Print
Category: Յուշատետր

Յունուարի 7ին հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ մահուան  տարելիցը իր հանճարեղ բանաստեղծներէն Վահան Տէրեանի։
94 տարի առաջ, Յունուար 1920ի այս օրը, վաղաժամ իր վերջին շունչը փչեց հայրենի Ջաւախքի արժանաւոր այս զաւակը, որուն Պատգամը մինչեւ այսօր կ'արձագանգէ հայոց սերունդներու մտքին եւ սրտին մէջ.-

Մի խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին, ¬
Մեր երկիրը աւերուած, բայց սուրբ է եւ հին։
Որպէս լեռն է մեր պայծառ տեսել հազար ձիւն,
Այնպէս նոր չեն մեզ համար ցաւ ու դառնութիւն։

... Շատ է տեսել երկիրն իմ ցաւ ու արհաւիրք,
Լաց է այնտեղ ամէն երգ եւ ողբ՝ ամէն գիրք։
Գերուած ենք մենք, ո՛չ ստրուկ, գերուած մի արծիւ,
Չարութեան դէմ վեհսիրտ միշտ, վատի դէմ ազնիւ։
Բարբարոսներ կը գան ու կ'անցնեն անհետ,
Արքայական խօսքը մեր կը մնայ յաւէտ...

Վահան Տէրեան ծնած էր 28 Յունուար 1885ին, Ախալքալաքի Գանձա գիւղին մէջ, Սուքիաս քահանայ Տէր-Գրիգորեանի ընտանեկան յարկին տակ։
Մարմնապէս վատառողջ ծնունդ էր եւ միայն 35 տարի ապրեցաւ Վահան Տէր-Գրիգորեան, բայց 1908ին լոյս ընծայած իր «Մթնշաղի Անուրջներ» բանաստեղծութեանց գրքոյկով իսկ՝ Վահան Տէրեան արժանաւորապէս իր բարձրադիր գահը գրաւեց հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներու անմահութեան պանթէոնին մէջ, իբրեւ սիրոյ եւ մթնշաղի, քնքշանքի ու թախիծի, անուրջի եւ մահուան, Երկիր Նայիրիի եւ բորբ արեւի հանճարեղ երգիչը։
Յատկապէս ազգայինն ու համամարդկայինը իբրեւ մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն ընկալելու եւ ապրելու իր խորհրդաւոր յուզաշխարհով՝ Վահան Տէրեան հայոց սերունդներուն տուաւ նոր երգ, այլեւ՝ պատգամ.-
Այդպէ՛ս, Վահան Տէրեան ստեղծագործեց եւ հայ գրականութեան պարգեւեց բանաստեղծութիւններ, որոնք իրենց թարմ շունչով, խոր զգայնութիւններով, երաժշտական կշռոյթով, պատկերներու գրաւչութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, վճիտ ու հեզասահ հայերէնով նոր դարաշրջան բացին հայոց քնարերգութեան մէջ։
Եւ զարմանալի չէ, որ արեւելահայ բանաստեղծութեան նորարար հսկաները՝ Յովհաննէս Թումանեանն ու Աւետիք  Իսահակեանը, այլ մանաւանդ Եղիշէ Չարենցը իրենց հպարտութիւնը գտան Տէրեանի մէջ։ Իսկ հայ երիտասարդութիւնը իր ամէնօրեայ երգին վերածեց Տէրեանի տաղանդաւոր գրչին տակ այնքան սրտայոյզ պատկերներով, խոհերով ու երաժշտականութեամբ վերծան- ւած վիշտն ու թախիծը, բնութիւնն ու մարդը, կինն ու անուրջը, Նայիրեան Երկիրն ու հուրէ դարը, կեանքի քնքշանքն ու մահուան անդորրը...

