Print
Category: Յուշատետր

Նոյեմբեր 17ին հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ եւ կը մեծարէ յիշատակը իր երախտաշատ հոգեւորականներէն ու մտաւորական մեծ ուսուցիչներէն Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի։

Յատկանշական զուգադիպութեամբ մը, Նոյեմբեր 17ը միաժամանակ թէ՛ ծննդեան տարեդարձի, թէ՛ մահուան տարելիցի օրն է Հայոց Մեծերու համաստեղութեան այս լուսապայծառ դէմքին համար։

Բանասէր, ազգագրագէտ ու բանահաւաք էր Սրուանձտեանց, որ իր հոգեւորական ծառայութեամբ, հրապարակագրական բեղուն գրչով եւ գրական բանահաւաքի իր մեծ վաստակով արժանաւորապէս դարձաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներու արթուն պահակն ու քարոզիչը։

Թէեւ 52 տարուան կարճատեւ կեանք ունեցաւ, բայց իր անխոնջ աշխատանքով եւ մտաւորական հզօր ներուժով՝ Սուանձտեանց Սրբազան յաջողեցաւ կորուստէ փրկել հայ ժողովուրդի հազարամեակներու հոգեմտաւոր հարստութեան անփոխարինելի գոհարները՝ ողջ Հայաստան աշխարհը շրջելով եւ մեր ժողովուրդի շրթներէն լսելով ու արձանագրելով սերունդէ սերունդ փոխանցուած ու բանաւոր պահպանուած հայոց ազգային ստեղծագործութիւնները։

Արձակագիր էր ու շնորհալի գրող, որ իր բանաստեղծական շունչով եւ Վանի բարբառով համեմուած գեղեցկագոյն աշխարհաբարով՝ 1870ականներուն եւ 1880ականներուն գրաւեց հայոց գրական անդաստանը։ Հայրենի հողն ու ջուրը, իրենց հարազատ ջերմութեամբ, ինչպէս եւ հայ շինականն ու աշխատաւորը, իրենց տոհմական կենցաղով ու արժէքներով, ուրախութիւններով ու տառապանքով, հպարտութեամբ ու ազատութեան տենչով լեզու առին եւ գիր ու գրականութիւն դարձան Սրուանձտեանցի գործերով։

Անձնդիր հասարակական գործիչ էր ոչ միայն հոգեւորականի իր բոլորանուէր ու անբասիր ծառայութեամբ, այլեւ՝ իբրեւ ուսուցիչի եւ ազգային գաղափարախօսութեան տարածիչի, որ արժանաւորապէս դարձաւ Հայաստանի ազատագրութեան յառաջադէմ դրօշակիրներէն մէկը եւ սերունդներ ոգեշնչող Սերմնացանը։

Ծնած էր Վան եւ հազիւ պատանի մտած էր Վարագայ վանք՝ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ աշակերտելով Խրիմեան Հայրիկին, որուն արժանաւոր գործակիցն ու գաղափարակիցը եղաւ հետագային, իր ամբողջ կեանքի եւ ծառայութեան ընթացքին։

Գրական եւ հրապարակախօսական իր առաջին գործերն ու յօդուածները լոյս տեսան Խրիմեանի «Արծուի Վասպուրականի» հանդէսին մէջ, որուն խմբագրի տեղակալի պաշտօնը վարեց իր ուսուցիչին կողքին։ Իսկ երբ 1860ականներուն Խրիմեան անցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, Գարեգին Սրուանձտեանց դարձեալ կանգնեցաւ անոր կողքին՝ «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթի խմբագրութեան եւ վանքի մէջ ուսուցչութեան նուիրուելով։

Նոյն տարիներուն, երբ Խրիմեան Հայրիկ իբրեւ նուիրակ շրջեցաւ Հայաստան Աշխարհի ողջ տարածքին, Սրուանձտեանց անոր անբաժան ընկերակիցը եղաւ եւ մեծ պաշտամունքով հաւաքեց մեր ժողովուրդին պահպանած բանաւոր ստեղծագործութիւնները, նաեւ՝ մօտէն ծանօթացաւ հայրենի բնաշխարհին եւ պարզ ու մեծ մեր ժողովուրդի կենցաղին, աւանդութիւններուն եւ հաւատամքին։ Այդ շրջանի իր գրառումներով հանդէս եկաւ ժամանակի Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Զմիւռնիայի հայ մամուլի էջերուն («Մասիս», «Արեւելեան Մամուլ», «Կռունկ Հայոց Աշխարհին», «Մեղու Հայաստանի» եւայլն)։

