1914ի այս օրը, Սեպտեմբեր 23ը, չարաբաստիկ թուական մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար։
Ինքնին 1914ի աշնանամուտը ամբողջ աշխարհը տագնապեցնող խառն, խռովալի եւ օրհասական ժամանակաշրջան էր։
Հին աշխարհը, Եւրոպայի տարածքին ամէնուրեք, տակաւ կը մխրճուէր արագօրէն բռնկող աշխարհասասան մեծ պատերազմի արեան, կրակի ու աւերածութեան ոլորապտոյտին մէջ։
Ցարական Ռուսաստանն ու Օսմանեան Կայսրութիւնը, իրենց կարգին, պատերազմին միանալու որոշում տուած էին եւ նախապատրաստութեանց մէջ էին։ Իսկ անոնց միջեւ երկփեղկուած հայ ժողովուրդը, ռուսեւթրքական մօտալուտ պատերազմի չարագուշակ հաւանականութեան դէմ յանդիման, ամբողջ ռազմաճակատի երկայնքին յայտնուած էր, բառին բուն իմաստով, երկու կրակի միջեւ...
Եւ ահա ճիշդ այդ օրերուն, Պաքուի մերձակայքը, թոքախտի բուժման առողջարաններու մէջ, աշխարհէն մեկուսացած եւ կեանքէն դառնացած՝ ցաւատանջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան մեծագոյն դարբիններէն Նիկոլ Դուման։
19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ ազգային-ազատագրական շարժման ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անզուգական հայդուկապետն էր Նիկոլ Դուման։
Բայց նաեւ իր ժամանակէն վեր, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան լայն ընդգրկումով, քիւրտին ու թուրքին կողմէ «Դուման» (Փոթորիկ) անուանուած յեղափոխական այս հսկան ամէնէն ամբողջական եւ առինքնող մարմնաւորումներէն մէկը հանդիսացաւ հայկեան ռազմական տաղանդին՝ իր առասպելատիպ քաջութեամբ, խիզախութեամբ եւ յեղափոխական երկաթեայ կամքով։
Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ էր Տէր-Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։ Ծնած 1867ին, նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ՝ իր հօր մօտ ստանալէ ետք, յաճախած էր Շուշիի թեմական վարժարանը, որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր, ուր թրծուեցան Նիկոլ Դումանի, Արամի ու Վանայ Իշխանի օրինակով բացառիկ գործիչներ։
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։
Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռուին նուիրուելու գաղափարը համակած էր բոլորը։ 1887ին ուսումը աւարտելէ ետք, Նիկոլ քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարեց Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն դարձաւ 1891ին, երբ Նիկոլ միացաւ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը հանդիսացաւ։
1891ի աշնան Նիկոլ հասաւ Թաւրիզ, ուր կոչուեցաւ ուսուցչական պաշտօնի եւ այդ հանգամանքով կրցաւ իր շուրջ համախմբել տեղւոյն երիտասարդները՝ անոնց ազգային-հայրենասիրական ինքնազարգացման խմբակներուն թափ տալով, բայց մանաւանդ զինավարժութիւն սորվեցնելով ու ռազմական պատրաստութիւն ջամբելով։
Թաւրիզի մէջ Նիկոլ ցուցաբերեց ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ էր, որ Նիկոլ ուղարկուեցաւ Սալմաստ՝ նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Դաշնակցութեան զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։
Երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը իրականացաւ հազիւ 1895ի աշնան, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով անցաւ սահմանը եւ հասաւ Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ ունեցաւ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ ցոյց տուաւ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի շեշտակի տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն գործեցին քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք այս առիթով «դուման» կոչեցին զինք։
