Print
Category: Յուշատետր

Փետրուար 15ին կը տօնենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի անմահ տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակի։
Միայն 30 տարի ապրեցաւ Ռուբէն Սեւակ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ թուրք ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց անոր կեանքին թելը։

Կանխահաս տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որովհետեւ քսան տարեկանին արդէն, սիրային քերթուածներով հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած պահէն սկսեալ, ան նոր հորիզոններ բացաւ հայ մտքին ու հոգիին առջեւ։ Էապէս բանաստեղծական զգայնութեամբ երկնեց իր ստեղծագործութիւնները՝ սիրային քերթուածներ ըլլան անոնք թէ մարդկային անարդարութեան դէմ պոռթկացող արձակ էջեր, բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած յուշ-պատումներ ըլլան անոնք թէ հրապարակագրական ջղուտ ու գաղափարապաշտ ելոյթներ։
Բազմաշնորհ տաղանդ մը եղաւ Ռ. Սեւակ, որ ՄԵԾ ՊԱՏԳԱՄի տէր էր եւ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր ոչ միայն հայ գրականութեան եւ հայ մտքի անդաստանին, այլեւ հանուր մարդկութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան։
Միայն 23 տարեկան էր, երբ ի տես թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող հետեւողական կոտորածներուն՝ ողջ մարդկութեան ուղղեց հետեւեալ պոռթկումը Օգոստոս 1908ին.-
«Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր՝ ստրկացած թրքահայերուս կեանքը... Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու... անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու... ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն¬արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ... մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ... մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ եւ ապրիլ ձեւացնել... ահա՛ դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ, ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»։
Ա՛յս խորութեամբ Ռուբէն Սեւակ ընկալեց Հայոց Արհաւիրքը եւ անոր ընդմէջէն երգեց ողջ մարդկութեան ցաւն ու տառապանքը, ընդվզումն ու ցասումը։
Բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ էր Չիլինկիրեան Յովհաննէսի որդի Ռուբէնը, որ 1905ին, քսան տարեկանին, իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։ Ծնած էր Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած էր Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901ին ընդունուած էր Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ ըլլալով 1905ին՝ ղրկուեցաւ Լօզան, Զուիցերիա, տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։
Մինչեւ 1911 երկարած Լօզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ Դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազգային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լօզանի Արմենիա ուսանողական միութեան ճամբով։ Միաժամանակ զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։
Յատկապէս 1909ի Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորախորհուրդ յուզաշխարհ մը հայ գրականութեան յանձնեց 1910ին հրատարակուած իր առաջին գրքոյկով՝ «Կարմիր գիրքը» խորագրին տակ։ «Ջարդի Խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն» խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։
Ռուբէն Սեւակ 1911ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուեցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լօզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլի հետ. ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914ին Սեւակի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։
1911էն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, Ռուբէն Սեւակ ձեռնարկեց արձակի եւ, «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերտառութեան տակ, Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայեց իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ՝ իբրեւ արձակագրի իր տաղանդը հաստատելով։ Բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած պատկերներով՝ Ռ. Սեւակ գեղարուեստական բարձրարժէք մշակումի արժանացուց ե՛ւ անբուժելի հիւանդութեանց մատնուած մարդոց մահուան դէմ մղած բուռն պայքարն ու կեանքի անհուն սէրը, ե՛ւ պանդխտութեան մէջ հիւանդացած ու մահացող հայ մարդոց ազգային, ընկերային եւ մարդկային ողբերգութիւնը, ե՛ւ սիրոյ անմար կրակով տոչորուած պարզ մարդոց ալեկոծ յուզաշխարհը։ Իբրեւ այդպիսին՝ այդ պատմուածքները Ռուբէն Սեւակ արձակագրին ապահովեցին նոյնքան լիարժէք պատուանդան՝ բանաստեղծի բարձունքին կողքին։
Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ իթթիհատական կառավարութեան ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին։ Զինուորագրուեցաւ օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկի եւ ծառայութեան կոչուեցաւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։ Իր այդ հանգամանքով թէեւ փրկուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան բաժին հանուած հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց Յունիսին իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու տարագրուեցաւ Չանղըր, ուր նահատակութեան մէջ «ընկերակից» դարձաւ հանճարեղ Դանիէլ Վարուժանին։ Հայ գրականութեան մեծանուն երկու դէմքերը նահատակուեցան 26 Օգոստոսին։ Պատմական արխիւներուն մէջ կայ վկայութիւնը թուրք սայլապանի մը, որ կը նկարպագրէ, թէ ինչպիսի՛ վայրագ դաժանութեամբ թուրք ոստիկանները ծառի մը կապած եւ ուղղակի մորթած են միայն հայ գիրին ու դպրութեան ծառայելու «յանցանքը» գործած Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։
Այդպէ՛ս ցեղասպան թուրքը խեղդեց տաղանդը Ռուբէն Սեւակի մեծատաղանդ բանաստեղծին ու արձակագիրին, որ նոր թեւակոխած էր իր երեսուն տարիքը եւ այնքա՜ն բան ունէր տալու թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ ողջ մարդկութեան։
Հայկեան Հանճարի կանխահասօրէն ճառագայթած եւ վաղաժամօրէն արմատախիլ պոկուած երգիչն է Ռուբէն Սեւակ, որուն ծննդեան տարեդարձին առիթով ընթերցողին կը յուշենք անոր անմահ էջերէն «Սիրոյ ու մահուան երգը».-

