Print
Category: Յուշատետր

Երէկ՝ Փետրուար 2ի օրը, ծննդեան 129րդ տարեդարձն էր մեծանուն Կոստան Զարեանի, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ գրականութեան ոգեղէն ու վսեմ արժէքներու խուզարկու եւ պատգամաբեր՝ արուեստագէտ գրողն ու իրա՛ւ մտաւորականը։

Հայ մարդու իմացական ու յուզական աշխարհը՝ Հայու Հոգին խորապէս պեղելու եւ գեղեցկագոյն լեզուով ու ոճով արտայայտելու առինքնող արուեստին մեծ վարպետը եղաւ Կոստան Զարեան, որ նոյն այդ պրիսմակէն սքանչացումով դիտեց աշխարհը եւ հմայուեցաւ մարդկային հանճարի ազատ թռիչքով։
Մարդկային կեցութեան մեծ Խորհուրդը եւ անոր ծալքերն ու գաղտնիքները Հայու յուզաշխարհին բովէն անցընելով եւ վերծանելով՝ Կ. Զարեան ստեղագործական իր ուղին գծեց մտաւորական անկեղծութեան, քաջութեան եւ ոգեղէն թռիչքները կաշկանդել փորձող ամէն կարգի հալածանքները մերժող ինքնուրոյն դաւանանքով մը, որուն հաւատարիմ մնաց մինչեւ վերջ.-
«Ջղագրգռուած, զգացական հիւանդութիւններով տառապող, վախով, նախանձով, ախտաւոր ատելութիւններով ցնցուած մեր հայ աշխարհում մթագնած է այն քննանիշը, որով գիտակցական մարդիկ ի վիճակի են ազնիւօրէն մօտենալու եւ զննելու կեանքի երեւոյթները։
«Ամէն ինչ ընթանում է գաւառային ճղճիմ մտայնութեան նեղ եւ մթագնած լաբիւրինթոսներում:
«Շատերը կարծում են, որ եթէ կառուցեն հայ կոչուած ոճով շէնքեր եւ գրեն հայերէն բառերով, փըրկած կը լինեն հայութեանը բնորոշ արտաքին ձեւը։ Արդ, ինչ որ անուանում են հայ ճարտարապետութիւն, հին եկեղեցիներից պոկած մակերեսային բեկորներ են, որոնք ժամանակին, իրենց ամբողջութեան մէջ, անբաժանելի վիճակում, դրսեւորել են որոշ կրօնական մի աշխարհատեսութիւն, մի տիրական խորհուրդ, ապրելու եւ զգալու մի կերպ:
«Ստեղծագործական անկարողութեան պատճառով վերաձեւել մեծ Տրդատների ոճը եւ մէջը՝ հայ ոգին եւ հաւատքը բնորոշ[ող] աստուածութեան տեղ՝ բնակեցնել օտարի կայսերապաշտութեան բռուցնքներով օժտուած բռնակալ ոստիկաններին, դա խաբէութիւն է - կեղծի՛ք։
«Կամ՝ հայերէն լեզուով գրել օտարի պարտադրած գաղափարները, դա հայ գրականութիւն չէ։
«Ժողովրդների ստեղծագործական կեանքը զարգանում է ուրոյն հոգեկան եւ մտային արքետիպների թելադրանքների տակ։ Հայ արուեստը եւ գրականութիւնը հարազատ են ա՛յն ժամանակ, երբ նրանք ներկայանում են իբրեւ անմիջական եւ անփոփոխ արտայայտութիւնը հայ հաւաքական ենթագիտակցութեան։
«Այդ հաւաքական ենթագիտակցութիւնը նման է այն ընդերկրեայ բազմաթիւ հոսանքներին, որոնք, օրինակի համար, յամառօրէն շարունակում են կեանք տալ «գիտականօրէն» եւ անմիտօրէն վատնուող Սեւանին։
«Թող այդ գեղեցիկ լճի ափերը իջնեն, քոսոտեն, բորոտեն՝ մարդկանց անխելքութեան պատճառով։ Այնումենայնիւ նրանք մի օր պիտի վերածնուեն, պիտի վերադառնան իրենց յաւիտենական կերպին եւ երգին, հողերի տակ թաքնուած թարմ, զուլալ ջրերի մղումուվ։
«Այդ պատճառով էլ չկայ այնտեղը կամ այստեղը։
«Այդ քննանիշը յարմարում է մեր կեանքի բոլոր երեւոյթներին։
«Հայ ոգին եւ Հայաստանը ներկայ են այնտեղ, ուր ներկայ է հայ հաւաքական գիտակցութեան փրկարար հրամայականը»։ (Կոստան Զարեան, «Նաւատոմար», Բերկլէյ, Քալիֆորնիա, 17 Ապրիլի 1959)։
