Print
Category: Յուշատետր

Փետրուար 4ի այս օրը, 1952ին, հայ ժողովուրդը կորսնցուց մեծ պատմաբան, բանասէր եւ աղբիւրագէտ իր զաւակը՝ ակադեմիկոս փրոֆ. Յակոբ Համազասպի Մանանդեանը։
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներու երկու «դարաշրջաններ»ն ալ ապրեցաւ Երեւանի մէջ առյաւէտ հանգչած Հայ մտքի այս անմահ հսկան։

Մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կործանումն ու խորհրդայնացումը երկարող «դարաշրջան»ին, Հայ Մտքի անզուգական հսկաներէն Հրաչեայ Աճառեանի հետ գործակցաբար, Յակոբ Մանանդեան իր ամբողջ կեանքն ու գիտական ընդունակութիւնները նուիրեց հայոց քննական պատմութեան եւ Հայաստանի քաղաքական բազմադարեան հոլովոյթին ուսումնասիրման, արժեւորման եւ պատմափիլիսոփայական իմաստաւորման։
Նոյնիսկ Խորհրդային ամբողջատիրութեան դաժան դարաշրջանը, ապազգային ու հակազգային իր մոլեգին ճնշումներով հանդերձ, չկրցաւ իր մայր հունէն շեղել ինքնահաւատարմութիւնն ու նուիրաբերումը Յ. Մանանդեանի։
Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մէջ ուսուցչական իրենց պաշտօնավարութեան օրերէն սկսեալ, Յ. Մանանդեան եւ Հ. Աճառեան մտաւորական «չխոնարհող եղէգներ»ու վաւերական կերպարներ դարձան՝ Հայ Մտքի գանձանակը հարստացնելով իրենց պատմաբանասիրական եւ լեզուագիտական անկրկնելի նուաճումներով։
Յ. Մանանդեան սերած էր հայկական Ջաւախքէն. ծնած էր Ախալցխա, 10 Նոյեմբեր 1873ին։ Ուսման ծարաւը եւ պատմաբանասիրական գիտութիւններու բնատուր ընդունակութիւնը մղեցին Թիֆլիսի Գիմնազիան աւարտած հայ պատանիին, որ բարձրագոյն ուսման հետեւի Ենայի, Լայփցիկի, Սթրազպուրկի եւ Փեթերսպուրկի համալսարաններուն մէջ։ Մասնագիտացաւ պատմագիտութեան, փիլիսոփայութեան եւ իրաւագիտութեան, ինչպէս նաեւ յունարէնի մէջ՝ արժանանալով պատուոյ գնահատականներու եւ յատուկ յիշատակութեամբ վկայականներու։
Մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումն ու ատենի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրութիւնը, Յակոբ Մանանդեան արդէն ճանաչում գտած պատմաբան ու սերունդ հասցուցած դասախօս էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։ Առ այդ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի կազմաւորման մեծ գործին առաջին ընդառաջողներէն ու մասնակիցներէն եղաւ եւ իր մեծ ներդրումը ունեցաւ նորաստեղծ համալսարանի ակադեմական հիմերու հաստատման ու գիտական աւանդներու ծլարձակման մէջ։
Հայոց մեծ պատմաբանին նուիրուած ուշագրաւ յուշ ունի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ անոր աշակերտած Սիմոն Վրացեանը։ «Կեանքի ուղիներով» խորագրուած իր յուշագրական շարքին երկրորդ հատորին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը իր ուսուցչին՝ Յ. Մանանդեանին նուիրուած իր յուշի պատառիկները, որոնց շարքին՝
«Իմ յիշողութեան մէջ անմոռանալի է Մանանդեանի մէկ ճառը ուղղուած աշակերտներին... նիւթն էր Հայ ազգի ներկայ վիճակը եւ ճեմարականների պարտականութիւնը Ազգի հանդէպ։ Այսօրուայ պէս հնչում են իմ ականջներում նրա ոգեշունչ խօսքերը.
«- Մեր Ազգը տգէտ է, մեր Ազգը ճնշուած է, մեր Ազգը թշուառ է...
«Եւ վերջը.
«- Դուք պէտք է պատրաստուէք ամոքելու Ազգի ցաւը։ Ազգի յոյսն էք դուք»։
Յատկանշական է նաեւ Վրացեանի եզրափակիչ յուշը.
