Print
Category: Յուշատետր

Հոկտեմբերի առաջին օրը հայոց ուսումնական տարեշրջանի սկիզբ յայտարարուեցաւ 95 տարի առաջ՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր ժողովին, Հայաստանի Խորհուրդի 11 Սեպտեմբեր 1918ի «Դպրոցական Օրէնք»ով։

Միայն քանի մը տարի կիրարկուեցաւ Հոկտեմբեր 1ին դպրոցական տարեշրջանը սկսելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրէնքը։ Հայաստանի անկախութեան կորուստին եւ խորհրդային կարգերու հաստատման հետ, հայ ժողովուրդը եւս պարտաւորուեցաւ կրթական տարին սկսիլ Սեպտեմբեր 1ին՝ հետեւելով ռուսական օրինակին, որ «Կարմիր» հռչակած էր դպրոցական վերամուտի բացման այդ օրը, նոր սերունդը ճանաչողութեան եւ իմաստութեան առաջնորդելու նշանաբանով։

1991ին իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակեց պահել ուսումնական տարին Սեպտեմբեր 1ին սկսելու խորհըրդային-ռուսական, բայց տասնամեակներու կենսափորձով այսօր արդէն ազգային նկարագիր ստացած աւանդութիւնը՝ «Առաջին Զանգ»ը յատկանշող ինքնատիպ արարողութիւններով եւ տօնական մթնոլորտով։

Յատկանշականօրէն, ուսումնական տարեշրջանը Հոկտեմբեր 1ին սկսելու Հայաստանի Հանրապետութեան 1918ի որոշումը պահպանուեցաւ տարագիր հայութեան կողմէ, որոշապէս հայրենամերձ գօտիներու հայօճախներուն մէջ։ Թէեւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ իրականութեան մէջ, ժամանակի ընթացքին, կրթական վերամուտի սկզբնաւորումը կապուեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տօնացոյցին եւ Հոկտեմբերի առաջին Կիրակին նշուող Թարգմանչաց Տօնին հետ, այսուհանդերձ՝ ուսումնական տարեշրջանը Հոկտեմբերին սկսելու աւանդութիւն մը ստեղծուեցաւ եւ կը պահպանուի մինչեւ մեր օրերը։

Հոկտեմբեր 1ին ուսումնական տարին սկսելու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումին վերաբերեալ պատմական տեղեկութեանց այս հպանցիկ ակնարկը եզրափակելու համար, կþարժէ յիշատակել 11 Սեպտեմբեր 1918ին հաստատուած «Դպրոցական Օրէնք»ին ընդհանրապէս կրթական հաստատութիւններուն առընչուած հայեցակարգին մասին Սիմոն Վրացեանի փոխանցած ամփոփ վկայութիւնը.- «Հաստատուեց դպրոցական օրէնքը, որով «իւրաքանչիւր հասարակական կամ համայնական կազմակերպութիւն, խմբակցութիւն, ընկերակցութիւն, ինչպէս եւ առանձին անհատ, իրաւունք ունին անարգել դպրոց բանալու եւ անկախօրէն վարելու սեփական միջոցներով»։ Պետութեան վերապահւում էր ընդհանուր հակակշիռը»։

Աւելի ետք էր, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ՝ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան օրով էր, որ Լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի նախաձեռնութեամբ եւ 1919ի գարնան ընտրուած Հայաստանի Խորհրդարանի հաստատումով, ամբողջական մշակումի արժանացաւ Հայաստանի Կրթական Օրէնքը, պետական, հանրապարտադիր եւ անվճար ուսման տիրանալու իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքը նուիրագործելով։

Կþարժէ ընդգծել, վերջապէս, որ Հոկտեմբերի թէ Սեպտեմբերի 1ին ուսումնական տարին սկսելու մտադրութիւնը տիրական եղած է ամբողջ մարդկութեան մօտ, որովհետեւ հիմնուած է մանուկներն ու պատանիները աշնանամուտին հետ դպրոց ուղարկելու աւանդութեան վրայ։

