Print
Category: Յուշատետր

Փետրուարի այս օրերուն, 26 տարի առաջ, աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւոր մարդիկ սահմըռկած աչքերով հետեւեցան ազգային «մաքրազտման» քստմնելի ոճրագործութեան մը, որ ժամանակակից պատմութեան սեւ ու ամօթալի էջերէն մէկը դարձաւ՝ «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով։

Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ գրեթէ անծանօթ ատրպէյճանական ծովեզերեայ քաղաք մը՝ Սումկայիթը դարձաւ «մանրանկար» հոմանիշը... Տէր-Զօրի։
Այսօր արդէն մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ.Ատրպէյճանի իշխանութեանց իրագործած այդ հակահայ ցեղասպանական Ոճիրին։
1988 Փետրուարի վերջին օրերուն եղածը, «ազգային մաքրազտման» մոլուցքով, Սումկայիթի հայ բնակչութեան դէմ գործադրուած զանգուածային սպանդ մըն էր, որ նորօրեայ ապացոյցը դարձաւ քսաներորդ դարասկիզբին, ատենի Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, թրքական պետութեան կողմէ դրսեւորուած հակահայ ցեղասպանական մոլուցքին։
27 Փետրուար 1988ին ոչ ոք, ոչ իսկ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը կրնար հաւատալ, թէ փաստօրէն կրնար կրկնուիլ 20րդ դարասկիզբի հակահայ մեծ եղեռնագործութիւնը՝ այս անգամ թէեւ մանրանկարային տարողութեամբ, այսուհանդերձ ցեղասպանական միեւնո՛յն վայրագութեան սանձարձակ մոլեգնումով։
Միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող շրջանակները այսօր իրենք կը հաստատեն, թէ Սումկայիթի մէջ ազերի խուժանը, հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած քաղաքի ատրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1988ի փետրուարեան այս օրերուն կազմակերպուած յարձակում գործեց քաղաքի հայ բնակչութեան դէմ։
Թէեւ միջազգային մամուլի էջերուն այսօր ալ տակաւին կը յամենան այնպիսի մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց այդ ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ծաւալած Արցախեան պահանջատիրութիւնը իբր թէ պատճառ եղաւ ազգամիջեան լարուածութեանց սրումին… հայերու եւ ազերիներու միջեւ։ Բայց նոյնիսկ նման անհիմն վերագրումներու հեղինակները չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, որ այդ օրերուն Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումկայիթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյնս գործածուեցան ատըրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ, որպէսզի ամբոխային գրգռութեանց քողով ծածկուի հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ, այդ սպառնալիքով, Սումկայիթի ու ամբողջ Ատրպէյճանի հայերը երկրէն վտարելու ատրպէյճանեան բո՛ւն ոճիրը։
Այսօր միջազգային շրջանակները իրե՛նք անուն-ազգանունով կը յիշատակեն Սումկայիթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին եւ, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած, նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում եւ երկօրեայ արեան բաղնիք կազմակերպեցին...
Միջազգային մամուլը որոշապէս կու տայ անունը Ճահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումկայիթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ քսաներորդ դարավերջին Ատրպէյճանի տարածքին պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու առաջին փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու աւելի լայնածաւալ հակահայ ոճիրները։
Սումկայիթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան իր բաժինը անկասկա՛ծ ունեցաւ խորհըրդային կեդրոնական իշխանութիւնը։ Կրեմլի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց՝ ատրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար։ Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ՝ հայութեան բաժին հանուած ողբերգութեան համարժէք կեցուածք չճշդելով ու հատու եւ զսպիչ հարուած չտալով յանցագործներուն։
Խորհրդային իշխանութիւնը օրին մինչեւ իսկ նսեմացնել փորձեց Սումկայիթի հակահայ սպանդին տարողութիւնը։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ հայ զոհերու թիւը, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով՝ աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին ազերի ջարդարարները։
26 տարիներ անցած են Սումկայիթի այդ բարբարոսատիպ եղեռնագործութեան սեւ օրերէն։ Հայեւա- տըրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան ու մահ- ւան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումկայիթէն ասդին։ Բուն կռուախնձորը՝ Արցախը իրողապէս ազատագրուած եւ իր անկախ Հանրապետութիւնը հաստատած է։ Բայց ցեղասպանական ոճիրի գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կ'եռայ ատրպէյճանեան իշխանութեանց մէջ, ինչ անուն ալ կրեն անոնք։
Հայ ժողովուրդը Փետրուարի այս օրերուն կը սգայ եւ կ'ոգեկոչէ Սումկայիթի իր նահատակները, որոնք նորօրեայ զոհերն են թրքական պետութեան ներշընչումով մոլեգնող հայաջնջումի ցեղասպանական քաղաքականութեան։
Իսկ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետական այրերը ոչ միայն կը շարունակեն ուրանալ իրենց կազմակերպած ու հրահրած ոճիրները, ոչ միայն կը մերժեն խոնարհիլ հայ անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ, այլեւ օր ու գիշեր միջոցներ կը փնտռեն եւ սադրանքներ կ'որոճան, որպէսզի կարենան խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնները եւ աշխարհին ներկայանան իբրեւ «զոհերը… հայկական մոլեռանդութեան»։
Արդէն քանի տարի է, ահա՛, որ Փետրուարի այս օրերուն Ատրպէյճանի դիւանագիտական մեքենան, Թուրքիոյ պետական աջակցութեան հովանիին տակ, աշխարհով մէկ կեղծ ահազանգ կը հնչեցնէ իբր թէ «Խոջալուի մէջ հայերու գործած հակաազերիական ցեղասպանութեան» դէմ…
Սումկայիթի հակահայ սպանդին պատասխանատուները տարուէ տարի նոր թափ կու տան ուրացումի եւ խեղաթիւրման իրենց այդ արշաւին, որովհետեւ մեծապետական ուժերը իրենց հաշիւներով իսկ չեն ուզեր մեղադրեալի աթոռին նստեցնել որոշապէս Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ շարունակ կը փնտռեն առիթներ, որպէսզի իբրեւ իրաւարարի՝ իբր թէ հաւասար աչքով նային ցեղասպանին եւ զոհին…
Այդ առումով ալ մեծապետական ուժերը իրենք եւս պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին հակահայ ցեղասպանական մոլուցքին պարբերական դրսեւորումներուն եւ մոլեգնութեան մէջ։
Սումկայիթը արիւնալի վկան ու յուշարարն է դառնագոյն այդ իրողութեան եւ ողբերգութեան։

Ն.