Մոռանա՜լ, մոռանա՛լ ամէն ինչ,
Ամէնին մոռանալ.
Չրսիրել, չխորհել, չափսոսալ -
Հեռանալ…

Այս տանջող, այս ճնշող ցաւի մէջ,
Գիշերում այս անշող
Արդեօք կայ իրիկուայ մոռացման,
Մոռացման ոսկէ շող…

Մի վայրկեան ամէնից հեռանալ,
Ամէնին մոռանալ.-
Խաւարում, ցաւերում քարանալ
Մէն-միայն…

Մոռանա՜լ, մոռանա՛լ ամէն ինչ,
Ամէնին մոռանալ.
Չրսիրել, չըտենչալ, չըկանչել,
Հեռանալ…

Կենսագիրներու վկայութեամբ՝ քահանայ հօր ներշընչանքը մեծ դեր ունեցաւ Վահան Տէրեանի ուսումնատենչութեան եւ խորհրդապաշտութեան մէջ։
Ուսումնատենչութիւնը զինք տարաւ Մոսկուա եւ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր մասնագիտացաւ լեզուաբանութեան եւ պատմագիտութեան մէջ։
Իսկ խորհրդապաշտութիւնը զինք մղեց դէպի գրականութիւն. պատանի տարիքէն սկսաւ ոտանաւորներ գրել եւ 1908ին լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ «Մթնշաղի անուրջներ»ը, որ շատ արագ հռչակ բերաւ 23ամեայ երիտասարդին։
Թոքախտը երիտասարդ տարիքէն սկսաւ հիւծել Վահան Տէրեանի մարմինը, մինչեւ որ 1920ին վաղահաս մասը վերջակէտ դրաւ անոր տառապանքինւ։ Բայց որովհետեւ հպարտ էր նկարագրով, իրեն բաժին հանուած դաժան կենսափորձն ու ճակատագիրը Տէրեան տարաւ անխռով՝ սիրոյ զեղուն քնարականութեամբ երգելով.-

Ամէն վայրկեան, սիրով տրտում, ասում ես մնաս բարով,
Բորբ արեւին՝ իմ բոց սրտում՝ ասում եմ ես մնաս բարով։
Մնաք բարով ասում եմ ես բոլոր մարդկանց չար ու բարի,
Տանջուող ու որբ ադամորդուն ասում եմ ես մնաս բարով։
Մնաք բարով ասում եմ ես ընկերներիս մօտ ու հեռու,
Ոսոխներիս չար ու արթուն ասում եմ ես մնաք բարով։
...Գնում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր, էլ չեմ դառնայ,
Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարո՜վ, մնաք բարո՜վ։

