Ահա 108 տարի է, որ հայոց իրերայաջորդ սերունդները, ազգային իրենց յիշողութիւնը մշտարծարծ պահելով, յեղափոխական մեր երգերու շարքին, իրենց շրթներուն վրայ շարունակ կը վերաթարմացնեն անմահն Գալուստ Արխանեանի նուիրուած սրտառուչ երգը.-
Ազատութեան որդին եմ, Արխանեան Գալուստն եմ. Երբ որ բանտէն ազատուիմ Դարձեալ խումբ պիտի կազմեմ։
Թուով հինգ ընկեր էինք, Մէկ սիրտ՝ մէկ հոգի էինք, Դարձեալ չէինք յանձնուեր, Աւա՜ղ, անօթի էինք:
Առաւօտ արշալոյսին, Չորս կողմերնիս պատեցին, Ամբողջ չորս օր, չորս գիշեր Չորս հարիւր թշնամիներ:
Քա՛ջդ Խորէն ի՞նչ եղար, Երեք գնդակով ինկար, Մինչդեռ հոգի կուտայիր, Դարձեալ պատերազմեցար:
Զէնքերըս տուր մայրիկըս, Սուրս ալ դուն տուր քոյրիկըս, Երթամ կռուիմ վատին դէմ, Խորէնին վրէժն լուծեմ։
Արխանեան Գալուստը վերյիշելու եւ անոր ոգեշընչող օրինակով վերանորոգելու յատուկ պատճառ ունինք այսօր՝ Նոյեմբեր 18ին, որովհետեւ 108 տարի առաջ Նոյեմբերի այս օրը, բանտային տաժանքի տակ, առյաւէտ փակուեցան կրակուբոց աչքերը հայ ազգային-ազատագրական շարժման յառաջամարտիկ յեղափոխականին։ Հայկական Յեղափոխութեան առաջին ծիծեռնակներէն էր Գալուստ Արխանեան, որ Տերսիմի Քեռիին (Ռուբէն Շիշմանեան) հետ՝ նախակարապետը եղաւ Փոքր Հայքի հայութեան ազատագրական պայքարի շղթայազերծումին։ Երկուքով՝ անոնք կազմեցին Երզնկայի, Ակնի եւ Տիվրիկի հայ ըմբոստ երիտասարդները համախմբող ֆետայական խումբեր, ծառացան թուրք ոստիկաններու եւ աւազակաբարոյ խուժանի հակահայ կեղեքումներուն ու հարստահարութիւններուն դէմ, պատուհասը դարձան հայ մատնիչներուն եւ դաւաճաններուն, մարտունակութիւն եւ պայքարի կորով ներշնչեցին բազմաչարչար մեր ժողովուրդին եւ, անհաւասար ուժերով կռուի դաժան պայքարը մղելով, բանտային պայմաններու մէջ իրենց երիտասարդ կեանքը նուիրաբերեցին հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան Դատին։ Գալուստ Արխանեան Երզնկայի հայկական հինաւուրց գաւառի՝ Մնձուրի Արմտան գիւղի ծնունդ էր։ Լոյս աշխարհ եկած էր 1860ին, մեծատուն Արխանեաններու յարկին տակ։ Պատանի տարիքէն կորսնցուցած էր հայրը եւ պանդուխտ գացած էր Պոլիս, ուր երզնկացիները հռչակ հանած էին իբրեւ լաւ փռապաններ։ Գալուստ միացած էր Պոլսոյ մէջ պանդուխտ երիտասարդներու կազմած ինքնազարգացման խումբերուն, որոնք հայ յեղափոխական շարժման գաղափարական կազմաւորման հնոցներ էին։ 1890ին, արդէն երեսուն տարեկան պարթեւահասակ երիտասարդ, Գալուստ Արխանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այդ տարուան Յուլիսին բռնկած Գում Գափուի մեծ ցոյցերուն, որոնք կատաղեցուցին Համիտեան բռնակալութիւնը եւ պատրուակ ծառայեցին, հայ յեղափոխականներուն դէմ, թրքական պետութեան ծաւալած համատարած հալածանքին։ Արխանեան կրցաւ խոյս