Դեկտեմբեր 10ի այս օրը, Արցախի հայութեան հետ, մեր ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերէն կը տօնէ 22րդ տարեդարձը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէին։
Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ 10 Դեկտեմբեր 1991ին, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին։
Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը դեռ չէր լուծարուած պաշտօնապէս։ Իսկ խորհրդային գործող սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով, համաժողովրդային քուէարկութեամբ կատարուած հանրաքուէն իրաւական միակ երաշխիքն էր հաւաքական կամքի ազատ արտայայտութեան։
Արցախի հայութիւնը, դիմելով ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքը նաեւ իրաւականօրէն նուաճելու քայլին, օտարերկրեայ դիտորդներու ներկայութեան իրագործեց աննախընթաց հանրաքուէ մը։ Քուէարկութեան մասնակցեցաւ բնակչութեան 82,2 տոկոսը, որուն 99,9% տոկոսը կողմ քուէարկեց Անկախութեան՝ վճռելով Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալ, համաձայն 1990 04 03 թուակիր խորհրդային օրէնքին, որ այդ ժամանակ ուժի մէջ էր եւ միջազգային ճանաչում ունէր:
Անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքով՝ Արցախը 1992ի Յունուար 6ին Լ.Ղ. Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն:
Գերագոյն զոհաբերութեան գնով Արցախն ու ողջ հայութիւնը նուաճեցին Անկախութեան հանրաքուէն։
1988ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան պահանջատիրութիւնը, հակառակ առաջին իսկ քայլերէն իրաւական ուղիով յառաջանալու իր նախանձախնդրութեան եւ հաստատակամութեան, շարունակ հարուածի եւ ծանրագոյն բռնաճնշումի տակ առնուեցաւ ատրպէյճանական իշխանութեանց կողմէ։ Արցախի հայութեան խաղաղ բողոքի հաւաքներուն՝ Ատըրպէյճան պատասխանեց անօրինակ վայրագութիւններով։ Մայր Հայաստանին վերամիանալու Արցախի քաղաքական պահանջներուն՝ Ատրպէյճան պատասխանեց Արդարութեան եւ Իրաւունքի շարժումը արեան մէջ խեղդելու բարբարոսութեամբ։ Բայց որքան ալ խոր վէրքեր բացաւ թշնամիին հարուածը եւ որքան ալ համատարած բնոյթ ստացան մեր ժողովուրդին ընդվզումն ու ցասումը, Արցախը դարձեալ եւ միշտ կառչած մնաց պահանջատիրական իր պայքարը խորհըրդային գործող Օրէնքներուն եւ միջազգային Իրաւունքին սահմանած շրջագիծին մէջ պահելու ռազմավարութեան։
Արցախը բնականաբար նաեւ զէնք բարձրացուց իր պահանջատիրական ձայնը արեան մէջ խեղդելու ատրպէյճանական բռնատիրութեան դէմ։ Բայց Արցախի հայութեան բարձրացուցած զէնքը ոչ մէկ պարագայի անդին անցաւ ինքնապաշտպանութեան օրինական եւ իրաւական սահմանէն։ Արցախեան պահանջատիրութիւնը հետեւողականօրէն պահպանեց Օրէնքի եւ Իրաւունքի հունով յառաջանալու իր ողջմըտութիւնը։ Ծանրագոյն կորուստներու ճնշման տակ պարզապէս թափ առաւ եւ ներքնապէս կազմակերպուեցաւ արցախահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը ամրապնդող ազգային-ազատագրական պայքարը։ Ատրպէյճանի գործադրած հակահայ կոտորածները ոչ միայն կռանեցին արցախահայութեան պայքարունակութիւնը, այլեւ ընդհանուր դատապարտանքի ալիք բարձրացուցին աշխարհով մէկ՝ ի նպաստ Արցախի հայութեան արդարագոյն դատին։
Աւելի քան երկու տարուան ատրպէյճանական եւ խորհրդային ճնշումներէ ու հալածանքներէ ետք, 1990ի Ապրիլ 3ին ընդունուեցաւ Խ.Ս.Հ.Մ. այն օրէնքը, որուն համաձայն՝ այսպէս կոչուած «ինքնավար միաւորներ» ունեցող «միութենական հանրապետութիւն» մը, Խորհըրդային Միութենէն դուրս գալու իրաւունք ունենալու համար, պարտաւոր էր հանրաքուէ կազմակերպել իր կազմին մէջ գտնուող միաւորներէն իւրաքանչիւրին մէջ՝ առանձին-առանձին:
Այդ օրէնքին վրայ հիմնուելով եւ տեսնելով, որ առանց Լ.Ղ.Ի.Մ.ի հայութեան կամքն ու ձայնը նկատի ունենալու՝ Ատրպէյճան ինքնագլուխ որոշած էր դուրս գալ Խորհրդային Միութեան կազմէն, որդեգրած էր Ատրպէյճանի Անկախութեան Հռչակագիր մը, Արցախը վճռեց տէր կանգնիլ Օրէնքով ճշդուած իր իրաւունքին։
1991ի Սեպտեմբեր 2ին, Լ.Ղ.Ի.Մ.ի Մարզային Խորհուրդը եւ Շահումեանի Շրջանային Խորհուրդը, համատեղ նիստ գումարելով, Արցախը հռչակեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ մօտ 5000 քառակուսի քիլոմեթր ազատագրուած տարածքի վրայ։
Ատրպէյճան 1991ի Հոկտեմբերին վերջնականապէս դուրս եկաւ Խ.Ս.Հ.Մ. կազմէն:
