Print
Category: Յուշատետր

Մայիսի այս օրը, 95 տարի առաջ, Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութիւնը ինքնահաստատման իր գլխաւոր նուաճումներէն մէկը իրագործեց, երբ հայոց Նախիջեւան գաւառի տարածքին իր իշխանութիւնը հաստատեց։

3 Մայիս 1919ին, վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան որոշումով, Հայկական Բանակը մուտք գործեց Նախիջեւան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրեց ապստամբ թուրք-թաթարական շրջաններուն, որոնք թրքական բանակի եւ նորանկախ Ատրպէյճանի միջամտութեամբ... «անկախութիւն» հռչակած էին Հայաստանէն։
Բարդ ու կնճռոտ է պատմութիւնը հայապատկան Նախիջեւանի դէմ նիւթուած թուրքեւատրպէյճանական դաւադրութեան, որուն հետեւանքով այսօր հայկական այս հինաւուրց գաւառը ոչ միայն հայաթափուած է, այլեւ՝ մատնուած է հայկական վերջին՝ քարեղէն հետքերէն իսկ ընդմիշտ զրկուելու քաղաքակրթական... ցեղասպանութեան։
Պատմական դառն իրողութիւն է, որ Առաջին Աշխարհամարտի իրարանցումին եւ անոր հետեւած ռուսական մեծ յեղափոխութեան վերիվայրումներուն մէջ, հայոց Նախիջեւանը նախ քաղաքականօրէն Խորհրդային Ինքնավար Հանրապետութիւն հռչակուեցաւ եւ ապա, փաստօրէն, Ռուսաստանի կողմէ նուէր տրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։
Այդ դառն ու դաժան զարգացումներու էջին կþառանձնանայ 3 Մայիս 1919ի դրուագը, երբ Հայկական Բանակը իր յաղթական մուտքը կատարեց Նախիջեւան։
Ինչպէս որ 28 Մայիս 1918ին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը՝ Սիմոն Վրացեան կը վկայէ իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողական գործին մէջ, նորանկախ Հայաստանը առաջին իսկ օրէն դիմագրաւեց վտանգը «մահմետական հակապետական շարժումներ»ուն, որոնք ըստ ամենայնի կազմակերպուած էին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ։
Հայաստանի տարածքին ապրող թուրք, թաթար եւ քիւրտ մահմետականները, Առաջին Աշխարհամարտի բռնկման օրերէն իսկ, զինուեցան եւ ոտքի հանուեցան թրքական պետութեան կողմէ։
Ցարական Ռուսաստանի դէմ եւ Կայսերական Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մէջ մտած Իթթիհատական Թուրքիան, տարուած էր «հայկական սեպ»ը ի սպառ ջնջելու եւ համաթրքական կայսրութեան ստեղծման իր ցնորքը իրագործելու մոլեգնութեամբ։ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին արդէն գործադրութեան յանձնած էր Հայասպանութեան իր պետական ծրագիրը եւ, իբրեւ շարունակութիւն, ձեռնարկած էր Անդրկովկասի ու որոշապէս Հայաստանի վրայով դէպի Պաքուի հարուստ նաւթահորերը հասնելու իր մեծ արշաւանքին։
Հայ ժողովուրդը բնականբար ծառացաւ եւ կենաց-մահու կռիւ մղեց՝ օրհասական այդ արշաւանքին թումբ կանգնելու եւ, իբրեւ պետական ազգ ու անկախ հայրենիք, իր ինքնուրոյն գոյութեան իրաւունքը հաստատելու եւ պաշտպանելու համար։
1918ի Մայիսեան յաղթանակներով Թուրքիա պարտութիւն կրեց եւ ստիպուեցաւ նահանջել, բայց արդէն անկախ Ատրպէյճանի մէջ իշխանութեան գլուխ բերելով իր ազգակից ու համաթրքական շարժումի գաղափարակից Մուսաւաթը։
Պոլսոյ օսմանեան իշխանութեան դէմ ըմբոստացած Մուսթաֆա Քեմալը, իր կողքին ունենալով մուսաւաթական Պաքուն, տենդագին լծուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը ներսէն քայքայելու եւ խորտակելու քաղաքականութեան, որպէսզի իրագործէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միացումը։
Համաթրքական այդ միացման համար «կամուրջ» մը անհրաժեշտ էր... Թուրք ռազմագէտները քարտէսի վրայ ուրուագծեցին այդ «կամուրջ»ը՝ Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան ընդարձակ հողաշերտը, հնարաւորութեան պարագային տարածուելու ու գրաւելու համար Սուրմալուն եւ Կարսը եւս։