տալ թուրք ոստիկանութեան հետապնդումներէն եւ վերադարձաւ իր ծննդավայրը։ Հայրը մահացած էր արդէն, մայրը տակաւին կþապրէր, Գալուստ ամուսնացաւ եւ ընտանիք կազմեց, բայց ոչ մէկ հանգիստ օր ճանչցաւ, որովհետեւ ամբողջ էութեամբ համակուած էր ընդվզումով եւ ցասումով՝ ի տես անզէն ու խաղաղասէր մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուող թրքական խժդժութիւններուն, որոնք անպատասխան կը մնային եւ, ատկէ «քաջա¬ լերուած», աւելիով կը սաստկանային։ Պոլսոյ մէջ Արխանեան արդէն ծանօթացած էր Հնչակեան կուսակցութեան, իսկ Երզնկայի մէջ մօտէն շփում ունեցաւ նորաստեղծ Դաշնակցութեան կողմէ շրջանը առաքուած առաջին գործիչներուն հետ։ Միացաւ Դաշնակցութեան եւ ձեռնարկեց իր սեփական խումբը կազմելու եւ, այդ ճամբով, շրջանի հայութեան զինման գործը յառաջ մղելու՝ ժողովրդային ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու աշխատանքին։ Իր գաղափարական նուիրումին, կազմակերպական տաղանդին եւ անվեհեր նկարագրին բերումով՝ Գալուստ Արխանեան շուտով դարձաւ Ակնի, Տիվրիկի, Արաբկիրի եւ Երզնկայի տարածքին արագօրէն կազմուող յեղափոխական խմբակները շաղկապող դէմքը։ Թրքական իշխանութիւնները ամէնուր հետապնդումի տակ առած էին հայ յեղափոխականներու շարժումները, իսկ հայանուն լրտեսներ ու մատնիչներ կը վխտային ամէն կողմ։ Այդ պայմաններուն մէջ, ինչպէս որ կը վկայէ Գալուստ Արխանեանին աւելի ուշ (արդէն բանտ գտնուած շրջանին) անձնապէս՝ իբրեւ բանտ ուտելիք տանող պատանի ճանչցած Գաբրիէլ Լազեանը, Հոկտեմբեր 1891ին Արմտանի մէջ ահաբեկուկուեցաւ տխրահռչակ լրտես մը՝ Էօմար Փէհլիվան անունով։ Թուրք ոստիկանութիւնը խուճապի մատնուեցաւ եւ ձեռնարկեց հայ երիտասարդներու ձերբակալութեան։ Կանխատեսելով իր ձերբակալման մօտալուտ վտանգը, Արխանեան որոշեց իր խումով բարձրանալ լեռները եւ ամբողջապէս նետուիլ ֆետայական կռուի մէջ։ Արխանեան Գալուստի գլխաւոր զինակիցներն էին ակնցիներ Սահակ Ժամկոչեան եւ Ղուկաս Ճանիկ, իսկ արմտանցիներ Խորէն Շիշմանեան (Տերսիմի Քեռիին եղբայրը) եւ Գէորգ Վէվէյեան։ Գալուստ Արխանեան եւ իր խումբը ոչ միայն պատուհասը դարձան թուրք եւ քիւրտ ասպատակներուն ու հայանուն լրտես-մատնիչներուն, այլեւ եղան սեփական ժողովուրդին ինքնավստահութիւն ներշընչող ու մարտունակութիւն ջամբող առասպելատիպ հերոսներ։ Փոքր Հայքի բարձրաբերձ լեռները ապաստանած էր նաեւ Տերսիսի Քեռին եւ հոն է, Սեպուհ լերան վրայ է, որ Արխանեան եւ Քեռի կը համակարգեն իրենց ուժերը ու մեծ թափով յառաջ կը մղեն թշնամիներու պատուհասման եւ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան իրենց յաղթական կռիւները։ Բայց թրքական բանակի 3րդ զօրաբաժնի հրա¬ մանատարութիւնը, որուն յանձնարարուած էր Երզընկայի նահանգին հայերու ըմբոստացումը