Ինչպէս աշխարհի տարածքին, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ, 19րդ դարու առաջին տասնամեակներէն սկսեալ մամուլը հիմնական դեր կատարեց ազգային լեզուամտածողութիւնը ժողովրդականացնելու եւ արդիականացնելու ճակատին վրայ՝ դառնալով հանրային դաստիարակութեան ամէնէն կենսունակ հնոցը, որոշ իմաստով ամէնօրեա՛յ դպրոցը։
Հայ մամուլի լուսաւորչական այդ առաքելութիւնը ըստ արժանւոյն գնահատելու առիթ մը կը յուշէ Յունուարի 13րդ օրը։
156 տարի առաջ, ճիշդ այս օրը՝ 13 Յունուար 1858ին, Մոսկուայի մէջ իր առաջին համարը լոյս ընծայեց «Հիւսիսափայլ» թերթը, որ կոչուած էր դառնալու արեւելահայոց Ազգային Զարթօնքին յառաջապահ դրօշակիրը եւ գաղափարական թռիչքի մղիչ ուժը։
«Հիւսիսափայլ» թերթի անունին կցուած «Օրագիր ընդհանուր ազգային լուսաւորութեան եւ դաստիարակութեան» վերտառութիւնը ինքնին կը խտացնէ բնաբանը, առաջադրանքն ու առաքելութիւնը Մոսկուայի մէջ հրատարակուած այս ամսաթերթին։
«Հիւսիսափայլ»ը լոյս կը տեսնէր 64-80 էջով՝ 24-16 սմ չափի վրայ։ 1858էն մինչեւ 1862 անխափան հրատարակուելէ ետք, ամսագիրը երկու տարի լոյս չտեսաւ, իսկ 1864ին քանի մը թիւ վերահրատարկեց եւ այնուհետեւ վերջնականապէս դադրեցաւ։ Բայց այդքանով իսկ՝ հինգ տարուան իր հրատարակութեամբ, «Հիւսիսափայլ» առաջացուց այնպիսի՛ ստեղծագործական շարժում եւ գաղափարական երկունք, որ բառին ուղղակի թէ փոխաբերական իմաստով հիւսիսէն փայլող լոյսը դարձաւ արեւելահայ գրականութեան եւ, ընդհանրապէս, լեզուամտածողութեան զարգացման համար։
«Հիւսիսափայլ»ի հրատարակութեան նախաձեռնեց 19րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքին գլխաւոր առաքեալներէն Ստեփանոս Նազարեանց, որ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի մէջ ուսուցչութեան կողքին՝ փայլուն հրապարակագիր էր եւ հանդիսացաւ ոչ միայն արեւելահայ աշխարհաբարի մշակման եւ կատարելագործման դրօշակիրը, այլեւ՝ անվեհեր պաշտպանը հայ ժողովուրդին մէջ «հոգեղէն շարժողութիւն» առաջացնելու առաջադրանքին։
Միքայէլ Նալբանդեան եւ Ստեփան Նազարեանց
Ինչպէս Ս. Նազարեանց հռչակած էր օրին, «Հիւսիսափայլ»ի գլխաւոր առաքելութիւնը եղաւ «իւրացնել եւրոպական մշակոյթը եւ զայն տարածել Ասիոյ մէջ, լինել Ասիայի համար մի լուսաւոր ճրագ»։
Ս. Նազարեանց առանձին չէր այդ առաքելութեան մէջ։ Իր կողքին ունէր յառաջդիմական մտածողութեան եւ տեսլականի տէր երիտասարդ մտաւորականներու կենսունակ խումբ մը, յատկապէս Միքայէլ Նալբանդեանի օրինակով յեղափոխական մտածողութեան հեղինակաւոր պատգամաբերը, որոնք «Հիւսիսափայլ»ը վերածեցին բառին ամէնէն վաւերական իմաստով ստեղծագործական դարբնոցի։ Գրական ու իմաստասիրական այդ դարբնոցը, միաժամանակ, շատ արագ հանրային լուսաւորութեան եւ ազգային զարթօնքի դպրոց դարձաւ 19րդ դարու
երկրորդ կիսու արեւելահայ իրականութեան մէջ։
Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ «Հիւսիսափայլ»ը ունէր իր հոգեմտաւոր ծնողը, որ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանն էր, հիմնուած 1814ին։ Արեւելահայ իրականութեան մէջ պատմական մեծ դեր խաղացած հանրային լուսաւորութեան եւ ազգային զարթօնքի այդ անկրկնելի ուսումնարանը սերունդ հասցուց եւ Ս. Նազարեանց, Միքայէլ Նալբանդեան, Րաֆֆի ու Ռ. Պատկանեան, «Հիւսիսափայլ»ի իրենց ճառագայթող շողերով, Լազարեան Ճեմարանով սկսած արեւելահայոց զարթօնքի շարժումը յաղթական իր աւարտին առաջնորդեցին։
«Հիւսիսափայլ»ի առաքելութիւնը երեք նշանակէտերով առաջնորդուեցաւ։
Առաջի՛ն. ամէն կարգի իշխանութեան աղբիւր դարձնել նոյնինքն մեր ժողովուրդը՝ ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ արեւմուտքի եւ հիւսիսի մէջ ծաւալած գաղափարական խմորումներուն եւ հասարակական զարգացումներուն հաղորդ պահելով ժողովրդային բազմութիւնները, լուսաւորելով անոր միտքն ու հոգին եւ թափ տալով անոր ինքնահաստատման կռուաններուն ու ինքնազարգացման զէնքերուն։ Այդ առումով՝ արեւելահայ լեզուամտածողութեան մէջ շեշտուած յառաջդիմական ու ընկերային զգացողութիւնը ուղղակի ժառանգն է «Հիւսիսափայլ»ին։