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896ին վերադարձաւ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ ունեցաւ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս եկաւ՝ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակը երկրով մէկ տարածելով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ գտաւ Դերիկի վանքին կռիւը։
Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս-թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու՝ Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման յղացաւ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, մազրիկ ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։ Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ ստացաւ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897ի գարնան ձեռնարկեց Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին։ Թէեւ տեղը չէ Խանասորի արշաւանքին ըստ էութեան անդրադառնալու, բայց Նիկոլ Դումանի անձին եւ գործին վրայ կարեւոր լոյս կը սփռեն արշաւանքին առընչուող երկու շեշտադրումներ։
Առաջինը կը վկայէ Նիկոլ Դումանի խստակեաց նկարագրին, անոր համեստ ու անանձնական, ցուցամոլութիւնը մերժող խառնուածքին մասին։ Հակառակ անոր, որ Խանասորի արշաւանքը իր սեփական մտայղացումն էր եւ իր զինուորական ընդունակութեամբ ու քաջ եւ խիզախ մարտիկի արժանիքներով Դուման յարմարագոյն անձը պիտի ըլլար արշաւախումբի ընդհանուր հրամանատարութեան, այսուհանդերձ՝ յանուն ընդհանուր գործի յաջողութեան, Դուման անտրտունջ համաձայնեցաւ, որ Վարդանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի յանձնուին այդ պատասխանատուութիւնները, իսկ ինք բաւարարուեցաւ յիսնապետի աստիճանով մասնակցութեամբ։
Երկրորդը կը վերաբերի Դումանի յեղափոխական վեհ սկզբունքներուն։ Իրեն կը պատկանի Խանասորի երգով յաւերժացած այն պատգամը, ըստ որուն՝ «կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու ջան ֆետան»։ Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ, արշաւախումբի յարձակման պահուն, Դուման իր մարտիկներուն դիմած էր հետեւեալ բառերով՝ «Տղերք ջան, կանանց ու երեխաներին ձեռք մի՛ տաք, բայց տղամարդկանց անխնայ մորթոտեցէք»։
Խանասորի արշաւանքէն ետք Նիկոլ Դուման անցաւ Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ Քրիստափորի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկի Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն տարածուեցաւ Կովկասով մէկ, երբ ի գործ դրաւ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը՝ պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու նոյնօրինակ սպանութեամբ...
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն ներշնչուեցաւ Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով՝ դասական մեծ ներդրում մը կը հանդիսանայ հայ ռազմա- վարական մտքի գանձարանին մէջ։
Բարձրահասակ, ջղուտ եւ խստաբարոյ յեղափոխականին առողջական վիճակը, սակայն, արագօրէն կը վատթարանար։ Երկար տարիներու վրայ իր ապրած անձնուրաց ու չարքաշ կեանքի պայմանները, սեփական հանգիստին եւ բժշկական խնամքի նկատմամբ անտարբերութիւնը ուղղակի քայքայեցին Դումանի առողջութիւնը։
Եւ երբ 1909ին ծայր առաւ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի յանձնարարուեցաւ հեռանալ Կովկասէն։ Անցաւ Պոլիս, հոնկէ՝ Եգիպտոս, ապա՝ Պուլկարիա։ 1910ին, Միքայէլ Վարանդեանի հետ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ ունեցաւ՝ հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համադրում ստեղծելու առաջադրանքով։