Ատրպէյճանի այդ քայլին պատասխանելով էր, որ 1991ի Դեկտեմբեր 10ին՝ Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան Միջազգային Օրը, Արցախի մէջ կայացաւ Անկախութեան հանրաքուէն։
Թէեւ 1991ի Դեկտեմբերին ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուէին Արցախի մէջ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) տարածքին տակաւին կողք-կողքի կþապրէին հայերն ու ատրպէյճանցիները, ինչպէս նաեւ՝ այլ ազգութեանց ներկայացուցիչներ: Այդ պատճառով էր, նաեւ, որ Հանրաքուէի հարցաթերթիկները տպագրուած էին երեք լեզուներով՝ հայերէն, ատրպէյճաներէն եւ ռուսերէն: Ազերիներ կþապրէին յատկապէս Շուշիի եւ Խոջալուի, ինչպէս նաեւ Արցախի մի քանի տասնեակ գիւղերուն մէջ։ Եւ ճիշդ այդ շրջաններէն էր, որ կը ռմբակոծուէին Ստեփանակերտն ու հայկական բնակավայրերը:
Հակառակ շարունակուող կռիւներուն, Արցախի հայութիւնը ձեռնարկեց Անկախութեան Հանրաքուէի կազմակերպումին, որպէսզի միաձայնութեամբ վճռէ իր վրայէն մէկանգամընդմիշտ թօթափել ատրպէյճանական անարդար եւ անօրինական լուծը։
Անկախութեան հանրաքուէին հետեւեցաւ մօտ 40 հոգինոց օտարերկրեայ պատգամաւորական ու դիտորդական խումբ մը, որուն մաս կը կազմէին Խ.Ս.Հ.Մ. Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Միութենական Հանրապետութիւններու լիազօր ներկայացուցիչներ, արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հանրաքուէին արձանագրած ժողովրդական մասնակցութեան աշխուժութիւնը խորապէս տպաւորեց դիտորդները: Հանրաքուէին օրը Լ.Ղ.Հ. ողջ տարածքը, յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուեցաւ հրթիռա-հրետակոծութեան՝ խլելով 10 զոհ: Սակայն այդ բոլորը չկրցան խոչընդոտել Արցախի հայութեան ազատ կամքին միասնական արտայայտութիւնը։ Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունէին 132.328 ընտրողներ, որոնց 108.736ը մասնակցեցան (այսինքն՝ ընտրական իրաւունք ունեցողներու 82,2 տոկոսը): Պաքուի իշխանութեանց կոչին հետեւելով՝ Հանրաքուէին մերժեցին մասնակցիլ Լ.Ղ.Հ. տարածքին բնակող ու ընտրական իրաւունք ունեցող ատրպէյճանցիները՝ 22.747 հոգի։
Հանրաքուէի դրուած հարցը մէկն էր.- «Համաձա՞յն էք արդեօք, որ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լինի այլ պետութիւնների եւ հանրութիւնների հետ իր յարաբերութիւնները ինքնուրոյն որոշող անկախ պետութիւն»:
Հանրաքուէի մասնակիցներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը, շուրջ 99,9 տոկոսը (108.615 մասնակից) հարցադրումին յստակ ու կտրուկ «Այո՛» պատասխանեց. 24 մասնակից պատասխանեց՝ «Ո՛չ», իսկ 95 քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուեցան։
10 Դեկտեմբեր 1991ի Անկախութեան Հանրաքուէին տրուած միահամուռ այդ «Այո՛»ն հանդիսացաւ օրինական եւ իրաւական գերագոյն արտայայտութիւնը Արցախի հայութեան ազգային հաւաքական կամքին։
Ատրպէյճան օրին չուզեց ճանչնալ 5000 քառ. քմ. տարածութեամբ ինքնավար Լ.Ղ.Ի.Մ.ի անկախութեան իրաւունքը եւ փորձեց արեան մէջ խեղդել արցախահայութեան իրաւացի պահանջը։ 1991-1992ի ռազմական գործողութեանց հետեւանքով՝ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը գրաւեցին հայապատկան Շահումեանը եւ Գետաշէնը, ինչպէս նաեւ Լ.Ղ.Ի.Մ.ի տարածքին մօտ 40 տոկոսը եւ տեղահանեցին հայութիւնը:
Սակայն Ատրպէյճան ռազմական չարաչար պարտութիւն կրեց հետագայ տարիներուն՝ 1993-1994ին, կորսնցնելով աւելի քան 7000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք:
Այսօր Արցախը ունի շուրջ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք, որ ամրագրուած է Լ.Ղ.Հ.ի մայր օրէնքով՝ սահմանադրութեամբ: Արցախի Սահմանադրութիւնը եւս ընդունուեցաւ Դեկտեմբեր 10ին, 2006 թուին, դարձեալ հանրաքուէով՝ համաժողովրդային քուէարկութեան միջոցով: Արցախի Սահմանադրութիւնը ունի 12 գլուխ, որուն առաջին յօդուածը վճռահատած է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական, սոցիալական պետութիւն է»:
Այսպէ՛ս նուիրագործուեցաւ Արցախի իրողական ազատագրումը, որ արդէն 22 տարուան ճամբայ կտրած է եւ հիմքը կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նաեւ միջազգային իրաւական ճանաչումով պսակելու հայ ժողովուրդի միասնական՝ համազգայի՛ն պայքարին։
Ն.