Print
Category: Յուշատետր

Դեկտեմբեր 18ի այս օրը կը լրանայ մահուան 41րդ տարելիցը հայ գրականութեան մեծատաղանդ դէմքերէն Նիկողոս Սարաֆեանի։
Պատանի տարիքին Հայասպանութեան արհաւիրքը տեսած, յետ-Եղեռնեան Պոլսոյ մէջ ազգային կազմաւորումը ստացած ու երիտասարդութեան Փարիզ յայտնուած Սերունդին ամէնէն խոհուն եւ գեղագէտ ներկայացուցիչը եղաւ Նիկողոս Սարաֆեան։

Եթէ «Փարիզի Տղաքը» - Վազգէն Շուշանեան, Շահան Շահնուր, Բիւզանդ Թոփալեան, Շաւարշ Նարդունի, Զարեհ Որբունի, Նշան Պէշիկթաշլեան եւ ընկերներ - իրաւամբ հիմնադիրը հանդիսացան սփիւռքահայ գրականութեան, անոնց փաղանգին մէջ որոշապէս Նիկողոս Սարաֆեանի վիճակուեցաւ «Նոր Ժամանակներ»ու եւ «Արդի Մարդ»ուն յուզաշխարհը յայտնաբերող՝ խորաթափանց երգիչը դառնալու արժանաւորութիւնը։
Ինչպէս որ առիթով մը Սարաֆեան խոստովանած է՝ «Լաւագոյն բանաստեղծութիւնը այն է ինծի համար, որ արտայայտութիւնն է ներքին մարդկային ողբերգական լինելութեան մը՝ յաւիտենական մարդուն մէջ»։ Այդ զգայնութեամբ եւ խոհականութեամբ՝ բանաստեղծ ու արձակագիր Նիկողոս Սարաֆեանը ապրեցաւ իր ժամանակաշրջանը, խորասուզուեցաւ ու պեղեց մարդկային կեցութեան նոր ժամանակներու ընդերքին զարգացող խմորումները եւ, գեղեցկագոյն հայերէնի ճարտարութեամբ, մեր սերունդներուն կտակեց բարձրարուեստ գրականութիւն։
Շահնուրի յուզական պոռթկումներու հեղեղէն կամ Շուշանեանի մարտունակ ու կրքոտ զեղումներէն հեռու մնաց Սարաֆեան։ Ստեղծեց իրա՛ւ ապրումներու գրականութիւն մը, որ ընթերցողին առջեւ բացաւ Սփիւռքահայու ուրոյն ներաշխարհը՝ անոր իւրայատուկ յոյզերուն եւ խոհերուն գեղարուեստական վերծանումովը յագեցած։ Այդ պատճառով ալ շատ ընթերցող չունեցաւ թերեւս, բայց անվիճելիօրէն ստեղծեց սփիւռքահայ ընթերցողը, որ Սարաֆեանի ուղիով քալեց եւ յառաջ մղեց հայ գրականութեան սփիւռքեան որոնումները։
1939ին լոյս տեսած «Հայ Գրագէտներու Բարեկամներ Մատենաշար»ի 11րդ հատորով՝ հետեւեալ սեղմ, այլեւ խօսուն ամփոփումով ներկայացուած է Սարաֆեանի կենսագրութիւնը եւ ստեղծագործական վաստակը.
«Լճեցի ծնողքի մը վերջին զաւակը, ծնած է 14 Ապրիլ 1902ին, նաւու մը մէջ, Պոլիս-Վառնա գծին վրայ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ նախ Վառնայի Ճիէրճեան, յետոյ Ազգային Վարժարանին մէջ, շուտով կþանցնի Ֆրէրներու վարժարանը։ Ընդհանուր Պատերազմին՝ մեծ եղբօր հետ կը մեկնի Ռումանիա, այնուհետեւ կը սկսի թափառական կեանք մը։ Պուքրէշէն Կալաց, յետոյ Օտեսա, Ռոստով, Նովորոսիսկ, երբ կը պայթի ռուսական յեղափոխութիւնը։ Քալելով կը կտրէ Ռումանիան։ Ծնողքը կը գտնէ Վառնայի մէջ, բայց շուտով կ'անցնի Պոլիս, կը մտնէ Կեդրոնական Վարժարանը, զոպ կ'աւարտէ 1922ին եւ դարձեալ կ'անցնի Պուլկարիա, յետոյ Ռումանիա։ 1923ին՝ Փարիզ։
«Գրած է արձակ եւ ոտանաւոր։ Աշխատակցած՝ «Հայրենիք», «Մենք», «Զուարթնոց», «Անահիտ» պարբերաթերթերուն։
«Իր առաջին գործն է բանաստեղծութեան հատոր մը՝ «Անջրպետի մը գրաւումը» (Փարիզ, 1928), յետոյ «14»ը՝ քերթուած (Փարիզ, 1933), «Իշխանուհին»՝ վիպակ (Փարիզ, 1934)։ Հրատարակելի ունի «Խարիսխէն հեռու» (վէպ), բանաստեղծութեանց երկու հատորներ՝ «Տեղատուութիւն», «Մակընթացութիւն», եւ պարբերաթերթերու մէջ տպագրուած վիպակներէն կազմուելիք հատոր մը։ Պատրաստ ունի նաեւ ուսումնասիրութիւն մը՝ «Զառիթափին վրայ»։ Ծածկանուն չէ գործածած»։
