Print
Category: Յուշատետր

Յունուար 15ի այս օրը, 113 տարի առաջ, 71 տարեկանին, թոքախտի հետեւանքով վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Մատթէոս Մամուրեան։

Բազմաշնորհ ծնունդ էր Մ. Մամուրեան.- Ներհուն մտաւորական, մանկավարժ, վիպագիր, հանրային գործիչ, անխոնջ թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ ու վեր, տաղանդաւոր հրապարակագիր։

Շուրջ կէս դար, 1850ականներէն սկսեալ, ազատախոհ իր գաղափարներով եւ հրապարակագրական դիւրահաղորդ ոճով, Մամուրեան գրեթէ ամէնօրեայ խօսակիցը եղաւ հայ ընթերցողին՝ Ազգային Զարթօնքի շարժումին մեծավաստակ դրօշակիրներէն մէկը դառնալով։
Յատկապէս 1871ին իր հիմնած եւ ամբողջ երեսուն տարի խմբագրած թերթը՝ «Արեւելեան Մամուլ»ը իրաւամբ կը հանդիսանայ խօսուն յուշակոթողը Մ. Մամուրեանի կատարած մեծարժէք գործին եւ բեղուն ժառանգութեան։
Ծնած էր Զմիւռնիա, 1830ին։ 1845ին աւարտած էր տեղւոյն «Մեսրոպեան» վարժարանը, իսկ 1850ին՝ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանը։ 1851ին, ծննդավայրը վերադառնալով, Մ. Աղապէկեանի հետ հիմնած էր Զմիւռնիայի «Աղապէկեան» ուսումնարանը։ 1853ին ուսուցչութիւն ըրած էր Կ. Պոլսոյ մէջ, ուր եւ զօրակոչուած էր օսմանեան բանակ եւ Խրիմի պատերազմին ժամանակ աշխատած էր իբրեւ թարգման։ 1856-57ին, Լոնտոն մեկնելով, յաճախած էր Քեմպրիճի համալսարանը, իբրեւ ազատ ունկնդիր։ 1858ին, ամբողջ երկու տարի, շրջագայած էր Եւրոպայի տարածքին, հասնելով եւ այցելելով նաեւ Ս. Փեթերսպուրկ։
Վերադառնալով Պոլիս, 1860էն 1865, Մ. Մամուրեան ստանձնեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետի պատասխանատուութիւնը՝ իբրեւ արժանաւոր երիտասարդ մտաւորականներէն մէկը Զարթօնքի Սերունդին։ Մ. Մամուրեան ամենայն նուիրումով փարեցաւ յանուն աշխարհաբարի տարածման եւ ազգային իշխանութեանց մէջ աշխարհական ու ժողովրդավարական հակակշռի հաստատման պայքարին։ Նոյն պաշտօնին վրայ գտնուած միջոցին, 1862ին, ձեռնարկեց մեծածաւալ հանգանակութեան մը կազմակերպումին՝ ի նպաստ Զէյթունի ապստամբութեան ուժեղացումին, միաժամանակ հրապարակեց Կիլիկիայի տարածքին Ազիզ փաշայի արիւնահեղ քաղաքականութիւնը մերկացնող եւ դատապարտող յօդուածներ։
Մ. Մամուրեանի կենսագրութեան վերաբերեալ հանրագիտական այս հակիրճ տեղեկանքը ամբողջացնելու համար կþարժէ յիշատակել, որ 1865էն 1899, կարճ ընդմիջումներով, ան ստանձնեց Զմիւռնիայի «Մեսրոպեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ դասաւանդեց անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ համաշխարհային պատմութիւն։
Իսկ 1871էն 1901, միշտ Զմիւռնիայի մէջ, ան հիմնեց, հրատարակեց եւ խմբագրեց «Արեւելեան Մամուլ» գրական-քաղաքական-հասարակական թերթը։
Ուսանողական տարիներէն իսկ, Մատթէոս Մամուրեան ուշադրութիւն գրաւած էր իր աշխատասիրութեամբ եւ մտաւորական ընդունակութեամբ։ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ իր դրսեւորած արժանիքներուն եւ ձեռքբերած փայլուն արդիւնքներուն համար, արժանացած էր բարձրագոյն մրցանակի, որ իրեն յանձնուեցաւ Լամարթինի ձեռամբ եւ որ կը վկայէր Մամուրեանի «միշտ բարեբարոյ, խոհական, ուշիմ, ճարտար եւ յամենայնի յառաջադէմ» ըլլալուն մասին։
Ազատախոհական եւ ազգային-հայրենասիրական մտածողութեան հաւատաւոր դրօշակիր մը եղաւ Մամուրեան՝ ազգային-քաղաքական թէ հանրային¬մանկավարժական իր բազմամեայ ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին։ Լոնտոն ապրած շրջանին իր գրած «Անգլիական նամականի» յօդուածներու շարքով՝ Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ որդեգրման համար անխոնջ պայքար մղողներէն դարձաւ։ Բայց ո՛ւր որ գտնուեցաւ եւ ի՛նչ աշխատանք որ ստանձնեց՝ Մ. Մամուրեան հրապարակագրի իր գրիչը միշտ կենսունակ եւ բեղուն պահեց, մինչեւ որ «Արեւելեան Մամուլ»ի հիմնումով գտաւ իր հոգեհարազատ բեմը։
