Print
Category: Յուշատետր

11 Սեպտեմբեր 2001ի Նիւ Եորքի աննախընթաց ահաբեկչութեան 12րդ տարելիցն է այսօր։
Դժուար թէ գտնուի ընթերցող մը, որ յիշեցման կարիքը զգայ՝ Համաշխարհային Առեւտուրի Կազմակերպութեան կեդրոնատեղի, երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ 12 տարի առաջ գործուած յարձակման մանրասնութիւններուն վերաբերեալ։
Ոչ միայն անմոռանալի ըլլալու աստիճան ցնցիչ էին ահաբեկչական գործողութեան ահաւորութիւնը արար աշխարհին փոխանցող լուսանկարներն ու տեսաժապաւէնները, այլեւ՝ անոնց պատեհ թէ անպատեհ առիթներով պարբերական վերյիշեցումը, փաստօրէն, ողջ մարդկութեան առօրեայ մղձաւանջներուն մէջ մնայուն տեղ տուած է 11 Սեպտեմբեր 2001ի... ողբերգութիւնը խտացնող պատկերներուն.
¬ Դրամատիրական աշխարհի ելեւմտական հզօրութիւնը խորհրդանշող զոյգ աշտարակներուն մէջ բառացիօրէն մխրճուող օդանաւեր։
¬ Երկնակամարը քերող շէնքերու բարձունքին բռնկած հրդեհներ եւ ամբողջ հորիզոնին վրայ տարածուած ծխածածկոյթ։
¬ Խաւաքարթէ տուփերու պէս փլուզուող շէնքեր եւ օգնութեան փութացող հրշէջներ։
¬ Եւ վայնասուն ու զարհուրանք փողոցի խուճապահար մարդոց շրթներուն եւ դէմքերուն...
Նաեւ ահաբեկչութեան խլած հազարաւոր զոհերուն եւ գործած քանդումին ու հասցուցած նիւթական մեծ կորուստին վերաբերեալ տեղեկութիւնները, իրենց կարգին ցնցիչ, անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնան մարդոց յիշողութեան մէջ։
Բայց 11 Սեպտեմբեր 2001էն 12 տարի ետք, երբ կը վերյիշենք այդ բոլորը, արդէն միայն 11 Սեպտեմբերի ողբերգութեամբ չեն սահմանափակուիր մեր մտածումներն ու ապրումները։
11 Սեպտեմբերի խլած զոհերուն ու պատճառած կորուստներուն համար ցաւելու եւ կատարուած յանցագործութիւնը դատապարտելու համընդհանուր տրամադրութեան վրայ գումարուելու կու գայ ահաւորութիւնը այն հակահարուածին, որ նախագահ Պուշի վարչակազմին շղթայազերծած հակա¬ահաբեկչական արշաւով հասցուեցաւ թէ՛ նոյնինքն ամերիկացիներուն, թէ՛ ամբողջ աշխարհին։
Անշուշտ այս օրը՝ Սեպտեմբեր 11ը պատշաճ պահը չէ խօսելու հակա¬ահաբեկչութեան այդ ալիքով մոլեգնած ծայրայեղութիւններուն մասին։ Այսօր զոհերն ու կորուստները ոգեկոչելու պահ է՝ ցաւակցելու եւ գործուած խելայեղ յարձակումը դատապարտելու օր է։
Բայց նաեւ 11 Սեպտեմբեր 2001ի ողբերգութենէն, ներկային եւ ապագային հաշւոյն, անհրաժեշտ դասերը քաղելու պահ է այս օրը, որպէսզի 21րդ դար հասած ողջ մարդկութիւնը կարենայ քաղաքակիրթ միջոցներով լուծել իր կեանքն ու համերաշխ զարգացումը խանգարող բոլոր դժուարութիւններն ու հակադրութիւնները, ըլլան անոնք հասարակական, կրօնական, ազգային թէ աշխահաքաղաքական։
Այդ առումով ոսկի առիթ մը կորսնցուց ողջ մարդկութիւնը, երբ 11 Սեպտեմբեր 2001ի յանցագործութիւնը միահամուռ դատապարտանքի արժանացնելէ ետք՝ չկրցաւ իր միասնականութիւնը տարածել չարիքը դիմագրաւելու ասպարէզին վրայ։
Ահաբեկչութեան հակա¬ահաբեկչութեամբ պատասխանելու ամերիկեան կամակորութիւնը փաստօրէն լուսանցքային դերակատարութեան մղեց չարիքը իր արմատէն դիմագրաւելու եւ բուժելու միջազգային ողջմտութիւնը։
Մ. Նահանգներու վարչակազմը աշխարհը ուզեց բաժնել ահաբեկիչներու եւ հակա¬ահաբեկիչներու ու, փաստօրէն, պարտադրեց իր կամքը անխտիր բոլորին՝ պայթունավտանգ պատերազմի հրդեհներ վառելով աշխարհի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ։
Մինչդեռ Քահիտա անունով հռչակուած չարիքը արմատախիլ ընելու ողջմիտ ճամբան չէր անցներ ամէնուր թշնամիներ փնտռելու ծայրայեղականութենէն։
Արմատականութեան եւ մոլեռանդութեան չարիքին դէմ պայքարը, յատկապէս 21րդ դարուն, կը պահանջէ ամէն կարգի անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները, քաղաքակրթական համընդհանուր գործակցութեամբ, մերձեցման առաջնորդելու եւ հարթելու ողջմտութիւն՝ բառին ամէնէն ընդգրկուն եւ մարդկայնակա՛ն իմաստով։