Նկատի ունենալով, որ հին ժամանակ մարդկութիւնը գերազանցապէս երկրագործութեամբ կþապրէր, ուշ գարնան օրերէն մինչեւ վաղ աշնան օրերը, մարդիկ մեծով-պզտիկով կը նուիրուէին հողի մշակումին ու ցանքին եւ ոչ ոք կրնար մտածել ուսումնառութեան մասին։

Այդ ժամանակներէն ալ եկած է թեւաւոր այն խօսքը, որ «Գիրք սորվիլը ուտելիք չþապահովեր ճաշասեղանին»...

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ ուսումը անցեալին էապէս մարդ անհատի զարգացման՝ ճանաչողութեան մշակման եւ մտապաշարի հարստացման անփոխարինելի հնոց էր։

Միայն արդի ժամանակներուն է, որ ուսումը արագընթաց վերածուեցաւ մարդ անհատը կեանքի ասպարէզի եւ աշխատանքի պատրաստելու ընկերային միջոցի եւ կռուանի։

Հետեւաբար, բնութեան եւ կեանքի պարտադրանքով ուսումնական տարեշրջանը բոլոր ազգերուն մօտ սկսած է վաղ աշնանամուտին եւ աւարտած է ուշ գարնան կամ վաղ ամառնամուտին։

Նոյն պատճառով ալ, Հարաւային Կիսագունդի մարդկութիւնը իրեն վիճակուած տարուան եղանակներուն պատշաճեցուցած է ուսումնական տարեշրջանի միեւնոյն պատկերացումը՝ ընդհանրապէս Մարտին սկսելով եւ Դեկտեմբերին աւարտելով դպրոցական տարեշրջանը։

Կրթական տարեշրջանի սկզբնաւորման նուիրուած յուշատետրի այս սիւնակը եզրափակենք՝ Հայ Դպրոցին վիճակուած բախտորոշ առաքելութիւնը շեշտելով ինչպէս մեր օրերուն, նոյնպէս եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ողջ ընթացքին։

Հայրենի հրապարակագիր Վարդան Օհանեանի դիպուկ շեշտադրումով՝

«Բոլոր ժամանակներում էլ անկախութիւնը կորցրած Հայաստանի համար թիւ մէկ խնդիրը եղել է հայապահպանութիւնը, որի գլխաւոր յենարանները եղել են առաքելական եկեղեցին, մշակութային հաստատությունները, ազգային դպրոցները: Ու բոլոր ժամանակներում էլ բոլոր նուաճողների հիմնական հարուածները վերջիններիս են ուղղուած եղել՝

«Հնազանդեցնե՛լ եկեղեցին, խեղե՛լ մշակութային կեանքը, փակե՛լ ազգային դպրոցները»…

Միայն արտաքին ճնշումն ու հալածանքը չեն սպառնար Հայ Դպրոցին։

Յատկապէս մեր օրերուն գլխաւոր սպառնալիքը կը ներկայանայ տնտեսական մեծ բացերու վտանգով։

Այդպէ՛ս, Հայ Դպրոցի առաքելութիւնը անխափան շարունակելու եւ մեր ժամանակի ոգիով արդիականացնելու մարտահրաւէրը իր կարգին կը դիմագրաւէ յունահայութիւնը, որ Յունաստանի պետական սնանկացման պայմաններուն մէջ յայտնուած է տնտեսական մատակարարման ծանր ճգնաժամի մէջ։

Մեզ կանխող սերունդները նմանօրինակ ճգնաժամեր կրցան յաղթահարել գաղութին գօտիները սեղմելով, անսակարկ զոհաբերութեամբ իրենց կոչումին տէր կանգնող Հայ Ուսուցիչներով եւ, մանաւա՛նդ, իրենց համեստ օրապահիկէն առաւելագոյնը Հայ Դպրոցին նուիրող հայ ծնողներով։ 

Ն.