Print
Category: Յուշատետր

Սեպտեմբեր 3ին, 185 տարի առաջ, ներկայիս իբրեւ Ատրպէյճան ճանչցուած երկրի հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Շամխոր քաղաքին մէջ, իր աւարտին հասաւ 18րդ դարուն սկսած եւ մինչեւ 1929 թուականը շարունակուած ռուս-պարսկական երկարատեւ պատերազմին կարեւորագոյն ու վճռորոշ ճակատամարտներէն մէկը՝ ռուսական զօրքերու եւ անոնց յառաջապահ ուժը կազմող հայ կամաւորականներու փայլուն յաղթանակով։

Շամխորի ճակատամարտը իրողապէս վերջակէտ դրաւ Հայաստանի վրայ դարեր տեւած պարսկական տիրապետութեան։ Ցարական Ռուսաստանը փաստօրէն իր տիրապետութիւնը հաստատեց Անդրկովկասի վրայ եւ իր ուժերը կեդրոնացուց, սուլթանական Թուրքիոյ վրայով, Միջերկրականի «տաք ջուրեր»ը հասնելու կայսրերապետական երազին իրականացման ուղղութեամբ։

Շամխորի ճակատամարտը կրկնակի առումով բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար։

Առաջի՛ն. Արեւելահայաստանի եւ արեւելահայութեան հետագայ կեանքը կապեց ռուսական տիրապետութեան ու ցարական ծաւալապաշտութեան վերիվայրումներուն։

Երկրո՛րդ. դարաւոր գերութեան հետեւանքով ազգային-ռազմական իր մարտունակութենէն պարպուած հայութեան մէջ վերստին արծարծեց սեփական ճակատագրին՝ անկախ Հայրենիքին ու Պետականութեան տէր կանգնելու վճռականութիւնը։

Շամխորի ճակատամարտին պատմակերտ յաղթանակը փաստօրէն հնարաւոր դարձաւ ռուսական բանակի հայազգի մեծ զօրավարներէն Վալերիան (Ռոստոմ) Գրիգորի Մադաթովի (1782-1829) ռազմական տաղանդին շնորհիւ, որ իր հրամանատարութեան տակ ունէր հայ կամաւորներէ բաղկացած փոքրաթիւ, բայց քաջարի զօրաբաժին մը։

Շամխորը կամ Շամքորը հայոց պատմութեան մէջ յայտնի է առնուազն 5րդ դարէն սկսեալ։ Պատմականօրէն ան կը գտնուէր Մեծ Հայքի Ուտիք աշխարհի Գարդման կամ Շակաշէն (ըստ տարբեր տուեալներու) գաւառներու կազմին մէջ։ Թէեւ Շամխորը ի սկզբանէ հայաբնակ քաղաք էր (եւ իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ ուշ միջնադար), այդուհանդերձ՝ պատմութեան ընթացքին Շամխորը բազմիցս ասպատակուած է սկիւթներու, ալաններու եւ այլ լեռնցիներու կողմէ, որոնց մէկ մասը նաեւ բնակութիւն հաստատած է քաղաքին մէջ կամ անոր յարակից տարածքներուն վրայ։

Թիֆլիս քաղաքի արեւելեան դարպասը հանդիսացող Շամխորը, Արաբական արշաւանքի ժամանակ՝ 652 թուականին Շամխորը գրաւուեցաւ արաբներու կողմէ եւ ինկաւ Շետտիտեաններու շուրջ հինգ դար տեւած արաբական տիրապետութեան ներքեւ։

1195 թուին հայ-վրացական միացեալ բանակը՝ Զաքարեաններ եւ Վահրամեաններ իշխաններու հրամանատարութեան տակ, ազատագրեց Շամխորը։ Քաղաքը միացուեցաւ Գագի Վահրամեաններու (Վահրամեան-Գագեցի) հայոց իշխանութեան։ Շամխորի մէջ տեղաւորուեցաւ Վահրամեաններու իշխանութեան մաքսատուն-կամուրջը, որ հայոց պատմութեան յայտնի է Դրունք Հայոց անուանումով։

Շամխորը մնաց Վահրամեաններու իշխանութեան կազմին մէջ մինչեւ թաթար-մոնկոլական 13րդ դարու աւերիչ արշաւանքները Հայքի վրայ։ Թաթար-մոնկոլներու գործած կոտորածներէն ու թալանէն յետոյ, Շամխորը կորսնցուց իր նախկին փառքը եւ դարձաւ գաւառական աւան։

18րդ դարէն սկսեալ, երբ ցարական Ռուսաստանը ձեռնարկեց Անդրկովկասի վրայ իր տիրապետութիւնը հաստատելու արշաւանքներուն, Շամխորի ռազմավարական դիրքը յատուկ կարեւորութիւն ստացաւ։ Թիֆլիսին տիրացած ռուսական զօրքը երկարատեւ պատերազմներ մղեց Շահի Պարսկաստանին դէմ, որ հարաւէն ու արեւելքէն կ'արգելակէր ցարական յառաջխաղացքը թրքական գրաւման տակ գտնուող շրջաններու, յատկապէս Արեւմտահայաստանի ուղղութեամբ։

Ռուս-պարսկական պատերազմները 1806ին նոր սաստկացում արձանագրեցին, երբ Նափոլիոնի դրդումով Թուրքիան պատերազմի ձեռնարկեց Ռուսաստանի դէմ։ Թրքական զօրքերը օգտուեցան Ցարական Կայսրութեան ներքին խնդիրներէն եւ յաջողութեամբ պսակեցին իրենց յարձակումները Կարսի, Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի ճակատներուն վրայ։