Ահա՛ այս ռազմավարութեամբ թրքական բանակը սկսաւ զինել եւ անկախ Հայաստանի դէմ ապստամբութեան մղել մեր երկրի թուրք, թաթար եւ քիւրտ՝ ընդհանրապէս մահմետական բնակչութիւնը, որ առաջին օրէն մերժեց ճանչնալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայկական կառավարութեան գերիշխանութիւնը։
Ս. Վրացեան հետեւեալ ամփոփ գիծերով խտացուցած է համաթրքական շարժման առաջացուցած ապստամբական եւ խռովարարական քայլերը 1918ի վերջերէն մինչեւ 1919ի գարունը.
«Թուրքերի պարտութիւնից ու Կովկասից հեռանալուց յետոյ, թիւրք հրամանատարութեան դրդումով, Հայաստանում ու Վրաստանում, ամէն տեղ - Աճարիա, Ախալցխա, Կարս, Սուրմալու, Շարուր-Նախիջեւան եւ այլն - կազմուեցին տեղական «անկախ հանրապետութիւններ» իրենց կառավարութիւններով՝ «շուրա»ներով եւ սկսեցին պայքարել Հայաստանի եւ Վրաստանի տիրապետութեան դէմ։ Հայաստանի հողի վրայ կային «Արեւմտեան Կովկասի Հանրապետութիւն»ը՝ Կարսի «շուրա»յով եւ Արեւելեան Կովկասի կամ «Արաքսեան Հանրապետութիւն»ը, որի մէջ մտնում էին Սուրմալուն, Զանգի եւ Վեդի բասարները, Միլին, Շարուրն ու Նախիջեւանը՝ Նախիջեւան կենտրոնով։
«Այս «հանրապետութիւններից» իւրաքանչիւրը, իր հերթին, բաժանւում էր աւելի փոքր, գաւառական միութիւնների՝ իրենց տեղական «շուրա»ներով։ Այդ «հանրապետութիւններ»ը պահում էին սեփական «բանակներ»՝ զինուած թրքական թնդանօթներով, գնդացիրներով եւ հրացաններով, թիւրք սպաների ու չաւուշների հրամանատարութեան տակ։ Ազրբէջանը հայթայթում էր նրանց դրամը։ Թիւրքիան եւ Ազրբէջանը ուղղութիւն էին տալիս նրանց գործունէութեանը։
«Հայաստանը ներսից պայթեցնելու համար մասնաւորապէս մեծ ճիգ էր թափում Ազբէջանը, որը 1919թ. Մարտին դիւանագիտական ներկայացուցչի պաշտօնով Երեւան ուղարկեց իր մոլեռանդ համաթիւրքապաշտ գործիչներից մէկին՝ Խան Թեքինսկիին, պաշտօն տալով նրան՝ Հայաստանի ներսում մահմետական խռովութիւններ կազմակերպելու»։
Օրհասական այս վտանգը դիմագրաւելու համար էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յատուկ յանձնարարութեամբ լիազօրեց Դրոն եւ Նժդեհը, որպէսզի մէկանգընդմիշտ վերջակէտ դնեն նորանկախ Հանրապետութիւնը ներսէն հարուածելու համաթրքական դաւադրութեան։
Ահա այդ ծիրէն ներս, 3 Մայիս 1919ին, Հայկական Բանակը մտաւ Նախիջեւան ու տարածուեցաւ թուրքեւթաթար «մահմետական» ապստամբ շրջաններէն ներս՝ նորաստեղծ հայոց պետականութեան գերիշխանութիւնը հաստատելով հայրենական մեր հողերուն վրայ։
Այս առիթով եւ յանուն պատմական ճշմարտութեան անհրաժեշտ է նշել, որ Անդրկովկասի մէջ յաղթական Դաշնակիցները ներկայացնող Բրիտանական դիւանագիտութիւնը բառին բուն իմաստով երկերեսանի քաղաքականութիւն մը կիրարկեց։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի «գոհացում» տայ Պաքուի վարիչներուն, որոնք Հայաստանի տարածքին ապրող «մէկուկէս միլիոն մահմետականներու» ինքնակոչ «պաշտպանները» դարձած էին եւ Մեծն Բրիտանիայէն կը պահանջէին, որ ընթացք չտայ «կէս միլիոն հայերու կառավարութեան ծաւալապաշտական նկրտումներուն»...
Սեւ Ոսկիին հոտը անդիմադրելի քաշողականութիւն ունէր Մեծն Բրիտանիոյ համար, որ մինչեւ Յուլիս 1923 Լօզանի Դաշնագրին կնքումը, ամենայն սառնասրտութեամբ, դրսեւորեց երկու լարի վրայ խաղալու իր դաւադրական հնարամտութիւնը։
Բայց այդ մէկը արդէն առանձին քննարկման նիւթ է, որովհետեւ նախ Լենինի Ռուսաստանը նուազ լարախաղաց դուրս չեկաւ այդ օրերու մեծապետական մրցապայքարէն, ապա՝ Դաշնակից Ֆրանսան նուազ աւեր չգործեց... Կիլիկիոյ հայաթափումին իր տուած օրհնութեամբ։
Եւ այդպէս, ռազմականօրէն, Նախիջեւանի եւ ամբողջ Զանգեզուրի ու Ղարաբաղի վրայ իր գերիշխանութիւնը հաստատելով հանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը զրկուեցաւ մեր հողն ու ժողովուրդը հետագայ սադրանքներու եւ դաւադիր հարուածներու դէմ պաշտպանելու, Նախիջեւանի հայաթափումը կանխելու ուժի հնարաւորութենէն։


Ն.