Բանաստեղծ, արձակագիր, արուեստաբան եւ գրականագէտ էր աւազանի անունով Կոնստանդին Քրիստափորի Եղիազարեանը, որ 1885 թուականի Փետրուար 2ին լոյս աշխարհ եկաւ Շամախի քաղաքին մէջ (այժմու Ատրպէյճանի շրջան)։ Հետաքրքրական է նշել, որ Կոստան Զարեան, Շիրվանզադէն եւ հայ բեմարուեստի մեծ վարպետ Յովհաննէս Աբելեանը երեք քոյրերու որդիներ եղած են: Կոստանի հայրը՝ Քրիստափոր Եղիազարովը ցարական բանակի զօրավար էր: Կոստան չորս տարեկան էր, երբ մահացաւ հայրը: Փոքրիկին տարին Պաքու, ուր ան յաճախեց ռուսական գիմնազիա։ Աւագ եղբայրը տասը տարեկան Կոստանին տարաւ Փարիզ, ուր ան յաճախեց եւ աւարտեց Սեն-Ժերմէն քոլէճը։ Վերադարձաւ Կովկաս, ուր սակայն կարճ ժամանակ մնաց, որովհետեւ մեկնեցաւ Պելճիքա՝ համալսարանական բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար գրականութեան եւ ընկերային գիտութեանց ճիւղերուն մէջ։ Ստացաւ փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան եւ հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ ժամանակի նորարական շարժումներուն՝ գրականութեան եւ գեղարուեստի բնագաւառներուն մէջ։
Իր ողջ էութեամբ հայ մշակոյթին եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան կապուած երիտասարդ Կոստանը առիթ չէր ունեցած հայերէնի իր իմացութիւնը գրական մշակման մակարդակին բարձրացնելու։ Իր սկզբնական գործերը գրած էր ֆրանսերէնով եւ իտալերէնով. կը տիրապետէր նաեւ անգլերէնին։ Իր առաջին գիրքը՝ «Երեք երգեր»ը գրած էր իտալերէնով (նոյնը հայերէն լեզուով լոյս ընծայեց 1931 թուին: Այդ երկարաշունչ բանաստեղծութեանց հիման վրայ, հետագային, երաժիշտ Օթթորինօ Ռեսպիգին ստեղծեց սիմֆոնիա):
Հետեւաբար, հայերէնի չիմացութեան այդ մեծ բացը գոցելու մտադրութեամբ՝ 1910էն 1912 Կոստան Զարեան հայերէն սորվելու համար ապրեցաւ Վենետիկի Ս. Ղազար վանքին մէջ։ Երբ արդէն հայերէնին ալ տիրապետած էր, Կոստան Զարեան որոշեց հաստատուիլ Պոլիս, ուր 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք գրական-մշակութային կեանքը աննախընթաց թափով ծաղկում կþապրէր։ Դանիէլ Վարուժանի, Յակոբ Օշականի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ միասին՝ Կոստան Զարեան գլխաւոր դեր ունեցաւ գրականութեան ու գեղարուեստի նորարական հանդէսին՝ «Մեհեան»ի հիմնադրութեան մէջ, որուն առաջին համարը լոյս տեսաւ 1914ի Յունուարին: «Մեհեան»ը միայն եօթը համար լոյս տեսաւ եւ փակուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւանքով։
1914ի Դեկտեմբերին, գրական-գեղարուեստական աշխատանքի ազատ բեմ գտնելու հեռանկարով, Կոստան Զարեան հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ Պուլկարիա եւ հոնկէ ալ Ֆլորենցիա, ուր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտը։ 1919-22ին Կ. Զարեան վերստին Կ. Պոլիս է, ուր Գ. Գալֆայեանի, Վահան Թեքէյեանի եւ Շահան Պէրպէրեանի հետ կը հրատարակէ «Բարձրավանք» հանդէսը: 1922-24ին, համեմատական գրականութեան պատմութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: 1925ին, խորհրդային կարգերուն եւ կաշկանդումներուն չդիմանալով, Կոստան Զարեան դարձեալ Փարիզ է: Կը հիմնէ եւ կը խմբագրէ արուեստի, գրականութեան եւ՛ փիլիսոփայութեան «Բաբելոնի Աշտարակ» ամսագիրը (ֆրանսերէն):
Այնուհետեւ՝ Կ. Զարեան մեկնեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրի էջերուն լոյս ընծայեց իր «Անցորդը եւ իր ճամբան» (1927), «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները» (1931-34), «Երկիրներ եւ աստուածներ» (1935-38), «Կղզին եւ մի մարդ» (1955) գործերը, ինչպէս եւ հռչակաւոր «Տատրագոմի հարսը» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը։