ճզմելու պարտականութիւնը, վճռած էր ամէն գնով ձեռք ձգել զոյգ յեղափոխականները։ Քանի մը անգամ թուրք զօրքը կրցաւ, լրտես-մատնիչներու օգնութեամբ, գտնել Գալուստ Արխանեանի խումբին հետքը, պաշարել եւ յարձակիլ հայ ֆետայիներուն վրայ, բայց միշտ ալ հայ յեղափոխականները կրցան յաղթանակ տանիլ թշնամիի անհամեմատօրէն մեծաթիւ ուժերուն դէմ։ 1893ի Դեկտեմբերին, սակայն, տեղի ունեցաւ ճակատագրական մատնութիւնը։ Գալուստ իր հինգ ընկերներով ապաստանած էր Արմտանի մերձակայ լերան մը քարայրը։ Թաքստոցին մասին հայ մատնիչներ տեղեկացուցին թուրք զօրքին։ Աւելի քան 400 թուրք զինուորներ պաշարեցին քարայրը, բայց չկրցան ձեռք անցընել հայ ֆետայիները։ Երեք-չորս օր Գալուստ եւ իր ընկերները անվհատ կռիւ մղեցին, դիմադրեցին եւ ձախողութեան մատնեցին քարայր մուտք գործելու թրքական փորձերը, բայց չկրցան ճեղքել պաշարման օղակը։ Բայց պահը օրհասական էր, որովհետեւ հայ ֆետայիներու զինամաթերքն ու սննդեղէնը սպառած էին... Նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ, հայ յեղափոխականները վճռեցին մինչեւ վերջին շունչ շարունակել կռիւը եւ անձնատուր չըլլալ։ Թշնամին դիմեց նենգութեան։ Թրքական զօրքի հրամանատարը պարտադրեց Գալուստի մօր, որ քարայր մտնէ եւ Գալուստն ու ընկերները համոզէ, որպէսզի անձնատուր ըլլան՝ խոստանալով, որ անոնց դէմ որեւէ բռնութիւն պիտի չգործադրուի։ Նենգամիտ դաւադրութեան այդ փորձը քանի մը անգամ կրկնուեցաւ եւ, ի վերջոյ, հայ յեղափոխականները անձնատուր եղան թուրք զօրքին։ Թուրք հրամանատարը իր խոստումը չյարգեց Խորէնի պարագային եւ սպաննեց զայն անձնատուութեան պահուն, իսկ Գալուստն ու միւսները նետեց բանտերը։ Գալուստ Արխանեան դատապարտուեցաւ մահապատիժի, որ յետոյ վերածուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան։ 12 տարի Գալուստ տաժանակիր բանտարկութիւն կրեց։ Եղաւ ժամանակ, որ բանտի մէջ շղթայակապ առանձնացուեցաւ, որովհետեւ ոչ միայն մերժեց, ծեծի տակ անգամ, խոստովանութիւններ կատարել, այլեւ՝ բանտի թուրք թէ քիւրտ աւազակներու դէմ կռիւ մղեց եւ հայ բանտարկեալներուն պաշտպան կանգնեցաւ։ 12 տարուան բանտարկութենէ ետք, Գալուստ Արխանեան բռնուեցաւ բանտարկեալները վարակած ժանտատենդէ, որ 45 տարեկանին վերջակէտ դրաւ առիւծասիրտ հայ յեղափոխականի կեանքին։ 108 տարի առաջ, Նոյեմբեր 18ի այս օրը, աչքերը առյաւէտ փակելով՝ Գալուստ Արխանեան հայ ժողովուրդին կտակեց «Ազատութեան Որդիի» իր առաջնորդող օրինակն ու Հայաստանի ազատագրութեան յարատեւ կռուին միշտ պատրաստ գտնուելու ոգեշնչող պատգամը։ Գալուստ Արխանեանի մարմնաւորած Օրինակին եւ Պատգամին նուիրուած են՝ հայ մեծանուն գրող Վրթանէս Փափազեանի «Հաջի Բէկ» գործը եւ Աբիկ Վարդապետեանի «Մնձուրի Առիւծը» մենագրութիւնը։
Ն.