Իր թերթի (սկզբնապէս՝ ամսաթերթ, ապա՝ կիսամսեայ, իսկ իր մահէն ետք նաեւ շաբաթաթերթ ու օրաթերթ) էջերուն ցրուած «Հայկական նամականի» վերտառութեամբ եւ Վրոյր ստորագրուած քրոնիկներու շարքով՝ Մ. Մամուրեան ոչ միայն հրապարակագրական այդ ոճին նախակարապետը հանդիսացաւ հայ մամուլին մէջ, այլեւ՝ լուսարձակի տակ առաւ իր ժամանակի դէմքերն ու զարգացումները, գաղափարական հարցերն ու հասարակական դժուարութիւնները, հետագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելով այդ ժամանակաշրջանի համաշխարհային եւ հայ իրականութեան զարգացումները քննականօրէն արտացոլող ընդգրկուն հայելի մը։
Թէեւ արգասաբեր եղաւ Մամուրեանի գրիչը գրական-գեղարուեստական եւ թարգմանչական գործերու արտադրութեան առումով, բայց իրաւացի են անոր կենսագիրներն ու գրականագէտները, երբ վերապահութեամբ կը մօտենան անոր ժառանգութեան գեղարուեստական որակին՝ ընդգծելով, որ Մամուրեան ամէն բնագաւառի վրայ տարածուեցաւ, բայց ոչ մէկ ճակատի վրայ ամբողջական ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման յաղթականի դափնի նուաճեց։
Յատկապէս մեծն Յակոբ Օշական եղաւ այն քննադատը, որ դափնեզրկեց Մ. Մամուրեանը իբրեւ գեղարուեստական գրող, ընդունելով եւ մեծարելով հանդերձ անոր հրապարակագրական վաստակն ու արժէքը։ Գրական-գեղարուեստական արժէքէ աւելի, հրապարակագրական արժանիք ունեցաւ հայ գրականութեան ժառանգ մնացած Մամուրեանի «Սեւ լերին մարդը» անունով միակ վէպը, որ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի ժամանակաշրջանի ազգային-ազատագրական խմորումներուն նուիրուած է եւ Ռուսաստանի կապուած հայ ժողովուրդի յոյսերն ու հեռանկարները հայրենասիրական շունչով կþանմահացնէ։
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ ճակատագիրը ի վերուստ հանրային կարծիք ձեւաւորելու վաւերական շնորհներով օժտուած Մատթէոս Մամուրեանի, որուն ստորագրութիւնը կրող հրապարակագրական իւրաքանչիւր էջ կը կրէ շեշտակի դրոշմը գեղարուեստական արձակի եւ արեւմտահայ աշխարհաբարի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման հետեւողական ճիգին։
Բայց մանաւանդ իր բարեբարոյ անհատականութեամբ, խոհականութեամբ եւ մտաւորականի լայնաբաց հորիզոնով՝ Մամուրեան յաջողեցաւ իսկական ուսուցիչ մը ըլլալ իր ընթերցողներուն համար։ Անպաճոյճ ու գեղեցիկ իր լեզուին եւ գրելաոճին միացուց, միշտ եւ անպայման, գիտելիք մը փոխանցելու, քննական խորհրդածութիւն կատարելու եւ, յատկապէս, յառաջադէմ մտքի զարգացման հունով յառաջանալու մեծ արժանիքը։
Իբրեւ այդպիսին՝ արեւելքի խաւարամտութեան վրայ լուսաւորութեան պատուհան բացող արժանաւոր հրապարակագիրը հանդիսացաւ Մատթէոս Մամուրեան։
Զարթօնքի Սերունդին երախտաշատ հրապարակագրին ու մեծանուն հայուն մահուան 113ամեակին նուիրուած յարգանքի եւ ոգեկոչման այս սիւնակը կþարժէ եզրափակել Մ. Մամուրեանի «Սեւ Լերին Մարդը» վէպէն առնուած ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշ Արարատ լերան նուիրուած հետեւեալ զեղումով, որ միաժամանակ կը խտացնէ ազգային-հայրենասիրական պատգամը Մատթէոս Մամուրեանի.-
- Ահա՛ կը տեսնեմ, կը տեսնե՜մ Մասիսի անմռայլ սարն՝ Արտազու եւ Նախջուանի լեռներու մէջտեղէն, միշտ վե՜հ, միշտ վսեմ, միշտ ձիւնափայլ։ Տեսէ՛ք կողերն, վիրաւոր կողերն ամպերով պատած են եւ գլուխը, գլուխը միայն կը ծուծընէ՝ վէ՜ս, լուսաւո՜ր, երկնապի՛շ։ Ողջո՜յն քեզ, լե՜ռդ անմահ, որ տաս դարերէ ի վեր ընդունայն կ'ողջունես շուրջդ քու նժդեհ զաւակներդ, միայն սուրբ նահատակներու ստուերներ կը հովանաւորես, եւ դեռ եւս հուր ու կայծակ չես թափեր այն գլուխներուն վրայ, որ քեզ կը կաշկանդեն…

Ն.