Յունուար 28ին հայ ժողովուրդը կը տօնէ իր Ազգային Բանակին վերականգնման ու մեր ժամանակներու ոգիով հիմնադրութեան Օրը։
Այսօրուան տօնը յագեցած է ազգային ինքնավստահութեամբ, հպարտութեամբ ու մարտունակութեամբ վերանորոգուելու ազգապահպան ու հայրենակերտ խորհուրդով։
22 տարի առաջ, 1992ի Յունուար 28ի այս օրը, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի որոշումով, կեանքի կոչուեցաւ Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ զայն գլխաւորելու պաշտօնը յանձնուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի։
Դժուարին երկունք մը ունեցաւ Հայոց Ազգային Բանակը։
1988ին թափ առած Արցախեան շարժման առաջին իսկ քայլերէն սկսաւ Հայոց Ազգային Բանակին սաղմնաւորումը։ Հայկական բանակի երկունքին մէջ իրենց վճռորոշ ներդրումը ունեցան Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմուած ժողովրդային առաջին զինեալ խմբաւորումները, անոնց կազմակերպման եւ ձեւաւորման առաջադրանքով կեանք առած հայկական նորանուն կուսակցութեանց ֆետայական ջոկատները, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ խորհրդային բանակի հայ սպաներու յայտնութիւնը Արցախեան Շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։
Քաղաքական խիթեր ու գաղափարական ցաւագին գալարումներ շատ ունեցաւ Հայոց Բանակին երկունքը. նոյնինքն Արցախեան Շարժման յառաջատար ուժերուն միջեւ ներքին հակասութիւններն ու հակադրութիւնները անպակաս եղան։ Մինչեւ իսկ 23 Օգոստոս 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի որդեգրումէն ետք, երբ 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հիմերը վերականգնելու միահամուռ յանձնառութիւնը օրէ- նըսդրականօրէն ամրագրուած էր, Հայոց Ազգային Բանակի կազմութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան հիմնադրման քաղաքական քայլը դիւրին չառնուեցաւ եւ ներ-քաղաքական բուռն հակադրութեանց պատճառ դարձաւ։
Վերականգնեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի իշխանութեանց ղեկին տիրացած Հայոց Համազգային Շարժման ղեկավարութիւնը, գլխաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, յամառօրէն պնդեց այն ռազմավարական դաւանանքին վրայ, թէ «Մեր պաշտպանութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է»։ Այդօրինակ մտածողութեամբ փաստօրէն ձգձգուեցաւ իրաւական ու պաշտօնական ամրագրումը մինչ այդ իրողապէս արդէն կազմուած Հայոց Ազգային Բանակին ու Պաշտպանութեան նախարարութեան...
Որոշապէս պէտք եղաւ սպասելու մինչեւ Դեկտեմբեր 1991ին Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումին, որմէ ետք միայն ընթացքի մէջ դրուեցաւ օրէնսդրական նուիրագործումը Հայկական Բանակի կազմութեան։
Այդ առումով ալ, 28 Յունուար 1992ին Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնակոչման օրը հետագային հռչակուեցաւ Հայոց Ազգային Բանակի հիմնադրութեան պետական տօն։
Յուշատետրի սիւնակը, պատմական այդ զարգացումներու քննարկումը ծաւալելու իմաստով, տեղը չէ առանձնաբար ու անուն առ անուն յիշատակելու եւ արժեւորելու Հայոց Ազգային Բանակի կազմաւորման սկզբնական շրջանի, ինչպէս եւ իբրեւ պետական հաստատութիւն անոր կայացման ու արմատաւորման հետագայ հանգրուաններու գլխաւոր դերակատարները եւ երախտաւորները։ Բայց Վազգէն Սարգսեանի անուան կողքին անպայման իրենց արժանի տեղը ունին օրին Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ղեկավարած եւ տակաւին ապրող ու գործող քաղաքական թէ իշխանաւոր դէմքեր, ինչպիսին են Վազգէն Մանուկեանն ու Սերժ Սարգսեանը։ Անուրանալիօրէն մեծ ու անփոխարինելի եղաւ ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ խորհրդային բանակի մէջ թրծուած հայ սպաներուն՝ ինչպիսին են Գուրգէն Ղալիպալթայեանն ու Միքայէլ Յարութիւնեանը, Արկատի Տէր-Թադեւոսեանը, Սամուէլ Բաբայեանը եւ Սէյրան Օհանեանը, միայն քանի մը անուններ յիշատակելու համար։
