Print
Category: Յուշատետր

Հայոց առաջին Թարգմանիչներու սրբացման խորհուրդը

Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ Շաբաթ օրը, շուրջ 1700 տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդը կը նշէ իր Սուրբ Թարգմանիչներուն տօնը։ Իսկ Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակի օրը, ամէն տարի, Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տեղի կþունենայ Հինգերորդ դարու Թարգմանչաց Շարժումին խորհուրդով հաղորդուելու Սուրբ Պատարագ։

Խորքին մէջ Հայաստանեաց Եկեղեցին երկու տօն նուիրած է Հինգերորդ դարու հայոց Թարգմանիչ Սուրբերուն։ Առաջին տօնը նուիրուած է ուղղակի Ս. Սահակ Պարթեւ ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Հայր Թարգմանիչներուն եւ տեղի կ'ունենայ Յունիսի վերջը կամ Յուլիսի սկիզբը։ Իսկ երկրորդը, Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթավերջին նշուող տօնը, նուիրուած է հայերէն գիրերու Գիւտը նուաճած մեծ Սուրբերուն արժանաւոր աշակերտներուն՝ Եզնիկ Կողբացիի եւ Կորիւն Սքանչելիի, Եղիշէ Պատմիչի եւ Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի եւ Դաւիթ Անյաղթի, Ղեւոնդ Վանանդեցիի եւ մեր միւս թարգմանիչ մատենագիրներուն ու հայ մտքի ռահվիրաներուն։

Թէեւ իբրեւ եկեղեցական տօն սկսաւ Սրբոց Թարգմանչաց ոգեկոչումը, բայց ժամանակի ընթացքին ժողովրդային այնքա՜ն լայն ընդունելութեան գտաւ եւ հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ աւանդութիւն կերտեց ա՛յն աստիճան, որ նաեւ ազգային-ժողովրդային տօն դարձաւ՝ արժանաւորապէս խորհրդանշելով Հայ Մշակոյթի եւ Դպրութեան Օրը։

Երբ 16 դարերու հեռաւորութենէն կը նայինք ու արժեւորման լուսարձակին տակ կþառնենք Հինգերորդ դարու հայոց Թարգմանչաց Շարժումը, առաջին հերթին ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ ժողովուրդին առանձնայատուկ՝ թարգմանիչներ սրբացնելու եւ անոնց տօն նուիրելու ազգային երեւոյթը։

Հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան երախտաւորներէն Խորէն Պալեանի վկայութեամբ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինք չեղաւ նախաձեռնողը Թարգմանչաց սրբացումին։ Մեր ժողովուրդը ի՛նք իբրեւ սուրբերու ընկալեց եւ պաշտամունքի առարկայ դարձուց Հինգերորդ դարու թարգմանիչները։ Իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցին, ի տես ժողովրդային այդ փարումին, Սուրբերու կարգին արժանացուց հայ մշակոյթի եւ դպրութեան առաքելատիպ մեր նախահայրերը։

Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ սոսկ թարգմանիչներ չեղան Անոնք՝ բառին ընթացիկ, օտարներու ստեղծած մարդկային մտքի գլուխ-գործոցները հայերէնի փոխադրելու հասկացողութեամբ։ Ոչ ալ, նոյնիսկ, ժամանակի քաղաքակրթական նուաճումները հայացնելու, ազգային մեր լեզուամտածողութեան պատշաճեցնելու թարգմանական իրենց արժանիքին համար միայն սրբացուեցան Անոնք։

Թարգմանչաց Շարժումը շատ ու շատ աւելին էր այդ բոլորէն։ Ան հանդիսացաւ ուղղակի հայ գրերու գիւտը մշակութային արարումով կենսագործելու մեծ երկունք մը եւ, իբրեւ այդպիսին, դարերուն բացուելու թռիչքով օժտեց մինչեւ քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքը ստեղծուած ու զարգացած հայ մշակոյթը՝ անոր վերանորոգման եւ նոր ժամանակներու շունչով վերահաստատման երթին թափ տալով, հայակերտման սուրբ առաքելութիւնը արմատաւորելով։

Պատահական չէր, որ Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց, Վռամշապուհ Արքայի ամբողջական աջակցութիւնը վայելելով՝ իրենց պատրաստած արժանաւոր աշակերտներու մեծաթիւ հոյլով ձեռնարկեցին, առաջին հերթին, նորաստեղծ հայ գիրերով Աստուածաշունչը թարգմանելու տիտանական աշխատանքին։ Աւելի քան երեսուն տարի խլեց հաւաքական այդ աշխատանքը եւ պսակուեցաւ Աստուածաշունչի հայացումով, որ օտարներու իսկ վկայութեամբ՝ արժանացաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչումին։ Եբրայերէնի, ասորերէնի եւ յունարէնի հմուտ ու բազմակողմանի ճանաչողութեամբ ու հոգեմտաւոր մշակումի բարձրորակ մակարդակով կատարուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան աշխատանքը՝ զուգահեռաբար հայ թարգմանիչներուն ընձեռելով իրենց ժամանակի գիտութեան եւ ճանաչողութեան յառաջապահ դիրքերուն վրայ յաղթահասակ կանգնելու զարգացումը։

