Print
Category: Յուշատետր

Արդի ժամանակներու համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն գայթակղութիւններէն մէկուն՝ Մուսթաֆա Քեմալի զօրքին Զմիւռնիա մուտքին եւ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական այդ չքնաղ քաղաքին հրոյ ճարակ կործանման տարելիցն է այսօր՝ 9 Սեպտեմբերը։

Սեպտեմբեր 1922

1922ի Սեպտեմբեր 9ին, Դաշնակիցներու նաւատորմին անտարբեր եւ ձեռնածալ հայեացքին տակ, քեմալական զօրքը՝ Նուրէտտին փաշայի մը հրամանատարութեամբ, յաղթական մուտք գործեց երեք քառորդով յունաբնակ եւ հայաբնակ Զմիւռնիա քաղաքը։ Երեք օր շարունակ թուրք զինուորները ահաւոր վայրագութեանց՝ կոտորածի ու կողոպուտի, բռնաբարման ու հրկիզման ենթարկեցին Եգէականի ափին հազարամեակներով ապրած ու բարգաւաճած այս գեղեցիկ, արգասաբեր ու վաճառականական մեծ կեդրոն քաղաքը։

 

Ներկայի պատկեր

Բայց յատկապէս Զմիւռնիայի հայկական թաղամասերէն սկսած եւ արագօրէն ամբողջ յունաբնակ քաղաքն ու արուարձանները տարածուած անզուսպ հրդեհը, քեմալականներու հրահրումով, աշխարհի քարտէսէն ջնջեց գրեթէ ամբողջութեամբ յունական եւ հայկական՝ քրիստոնէակա՛ն շեշտակի դրոշմը Զմիւռնիային։

Սեպտեմբերի այս օրերուն, 91 տարի առաջ, Զմիւռնիայի բնակիչ յոյն թէ հայ բոլոր անոնք, որոնք չէին կրցած յունական նահանջող զօրքին հետ հեռանալ իրենց ծննդավայր քաղաքէն, նոյնիսկ եթէ յաջողեցան խուսափիլ թրքական զօրքի կոտորածներէն, ի վերջոյ զոհ գացին Զմիւռնիայի մեծ հրդեհին՝ բախտաւոր պարագային ծովը նետուելով... Նաեւ՝ քեմալականներու ձեռամբ ծովամոյն ըլլալով։

Այդպէ՛ս կործանեցաւ հելլէնական եւ հռոմէական դարերէն՝ Քրիստոսի ծնունդէն հազարամեակ մը առաջ կառուցուած ու մինչեւ 1920ականները հոյակերտ քաղաքակրթութիւն մը իր անունին կապած Զմիւռնիան, որ յատկապէս յոյն ժողովուրդին, բայց նաեւ 11րդ դարէն սկսեալ հոն հաստատուած հայութեան ստեղծագործ տաղանդին ու քաղաքակրթական շնորհներուն խօսուն վկայութիւնն ու փառքի դափնեպսակը հանդիսացաւ։

Այդպիսի՛ բարբարոսութեան վրայ հիմնուեցաւ Աթաթուրք հռչակուած Մուսթաֆա Քեմալի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ կործանուած Զմիւռնիային փոխարէն 1928ին ձեռնարկեց Իզմիր քաղաքի կառուցման, որ տասնամեակներու ընթացքին դարձաւ աւելի քան 2,5 միլիոն թուրք բնակչութեամբ առեւտըրական մեծ նաւահանգիստ՝ միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն հանդիսանալով։

Շատ գրուած է ե՛ւ 1919էն 1922 յոյն-թրքական պատերազմին, ե՛ւ նոյնինքն Զմիւռնիայի Աղէտին մասին։ Այսօր եւս լոյս կը տեսնեն տարբեր բնոյթի ուսումնասիրութիւններ կամ գրական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս եւ գեղարուեստական գործեր կը հրապարակուին՝ ամբողջապէս լուսաբանելու եւ արժեւորելու համար թէ՛ Զմիւռնիայի Աղէտը, թէ՛ Զմիւռնիայի քաղաքակրթական մեծ ներդրումը։

