Print
Category: Յուշատետր


1918ին, հայոց պատմութեան նոր դարաշրջանը բացող Մայիսեան յաղթապանծ հերոսամարտներէն ետք, Սեպտեմբեր 19ին հայ ժողովուրդը նուաճեց գոյատեւման եւ վերապրումի իր արժանաւորութիւնն ու մարտունակութիւնը նուիրագործող եւս մէկ յաղթանակ՝ Արարայի ճակատամարտով։

Հայաստան Աշխարհէն հեռու, Պաղեստինի հողի վրայ, Արարա լերան շուրջ, 93 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 19ի այս օրը, տեղի ունեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի եզրափակիչ եւ վճռորոշ ճակատամարտներուն յաղթական այս դրուագը, որ Դաշնակից Ուժերու կողքին կռուող Հայ Լեգէոնականներու յաղթական գրոհով ջախջախեց գերմանեւթուրք զօրքերու դիմադրականութեան վերջին ամրոցը եւ արագացուց Աշխարհամարտի աւարտը ի նպաստ Դաշնակիցներուն։
Պատմագիտական, ռազմաքաղաքական եւ յուշագրական հարուստ գրականութեամբ (հայերէն թէ օտարալեզու) անմահացած դրուագ է 19 Սեպտեմբեր 1918ի Արարայի ճակատամարտը՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի ռազմական ուժին պատմական նուաճումներէն մէկը։
Եթէ մինչեւ 21 Սեպտեմբեր 1991ի Հայաստանի վերանկախացումը առաւելաբար Սփիւռքը պահապան յուշարարն էր Արարայի ճակատամարտին, վերջին քսանամեակին նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ արդի ժամանակաշրջանի հայ ռազմական յաղթանակներուն մէջ իր ուրոյն տեղն ու նշանակութիւնը ու-նեցող Արարայի հայկական քաջագործութիւնը։
Տարբեր առիթներով յուշատետրի նիւթ դարձած է Հայկական Լեգէոնը, որ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումէն եւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան ի գործ դրած ցեղասպանութենէն ետք, 1916ին, «Արեւելեան Լեգէոն» անունին տակ, կեանքի կոչուեցաւ Դաշնակից Ուժերու անգլիացի եւ ֆրանսացի բանագնացներ Սայքս¬Փիքոյի համաձայնութեամբ։
Ինչպէս որ նախապէս Ցարական Ռուսաստանը, կովկասեան ճակատի վրայ, նախաձեռնած էր Հայ Կամաւորական Գունդի կազմութեան, նոյնպէս եւ անգլիացիներն ու ֆրանսացիները դիմեցին թրքական եղեռնագործութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդի քաղաքական ուժերուն՝ արեւելեան եւ յատկապէս արաբական ճակատի վրայ թուրքեւգերման զինակիցներու դէմ պատերազմող Դաշնակից զօրքերը տեղական ուժերով հզօրացնելու համար։
Աշխարհամարտի բռնկումէն առաջ արդէն Փարիզի մէջ կազմուած էր եւ, ի նպաստ Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներու ինքնավարութեան, աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը՝ նախագահութեամբ Պօղոս-Նուպար փաշայի, որ անձնապէս մեծ ներդրում ունեցաւ Հայկական Լեգէոնի կազմութեան գաղափարը Դաշնակիցներու ռազմավարութեան մէջ մտցնելու եւ իրագործելու աշխատանքին մէջ։ Սայքս¬Փիքոյի համաձայնութեամբ, Հայկական Լեգէոնը պիտի գործէր ֆրանսական համազգեստով եւ հրամանատարութեամբ, որովհետեւ քաղաքական գետնի վրայ անգլիացիք ու ֆրանսացիք յանգած էին գաղթատիրական այն համախոհութեան, թէ Օսմանեան Կայսրութեան ջախջախման եւ կազմալուծման պարագային Կիլիկիան պիտի հռչակուէր հայկական ինքնավար պետութիւն եւ պիտի դրուէր ֆրանսական հոգատարութեան տակ                    (Անգլիա իր հոգատարութեան տակ պիտի առնէր Պաղեստինը)։
Դաշնակիցները լրիւ անկեղծ չէին, անշուշտ, Հայկական Լեգէոնի կազմութեան ատեն իրենց կատարած այս խոստումներուն մէջ։ Մեծապետական ու գաղթատիրական ախորժակներով, իւրաքանչիւրը տարբեր բեմագրութիւններ կը մշակէր պատերազմի աւարտին համար։ Արեւելեան ճակատի ամրապնդման մէջ համախոհ շարժելով հանդերձ, գըլխաւոր երեք Դաշնակիցները (Ռուսաստանն ալ հաշուի առնելով) ներքին բուռն մրցապայքարի մէջ էին՝ պատերազմի աւարէն սեփական առաւելագոյն օգուտը քաղելու մտասեւեռումով։
Անգլիացիք ամէն գնով, թրքական ազգայնականութեան եւ համաթրքական ծրագիրներուն շունչ տալու գնով, հետամուտ էին ցարական Ռուսաստանի դէպի տաք ջուրեր էջքի արգելակման, որպէսզի անգլիական կայսրութեան առջեւ միշտ բաց մնայ դէպի կեդրոնական ասիա եւ ծայրագոյն արեւելք երկարող Մետաքսի Ճանապարհը... Հետեւաբար, այնքան ալ անհիմն չէ մատնանշումը բոլոր այն պատմաբաններուն, որոնք Անգլիական գաղթատիրութեան հակառուս հաշիւներով կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ Սեպտեմբեր 1918ի գրեթէ նոյն օրերուն, Պաքուի մէջ մղուող հայկական ինքնապաշտպանութեան օրհասական կռիւներուն, Դաշնակիցները դիմեցին անգլիական ռազմական օգնութիւնը ուշացնելու նենգ մարտավարութեան։
Միեւնոյն մրցապայքարի հաշիւներով կառաջնորդուէին նաեւ Ֆրանսան ու Ռուսաստանը, որոնք իրենց կարգին գաղթատիրական ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման օրակարգ ունէին առաջնահերթաբար եւ, առ այդ, Արեւելեան ու Կովկասեան ճակատներու վրայ Դաշնակիցներու դիրքերը ամրապնդելու ռազմավարութեամբ՝ նախաձեռնած էին հայ կամաւորականներու զօրակոչին...