Մ. Նահանգներու տարածքին Կոստան Զարեան վարեց դասախօսական պաշտօններ։ 1930ականներուն դասաւանդեց Պըրքլիի (Քալիֆորնիա) համալսարաին մէջ։ 1944-46ին հայագիտութիւն դասաւանդեց Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանին մէջ։ 1946ին Նիւ Եորքի մէջ հիմնեց եւ խըմբագրեց «Հայկական Քառամսեակ» անգլերէն հանդէսը: 1952-54ին արուեստի պատմութիւն դասաւանդելու համար Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ Կոստան Զարեան հաստատուեցաւ Լիբանան։ Այդ շրջանին էր, որ երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսէն Հայաստան հաստատուելու հրաւէր ստացաւ։ 1961ին ներգաղթեց Հայաստան եւ 1962էն մինչեւ 1969ի Դեկտեմբեր 11ի իր վախճանումը, աւագ գիտաշխատողի աշխատանք կատարեց Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։
Կոստան Զարեանի գլուխ¬գործոցը կը համարուի Մեծ Եղեռնի, Հայաստանի անկախութեան եւ հուսկ խորհրդայնացման նուիրուած «Նաւը լերան վրայ» ծաւալուն վէպը, որ Մ. Նահանգներու մէջ 1943ին իր առաջին հրատարակութիւնը ունենալէ ետք, գաղափարախօսական աղճատումներով, 1963ին արժանացաւ իր երկրորդ հրատարակութեան Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ ընդհանուր դժգոհութեան ալիք մը բարձրացնելով հայ մտաւորականութեան մօտ։
Աւելի քան 84 տարի ապրեցաւ Կոստան Զարեան, վախճանեցաւ Երեւան՝ 11 Դեկտեմբեր 1969ին, հայ ժողովուրդին կտակելով պատկառելի վաստակ մը թէ՛ որակի, թէ՛ քանակի առումով։
Սերունդներու յիշողութեան մէջ Կոստան Զարեան անմահացաւ իբրեւ հայ գրականութեան մեծ իմաստասէրն ու գեղապաշտ արուեստագէտը։
Կոստան Զարեանի ազգային հանգանակին ուշագրաւ բանաձեւումներէն մէկը կատարուած մեծանուն գրողի «Գաղթականը եւ Տարագիրը» խորագրով ակնարկին մէջ՝ հայոց սերունդներուն ուղղելով հետեւեալ պատգամը.-
«Պէտք է զանազանել. գաղթականը եւ տարագիրը երկու իրարամերժ վիճակներ են։
«Գաղթականը՝ անողոք պարագաներից մղուած՝ տեղափոխւում է մի որեւէ օտար երկիր եւ ճիգ անում զետեղուելու ուրիշների կեանքում։ Տընտեսականի հրամայականի տակ՝ նա պարտադրուած է յարմարուելու, նորաձեւուելու, կապիկանալու, թութականալու։ Լինելու ո՛չ թէ ինքը, այլ ուրիշ։
«Նա ստուեր է, որ որոնում է նոր բարոյական մարմին, նոր լեզու, գոյանալու եւ ապրելու նոր կերպ ու ձեւ։
«Եւ երբ նա գտնում է այդ նոր մարմինը՝ անհետանում է։
«Ուրիշ է տարագիրը։
«Նա ժամանակաւոր այցելու է, անցորդ, որի անհատականութիւնը յաւիտենապէս խարսխուած է իր իսկութեան մէջ, իր դարաւոր հաւաքական ուրոյն կազմում, իր ցեղային ենթագիտակցութիւնում։
«Տարագիրը հոգեպէս, մտաւորապէս շարունակում է ապրել մտայնական եւ ժառանգական այն ծովում, որի թաքնուած հոսանքները, կրակով եւ երկաթով ծեծուած փոթորիկները ներկայ են իր արիւնի, մկանունքների եւ ուղեղի ծալքերում։ Նա մշտնջենական նաւարկող է, որի Ոդիսականը մի՛ նպատակ ունի միայն՝ հասնել եւ լիովին դրսեւորել իր իսկութիւնը։
«Իսկական ստեղծագործը,- եւ խօսքս նրանց մասին է եւ միայն նրանց մասին,- միշտ տարագիր է։ Այստեղ թէ այնտեղ։ Նա մշտնջենական որոնողն է, բաղձողը եւ չգտնողը, հոգու ծարաւով եւ անօթութիւնով տառապողը»։
Տարագիր Հայուն ձայնը յաւերժացնող հեղինակը եղաւ Կ. Զարեան։ Ո՛չ «Թափառական Հայ»ուն, ոչ ալ «Գաղթական Հայ»ուն։ Ամէնէն հոգեհարազատը կրնայ նկատուիլ «Պանդուխտ Հայ»ը, որուն ձայնը Զարեանէն առաջ յաւերժացած էր արդէն հայ գրականութեան մէջ։ Կոստան Զարեան նոր հորիզոններու բացաւ հայրենի հողէն հեռու ապրելու մարդկային կեցութեան «դատապարտուած» հայոց ներաշխարհը՝ հոգերն ու սէրերը, երջանկութեան եւ վիշտի արցունքները, յաղթանակի փառքն ու պարտութեան արհաւիրքը։
Եւ եզրակացուց.-
«Ասեմ նաեւ, որ այնտեղ, շղթայուած մեր հայրենիքում ապրող տարագիրներր աւելի յուսահատական վիճակի են մատնուած, քան մենք, որովհետեւ եթէ նրանց մարմնական սնունդը առատ է, [ապա] նրանց միտքը եւ թռիչքը կաշկանդուած է, եւ նրանց արժանապատուութիւնը ամէն մի վայրկեան ենթարկուած է գռեհիկների եւ բթամիտների վիրաւորանքներին»։

Ն.