Ժամանակը եկաւ հաստատելու, որ Վահան Տէրեան ի վերուստ կոչուած էր դառնալու հայ քնարերգութեան ամէնէն աւելի յիշուող, հայ մարդոց սրտին մէջ ամէնէն աւելի սիրոյ եւ հպարտ մարդասիրութեան յոյզեր արթնցնող ու վառ պահող բանաստեղծը։
Նախնական իր կրթութիւնը գիւղի վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, Տէրեան յաճախեց եւ աւարտեց Ախալքալաքի պետական վարժարանը։ Ապա՝ անցաւ Թիֆլիս, որ 19րդ դարավերջին հայոց մշակութային եւ ազգային-յեղափոխական ամէնէն աշխոյժ կեդրոններէն էր։ Պատանեկութեան նոր թեւակոխած Տէրեանի համար, Թիֆլիսը հանդիսացաւ գեղարուեստական ու գաղափարական մկըրտութեան իրա՛ւ աւազան մը, որուն բարեբեր օրհնանքը երկար չկրցաւ վայելել, որովհետեւ հայրը 1899ին  զինք տարաւ Մոսկուա եւ արձանագրեց Լազարեան Ճեմարանի աշակերտ։
Այդ օրերէն իսկ ապագայ մեծ բանաստեղծը դրսեւորեց ինքնամփոփ, մելամաղձոտ եւ մտերիմներու շրջանակէն դուրս անհամարձակ տղու վարմունք, որ ժամանակի թաւալումին եւ թոքախտի յայտնաբերման հետ աւելիով շեշտուեցաւ։ Նոյնիսկ երբ հազիւ երիտասարդ ան միացաւ ռուսական Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան ու լծուեցաւ գաղափարական-յեղափոխական աշխոյժ  գործունէութեան, Վահան Տէրեան լրիւ չթօթափեց ներասոյզ եւ շրջանակի մէջ լռակեաց տղու իր հակումները։
1906ին աւարտեց Լազարեան ճեմարանը եւ ընդունուեցաւ Մոսկուայի համալսարանին լեզուագիտութեան եւ պատմագիտութեան բաժանմունքը, ուր ոչ միայն խորացուց հայ լեզուի եւ մշակոյթի իր գիտական ճանաչողութիւնը, ոչ միայն հմտացաւ եւրոպական եւ արեւելեան լեզուներու գործածութեան, այլեւ՝ բառին ամէնէն կենսատու իմաստով յափշտակուեցաւ ֆրանսացի խորհրդապաշտ (սենպոլիստ) բանաստեղծներով, որոնց գեղար- ւեստական ու ոճաբանական բարձրորակ նորարարութիւնը բախտորոշ դեր ունեցաւ Տէրեան բանաստեղծի ինքնուրոյն ուղին հունաւորելու մէջ։
Մոսկուայի համալսարանի ուսանողութեան այդ շրջանին է, որ Վահան Տէրեան 1908ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծութեանց երախայրիքը՝ «Մթնշաղի Անուրջներ» 80 էջնոց փոքրածաւալ գրքոյկը, որ ատենի հայ գրական աշխարհին կողմէ, Մոսկուայէն մինչեւ Թիֆլիս ու Պոլիս, բայց յատկապէս ընթերցողներու երիտասարդ շրջանակին մօտ, արժանացաւ ջերմագոյն ընդունելութեան։
Ուսման զուգահեռ Վահան Տէրեան նուիրուեցաւ սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցական գործունէութեան՝ Ալեքսանդր Ծատուրեանի, Պօղոս Մակինցեանի ու մարքսական կողմնորոշումով երիտասարդ այլ գրողներու եւ մտաւորականներու հետ ձեռնարկելով «Գարուն» պարբերականի հրատարակութեան։ Իսկ երբ նիւթական անձկութեան հետեւանքով դադրեցաւ «Գարուն»ը, Տէրեան իր գործուն մասնակցութիւնը բերաւ նորաստեղծ «Պանթէոն» հրատարակչականին՝ թարգմանական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով։ Այս շրջանին արգասիքը եղան անգլիական, ֆրանսական, ռուսական եւ վրացական գրականութեան կարգ մը գլուխ-գործոցներու տէրեանական թարգմանութիւնները, որոնք իրենց տեսակին մէջ գեղարուեստական բարձրորակ թարգմանիչի պատուանդանին եւս արժանացուցին Տէրեանը։
1912ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ հատորը՝ «Բանաստեղծութիւններ» անունով։
Հայրենի հողէն հեռու եւ օտարներու մտերմութեան մէջ ապրելով՝ Տէրեան իւրովի հետեւեցաւ ու արձագանգեց սեփական ազգի ազատագրական պայքարի վերիվայրումներուն։ Խորքին մէջ Տէրեան նոյնացուց իր սեփական հիւանդութեան հետ եկող՝ մօտալուտ մահուան անխուսափելիութեան ճակատագիրը հայ ժողովուրդի լինելութեան սպառնացող վտանգներու՝ ազգային դատապարտուածութեա՛ն ճակատագրին հետ։ Ուրիշներէն տարբեր ըլլալու եւ սեփական ցաւին մէջ հպարտօրէն իր ուղին շարունակելու այդ ապրումէն բխեցաւ կեանքին ու մարդոց առաւել սիրով փարելու Տէրեանի անանձնականութիւնը՝
Այնպէս անխինդ են եւ նըման լացին
Երգերն իմ երկրի, այնպէս տխրագին.
Մեզ չի հասկանայ օտարերկրացին,
Մեզ չի հասկանայ սառն օտարուհին:

Այն մելամաղձիկ, լացող, միալար
Ելեւէջները ներդաշնակ այնպէս
Եւ Հարազատ են սրտին մեր մոլար,
Հոգուն մեր բեկուած, աւերուած, հրկէզ.

Տեսնում եմ ահա գիւղերը մեր խեղճ,
Եւ թուխ դէմքերն այն տխրութեան սովոր,
Իմ ժողովուրդը անել վշտի մէջ,
Երկիրն իմ անբախտ եւ աղէտաւոր:

Թող հնչէ երգն այդ դառն ու ցաւածին,
Երգը հայրենի ցաւագար ու հին,
Մեզ չի հասկանայ օտարերկրացին,
Մեզ չի հասկանայ սառն օտարուհին...

