Print
Category: Յուշատետր

Մարտ 18ի այս օրը վախճանած է Անկախութեան Սերունդի վաստակաւոր ներկայացուցիչներէն՝ 18 Փետրուար 1921ին կազմուած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի քարտուղար Սահակ Տէր-Թովմասեան։

Փարիզեան հիւանդանոցի մը մէջ, 54 տարի առաջ, վատառողջ սրտի հիւանդութեամբ եւ ընդհանրապէս քայքայուած առողջութեամբ անկողին գամուած, առյաւէտ աչքերը փակեց պայքարի երկար ճամբայ կտրած երախտաշատ այս դաշնակցականը։
Կը պատկանէր Դաշնակցութեան երրորդ՝ Անկախութեան Սերունդին, որ հայ իրականութեան մէջ իր աչքերը բացաւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակին, մանուկ եւ պատանի տարիքին տեսաւ, լսեց ու ապրեցաւ Հայկական Յեղափոխութեան ալեկոծումներն ու վերիվայրումները, պանծալի սլացքներն ու ահաւոր անկումները եւ, թրծուելով Դաշնակցութեան անդրանիկ սերունդի շունչով ու հետեւելով անոր վարակիչ օրինակին, երիտասարդ տարիքէն իր կարգին անմնացորդ նետուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի դաշտ։
Սահակ Տէր-Թովմասեանի անունը անջնջելիօրէն կապուած կը մնայ 1921ի Փետրուար 18ի համաժողովրդական ապստամբութեան՝ խորհրդային նորահաստատ կարգերուն դէմ հայոց առաջին ազգային ծառացումին։ Փետրուարեան ապստամբութեամբ կեանքի կոչուած եւ Սիմոն Վրացեանի նախագահութեամբ գործած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի քարտուղար-պաշտօնատարն էր Սահակ Տէր-Թովմասեան՝ մտերիմ գործակիցն ու աջ բազուկը Վրացեանի, որուն հետ կապուած մնաց մինչեւ իր վերջին շունչը։
Սահակ Տէր-Թովմասեան ծնած էր 1892ին, Վասպուրականի Շատախ գաւառի Ջերմաձոր գիւղը։ Միջնակարգ ուսումը ստացաւ Վանի մէջ եւ անմիջապէս վերադարձաւ իր ծննդավայր գիւղը, ուր եւ անդամագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Իշխանի, Ռուբէնի եւ Արամ Մանուկեանի շունչով կազմաւորուեցաւ անոր դաշնակցականի հաւատաւոր ու անձնուէր կերպարը։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, տակաւին 16ամեայ նորահաս՝ Սահակ ուշադրութիւն գրաւեց հանրային իր աշխոյժ գործունէութեամբ։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան «աւետած» ազատութեան, եղբայրութեան եւ հաւասարութեան խոստումներուն հաւատք չընծայող նո- րահաս սերունդի դրօշակիրներէն եղաւ Սահակ Տէր-Թովմասեան՝ Շատախի «Տիգրիս» եւ «Նոր Տիգրիս» խմորատիպ պարբերականներուն իր բերած աշխատակցութեամբ։
Սահակ Տէր-Թովմասեան հանդիսացաւ Շատախի հայութեան զինման եւ ինքնապաշտպանութեան համար անդուլ պայքարող դաշնակցական գործիչը։ Պատահականօրէն չէր, որ 1909ի Ատանայի կոտորածին եւ Արեւմտահայաստանի տարածքին գործուած հակահայ խժդժութեանց դէմ ընդվզող ու իթթիհատական խոստմնադրուժ իշխանութեանց դէմ ըմոստացման դրօշը պարզող առաջին շրջաններէն եղաւ Շատախի հայութիւնը։
Այդպէ՛ս, Սահակ Տէր-Թովմասեան գաղափարի մարտիկի իր մկրտութիւնը ստացաւ Շատախի ըմբոստացման շարժումին մէջ։
Առաջին Աշխարհամարտի շրջանին եւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան Արհաւիրքի օրերուն, Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութեան ինքնապաշտպանութեան դժուարին կռիւներու կազմակերպումին եւ ղեկավարումին մէջ ան ունեցաւ իր ներդրումը։ Շատախի մարտունակ հայութեան հետ, Սահակ Տէր-Թովմասեան թէ՛ վայելեց թրքական զօրքերը պարտութեան մատնելու եւ Վասպուրականը ազատագրելու յաղթանակին բերկրանքը, թէ՛ ցմրուր ճաշակեց յաղթանակին յաջորդած՝ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Երկիրը թողնելու եւ, իբրեւ գաղթական, Արեւելահայաստան ապաստանելու վերապրող արեւմտահայութեան դաժան ճակատագրին դառն բաժակը։
Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտներու ընթացքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաւորման ու շինարարութեան ամբողջ տեւողութեան, Սահակ Տէր¬Թովմասեան արթուն պահակի պէս կանգնեցաւ Շատախի գաղթական հայութեան կողքին։ Եւ երբ քեմալական Թուրքիոյ սալին ու պոլշեւիկեան Ռուսաստանի մուրճին միջեւ իյնալով՝ կործանուեցան Հայաստանի անկախութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ սկսան պոլշեւիկեան խժդժութիւնները, Սահակ Տէր-Թովմասեան գլխաւորեց շատախցիներու ապստամբական շարժումը եւ միացաւ Հայրենիքի Փըրկութեան Կոմիտէին։