Սրուանձտեանց, դեռ կուսակրօն չդարձած, կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայկական գաւառներու տարածքին ազգային վարժարաններու հիմնումին մէջ։ 1866ին լոյս ընծայեց հայերէնի «Նոր Ընթերցարան» դասագիրքը, որ մինչեւ 1880ականներու վերջերը օգտագործուեցաւ ազգային վարժարաններու կողմէ։

1867ին, Կարնոյ մէջ, վարդապետ ձեռնադրուեցաւ եւ իբրեւ ազգային¬յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած ու մտաւորական հարուստ պաշարի տէր երիտասարդ հոգեւորականի՝ քարոզիչի առաքելութեամբ շրջեցաւ ու գործեց Վանի, Մուշի եւ Կարնոյ մէջ։ 1872ին, Վանի մէջ իր ծառայութեան շրջանին, Սրուանձտեանց հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ «Միութիւն ի փրկութիւն» անունով ազգային¬ազատագրական խմբակի ստեղծման մէջ։

Գարեգին Սրուանձտեանցի ազգային-հասարակական եւ գրական-բանահաւաքման գործունէութիւնը մեծ ոստում արձանագրեց 1878ի Պերլինի Վեհաժողովէն յետոյ, երբ իբրեւ յատուկ նուիրակ շրջեցաւ հայկական նահանգները՝ ազգաբնակչութեան վիճակագրական ճշգրիտ պատկերը կազմելու եւ հայոց ինքնավարութեան պահանջը հիմնաւորելու պատասխանատու առաքելութեամբ։

Կարճատեւ կեանք վիճակուեցաւ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցին։ 52 տարեկանին բաբախելէ առյաւէտ դադրեցաւ սիրտը Մեծ Հայուն, որ իր ջանասիրութեամբ եւ անձնուիրումով՝ կեանքի այդ կարճ ժամանակը բազմապատիկ աւելիով իմաստաւորեց ու արդիւնաւորեց։

Գրական-բանասիրական իր վաստակը հաւաքուած է «Մանանա», «Համով-Հոտով», «Գրոց-Բրոց», «Թորոս Աղբար», «Հնոց-Նորոց» եւ այլ անուններով տասնեակաւոր հատորներու մէջ։

Սրուանձտեանց մեծարժէք ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային մեծ դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթը» գրի առնելու եւ կորուստէ փրկելու գործին մէջ։ Իրեն կը պատկանի դիւցազնավէպի առաջին գրաւոր տարբերակին մշակումը՝ «Մհերի Դուռ» խորագրով, որ հետագայ 170է աւելի գրառումներու շարքին աչքի կը զարնէ իր հայերէնի հարազատ մշակուածութեամբ ու մեր ժողովուրդի սրտէն բխող բանաստեղծական շունչով։

Թէ՛ իր ժամանակակիցներուն եւ թէ հետագայ քննադատներու վկայութեամբ, Գարեգին Սրուանձտեանց իր անունին կապեց կոթողական ժառանգութիւն, որ ներշնչման աղբիւր դարձաւ 19րդ դարավերջի հայ գրողներուն համար։

Իրմով նոր դարաշրջան բացուեցաւ աշխարհաբարի եւ գրական աշխարհայեացքի հայացման առումով։ Եթէ մինչ այդ եւրոպականացման ճիգը տիրական էր թէ՛ հայերէնի մշակման եւ թէ ազգային¬հայրենասիրական ապրումներու գեղարուեստականացման մէջ, Սրուանձտեանցով սկսաւ հայրենի հողին ու մարդուն հարազատութեամբ առաջնորդուելու մօտեցումը, որուն արգասիքը եղան հայ գեղապաշտ գրականութեան հետագայ նուաճումները։

