Print
Category: Յուշատետր

3 Հոկտեմբերին, 140 տարի առաջ, Ռոտոսթոյի մերձակայ Մալկարայի մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ Արտաշէս Յարութիւնեան անունով մանուկ մը, որ ճակատագրուած էր դառնալու հայ գրականութեան ամէնէն գեղապաշտ ու արուեստագէտ դէմքերէն մէկը։

Բայց ինքնահաստատման իր երթը հազիւ հունաւորած՝ հայ գրականութեան տաղանդաւոր այս ձայնը եւս խեղդուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան մոլագար հարուածներուն տակ…

Հայ գիւղի ծնունդ էր Արտաշէս Յարութիւնեան, որ հայոց հողին բոյրն ու գոյնը, լոյսն ու շաղը, համն ու յագեցնող ջուրը ամբողջապէս իւրացուցած, իր մտքին ու հոգիին շաղախը դարձուցած էր։

Եղա՛ւ Հայաստանեա՛ն Գրականութեան բարձրաճակատ դրօշակիրը, որ իր մշակած քերթողութեամբ եւ գրական-քննադատութեամբ, անվիճելիօրէն, կրցաւ գեղարուեստական շքեղութեան հասցնել հայոց աշխարհաբարը։

Արտաշէս Յարութիւնեան գրեթէ ամբողջ կեանքը ապրեցաւ իր ծննդավայրին մէջ։ Վաղաժամ պոկեցին անոր կեանքին թելը, որովհետեւ հազիւ թեւակոխած էր 42 տարիքը, երբ առաջին զոհերէն մէկը դարձաւ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին։ Հնարաւորութիւն չունեցաւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու, որովհետեւ ստիպուեցաւ կանուխ տարիքէն կեանքի ասպարէզ նետուիլ եւ ապրուստը ապահովել։ Բայց իր ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցէն ստացած ուսումը եւ ֆրանսերէնի իմացութիւնը ինքնաշխատութեամբ այնքան զարգացուց, որ կրցաւ ոչ միայն ֆրանսական գրականութեան նորաշունչ հոսանքներուն մօտէն հետեւիլ եւ քայլ պահելանոնց հետ, այլեւ‘ համապատասխան նորարարական շունչ բերել քսաներորդ դարասկիզբի հայ գրականութեան։

Իբրեւ բանաստեղծ մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։ 1890ականներուն լոյս տեսան անոր «Լքուած Քնար» եւ «Երկունք» բանաստեղծական ժողովածուները, որոնք սկզբնապէս չգրաւեցին ընթերցողին ուշադրութիւնը։ Լեզուական գեղեցկութեամբ, խոհական պատկերներով եւ արուեստագէտի ճոխ երանգապնակով յատկանշուող ոտանաւորներ էին, որոնց սակայն կը պակսէր բանաստեղծական թռիչքն ու իրա՛ւ յուզականութիւնը։ Կը վկայէին գրականագիտական եւ գեղարուեստական բարձր մշակուածութեան տէր գրողի մը առկայութեան մասին, բայց անոնց կը պակսէր բանաստեղծի՛ դրոշմը, շո՛ւնչը։

Տասնամեակ մը ետք միայն, 1910ին իր լոյս ընծայած բանաստեղծական երրորդ հատորով՝ «Նոր Քնար»ով, Արտաշէս Յարութիւնեան հայ գրականութեան ընծայեց ուշագրաւ քանի մը գործեր, որոնք այնուամենայնիւ բաւարար չնկատուեցան գրական քննադատներուն կողմէ, որպէսզի հեղինակին արժանացնեն իրաւ բանաստեղծի պատուանդանին։

1895¬96ի համիտեան կոտորածները ամայացուցին նաեւ հայ գրական հրապարակը Պոլսոյ մէջ ու Օսմանեան կայսրութեան տարածքին։ Տաղանդաւոր մեր գրողներէն շատեր կա՛մ պաշտօնապէս Պոլսէն հեռացուեցան, կա՛մ արտասահմանի մէջ ազատ ոստաններ փնտռեցին իրենց ստեղծագործական աշխատանքը շարունակելու համար։ Ամայութիւնը «լեցնելու» եկան անորակ եւ ծառայամիտ գրողներ։ Ահա՛ այդ մթնոլորտին մէջ, Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթի էջերուն, սկսան լոյս տեսնել Մալկարայէն երիտասարդի մը գրականագիտական եւ ազգային-մշակութային ընդգրկուն յօդոածները, որոնք արեւմտահայ արձակի իրենց բարձրորակ մշակումով եւ դարաշրջանի ամէնէն յառաջապահ շարժումներու արձագանգով՝ անմիջապէս գրաւեցին ընթերցող հասարակութիւնը։

Աւելի՛ն. Պոլսոյ գրական ամայացած հրապարակը լեցուցին եւ ջերմացուցին Հայաստանեան Գրականութեան կրակը արծարծող վերլուծումներով, խորհրդածութիւններով եւ գրախօսականներով։