Բայց անպայման պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, Հայոց Ազգային Բանակին տօնին առիթով, որ ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային-ազատագրումի թէժ պայքարին ծնունդը եղաւ Հայկական Բանակը։ Իր մարտունակութիւնը ստացաւ հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութենէն ու հայոց ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարի ռազմահայրենասիրական աւանդներէն։ Իբրեւ այդպիսին, եղաւ առնական ծնունդը Արցախեան Ազատամարտին, որմէ եւ ստացաւ ատրպէյճանական ու համաթրքական սպառնական վտանգի դիմագրաւման միշտ պատրաստ գտնուելու ներքին զօրութիւնը։
Ի վերջոյ Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի, Նժդեհի ու Դրոյի աւանդներով սնանեցաւ ու հասակ նետեց վերանկախացեալ Հայաստանի Ազգային Բանակը, որ վերածուեցաւ տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ զօրքերէն մէկուն՝ եւրոպական թէ միջազգային ռազմավարական կառոյցներու վկայութեամբ։
Ահա թէ ինչո՛ւ ազգային արդար հպարտութեան ու ինքնավստահութեան տօնն է Հայոց Ազգային Բանակի վերածննդեան տարեդարձը։
Յատկապէս ազգային մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու ուխտի օրն է այսօր, որովհետեւ գերազանցապէս ազգային ինքնապաշտանութեան ու ազատագրումի պայքարին ծնունդը եղաւ Հայոց Բանակը եւ, իբրեւ այդպիսին, կը շարունակէ յոյսն ու ապաւէնը մնալ թուրքեւատրպէյճանական սպառնական վտանգը տակաւին դիմագրաւող հայ ժողովուրդին՝ մանաւանդ ի Հայաստան, բայց նաեւ ի սփիւռս աշխարհի։
Պարզ է, որ ոչ միայն արտաքին սպառնալիքներն ու յատկապէս թուրքեւատրպէյճանեան թշնամութիւնը դիմագրաւելու համար, այլ նաեւ ազգային մեր ներքին ճակատը միաձոյլ պահելու եւ մարտունակութեան մեր պաշարները ամէն կարգի ցեցերու դէմ պահպանելու առումով՝ այսօրուան տօնը բոլորիս կը յուշէ անհրաժեշտութիւնը Հայկական Բանակին նկատմամբ համայն հայութեան վստահութեան խորացումին եւ ճառագայթումին։
Հայոց Ազգային Բանակը արժանի է վեր մնալու եւ անխոցելի պահուելու քաղաքական թէ գաղա- փարական ամէն կարգի վէճերէ, հակադրութիւններէ եւ քաշքշուկներէ։
Ինչպէս որ առիթով մը Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարը կը պատգամէր՝
«Բանակը որչափ մեծ ու հզօր, նոյնքան նուրբ ու զգայուն մարմին է: Չի կարելի բանակի մասին դատել ներ-քաղաքական զարգացումներով պայմանաւորուած նեղ շահերի, միջ-կուսակցական բախումների եւ, ի վերջոյ, տարբեր հանգամանքերի զուգորդման արդիւնքում տուեալ պահին ձեւաւորուած հասարակական տրամադրութիւնների լոյսի ներքոյ: Դրանք անընդհատ փոխւում են, յարմարւում այս-րոպէական իրողութիւններին, իսկ բանակը լուռ շարունակում է կատարել նոյն գործառոյթները»։
Արցախի իրողական ազատագրութեան եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումին համար իրենց արիւնն ու գերագոյնը նուիրաբերած մերօրեայ հերոսներուն եւ, մանաւա՛նդ, անոնց ծնունդ տուած անընկճելի մեր ժողովուրդին պարտական ենք աչքի լոյսի պէս պահպանումը, բարեկարգումը եւ հզօրացումը այսքան դժուարին երկունքով կեանք առած Հայկական Բանակին։
Ն.