Յատկապէս յոյն ժողովուրդը, աշխարհի չորս ծագերուն, ամէն Սեպտեմբերի 9ին, ոչ միայն կ'ոգեկոչէ յիշատակը բազմահազար իր նահատակներուն, այլեւ՝ կը սգայ կործանումն ու կորուստը յոյն ազգային յիշողութեան մէջ իր անփոխարինելի տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Զմիւռնիային։

Միաժամանակ իր այժմէական դասերով՝ 9 Սեպտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը իր վրայ կը կեդրոնացնէ ուշադրութիւնը ոչ միայն յոյն ժողովուրդին, այլեւ թրքական եղեռնագործութեան այս կամ այն չափով զոհ գացած բոլոր ժողովուրդներուն, որոշապէս իրաւատէր հայութեան, որովհետեւ 91 տարի առաջ պատահած մեծ ողբերգութեան նկատմամբ եւս Թուրքիա օրին որդեգրեց եւ կը շարունակէ կառչած մնալ պետական եւ պաշտօնական ուրացումի ու չքմեղանքի միեւնոյն քաղաքականութեան։

Աւելի՛ն. Զմիւռնիայի Աղէտը ուսանելի շատ ծանր դասեր կը փոխանցէ մեծապետական աշխարհի ղեկավար ուժերուն նեղ-շահամոլական վարքագծին՝ Թուրքիան սիրաշահելու նպատակով անոնց ներքին մրցապայքարին մասին, որմէ առաւելագոյնս օգտուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ։

Քեմալ միջազգային մրցապայքարը առաւելագոյնս շահագործեց 1922ին Զմիւռնիան գրաւելու եւ այդպէ՛ս կործանելու ժամանակ, ինչպէս որ օգտուած էր նախապէս ալ, 1920ի աշնան, արշաւելով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ եւ, անոր խորտակման ու խորհրդայնացման զուգահեռ, բռնագրաւելով հայապատկան Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Կարինը՝ ամբողջ Արեւմտահայաստանի վրայ թրքական տիրապետութիւն հաստատելով։

Մեծապետական ուժերու այդօրինակ վարքագիծը միշտ ալ բաւարար հիմք տուած է թրքական պետութեան վարիչներուն, Քեմալի ժամանակներէն մինչեւ Էրտօղանի այս օրերը, որպէսզի արհամարհեն պատմութիւնն ու թրքական եղեռնագործութեան զոհերուն ազգային յիշողութիւնը՝ անպատիժ մնացած իրենց յանցագործութեան վրայ գումարելով Ուրացման, այլեւ Պատմական Նենգափոխման ոճիրը։

Զմիւռնիայի Աղէտէն 91 տարի ետք ալ թրքական պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ աշխարհին հրամցնել միեւնոյն այն յանկերգը, թէ իբր՝ 1) Յոյները իրենք հրահրեցին ազգամիջեան ատելութիւնն ու թշնամանքը, երբ 1919ի Մայիսին «գրաւեցին» Զմիւռնիան՝ օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան Կայսրութեան կրած խայտառակ պարտութենէն։ 2) Զմիւռնիա մտած յոյն զին-ւորները ուղղակի կոտորածի ենթարկեցին քաղաքի թուրք փոքրամասնութիւնը։ 3) Զմիւռնիան հրդեհի տուողներն ալ եղան իրենք՝ յոյն զինուորները, որոնք իրենց նահանջին եւ Զմիւռնիան պարպելու ժամա- նակ ուզեցին քարուքանդ քաղաք մը... աւար ձգել յաղթական թուրք բանակին։

Անշուշտ անպատասխան մնացած չէ սուտի ու կեղծիքի ճամբով պատմութիւնը նենգափոխելու եւ սեփական եղեռնագործութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ Ուրացման պետական այդ քաղաքականութիւնը։ Յոյն, անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի եւ մանաւանդ հայ պատմաբաններու սպառիչ ուսումնասիրութիւններով եւ փատագրական հաւաքածոներով, ինչպէս նաեւ պետական արխիւներու մէջ պահուած զեկուցագրերու եւ նամակագրութեանց ճամբով՝ թրքական յանցագործութիւնը, իր ամբողջական ահաւորութեամբ, մերկացուած է ամէն կարգի ուրացման եւ խեղաթիւրման փորձերէ։