Ապստամբութեան անկումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, ինք եւս անցաւ Թաւրիզ (Ատրպատական), ուր շատ կարճ ժամանակ մնալէ ետք վերջնականապէս մեկնեցաւ Փարիզ, ուր եւ մնաց մինչեւ իր մահը՝ 18 Մարտ 1960։
Սահակ Տէր-Թովմասեանի փարիզեան քառասնամեայ գործունէութիւնը յատկանշուեցաւ անձնուիրումով եւ անսակարկ ծառայութեամբ։ Մինչեւ վերջին շունչ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Դաշնակցութեան տարագիր կազմակերպութեան ուժեղացման, ընդլայնման եւ արմատաւորման գործին՝ հետեւողականօրէն Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի կառոյցին ղեկավար մարմիններուն մաս կազմելով, Հ.Յ.Դ. իրերայաջորդ Ընդհանուր Ժողովներուն իբրեւ շրջանէն պատգամաւոր ընտրուելով։
Դաշնակցականի կարգապահութիւնը, գաղափարական յանձնառութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, ինքնահաւատարմութիւնը նկարագրի տիրական յատկանիշները եղան Հայ Ազգային¬Ազատագրական Շարժման այս ինքնատիպ երախտաւորին։
Հայաստանի անկախութեան կորուստին եւ, այնուհետեւ, հայ ժողովուրդի հայրենական հատուածին պարտադրուած խորհրդային բռնատիրութեան հետ երբեք չհաշտուեցաւ Սահակ Տէր-Թովմասեան։ Տարագիր իր գործունէութեան ամբողջ շրջանին, իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, մշտական կապի եւ գործակցութեան մէջ մնաց Կովկասեան տարագիր ազգերու կազմակերպութեանց հետ։ Իսկ երբ բռնկեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտը եւ նացիական տիրապետութեան տակ ինկաւ Արեւելեան Եւրոպայի ու Պալքաններու հայութիւնը, Սահակ Տէր¬Թովմասեան կոչուեցաւ անոր օգնութեան հասնելու դժուարին գործին։
Յատկապէս Զինադադարէն ետք, կուսակցական առաքելութեամբ, Սահակ Տէր-Թովմասեան ուղարկուեցաւ Գերմանիոյ Շթութկարտ շրջանը, ուր աւելի քան երեք հազար հայ ռազմագերիներ ու տարագիրներ խմբուած էին։ Անոնց ազատ արձակման, տեղափոխման եւ տեղաւորման աշխատանքներուն մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Սահակ Տէր-Թովմասեան։
Խորհրդային ամբողջատիրութիւնը հասկնալիօրէն բնաւ չներեց անձնազոհ ու հաւատաւոր այս մեծ հայուն։ Իր կեանքի վերջալոյսին, 1959ին, երբ Սահակ Տէր-Թովմասեան սրտի կաթուածով արդէն անկողին գամուած էր, տեղի ունեցաւ Խրուշչովի Փարիզ այցելութիւնը։ Խորհրդային իշխանութեանց պահանջով՝ ֆրանսական իշխանութիւնները ժամանակաւոր աքսորի ենթարկեցին այսպէս կոչուած Խորհրդային Միութեան «թշնամի» ֆրանսացիները, որոնց շարքին կար նաեւ Սահակ Տէր-Թովմասեանի անունը։ Նոյնիսկ անկողնէն շարժելու անկարող հայ գործիչին չուզեցին խնայել խորհրդային գործակալները, որոնք անզիջող կերպով ֆրանսական իշխանութեանց մօտ պնդեցին Սահակ Տէր-Թովմասեանը աքսորելու իրենց պահանջին վրայ։ Խորհրդային այդ անարգ հալածանքը կարելի եղաւ ձախողութեան մատնել՝ միայն ֆրանսական քաղաքական ուժերու բարձրագոյն միջամտութեանց գնով։
Սփիւռքեան իր գործունէութեան 40ամեայ ամբողջ շրջանին, Սահակ Տէր-Թովմասեան բեղուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ դաշնակցական մամուլին, յատկապէս «Յառաջ»ին, ոչ միայն հայ ազգային-ազատագրական շարժման անցեալին նուիրուած յուշագրութիւններով, այլեւ՝ հայ ժողովուրդի քաղաքական ուղին յուզող հարցերու քննարկումով։
Իբրեւ իր սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Սահակ Տէր-Թովմասեան նաեւ գործիչային առաքելութեամբ շրջեցաւ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայօճախները, Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարին շուրջ համախմբելով եւ խանդավառելով նորահաս սերունդները։
Միշտ պատնէշի վրայ արթուն հսկող Հայկական Յեղափոխութեան անձնուէր պահակի ինքնատիպ կերպար մը հանդիսացաւ Սահակ Տէր-Թովմասեան։


Ն.