1911ին վերադարձաւ Երկիր. եղաւ Տրապիզոն, Կարին ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել տուաւ Վանէն։ Դուման անցաւ Պարսկաստան եւ հաստատուեցաւ Թաւրիզ, ուր Ռոստոմի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան՝ սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
Բայց Դումանի առողջական վիճակը շարունակ կը վատթարանար։ Կեղծ անցագրով Պարսկաստանէն անցաւ Թիֆլիս, ուր կուսակցութեան ճնշումով մտաւ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն ձերբակալեցին եւ Մետեխի բանտը նետեցին մեծ յեղափոխականին՝ 1914ի Մայիսին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ արձակուեցաւ բանտէն եւ մտաւ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ անց, փոխադրուեցաւ թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձա- կայքը։
Ֆիզիքական հիւծման հետ ու անկէ աւելի՝ արագ անկումի մէջ էր Դումանի հոգեկան վիճակը։ Օրը օրին կը հետեւէր բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։
Դառնութեան, յուսահատութեան, անզօրութեան եւ այլեւս պիտանի չըլլալու զգացումները հոգեմաշ դարձուցին երբեմնի անզուսպ, անպարտելի՛ հերոսին, որ հռչակուած էր Դուման, Փոթորի՜կ։
Եւ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման սեփական ատրճանակով ինքնասպանութիւն փորձեց։
Թէեւ փամփուշտը վրիպեցաւ թիրախէն՝ սրտէն, բայց ծանրօրէն խոցեց թոքերը։
Հազիւ օրեր ապրեցաւ եւ 1914ի Սեպտեմբեր 23ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը։
Դումանի անշունչ մարմինը տարուեցաւ Թիֆլիս եւ մեծ շուքով թաղուեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատունը, Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին կողքը։
Նիկոլ Դուման հեռացաւ իր պաշտած ժողովուրդէն ճիշդ այն միջոցին, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած էին աշխարհաւեր պատերազմի մը մութ ու մռայլ հորիզոնին։
Երբ այնքան վճռորոշ դեր կրնար ստանձնել հաւաքական մեր ճակատագրի դարբնումին մէջ։
Նիկոլ Դումանի մահով մեր կեանքէն հեռացաւ Հայու մարտունակութեան, յեղափոխական կամքին եւ բարոյական ներուժին անզուգական մարմնաւորումը, որ գաղափարական կազմաւորման լուսաւոր դպրոց մը դարձաւ հայոց սերունդներուն համար։
Դաշնակցութեան տեսաբան Միքայէլ Վարանդեանի բառերով՝
«Վճռականութիւնը, անսասան կամքը, որոշումների պաղ եւ անյողդողդ կատարումը, կուսակցական պողպատեայ դիսցիպլինը (կարգապահութիւնը) - անհրաժեշտ գծեր են ամէն մի կռւում, եւս առաւել՝ հայոց դաժան յեղափոխական պայքարի մէջ։ Այդ գծերի անձնաւորումն էր ղարաբաղցի հերոսը եւ նրանց համար պատրաստ էր նա ամէն վայրկեան իր կեանքը զոհաբերելու։ Բարոյական ամենաբարձր սկզբունքներն իւրացրած եւ կուսակցութեան անաղարտ դրօշակի նախանձախնդիր՝ նա մարմնացած վեհանձնութիւն էր դէպի թոյլն ու անպաշտպանը - անգամ թշնամի բանակի մէջ -, բայց եւ անհաշտ ու անընկճելի էր, երբ պէտք էր պատժել յանցաւորին, լինէր դա մի թշնամի կամ ցեղակից, մի դաւաճան, մի մատնիչ կամ թէկուզ կուսակցական դիսցիպլինի դէմ մեղանչող մի անհատ։
«Դժուար թէ կուսակցական նախանձախնդրութիւնը - անձնազոհութեան բնազդը յանուն մի մեծ կազմակերպութեան պատուի ու հմայքի -, դժուար թէ նա երբեւիցէ աւելի ուժեղ արտայայտուած լինի մի գաղափարական անհատի մէջ։ Սպառնալիքը այնքա՜ն էր վճռական, խօսելու տոնը այնպէ՜ս կտրուկ ու համոզիչ...։ Նիկոլի սովորական տոնն էր այդ. լսողը զգում էր, որ այդ մարդը պատրաստ է իրօք իր անձը դնել քարտէսի վրայ՝ յանուն այս կամ այն սկզբունքի. նա սպառնացող եւ իրագործող էր, այդ լաւ գիտէին ե՛ւ հակառակորդները, ե՛ւ բարեկամները»։
Ն.