Պատմութեան դաժան փաստը ա՛յն է, որ Հայաստանի անկախութիւնն ու Կիլիկիոյ հայկական ինքնավարութիւնը սոսկ իբրեւ խաղաթուղթ ծառայեցին Մեծերու ձեռին՝ յօգուտ Թուրքիան «դարպասելու» իրենց քաղաքականութեան նուաճումին, մոռացութեան մատնելով հայ «փոքր» դաշնակիցին իրենց շռայլած խոստումները։
Դաշնակից մեծերու այդ հայավնաս եւ ըստ ամենայնի հայակործան ռազմախաղերը, միաժամանակ, կը ծառայեն աւելիով շեշտելու նշանակութիւնը Արարայի յաղթական ճակատամարտին մէջ հայ ռազմական ուժին ունեցած վճռորոշ դերին։
Ինչպէս Կովկասեան ճակատին վրայ հայ կամաւորականները, այնպէս ալ Արեւելեան ճակատին վրայ հայ լեգէոնականները յառաջապահները եղան հայ ժողովուրդին մղած կենաց¬մահու պայքարին։ Կովկասեան ճակատին վրայ այդ պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ Մայիս 1918 եւ պսակուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթանակներով նուաճուած Հայաստանի անկախութեամբ ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով։ Իսկ Արեւելեան ճակատի վրայ այդ պայքարը պսակուեցաւ, թէեւ ժամանակաւորապէս միայն, տեղահանուած հայութեան Կիլիկիա վերադարձով եւ հայկական ինքնավարութեան հաստատումով։
Այս բոլոր առումներով մեր ժողովուրդը ազգային իր յիշողութեան մէջ անջնջելի տեղ վերապահած է 19 Սեպտեմբեր 1918ի Արարայի ճակատամարտին, որ քսան ժամ տեւողութեամբ՝ անհաւասար ուժերով ճակատում մը եղաւ Արարայի բարձունքին ամրակայուած թուրքեւգերման զօրքին եւ դէպի լեռը գրոհող հայ լեգէոնականներուն միջեւ։
Թուրքեւգերման զինակից ուժերը, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Յորդանանէն նահանջելով, Պաղեստինի մէջ կեդրոնացած էին. յատկապէս Արարայի բարձունքին հաստատուած գերմանական 701 եւ 702 գումարտակներն ու հրետանին՝ զօրավար Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերսի հրամանատարութեամբ, վայելելով թրքական 8րդ, 7րդ (Մուսթաֆա Քեմալի հրամանատարութեամբ) եւ 4րդ զօրաբանակներու աջակցութիւնը, կատաղի դիմադրութիւն ցոյց կու տար Դաշնակից ուժերու յառաջխաղացքին։ Ֆրանսացի զօրավար Է. Ալենպէ, որ հրամանատարն էր Պաղեստինի ամբողջ ճակատով յառաջացող Դաշնակից զօրքերուն, Արարայի բարձուքը նուաճելու դժուարին գործողութիւնը վստահեցաւ Հայկական Լեգէոնին, որ քսան ժամ տեւողութեամբ բուռն մարտերէ ետք ջախջախիչ պարտութեան մատնեց գերմանեւթուրք զօրքը եւ տիրացաւ Արարայի անառիկ բարձունքին։
Արարայի յաղթանակը վճռորոշ եղաւ Առաջին Աշխարհամարտի վախճանը արագացնելուն մէջ։ Գերմանեւթուրք զօրքերը արագընթաց նահանջի դիմեցին եւ, քանի մը շաբաթ ետք, արդէն ստիպուեցան պարտութեան զինադադար կնքելու յունական Լիմնոս կղզիի բացերը գտնուող Ակամեմնոն ռազմանաւին վրայ։ Պարտութեան այդ համաձայնագիրը պատմութեան անցաւ իբրեւ Մուտրոսի զինադադարի պայմանագիր։
Ճակատամարտին Հայկական Լեգէոնը տուաւ 23 զոհ եւ 76 վիրաւոր, իսկ թուրքեւգերման կողմը, անկախ իր զոհերէն, տուաւ 218 ռազմագերիներ, որոնց 6ը՝ սպաներ։
Արարայի ճակատամարտին հերոսական յաղթանակը արժանացած է ինչպէս պատերազմին մասնակից զօրականներու, այնպէս ալ պատմաբաններու միահամուռ սքանչացումին։