Իբրեւ այդպիսին՝ Արտաշէս Յարութիւնեան մինչեւ 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումը բառին լաւագոյն իմաստով տեղապահի դեր կատարեց արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Նորահաս գրողներուն եւ ընթերցող հասարակութեան միջեւ կամուրջի դեր ստանձնեց։ Եւրոպական մտքի եւ գրական շարժումներուն առջեւ փակուած լուսամուտները ետ բացաւ՝ յատուկ ճիգ թափելով, որպէսզի Հայաստանեան Գրականութեան պատուաստումին ծառայեն այդ ներարկումները։ Բայց մանաւանդ ներքին գաւառներու հայութեան ձայնը լսելի դարձուց հետեւողականօրէն՝ հայրենի հողն ու տոհմիկ աւանդութիւնները հաղորդական եւ սիրելի ընծայելով օսմանեան մայրաքաղաքի հայութեան։

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ սերունդը իր փառքերի օրերը ապրեցաւ, երբ «Մենք»ն ու «Մեհեան»ը, «Նաւասարդ»ն ու «Ազատամարտ»ը նոր ու լայն հորիզոններու բացին հայ գրականութիւնն ու ընդհանրապէս Հայ Միտքը, Արտաշէս Յարութիւնեան աշխոյժ մասնակիցն ու յառաջապահ դրօշակիրը մնաց վերազարթնումի եւ վերանորոգման այդ բոլոր շարժումներուն։

1913ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պոլիս՝ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու համար արեւմտահայ գրական հրապարակի աշխուժացման։ Բայց հասունացման իր տարերքին հասած Արտաշէս Յարութիւնեանի երթը յանկարծ խափանուեցաւ 1915ի Ապրիլ 24ին, երբ մեր հոգեմտաւոր ամբողջ սերուցքը բրտօրէն ձերբակալուեցաւ, հաւաքաբար աքսորուեցաւ եւ թրքական վայրագութեան ու գազանութեան «խրախճանքներ»ու մէջ նահատակուեցաւ։

Արտաշէս Յարութիւնեան իր ուրոյն տեղը նուաճեց հայ գրականութեան մէջ։ Խիտ ու պատկերաւոր, խոհուն եւ գեղեցիկ իր աշխարհաբարով ու իմացական զեղումներով՝ ան ուղի հարթեց հայ գրականութիւնը ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ իր ակունքներով ու աւանդներով վերանորոգելու եւ արդիականացնելու շարժումին առջեւ։

Իր յիշատակը վերաթարմացնող այս հակիրճ վկայութիւնը կþարժէ եզրափակել՝ «ԺԱՅՌԵՐԸ» խորագիրը կրող Արտաշէս Յարութիւնեանի հետեւեալ քերթուածով. 

Սա ժայռերը որոնց վըրայ բազէները կը ճախրեն,
Ուր օձերը՝ գալարուն՝ կը սողան ու կը սուլեն,
Եւ մամուռներ փաթթըւած են անոնց խիզախ կողերուն,
Ատենօք,
Աւանդութիւն մը կ՛ըսէ,
Այդ ժայռերը մարդիկ էին մեզ պէս՝ միսէ: 

Անյիշատակ օրեր առաջ, օր մը, հո՛ն,
Խոպան ու չոր այդ ամայի վայրերէն,
Հպարտ ամբոխ մը կ՛անցնէր.
Հարսնեւորի խուժան մը՝ երկիրներէ հեռաւոր:
Եւ թմբուկին, դափին ձայնը յաղթական,
Երգողներուն, ծնծղաներուն հնչիւնն անուշ
Եւ շողիւններն ըզգեստներուն երփներանգ,
Դէպի հեռո՛ւն, կ՛երկննային դաշտին մէջ:

Հարսն ալ՝ քօղքին տակ ծածկըւած՝
Իր գեղն ամուր կը պահէր:
Յանկարծ, սակայն, անզուսպ փափաք մը՝ հարսին
Կ՛ուռեցընէ սիրտը՝ որ դէմքը բանայ,
Ու բարբարոս, վայրի սիրով մը ուժգին,
Այս անծանօթ, այս ամայի վայրերուն՝
Հանդիսադրէ գեղեցկութիւնն իր թրթռուն:
Ու նետելով իր քօղն անդին՝
Հոն ցոյց կու տայ կուսական չքնաղ դէմք մը՝ Արեւին:

Ալ բնութիւնը զայրացած
Ամբարտաւան գեղեցկութեան այս ցոյցէն,
Այդ ամբոխը կ՛անիծէ իր շանթերուն
Անէծքներովն անկարեկիր.
Ու բոլորն ալ քար կը դառնան, կը սառին՝
Գամուած, անշարժ ու լըռին:

Հիմակ, այնտեղ, ըսպասումով մըշտական,
Այդ ժայռերը - սառած մարդիկ - կը սպասեն:
Կը նշմարուին այնտեղ շփոթ, աւրըւած,
Ու խանգարուն դիմագիծեր բազմաթիւ
Մանուկներու, պարմաններու, պառաւի:
Վայրագ աչքեր կան, ահռելի սեւեռմամբ,
Ու մոլեգին կիրքով մը բաց մընացած,
Ու կծկըւած, խորշոմած երեւոյթներ դիւահար,
Որ կը թուէր պիտի լային՝ ու չեն լար՝
Ցաւ մը անհուն կը յայտնըւի համօրէն,
Որ այդ պահուն տանջեց զանոնք ուժգնօրէն: 

Ն.