Հետեւաբար, սոսկ հայերուս ինքնասիրութիւնը շոյելու համար չէ, այլ Աստուածաշունչի հայացման հոգեմտաւոր մեծ նուաճումը եւ, դարեր ետք, անոր լուսապսակը դարձած Նարեկը ըստ արժանւոյն մեծարելու մղումով է, որ օտարը նոյնիսկ վկայեց, թէ Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն հայերէ՛նն է։

Աւելի՛ն. Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը միայն սկիզբն էր երկանց։ Հետեւեցան աստուածաբանական իմաստասիրութեան եւ քրիստոնէական գրականութեան ժամանակի գլուխ¬գործոցներուն նոյնքան յաջողակ թարգմանութիւնները, որոնք ենթահողը դարձան թարգմանչաց միեւնոյն սերունդին կողմէ ոչ-կրօնական, մարդկային մտքի տարբեր բնագաւառներէ ներս արձանագրուած օտարալեզու նուաճումներուն հայացման, ապա նաեւ՝ համապատասխանաբար հայկական մեծարժէք գործերու ստեղծումին։

Այդպէ՛ս, հայերէնով իրենց նոր կեանքը ապրեցան ժամանակի յոյն թէ ասորի մեծանուն հեղինակներ, ինչպէս Աթանաս Աղեքսանդրացի եւ Եփրեմ Խուրի Ասորի, Պրոկլ եւ Տիոնիսիոս Թրակացի, Արիսթոթէլ եւ Պղատոն, Փիլոն Եբրայեցի եւ Պորփիւր ու անուանի բազում այլ հեղինակութիւններ։

Անոնց իմաստասիրական, գիտական եւ գեղարուեստական գլուխ-գործոցներուն հայերէն թարգմանութիւնը եւ հայացումը ոչ միայն յատկանշուեցան հարազատութեամբ ու խոր ընկալումով, այլեւ ներշնչման աղբիւր դարձան թարգմանիչներու ինքնուրոյն ստեղծագործութեանց համար։

Օտարազգի եւ մեծանուն այդ հեղինակներու գործերէն ոմանք, ինչպէս որ կը վկայէ հայոց ազգային մշակոյթի ուրիշ մեծ երախտաւոր մը՝ Ռաֆայէլ Իշխանեան, այսօրուան մարդկութեան ծանօթ են իրենց հայացուած տարբերակով, որովհետեւ մայրենի լեզուով գրուած բնագիրները կորսուած են...

Թարգմանչաց Շարժումը ազգային նշանակութեամբ մեծ գործ կատարեց նաեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին դպրոցներու ցանց ստեղծելով ու ընդարձակելով։ Հարկ էր պատրաստել ու դաստիարակել հայերէն գիրն ու գրականութիւնը գիտցող ու գործածող նոր սերունդ, որ իր կարգին սեփական ժողովուրդը առաւելագոյն չափով հաղորդ ու մասնակից պիտի դարձնէր Թարգմանչաց իրագործած մեծ թռիչքին՝ հայ մշակոյթի եւ դպրութեան վերանորոգման, հայոց հոգեմտաւոր ինքնահաստատման կենարար երկունքին։

Ինչպէս որ «Հայկական Հանրագիտարան»ը յատուկ շեշտով կը նշէ հայոց Սուրբ Թարգմանիչներուն նուիրուած իր տեղեկանքին մէջ, «Թարգմանչաց Շարժումը ծաւալուել է հայ գրերի ստեղծումից անմիջապէս յետոյ՝ 405 թ.ին, որի նպատակը երկիրը յունական ազդեցութիւնից ազատելն էր՝ հայոց դպրոցներ հիմնելու, քրիստոնէական կարեւոր գրքերը եւ այլ երկեր հայերէն թարգմանելու, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնելու, ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն սկզբնաւորելու միջոցով: Շարժումը նաեւ պետական շահեր էր հետապնդում. հայոց գրերի ստեղծմամբ Արշակունիների թուլացած գահի պաշտօնական գրագրութիւնը յունարէնից եւ ասորերէնից պէտք է անցնէր հայերէնի, իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցու միջոցով պէտք է նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովրդի ինքնութեան պահպանմանը»:

Փաստօրէն հայ ժողովուրդը հետագայ դարերու խաւարին եւ կործանման դիմադրեց իր Թարգմանչաց լոյսով։

Եւ այդ իմաստով ալ, իբրեւ ազգային երախտագիտութեան խորագոյն արտայայտութիւն, արժանաւորապէս սրբացուց իր Թարգմանիչները։

Ն.