արեւմուտքի հետ մերձեցման եւ քաղաքակրթական ու ժողովրդավարական ընդհանուր եզրերու զարգացման հունով կþընթանայ այդ արեւելումը։
Բայց մանաւանդ համաթրքական վտանգին դիմագրաւումը, հայկակա՛ն այդ արեւելումով, իր բնականոն հունին մէջ կը դնէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անբռնաբարելի իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու պարտաւորութեան տակ դնելով թրքական ցեղասպան պետութիւնը։
Ահա այս բոլորին լոյսին տակ, 1920ի Մայիս 1էն 5 պատահած խռովութիւնները սեւ ու մուր խարան մը դարձան հայ քաղաքական մտքի ճակտին։
Առանց անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ամբողջ դարեր ապրելէ ետք, յատկապէս թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հազիւ վերականգնած, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ հայ պոլշեւիկներու դաւադրական խռովութեանց, որոնց նպատակն էր կարմիր բանակայիններու եւ թուրք-ատրպէյճանական ասպատակողներու զէնքի ուժով տապալել հայոց անկախ պետականութիւնը։
Սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան դէմ բռնաշրջումի նման փորձ հազուադէպ պատահած է ազգերու պատմութեան մէջ։Այս օրերուն ազգային հերոսի փառքին արժանացող Անաստաս Միկոյեանններու օրինակով հայ պոլշեւիկները նման՝ հազուադէպ սայթաքումի «ժառանգութիւն»ը թողեցին հայոց պատմութեան էջերուն։
Դաժան ու դառն դասերով յատկանշուող «ժառանգութիւն» մը, որ խոր ցաւով կը համակէ ազգային յիշողութիւնը ոչ միայն մեր սերունդին, այլեւ հայոց գալիք սերունդներուն։

Ն.