«Տեղատուութիւն եւ Մակընթացութիւն»ը, գրուած 1931-1938, մէկ հատորով հրատարակուեցաւ 1939ին (200 օրինակով)։ Յաջորդեց «Միջնաբերդ»ը, գրուած 1940-46, որ հրատարակուեցաւ 1946ին (500 օրինակով)։ Բանաստեղծական արձակի իր լաւագոյն գործը՝ «Վենսէնի անտառը», որ հրատարակուած էր Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի»ի ամսագրի (Հալէպ) 1947ի համարներով, առանձին հատորով (խմբագրութեամբ Գ. Պըլտեանի) լոյս տեսաւ Փարիզ, 1988ին։ Իր ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ՝ «Միջերկրական»ը, հրատարակուած 1971ին Գրիգոր Շահինեանի խմբագրած «Ահեկան» հանդէսի էջերուն, Պէյրութ (առաջին տարբերակ մը 1962ին տպուած էր «Բագին»ի մէջ)։ «Տեսարանները, մարդիկ եւ ես» (խմբ. Գ. Պըլտեան», Երեւան, 1994), «Խարիսխէն հեռու» («Հայրենիք» ամսագիր), «Մանուկ Դուինեան» («Նայիրի» ամսագիր), «Ղուկաս այպանելին» («Զուարթնոց» հանդէսի էջերուն) եւ «Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ Ամլութեան Սատանան («Ակօս» հանդէս, Պէյրութ)։
Սարաֆեանի գրական կազմաւորման վրայ իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցան Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի իր զոյգ ուսուցիչները՝ Յակոբ Օշականն ու Վահան Թէքէյեանը։ Յատկապէս Օշական միշտ մօտէն հետեւեցաւ իր նախկին աշակերտին գրական յառաջխաղացքին եւ հաւատքով սպասեց անոր նուաճումներուն, որոնք ըստ արժանւոյն իրականացան։
Սարաֆեան ամբողջ կեանք մը գրաշարութեամբ ապրեցաւ, նոյնիսկ իր գիրքերէն ոմանք, որոնց տպաքանակը 500ը չանցաւ ընդհանրապէս, անձնապէս ինք շարեց։ Բայց համեստ ու ժուժկալ իր կեանքը հարստացուց ժամանակի մաշումին դիմացող բարձրարուեստ գրականութեան մը ստեղծումով, որուն համար հայոց սերունդները միշտ վառ պիտի պահեն անոր անմեռ յիշատակը։
Նիկողոս Սարաֆեան սփիւռքահայ երգիչին կերպարը լաւագոյնս կը բնութագրէ Սուրբ Զատիկին նուիրուած անոր հռչակաւոր ակնարկին հետեւեալ հատուածը.-
«Կը սպասենք բանի մը։
«Կը հասնինք քիչ-քիչ իմացականութենէն վեր ճշմարտութեան մը: Կարելի չէ արդարեւ աւելի մեծ ուժ մը գտնել քան գութը անոր՝ որ կարեկցութեամբ նայեցաւ իր խաչին շուրջ դարձող զրահակիր ու յաղթիրան ձիաւորներուն, իրենք զիրենք իմաստուն ու քաջ կարծող քահանայապետներուն, եւ դատաւորներուն, որ քար մը կը կրէին միայն սրտի տեղ: Քար մը, որ սակայն շուտով կը փշրի:
«Կարելի չէ աւելի զօրաւոր բան մը գտնել մարդուն մէջ քան ազնուական այդ եսասիրութիւնը, որ կը մերժէ գռեհիկ անձնամոլութիւնն ու անարդարութիւնը, նախանձն ու մախանքը, բռնակալութիւնն ու դատողութիւնը, մեծամտութիւնն ու վայրագութիւնը:
«Հայը ունի այս բոլորը զգալու կարող սիրտը՝ թէեւ այդ սիրտը խոնջ է դարերով քարերուն զարնուելով, թախծոտ է եւ թափառական: Կը սպասէ այս բոլորին: Գիտենք, թէ չենք կրնար այլեւս բարութեամբ պատասխանել չարութեանց: Բայց այս բոլորը մեր երիկամունքները այրող կարօտներն են:
«Գիտենք, թէ կþանցնին բոլոր գեղեցիկ խօսքերը: Բայց կը սիրենք բոլոր գեղեցկութիւնները»:
Աշխարհին, կեանքին եւ մարդ էակին այդպէ՛ս փիլիսոփայաբար, ընթերցողին ներաշխարհը համակող անսպառ բարութեամբ եւ ազնուութեամբ, բայց նաեւ քննադատաբար ու ճշմարտութեան պաշտամունքով նայող, վերծանող եւ ոգեղէն ուժով բարեփոխելու առաքելութեան լծուած ՀԱՅ ՄԱՐԴը եղաւ Նիկողոս Սարաֆեան։


Ն.