Մեծն Բրիտանիան իր կարգին կը փորձէր պատերազմի դաշտ մղել Պարսկաստանի Շահը, որ չէր մարսած ռուս-պարսկական առաջին պատերազմին իր կրած պարտութիւնն ու իր տիրապետութեան ենթակայ Անդրկովկասի կորուստը՝ ռուսական զօրքի յաղթական գրոհներուն հետեւանքով։

Անգլիական դիւանագիտութիւնը ի վերջոյ յաջողեցաւ եւ պարսկական 60 հազարնոց բանակը, թագաժառանգ Աբաս Միրզայի գլխաւորութեամբ, 1826ի Յուլիսին, խախտելով 1813ին կնքուած ռուս-պարսկական Գիւլիստանի պայմանագիրը, ներխուժեց Ռուսաստանի սահմանները: Երեւանի Հուսէյն խանի զօրքերը յանկարծակի յարձակումով ներխուժեցին Շիրակի եւ Փամբակի սահմանները: Սկսաւ ռուս-պարսկական երկրորդ պատերազմը: Պարսկական բանակին անսպասելի յարձակումը ծանր դրութեան մատնեց ռուսական փոքրաքանակ զօրամասերն ու անոնց կողմէ նուաճուած շրջաններու բնակչութիւնը:

Պարսկական զօրքերը Յուլիս 1826ի վերջերուն պաշարեցին Ղարաբաղի Շուշիի բերդը: Բերդի 1700 հոգինոց կայազօրը եւ հոն ապաստանած շրջակայ գիւղերու բնակիչները դիմեցին ինքնապաշտպանութեան: Պարսիկները անգլիացի մասնագէտներու գլխաւորութեամբ ականապատեցին բերդի պարիսպները եւ քանի մը անգամ գրոհի ձեռնարկեցին, բայց յաջողութեան չհասան: Շուշիի 47 օր տեւած պաշտպանութիւնը մեծապէս ձախողութեան մատնեց Թիֆլիսի վրայ յարձակելու պարսկական ծրագիրները:

Իսկ Հայաստանի տարբեր շրջաններում մէջ կազմուեցան կամաւորական ջոկատներ, որոնք խիզախօրէն մարտնչեցան պարսկական զօրքին դէմ: Լոռի-Փամբակի ճակատին վրայ քաջաբար կռուեցաւ Մարտիրոս Վեքիլեանի ջոկատը։ Իսկ Ղազախ-Շամշադինի ճակատին վրայ, յատկապէս Դիլիջանի մէջ, հերոսական գրոհներ իրագործեց վարդապետ Գրիգոր Մանուչարեանի հեծեալ ջոկատը։

Երկու տարի տեւած ռուս-պարսկական երկրորդ պատերազմին վճռորոշ ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 1828ի Սեպտեմբեր 3ին, երբ Ցարական Ռուսաստանի անդրկովկասեան զօրքերու հրամանատարը՝ հայազգի նշանաւոր զօրավար Վ. Մադաթովի 2000 հոգինոց զօրաջոկատը Շամխորի մօտ ծանր պարտութեան մատնեց Աբաս Միրզայի 10 հազար հոգինոց զօրամասը:

Մադաթովը ռուսական բանակի հեղինակաւոր զօրավարներէն էր: Անոր ռազմական տաղանդին բնորոշ գիծը արագութիւնն էր. ոչ միայն արագօրէն վճիռ կայացնելու, այլեւ նոյնքան արագութեամբ զայն իրագործելու առումով։

Մադաթովի զօրաջոկատին յանձնարարուած էր պաշտպանական դիրքեր գրաւել Խրամ գետի երկայնքով եւ ամէն կերպ կասեցնել պարսկական զօրքերու յառաջխաղացքը դէպի Թիֆլիս:

Արագօրէն առաջանալով Ղազախի ուղղութեամբ՝ Մադաթով տեղւոյն հայերէն տեղեկացաւ, որ Շամխորի լեռներուն մէջ դարանակալ սպասող պարսկական մեծաթիւ զօրամաս մը կը պատրաստուի անակնկալ յարձակում գործելու իր զօրաջոկատին վրայ: Իրեն բնորոշ գործելաոճով, Մադաթով նախաձեռնութիւնը ինք վերցուց եւ, առանց յապաղելու, նախայարձակ դառնալով՝ կրցաւ ցիրուցան ընել պարսկական ջոկատը, հող նախապատրաստելով դէպի Շամխոր յառաջխաղացքի համար:

Սեպտեմբեր 3ի լուսաբացին, իր հետեւազօրը դասաւորելով երեք ոչ-մեծ զօրասիւներով, Մադաթով արձակեց գրոհի հրամանը: Ի պատասխան ռուսական զօրքի յառաջխաղացքին՝ պարսկական զօրքը հուժկու կրակ բացաւ, սակայն Մադաթովը անդրդվելի էր ու վճռակամ. հեծնելով իր ղարաբաղեան ոսկեգոյն նժոյգը՝ Մադաթով իր զօրաջոկատը անձամբ տարաւ սրընթաց գրոհի: Հայազգի տաղանդաւոր զօրավարը միաժամանակ իր ջոկատին առաջին զինուորն էր եւ գրոհի հրաման տալով՝ ամէնէն առաջ ինք նետուեցաւ թըշնամի գնդակներու տարափին դէմ: Իսկ երբ զինք փորձեցին ետ պահել՝ ըսելով, թէ «Ձեզ նկատել են, Ձերդ բարեծնութիւն, Ձեզ վրայ են նշան բռնում»,Մադաթով անվրդով պատասխանած է.- «Աւելի լաւ, որ ինձ տեսնում են. աւելի շուտ կը փախչեն»:

Շամխորի ճակատամարտին յաղթական աւարտը դափնեպսակը դարձաւ հայազգի մեծանուն զօրավարին։ 

Ն.