99 տարի առաջ, Փետրուար 8ի օրը, Օսմանեան Կայսրութեան Երիտթրքական կառավարութեան պարագուխները գաղտնի ժողովի հրաւիրեցին իրենց կուսակցութեան կեդրոնական մարմինը՝ հայ ժողովուրդը պետական միջոցներով բնաջնջելու ցեղասպանական իրենց ծրագիրը գործադրութեան յանձնելու պատմական ծանրագոյն որոշումը կայացնելու համար։
Երիտթուրք կառավարութեան եռագլուխ ղեկավարութիւնը կազմող Մեհմետ Թալէաթ (վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար), Իսմայիլ Էնվեր (պատերազմի նախարար) եւ Ահմէտ Ճեմալ (ծովուժի նախարար եւ Սուրիոյ զինուորական կառավարիչ) փաշաները խուճապահար վիճակ ունէին։ Կովկասեան ճակատի վրայ Էնվեր փաշայի զօրքերը ծանր պարտութիւն կրած էին։ Թրքական պետութիւնը ի՛նք պատերազմ յայտարարած էր Ցարական Ռուսաստանի դէմ, 1914ի աշնան թրքական զօրքը սկսած էր իր արշաւանքը, բայց Յունուար 1915ին արդէն սկսած էր նահանջել եւ ռուսական զօրքերուն ու հայ կամաւորական գունդերուն զիջիլ Արեւմտեան Հայաստանի նահանգները։ Համիտեան շրջանի թրքական կառավարութեան անգլիամէտ ու ֆրանսամէտ քաղաքականութեան կռնակ դարձուցած եւ, 1912¬1913ի Պալքանեան պատերազմի իր պարտութենէն վերականգնելու որոշումով, Կայսերական Գերմանիոյ հետ զինակցած թրքական իշխանութիւնները կանգնած էին անփառունակ նոր պարտութեան մը սեմին։
Իթթիհատ վէ Թերաքքը (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն) կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի 8 Փետրուար 1915ի այդ գաղտնի ժողովին (որուն մանրամասնութիւնները բացայայտուեցան Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին իթթիհատական իշխանութեանց յանցանքները մերկացնող դատավարութեան ընթացքին), Էնվեր փաշա ահազանգ հնչեցուց թրքական պետութեան սպառնացող օրհասական վտանգին դէմ։ Արեւմուտքէն եւ հարաւէն Անգլիան ու Ֆրանսան, իսկ հիւսիսէն ու արեւելքէն Ռուսաստանը պաշարման օղակը սկսած էին ծայր աստիճան սեղմել թրքական պետութեան շուրջ, որուն ուժասպառ անկումը անխուսափելի դարձած էր՝ արագացնելով Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջական անդամահատումը։ Ահա՛ նման ահազանգով Թալէաթ¬Էնվեր¬Ճեմալ եռապետութիւնը Երիտթուրք կուսակցութեան ղեկավարութենէն պահանջեց իրագործման դնել հայ ժողովուրդի բնաջնջման նպատակով տարիներ առաջ մշակուած իրենց ցեղասպանական ծրագիրը։
Օսմանեան Կայսրութեան ստոյգ կործանման եւ անդամահատման վտանգին դէմ յանդիման՝ թուրք ազգայնամոլ պետական մտածողութիւնը փաստօրէն նախընտրեց որդեգրել «ներքին բիւրեղացում» առաջացնելու ուղին՝ թրքացեղ իր հասարակական շաղախը խանգարող տարրերէն, հայերէն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներէն ֆիզիքապէս «ձերբազատուելու» նպատակով... Հայաստանն ու հայութիւնը այդպէ՛ս հռչակուեցան թրքական մարմնին մէջ կազմաւորուած «օտար եւ կործանարար քաղցկեղ» մը, որ «արմատական վիրահատման» պէտք է ենթարկուէր։
Օրին, երբ իթթիհատական ղեկավարութիւնը կþորոճար հայ ժողովուրդը պետականօրէն ցեղասպանութեան ենթարկելու ահաւոր այդ ծրագիրը, նման քայլի դիմելու արտաքին «նպաստաւոր» պայմաններ չկային։ Ընդհակառակն՝ եւրոպական դիւանագիտութիւնը մօտէն կը հետեւէր թրքական իշխանութեանց քայլերուն եւ, հայ ժողովուրդի ազգային¬մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջադրանքով, արդէն ձեռնամուխ եղած էր հայկական նահանգներուն ինքնավարութիւն տալու եւրոպական ծրագրին գործադրութեան։