Այսօր՝ Նոյեմբեր 17ին հայ ժողովուրդը կþոգեկոչէ իր հոգեմտաւոր ժառանգութեան շնչաւոր «հանրագիտարան»ին՝ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց անունով անմահ հայուն ծննդեան ու վախճանման տարեդարձները։

Հայկական առակներն ու առածները, հեքիաթներն ու դիւցազնապատումները, ազգային-հայրենասիրական երգերն ու տենչերը Սրուանձտեանց քաղեց իր ժողովուրդին շրթներէն, իր սրտին ու մտքին հնոցով մշակեց եւ յղկեց զանոնք եւ, ամէնէն կարեւորը, հարազատօրէն ժառանգ յանձնեց մեր սերունդներուն։

 Ն.

 

 «Գրաբար - Աշխարհաբար վէճը»

Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց

ԳՐԱԲԱՐ.- Տօ՜, Աշխարհաբար, մի անգամ մտածէ չափիդ ու հասակիդ վրայ։ Ա՜հ, ի՜նչ ասեմ, բարկանամ՝ տղայ ես, զարնեմ՝ որդիս ես, սպաննեմ՝ իմս ես, բայց կը խնայեմ. սրտիս մէջ ո՛չ գութ թողիր, ո՛չ սէր. յանդուգն ես, յանդուգն, ինձմէ ծնար ու իմ կենաց եւ իրաւաց յափշտակող եղար։

ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Տակաւին պիտի երկարե՞ս խօսքդ. հնացար անցար։ Պարտ է մեծաց մեղմանալ եւ փոքունց աճիլ։ Այժմեան կենդանիք նորութիւն կը սիրեն։ Հին ես, պէտք է թաղուիս։ Գլորուեցաւ քո անիւ, թէպէտ հայր՝ բայց դու արդէն ինկար, երբոր զիս ծնար։

ԳՐԱԲԱՐ.- Հնացայ ու անցա՞յ, հը, ի՞նչ կը բարբանջես, անշնո՜րհք, գիտե՞ս ով եմ ես, սուրբ Մեսրովբայ ոսկորներ ողջ կը քաշեմ, դուրս կը հանեմ շիրիմից, թող վկայեն թէ Աստուած ի՜նչ սքանչելի հրաշքով շինեց ու շնորհեց զիս Հայաստանին, իմ Աշխարհին։

ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, իրա՛ւ, քո սքանչելիք եւ արած բարիք չեմ ուրանար ես, քո դարը կը յարգէ զքեզ։ Գնա՛, մտիր եկեղեցին, դռնից դուրս մþելներ, այն բաւական համարէ, քո իշխանութիւն եւ սահմանդ եկեղեցին է միայն։

ԳՐԱԲԱՐ.- Կարկտնած լուսաւորութիւն վրադ առած կը շրջիս, Ստամբօլու մէջ կոր ես, Կարնոյ մէջ՝ կը ես, Մշոյ մէջ զիմա՞լ ես, Վանայ մէջ՝ խորոտ-մորոտ ես, Փոքր Հայոց մէջ առհասարակ տաճկականով խառն զանգուած մի ես։ Ռուսաստանի մէջ գնում-գալիս ես, Թիֆլիսի մէջ՝ վո՛ւնց ես, Ղարաբաղն երթաս՝ «Ատա յի՞նչ անելական ես», Ագուլիս՝ «զոկ» ես։ Տէ՜ հպարտացի՛ր քո ժամանակով, քո լուսաւորութիւնով։

ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Ո՞ր մէկ գործքերս ու փառքերս յիշեմ։ Միով բանիւ լուսաւորութիւն եմ ես։

 

Այս վերջին ժամանակ ահա ժամանակը իւր հզօր փառքով ու յաղթական կառքով այս հանդէսի մէջը մտաւ, երկու հակառակ զօրութիւնները իր առջեւ կանչեց եւ այս վճիռը կնքեց ու հաստատեց.-

«Գրաբարին միշտ յարգանք եւ անմահութիւն։ Աշխարհաբարին՝ կեանք եւ յառաջդիմութիւն»։