Ընդհակառակն՝ միջազգային «օրինականութիւն» ստացաւ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան միջեւ անհաշտ պատերազմի շղթայազերծումը, որ փաստօրէն պատճառ դարձաւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը աւելի ու աւելի հեռացնելու երկրագունդը իբրեւ իր ընդհանուր տունը ընկալելու եւ բարեկարգելու փրկարար ուղիէն։
Եւ այդպէ՛ս՝ 11 Սեպտեմբեր 2001ին սկսաւ, բայց դեռ վերջ չգտաւ միջազգային ահաբեկչութեան եւ հակա¬ահաբեկչութեան խելայեղ ոլորապտոյտը, որուն մէջ այսօր կը գալարուի ողջ մարդկութիւնը։
Իսկ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան միջեւ անհաշտ պատերազմի շղթայազերծումը փաստօրէն պատճառ դարձաւ, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը աւելի ու աւելի հեռանայ երկրագունդը իբրեւ իր ընդհանուր տունը ընկալելու եւ բարեկարգելու փրկարար ուղիէն։
Եւ այդպէ՛ս՝ 11 Սեպտեմբեր 2001ին սկսաւ, բայց դեռ վերջ գտած չէ միջազգային ահաբեկչութեան եւ հակա¬ահաբեկչութեան խելայեղ ոլորապտոյտը, որուն մէջ այսօր կը գալարուի ողջ մարդկութիւնը։
Քաղաքակիրթ աշխարհի ինքնակոչ «ոստիկան»ը դարձած Սպիտակ Տունը, անկախաբար Մ. Նահանգներու պետական ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժի բնոյթէն, մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ ըստ կամս հրդեհներ վառել աշխարհի չորս ծագերուն, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր կեդրոնացած է ինչպէս մահմետական աշխարհի արմատական ու ծայրայեղական ուժերուն ծանրութեան կեդրոնը, այնպէս ալ համաշխարհային տնտեսութեան քարիւղի ու կազի պաշարներուն առիւծի բաժինը...
Սուրիոյ վիճակուած նորօրեայ տագնապը եւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ քաղաքացիական անհակակշռելի պատերազմին հրահրումը վերջին ապացոյցն է 11 Սեպտեմբեր 2001էն սկսեալ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը խոր անձկութեան մատնած նոր աշխարհամարտի մը անխուսափելիութեան։
Ահաւորը այն է, որ նոյնինքն ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը փութայ զէնք ու նիւթական կռուաններ տրամադրելու կրօնամոլ արմատականութեան դիրքերէ իբր թէ «գարուն»ներ խոստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու։
Արդէն անարդարանալիօրէն սերտաճման մէջ են, մէկ կողմէ, մոլեռանդ գաղափարախօսութեամբ հոս ու հոն սունկի պէս բուսնող ահաբեկչութեան բոյները, իսկ միւս կողմէ պետական ահաբեկչութեան վտանգը նոր հորիզոններու առաջնորդող երկիրներն ու կառավարութիւնները։
Իսկ աւելի ահաւորը այն է, որ հակա¬ահաբեկչական միջազգային գրոհի յառաջապահ դիրքերուն յայտնուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի օրինակով պետութիւններ եւս, որոնց հետեւողականօրէն գործած ցեղասպանական ոճիրներն ու ազգային հողի վրայ «մաքրազտման» յանցագործութիւնները դեռ չեն ստացած միջազգային անհրաժեշտ պատասխանն ու իրաւական արդար պատիժը։
11 Սեպտեմբեր 2001ի12րդ տարելիցը այս աստիճան դառն ու տխուր յիշողութիւններով, ինչպէս եւ դաժան ու մղձաւանջային ապրումներով կը համակէ քաղաքակիրթ ողջ մարդկութիւնը։
Ամբողջ աշխարհին սպառնացող միջազգային ահաբեկչութեան ու հակա-ահաբեկչութեան օրհասական վտանգը դիմագրաւելու մղձաւանջին մատնած է, բոլորին հետ, նաեւ ու մանաւանդ Հայ Դատի պահանջատէր մեր ժողովուրդը, որուն յետ-եղեռնեան սփիւռքի բաբախուն սիրտը նկատուող Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայօճախները յայտնուած են անհակակշռելի մեծ հրդեհի բոցերուն մէջ։

Ն.