Երկրո՛րդ. պայքարիլ հայ հոգեւորականութեան խաւարամիտ տարրին եւ անոր նախապաշարումներուն, ընդհանրապէս նաեւ հայ պահպանողականութեան ու ստրկամտութեան դէմ՝ յանուն ազատ մտածողութեան ժողովրդականացումին եւ քաղաքացիական ազատ հասարակութեան հունաւորումին։ Այդ նպատակով՝ «Հիւսիսափայլ» առաջնահերթ կարեւորութիւն տուաւ աշխարհաբար արեւելահայերէնի գրական եւ հրապարակախօսական յղկումին ու զարգացումին, ապա եւ այդ հունով հայ դպրոցը իրա՛ւ լուսաւորութեան հնոցի վերածելու մեծ գործին։
Երրո՛րդ. հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին եւ աւանդոյթին հաւատարիմ՝ եւրոպական քաղաքակըրթութեան վերածնունդի նուաճումներով պատուաստել հայկականութեան հաստաբուն կաղնին, իւրացնել եւ ազգայնացնել արդարութեան եւ հաւասարութեան յառաջդիմական արժէքներն ու սկզբունքները, որպէսզի նորահաս սերունդները հպարտութեամբ քալեն համաշխարհային քաղաքակրթութեան մեծ քառուղիներէն։
«Հայկական Հանրագիտարան»ի վկայութեամբ, «իր շուրջ համախմբելով ժամանակի հայ առաջաւոր մտաւորականութիւնն ու Մոսկուայի աչքի ինկող ուսանողութիւնը՝ ամսագիրը հետեւողականօրէն լուսաբանած է ազգային կեանքի վերածնունդին խընդիրները՝ ժողովուրդի լուսաւորութիւնն ու դաստիարակութիւնը, քաղաքակըրթութեան նուաճումներուն ընդօրինակումը, նպաստած է բնական գիտութիւններու տարածման: Հանդէսը կարեւորած է աշխարհաբար լեզուի արմատաւորումը հայ գրականութեան ու հրապարակախօսութեան մէջ, մամուլէն ու դպրոցղն ներս: Աշխարհաբարի զարգացման այս ենթաշրջանը ըն¬ դունուած է անուանել «հիւսիսափայլեան»:
«Հիւսիսափայլ»ը գաղափարական սուր պայքար է մղած կղերա-աւատատիրական հոսանքին, անոր պարբերականներուն («Մասեաց Աղաւնի», «Ճռաքաղ» եւ այլն) ու հոգեւոր դասուն դէմ եւ, որպէս ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան բարձրացման ճանապարհ, նշած է դպրոցը եկեղեցիէն անջատելու անհրաժեշտութիւնը, լուսաւորութիւնն ու յառաջադիմութիւնը: Սակայն Ստեփանոս Նազարեանն ու Միքայէլ Նալբանդեանը այս խնդիրներուն մօտեցած են գաղափարական տարբեր դիրքերէ. առաջինը համոզուած էր, որ լուսաւորութեան միջոցով կարելի է բարձրացնել ժողովուրդին ոչ միայն մտաւոր, այլեւ նիւթական վիճակը, իսկ երկրորդն այդ ճանապարհով կը ձգտէր ժողովուրդին գիտակցութիւնը բարձրացնել այնպիսի մակարդակի, որ ան մասնակցի վերահաս յեղափոխական շարժումներուն: Այս տարակարծութեանց պատճառով 1859ի աշնան Նալբանդեան հեռացած է «Հիւսիսափայլ»էն…
«Այդուհանդերձ՝ «Հիւսիսափայլ»ը մեծապէս աջակցած է յառաջդիմական եւ թարգմանական գրականութեան ստեղծման: Հոս են տպագրուած Միքայէլ Նալբանդեանի հրապարակախօսական, գրաքննադատական ու գիտական բազմաթիւ յօդուածները, գրական-պատմական երկերը, հայ ժողովուրդի ազատագրութեան, քաղաքական, տնտեսական խնդիրներուն, գրական լեզուի, գրականութեան ու թատրոնի, լուսաւորութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները, «Յիշատակարանը», «Մեռելահարցուկ» վէպը, Ստեփանոս Նազարեանի՝ դպրոցական գործի, դասագիրքերու, կրթական ծրագրերու, ընտանեկան եւ ֆիզիքական կրթութեան ու մանկավարժական կազմերու պատրաստման եւ նմանատիպ այլ հարցերու վերաբերող յօդուածներ: Հանդէսին աշխատակցած են Րաֆֆին, Ռափայէլ Պատկանեանը, Սմբատ Շահազիզը, Մուրացանը եւ ուրիշներ»:
Այս բոլոր առումներով, իրաւա՛մբ, հայ ժողովուրդի երկնակամարին վրայ, հիւսիսէն փայլող լուսաւոր աստղը եղաւ 156 տարի առաջ, Յունուար 13ի այս օրը իր առաջին համարը լոյս ընծայած «Հիւսիսափայլ»ը։
Ն.