Այսօր արար-աշխարհ գիտէ, որ

1) Դաշնակիցները իրե՛նք Յունաստանի իշխանութեան վստահեցան Զմիւռնիայի հոգատարութիւնը եւ այդպէս էր, որ վարչապետ Վենիզելոս յունական զօրք ղրկեց Զմիւռնիա 1919ի Մայիսին։

2) Եթէ մինչեւ 9 Սեպտեմբեր 1922 մղուած յոյն-թրքական կռիւներու ընթացքին յոյն զինուորներ գործեցին յանցանքներ թուրք խաղաղ բնակչութեան դէմ, այդ արարքները դատապարտելի ըլլալով հանդերձ՝ պատերազմը կորսնցնող բանակի մը զինուորներուն անկարգ եւ հասկնալի հակազդեցութեանց հետեւանքը եղան, մինչդեռ քեմալական զօրքը՝ յաղթական մուտք գործելով Զմիւռնիա, ուղղակի Նուրէտտին փաշայի հրահանգով ձեռնարկեց յոյն եւ հայ բնակչութեան սպանդին ու քաղաքի հրոյ ճարակ կործանումին։

3) Դաշնակիցները իր բախտին լքեցին Զմիւռնիան եւ անոր յոյն թէ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը պաշտպանող յունական զօրքը, երբ Քեմալ սկսաւ Լենինի հետ իր սիրաբանութեան, իսկ անգլիացիք եւ ամերիկացիք, ֆրանսացիք ու իտալացիք սկսան թրքական ազգայնամոլութեան նորայայտ առաջնորդին սիրաշահելու միջոցներ փնտռել, որպէսզի չկորսնցնեն Առաջին Աշխարահամարտի իրենց նուաճած պատերազմական աւարները...

Պատմական ճշմարտութիւնը փաստագրող աղբիւրները նաեւ կþանդրադառնան յունական ներքին քաղաքականութեան մէջ այդ շրջանին երեւան եկած տարակարծութիւններուն, որոնց հետեւանքով Վենիզելոս կորսնցուց իշխանութիւնը եւ փոխարինուեցաւ ուժերով, որոնք ռազմական եւ դիւանագիտական փորձառու ուժերը հեռացուցին յոյն-թրքական ռազմաճակատէն, ինչ որ եկաւ աւելիով տկարացնելու Զմիւռնիա հաստատուած յունական զօրքին դիմադրականութիւնը, գումարուելով Դաշնակիցներուն կողմէ լքուած ըլլալու վիճակին վրայ։

Այս բոլորը առաւլագոյն առարկայականութեամբ եւ գիտական փաստագրութեամբ ներկայացուած են տասնեակաւոր հատորներու մէջ, բայց յատկապէս ամերիկահայ պատմաբան Մարճըրի Յովսէփեան-Տոփքինի «Զմիւռնիա 1922.- Քաղաքի մը կործանումը» խորագրով կոթողական գործին մէջ։

Թրքական ուրացումները եւ խեղաթիւրումները փաստօրէն հիմք չունին։

9 Սեպտեմբեր 1922ին Թուրքիա մեծ ոճիր մը եւս աւելցուց դարաւոր իր յանցագործութեանց տխրա- հռչակ պատմութեան վրայ։

Թրքական եղեռնագործութեէն վերապրած ժողովուրդները չեն կրնար մոռնալ իրենց նահատակներն ու քաղաքակրթական ծանրագոյն կորուստները, բայց նաեւ իրենց մէջ ուժը պէտք է գտնեն չմոռնալու պատմութեան դաժան դասերը, որպէսզի անպատիժ մնացած ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած Ուրացման շարունակուող քաղաքականութեան դարձեալ զոհ չերթան... իրենց նոր սերունդներով։

Ն.