- «Հայ եկեղեցական կալուածների գրաւման տարին էր։ Ես Ճեմարանի Դաշնակցական կազմակերպութեան կողմից պատգամաւոր էի կուսակցութեան Շրջանային Ժողովում, որ գաղտնի գումարուած էր Վաղարշապատի մեծ այգիներից մէկում։Եւ որքա՜ն մեծ եղաւ իմ զարմանքը, երբ տեսայ ժողովի նախագահ Սիրական Տիգրանեանին եւ անոր կողքին նստած Յակոբ Մանանդեանին։
«Հետագային Յ. Մանանդեանը դուրս եկաւ Դաշնակցութիւնից եւ մնաց անկուսակցական»։
Ազգային-գաղափարական իր այս աշխարհայեացքով՝ Յ. Մանանդեան ամբողջական փարումով լծուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ակադեմական աւանդներու մշակումին ու զարգացումին։
Գիտնական մարդու իր աշխատունակութիւնն ու մտաւորականի բարձր արժանիքները բաւարար եղան, որպէսզի Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք եւս Մանանդեան կարենայ անխափան շարունակել սերունդ պատրաստելու եւ հայոց գիտական պատմաբանասիրութիւնը հարստացնելու իր աշխատանքը։ 1931ին Մանանդեան հրաժեշտ տուաւ դասախօսական ասպարէզին եւ իր լրիւ ժամանակն ու եռանդը նուիրեց գիտահետազօտական աշխատանքի։
Յակոբ Մանանդեան աւելի քան հարիւր հատոր կազմող գիտական հարըստութիւն մը ժառանգ ձգեց մեր ժողովուրդին։ Մեծանուն ակադեմիկոսին պատմագիտական, բանասիրական եւ աղբիւրագիտական հարուստ ժառանգութեան կոթողական գործերը կը հանդիսանան՝ «Տիգրան Բ. եւ Հռոմը», «Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան», «Հայաստանի քաղաքական պատմութիւնը», «Ֆէոտալիզմը հին Հայաստանում», «Հայաստանի գլխաւոր ճանապարհները» եւ «Խորենացու առեղծուածի լուծումը» եւ շատ ուրիշներ։
Մեծ ակադեմականը հանդիսացաւ ռահվիրան հայ ժողովուրդի պատմութեան վիճայարոյց ծալքերն ու խնդիրները քննական եւ գիտական վերծանումի ու գիտահետազօտման արժանացնելու մեծ գործին։ Իբրեւ այդպիսին՝ պատմագիտական իր որոշ մեկնաբանութիւններուն տարակարծիք գտնուողներն անգամ յարգանքով կը խոնարհին անոր գիտական մօտեցումին եւ ակադեմական մշակումներուն առջեւ։
Յ. Մանանդեանի հարուստ ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ յունական մշակոյթին ու յատկապէս յունական իմաստասիրութեան նկատմամբ մեծ ակադեմականին տածած շեշտակի սէրը։ Անկախաբար յոյն իմաստասէրներու գործերուն բնագրերէն կատարած իր թարգմանութիւններէն, Մանանդեան խորազնին ուսումնասիրման արժանացուցած է հայոց մատենագիրներու յունաբան դպրոցը՝ այս վերջիններու գրական ոճը եւս գիտական քննարկման ենթարկելով։ Յ. Մանանդեան յատուկ կարեւորութիւն ընծայեց Դաւիթ Անյաղթի իմաստասիրական ժառանգութեան գիտական հետազօտութեան։ Այս ուղղութեամբ տարիներու վրայ իր կատարած աշխատանքին արգասիքը եղաւ 1928ին Վիեննա լոյս տե- սած «Յունաբան դպրոցը եւ նրա զարգացման շրջանները» կոթողական հատորը, ուր պատմագիտական, փիլիսոփայական, լեզուագիտական եւ ոճաբանական հիմնաւորումներով՝ Յ. մանանդեան ներկայացուցած է հին յունական մշակոյթին բարերար ներգործութիւնը Հայկական Ոսկեդարի նուաճումներուն մէջ։
Իր կեանքի վերջին տասնամեակին հայ մեծ ակադեմականը ձեռնարկեց «Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան» անուն իր կոթողական գործին պատրաստութեան՝ ի մի բերելով աւելի քան յիսուն տարի իր կատարած ուսումնասիրութեանց արդիւնքը։ 1945ին լոյս տեսաւ առաջին հատորը։ Հետեւեցաւ Բ. հատորին առաջին մասը, որ սակայն կիսաւարտ մնաց։ Իսկ երրորդ հատորը, որ նուիրուած է սելճուքեան արշաւանքներուն եւ Զաքարեաններու իշխանութեան, լոյս տեսաւ 1952ին, երբ արդէն իր վախճանին մօտեցած էր մեծանուն հայ գիտաշխատողին կեանքը։

Ն.