Իմ կեանքս թող աղաչաւոր երգ մþըլլայ,
Եղերական ու միամիտ, սե՛ւ ողբերգ,
Իմ սիրտըս թող անհունին մէջ վէ՛րք մþըլլայ,
Հըսկայական ու տխրօրէն քաղցըր վէ՜րք,
Իմ կեանքս թող աղաչաւոր երգ մþըլլայ…

Ես կը սիրեմ իմ տխրութիւնըս դիւթական,
Իմ տըրտմութիւնըս Աստուածներո՜ւ ցաւին պէս,
Քո՜յր, սըրտիս մէջ ի՜նչ խաւարներ, վիհեր կան,
Զոր նայուածքովդ կþոսկեզօծես ու կþօրհնես,
Ես կը սիրեմ իմ տրտմութիւնըս դիւթական…

Եկո՜ւր ինծի, լուսնակին պէս գեղեցիկ.
Եկո՜ւր ինծի, լո՜յս ու ցընծում հեւալով,
Քու արծաթի շողերուդ մէջ սըլացիկ
Լուսաւորէ՛ աւերակներս լալով.
Ես Մահն եմ. ե՛կ ինձ Կեանքին պէս գեղեցիկ…

Իմ կեանքս թող առուին երգին պէս ըլլայ.
Ու երգս անուանդ կըրկնումն ըլլայ թող յաւե՜րժ,
Իմ կեանքս թող մութ ջըրվէժին պէս ըլլայ,
Ու դէպի քեզ անկում մþըլլայ գահավ՜ժ.
Իմ կեանքս թող առուի երգին պէս ըլլայ…

Ես կը սիրեմ երկու աչերդ վիհի՜ պէս,
Ուր խաւարներ կը փոթորկին մոլեգի՜ն,
Երկու աչերդ՝ Աստուածներու սկիհի՜ն պէս,
Տո՜ւր ինձ անոնց մէջ սըրբացնել իմ հոգին.
Ես կը սիրեմ երկու աչերդ վիհի՜ պէս…

Եկո՜ւր ինծի, քեզ կþընձայ շունչըս անզօր.
Եկո՜ւր, ես մո՜ւթ բաներ պիտի քեզ ըսեմ,
Սիրոյ պէս քաղցր ու Մահուան պէս հըզօր.
Գերեզմանիս լացող սիւքին պէս նըսեմ
Եկո՜ւր ինծի, քեզ կþընձայ շունչըս անզօր…

Իմ կեանքս թող կորած նաւուն պէս ըլլայ,
Շունչդ ուռեցնէ ծեր առագաստը անա՜հ.
Մի՛, մի՛ լսեր յոգնած հոգիս որ կուլայ,
Տա՛ր զիս Սիրոյ կղզիներէն դէպի Մա՜հ,
Իմ կեանքս թող կորած նաւուն պէս ըլլայ…

Ն.