Օրինակ՝ Լիտըլ Հարթի գնահատումով, Արարայի գործողութիւնը «ամէնէն արագ ու վճռական գրոհներէն էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի պատմութեան ամենակատարեալ վճռական ճակատամարտն էր: Քանի մը օրերու ընթացքին թրքական բանակը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ Պաղեստինի մէջ»։
Իր կարգին ֆրանսացի զօրավար Ռընէ Թուռնես կը գրէ, թէ թուրքեւգերման դիմադրութեան «ճեղքումը շանթասլաց էր եւ ամբողջական»:
Իսկ հայ լեգէականներու ձեռքը գերի ինկած թուրք հազարապետ մը չէր կրցած հաւատալ աչքերուն, որ ֆրանսական բանակի համազգեստով հայերու կողմէ պարտութեան մատնուած եւ գերի ինկած էին թրքական զօրքերը... Ան յայտարարած էր, որ «Միթէ դեռ հայ կայ աշխարհի երեսին, մաշալլա՜հ, մաշալլա՜հ. ձեր ազգը երբեք չի մեռնի ուրեմն»:
Այո՛, Արարայի յաղթանակը նուաճող հայը չի մեռնիր.
Այս առումով պատմական հնչեղութիւն ունի յատկապէս ռազմաճակատի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Է. Ալենպիի վկայութիւնը. «Արեւելեան Լեգէոնը կամ Հայկական լեգէոնը կարեւոր բաժին ունեցաւ 19 Սեպտեմբեր 1918 թուականին, Պաղեստինի ճակատին վրայ, տեղի ունեցած մեծ ճակատամարտի ընթացքին: Ես ասով հպարտ եմ»։
Այդ հպարտութիւնը բոլորէն առաջ եւ վեր հայ ժողովուրդին կը պատկանի։
Հայ ռազմական տաղանդին եւ ուժին փառքի խորհրդանիշն է Արարայի ճակատամարտը։
Արարայի յաղթանակէն ետք հայ լեգէոնականները շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը դէպի Կիլիկիա՝ թրքական զօրքի նահանջին կրնկակոխ հետեւելով։ 18օրեայ արշաւանքէ ետք, Հոկտեմբեր 12ին, հասան Պէյրութ, ուր Դաշնակիցները ողջունող ժողովուրդի շարքին էին նաեւ Մեծ Եղեռնէն վերապրող հայ գաղթականներ՝ ցնցոտիներով ու ոտաբոպիկ, որոնք լսելով ֆրանսական համազգեստով զինուորներու հայերէն խօսակցութիւնը՝ «Հայ են, հայ են» գոչելով փաթթուեցան իրենց արիւնակիցներուն, անոնց ձեռքերն ու զէնքերը համբուրելով։
Արարայի հերոսական ճակատամարտի առիթով կþարժէ նշել, որ Հայ Լեգէոնականներու կորիզը կազմուած էր Մուսա Լերան հերոսամարտը նուաճած քաջարի հայորդիներէն, որոնք արժանացան ֆրանսական սպայակոյտի յատուկ գնահատանքին՝ իրենց կատարած քաջագործութեանց համար։
Ֆրանսական զօրքին հետ Հայ Լեգէոնականները ազատագրեցին Ալեքսանտրէթը եւ հոնկէ մտան Կիլիկիա, ուր կեդրոնացան Ատանայի եւ Այնթապի մէջ։ «Արեւելեան Լեգէոն»ը վերանուանուեցաւ «Հայկական Լեգէոն» եւ դարձաւ հիմքը Կիլիկիոյ ինքնավարութեան պաշտպան բանակի։ Բայց պատմութեան շարունակութիւնը դառն է, որովհետեւ Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան շուտով քաղաքականութիւն փոխեցին՝ Լենին-Քեմալ զինակցութեան դէմ յանդիման իրենց կարգին սիրաշահիլ փորձելով թրքական ազգայնամոլութեան փայլող «Աստղ» Աթաթուրքը։
Բայց ատիկա արդէն առանձին քննարկման նիւթ է։
Օգոստոս 1920ին Դաշնակիցները պաշտօնապէս լուծարեցին «Հայկական Լեգէոն»ը, որ 19 Սեպտեմբեր 1918ին իր նուաճած Արարայի յաղթապանծ ճակատամարտով՝ հիմք ծառայեց հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներ ինքնավստահ մուտքին։


Ն.