8 Փետրուար 1915ի իթթիհատական ղեկավարութեան գաղտնի ժողովին, թրքական պետութեան վրայ իրենց մենիշխանութիւնը հաստատած Թալէաթներուն համար «հասունցած» կը թուէր «յարմար պահ»ը, որպէսզի գործադրութեան յանձնէին Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագիրը։
Եւ իթթիհատական ղեկավարութիւնը այսպիսի օր մը, 99 տարի առաջ, տուաւ հրէշային որոշումը։ Առաջացուց յատուկ մարմին մը իր կազմէն, Պեհաէտտին Շեքիրի գլխաւորութեամբ, որ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան պետական ծրագրին գործադրութիւնը պիտի կազմակերպէր եւ յառաջ մղէր։ Յատուկ այդ մարմինը լիազօրութիւն ստացաւ պետական վարչամեքենան իր յարմար դատած եղանակով օգտագործելու, նաեւ՝ զինեալ «յատուկ միաւոր» ստեղծելու, որպէսզի հայ ժողովուրդի բնաջնջումը կատարուէր առաւելագոյն արագութեամբ եւ ամբողջական բրտութեամբ։
Եւրոպան օրին պիտի չկարենար միջամտել, որովհետեւ արդէն պատերազմի մէջ էր թուրքերուն դէմ։ Իսկ պատերազմի աւարտին, եթէ նոյնիսկ թրքական պետութիւնը պատերազմը կորսնցնէր եւ դատապարտուէր անխուսափելի անդամահատումի, մինչ այդ Երիտթուրքերը յաջողած պիտի ըլլային հայ ժողովուրդը բնաջնջելու իրենց ծրագրին գործադրութեան մէջ՝ ընտրելով չարեաց փոքրագոյնը, որ «զտարիւն թրքութեամբ» ազգային պետականութեան կառուցումն էր Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն վրայ։
Այդպէ՛ս, Պեհաէտտին Շեքիրի գլխաւորութեամբ՝ պետական «Յատուկ Կազմակերպութիւն»ը 99 տարի առաջ, 8 Փետրուարին, անցաւ... գործի՝ առաջին հերթին իր շարքերուն մէջ առնելով - բանտերէն յատուկ այդ նպատակով ազատ արձակուած - քրէական յանցագործ տարրեր, չեթէներ եւ աւազակախումբեր, որոնք ընդունակ էին ամենադաժան ոճիրներու իրագործման:
Ապա սկսան հայ պետական պաշտօնեաներու պաշտօնազրկումները, օսմանեան բանակի հայ սպաներուն ձերբակալութիւնները, զինաթափուած հայ զինուորներով բանուորական վաշտերու կազմութիւնը եւ աչքէ հեռու անոնց… սպանդը։
Պատահական չէր, որ թուրք պետական ղեկավարութիւնը հայերու ցեղասպանութեան ծրագրին գործնական կիրարկումը սկսաւ առաջին հարուածը հասցնելով բանակ զօրակոչուած հայ զինուորներուն: Այդ քայլով թրքական պետութիւնը կը ձգտէր հայերը զրկել իրենց զինուորական ներուժէն: Թուրքիոյ ռազմական նախարար Էնվերի կողմէ նոյն օրը արձակուած հրամանով՝ բոլոր հայ զինուորները զինաթափուեցան եւ, բաժնուելով 50է 100 հոգինոց խումբերու, իբր բանուոր տարուեցան ու սպաննուեցան:
Նպատակը հայութիւնը սկիզբէն իսկ զրկելն էր իր զինուորական ողնասիւնէն, որպէսզի ոչ ոք կարենար պաշտպանել հայերը, անոնց տունը, ունեցուածքը եւ բնակավայրերը։
Հայոց բնակավայրերուն մէջ պէտք է մնային միայն ծերունիները, հիւանդները, կանայք, երեխաները եւ դեռահասները:
Այսպէ՛ս սկսաւ, 8 Փետրուար 1915ին, թրքական պետութեան մշակած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ծրագրին գործադրութիւնը։
Ն.