1913ին, աւարտելով Մոսկուայի համալսարանը, Վահան Տէրեան անցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, ուր աշակերտեց մեծ հայագէտ Նիկողայոս Մառի՝ առաւել խորացնելով հայերէն լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան իր գիտութիւնը։ Այս շրջանին աւելիով խորացաւ Տէրեանի մտերմութիւնը ռուս մեծանուն բանաստեղծ ու գաղափարակից Մաքսիմ Կորքիի հետ. միասին անոնք ձեռնարկեցին հայկական բանաստեղծութեան ծաղկաքաղի մը ռուսերէն թարգմանութեան եւ առանձին հատորով հրատարակութեան։
Միաժամանակ Տէրեան մխրճուեցաւ կուսակցական  գործունէութեան մէջ։ Յատկապէս 1917ի համառուսական յեղափոխութենէն ետք, պոլշեւիկ քարոզիչի առաքելութեամբ, Տէրեան շրջագայեցաւ Թիֆլիսի, Սոխումի եւ Ախալքալաքի միջեւ՝ ամէնուր քարոզելով լենինեան գաղափարները։ Բայց թոքախտը աստիճանաբար ծանրացաւ եւ քայքայեց առողջութիւնը։ Տէրեան ստիպուեցաւ առողջարան մտնել՝ բուժուելու համար։ Բայց երբ պոլշեւիկները հասան իշխանութեան գլուխ՝ Տէրեան անմիջապէս հեռացաւ առողջարանէն եւ փութաց Մոսկուա, ուր նորահաստատ կառավարութեան խորհրդականը դարձաւ Ազգութեանց հարցերով։ Այդ պաշտօնին վրայ Տէրեան գործեց մինչեւ 1919ի վերջերը, երբ թոքախտը այլեւս ուժասպառ դարձուց զինք եւ ան ստիպուեցաւ Թուրքէստան երթալ բուժման համար, ուր Օրէնպուրկի առողջարանին մէջ առյաւէտ փակեց իր յոգնաբեկ աչքերը 7 Յունուար 1920ին։
Վահան Տէրեանի գործերը բազում հրատարակութեանց արժանացած են Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ։ 1956ին լոյս տեսաւ Տէրեանի ամբողջական գործերուն մեծադիր հատորը՝ մէկտեղելով «Մթնշաղի Անուրջներ», «Փշէ Պսակ», «Գիշեր եւ Յուշեր», «Ոսկէ Հեքիաթ», «Ոսկեշղթայ», «Կատուի Դրախտ», «Երկիր Նայիրի» եւ «Հոկտեմբերեան Երգեր» բանաստեղծական  գործերը, այդ շարքերէն դուրս գրուած բանաստեղծութիւնները, թարգմանութիւնները, յօդուածներն ու նամակները։
Հայու ցաւատանջ ճակատագրին հետ նոյնացած, այլեւ իւրովի շնչաւորած հանճարեղ բանաստեղծին մահուան 94րդ տարելիցը ոգեկոչող հաղորդութեան առիթ մըն է Վահան Տէրեանի պատգամաշունչ քերթուածը.-

ՄԻ՞ԹԷ ՎԵՐՋԻՆ ՊՈԵՏՆ ԵՄ ԵՍ

Մի՞թէ վերջին պոետն եմ ես,
Վերջին երգիչն իմ երկրի.
Մա՞հն է արդեօք, թէ նի՞նջը քեզ
Պատել, պայծառ Նայիրի:

Վտարանդի, երկրում աղօտ,
Լուսե՜ղ, քեզ եմ երազում,
Եւ հնչում է, որպէս աղօթք
Արքայական քո լեզուն:

Հնչում է միշտ խոր ու պայծառ,
Եւ խոցում է - այրում.
Արդեօք բոցէ վարդե՞րդ են վառ.
Թէ՞ վէրքերն իմ հրահրուն:

Ահով ահա կանչում եմ քեզ,
Ցոլա՛, ցնորք Նայիրի.-
Մի՞թէ վերջին պոետն եմ ես,
Վերջին երգիչն իմ երկրի ...


Ն.