Print
Category: Յուշատետր

«Պարզ էր, որ յեղափոխութեան յենարանը պէտք է փնտռել ո՛չ Կովկասում եւ ոչ էլ արտասահմանում, ուր կարող են շատ շուտով ոգեւորուել եւ նոյն արագութեամբ էլ սառչել եւ անտարբերութեան մէջ ընկղմուել, այլ այնտեղ, հեռո՜ւ, հայ ժողովուրդի տանջուող սրտի մէջ, եւ որ յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ոչ մի խորտակիչ ուժի առաջ, քանի գոյութիւն ունեն կեանքի տանջանքները,- նա միայն կը փոխի իր ձեւը, յարմարուելով նոր պայմաններին, եւ երբեք ի էութիւնը»։

Մեր ժողովուրդին «տանջուող սիրտ»ը ներշնչման աղբիւր եւ առաջնորդող ուժ դաւանելու գաղափարական այս յանձնառութեան եւ ինքնահաւատարմութեան անզուգական դարբինը եղաւ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան կրտսեր անդամը՝ ՌՈՍՏՈՄ, որուն ծննդեան 147ամեակը կը նշենք Յունուար 18ի այս օրը, իսկ մահուան 95ամեակը կþոգեկոչենք Յունուար 19ին։
Ինչպէս որ կարելի չէ հայ ժողովուրդի վերջին 125ամեակի կեանքին լիարժէք պատկերացումը կազմել առանց Դաշնակցութեան ներգործութեան արժեւորումը կատարելու, նոյնպէս կարելի չէ Դաշնակցութեան առաջին երեսնամեակի ոգորումներուն իրա՛ւ գնահատումը ունենալ՝ առանց անդրադառնալու Ռոստոմի ներդրումին, հաւասարապէս թէ՛ ԳՈՐԾի եւ թէ ԳԱՂԱՓԱՐի առումով Հայկական Ազատամարտի երթը հունաւորելու եւ ղեկավարելու ճակատներուն վրայ։
Հայ ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր բարձրադիրն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆը եղաւ ՌՈՍՏՈՄ՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիարժէք ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։
Աւազանի անունով Ստեփան Զօրեան՝ Ռոստոմ հիմնադիրներէն մէկը եղաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան։ Թէեւ ներկայ ալ չէր եղած 1890ի ամրան կայացած Հ.Յ.Դ. հիմնադիր ժողովին՝ Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով, այսուհանդերձ՝ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստած խմորումներուն, այլեւ՝ Հ.Յ.Դ. պատմութեան առաջին երեսնամեակի գլխաւոր բոլոր էջերուն վրայ։
Ռոստոմի ձեռագրով էր, որ 1890ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը 1892ին վերածուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Ռոստոմի գրիչով էր, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը ստացաւ՝ Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած ծրագրային «Այբուբեն»ը ամբողջացնելով իբրեւ «Ընդհանուր Տեսութիւն» ու Հ.Յ.Դ. Ծրագիր։
Նոյնպէս Ռոստոմի ձեռքն է, որ կþերեւի Դաշնակցութեան Զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։
Ռոստոմի նախաձեռնութեան կամ ղեկավարման կը պարտինք, յաջորդաբար եւ թւումի կարգով՝
1) Դաշնակցութեան առաջին զինագործարանին հզօրացումը Սալմաստի մէջ։
2) Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան ապահովումն ու կանոնաւորումը։
3) 1890ականներու երկրորդ կիսուն Երկրի տարածքին յեղափոխական կազմակերպութեան ու դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը։
4) Նոյն ժամանակաշրջանին, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, յանուն ազգային ազատագրութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման պայքարող շարժումներու հետ հայ ռազմավարական գործակցութեան առաջացումը։
5) 1903ին հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ համաժողովրդային շարժման շղթայազերծումը եւ, այդ նպատակով, Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ տալով՝ համազգային ծառացման կազմակերպումը։ Ազգային ըմբոստացման այդ շարժումին շուտով պիտի հետեւէր Դաշնակցութեան կողմէ որդեգրումը «Կովկասեան Նախագիծ»ին, որուն դարբինը եղաւ Ռոստոմ, Արեւմտահայութեան ազգային-ազատագրումի Դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ Արեւելաահայութեան ընկերային ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան։
6) 1905ին ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը։
7) 1907ի Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը՝ աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերուն եւ սադրանքներուն դէմ։
8) 1908ին Դաշնակցութեան յարումը Ընկերվար Միջազգայնականին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Նաեւ՝ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական Դպրոցին հիմնումին։
9) Նոյն շրջանին բռնկած Պարսկական Սահմանադրական շարժման եւ յեղափոխութեան Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի քաղաքական առաջնորդութեամբ եւ Եփրեմի ու Նիկոլ-Դումանի մարտական հրամանատարութեամբ։
10) Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին։
11) 1913ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներու նշանակալից մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ։
12) Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, հակառակ անոր որ Ռոստոմ ինք դէմ էր քաղաքական այդ քայլին։ Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել։ Բայց իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութեան սկզբունքին տէր կանգնելով, ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական Շարժման հզօրացման գործին։
13) Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ անփոխարինելի եղաւ Ռոստոմի ներդրումը։
14) Երեսուն երկար ու դարակազմիկ տարիներու վրայ հիւսուած Ռոստոմի ազգային-յեղափոխական անձնուէր գործունէութիւնը պսակուեցաւ 1918ի Պաքուի Հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ՝ ընդդէմ Համաթրքական կայսերապետութեան հաստատումը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի կործանման վրայ խարսխելու թուրքեւթաթար ցեղասպանական վտանգին։
Ահա՛ սոսկ թուարկումը այն ներդրումներուն, որ Ռոստոմի դրոշմով Դաշնակցութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան 1890էն մինչեւ 1919 թուականի Յունուար 19ի Ռոստոմի վաղաժամ մահը երկարող երեսնամեակին։
Ներդրումներ, որոնք Ռոստոմի օրինակով խորապէս հաւատաւոր ընկերվարականին դարձուցին նոր ժամանակներու հայութեան ազգային մեծ առաջնորդը։
Դաշնակցութեան աւագ հիմնադրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր. ծնած էր Ցղնա գիւղը 18 Յունուար 1867ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։ Բայց զգայուն հոգի ունէր եւ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր։ Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով, ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ. ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային-հասարակական, խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ, թրքական թէ ռուսական, վրացական թէ թաթար-ազերիական այլամերժ ազգայնամոլութեան հետեւանքով։
Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի ծխական դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ-Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական Ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական Ճեմարանը։
Թէեւ բնագիտական եւ ուսողական գիտութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքի հասնելու ամէն նախադրեալ ունէր, այսուհանդերձ՝ Ռոստոս հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անյագ ծարաւը բաւարարելու ոչ մէկ պատեհութիւն փախցուց։ Այդ առումով՝ մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսիստ դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ։
Աւելի՛ն. ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերներուն կողմէ «քոթոթ» անուանուած Ռոստոմը, խաղերու եւ զուարճանքի վրայ ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ միշտ հետամուտ եղաւ ինքնազարգացման. ինչպէս Վրացեան կը վկայէ, Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնող էր։ Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ասքերէն յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ. կենսագիրները կը վկայեն, օրինակ, որ անգիր գիտէր ու կþասմունքէր ռուսական դիւցազներգութեան դասականներէն «Թարաս Պուլպա»ն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ ինչպէս Յովսէփ Տէր-Դաւթեան կը յիշատակէ Ռոստոմի նուիրուած իր յուշերուն մէջ, մահուան սնարին մէջ «պառկելուց երկու օր յետոյ, նա յիշեց Եկմալեանի «Հայր Մեր»ը եւ շարունակ երգում էր՝ պնդելով, որ «Հայր Մեր»ը ամենագեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է։ Խնդրեց, որ գտնենք այդ հազուագիւտ հրատարակութիւնը եւ իր կողմից նուէր ուղարկենք Ընկերվարական Միջազգային Բիւրոյի քարտուղար Հիւսմանսին, որը շատ գնահատում էր հայկական եկեղեցական երգերը»։
Ռոստոմի նուիրուած ամէն վկայութիւն անպայման կանգ պիտի առնէ հաւատաւոր ընկերվարականն ու ազգային անձնուէր գործիչը իր կեանքով ու գործով միաձուլած Ռոստոմի հետեւեալ պատգամին առջեւ.
«Մեր կուսակցութիւնն իր վրայ ունի այնպիսի՛ պարտաւորութիւններ, որոնցից ազատ են ուրիշ կուսակցութիւնները։ Մենք ունինք ազգովին վտանգուելու հոգսը, եւ չենք կարող անտես առնել այդ հանգամանքը։ Ամէն անգամ, որ Դաշնակցութիւնը ստիպուած է եղել դուրս գալ ազգովին գործելու, նրան մեղադրել են, թէ նա բուրժուական է, կղերական... Ես կը կամենայի, որ Դաշնակցութիւնը ապագային էլ նոյնը լինէր եւ պէտք եղած ժամանակ պաշտպանէր ազգի շահը, ինչպէս այդ անում են այսօր անգլիացի եւ ֆրանսացի սոցիալիստները»։
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական զարթօնքին ու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի վերածնունդին անձնուէր դրօշակիրն ու իմաստուն ուսուցիչն է, իրաւամբ, Ռոստոմ անունով հայոց կեանքը երեսուն տարի հունաւորած ու առաջնորդած Ստեփան Զօրեանը։

Ն.