Print
Category: Յուշատետր

Սեպտեմբերի այս օրերուն, 72 տարի առաջ, հայրենի հայութիւնը ապրեցաւ ազգային ինքնաճանաչումի եւ հպարտութեան զեղուն դրսեւորումներու նշանակալից հանգրուան մը։
Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութեանց եւ, որոշապէս, այդ օրերու մենատէր Ստալինի արտօնութեամբ ու խրախուսանքով, Հայաստան պաշտօնապէս տօնակատարեց հազարամեակը ազգային մեր դիւցազնապատումին՝ «Սասունցի Դաւիթ» վիպասքի ստեղծման հազարամեակը։

Օրին դժուար էր բացատրել, թէ ինչո՞ւ եւ պետական ի՞նչ տրամաբանութեամբ «խորհրդային ժողովուրդներու Հայր» Ստալինը որոշեց այդպէս, յանկա՛րծ, թափ տալ ազգային զգացումներու շղթայազերծման։
Չէ՞ որ նոյն Ստալինի հրահանգով, հազիւ երկու¬երեք տարի առաջ, հայ մտաւորականութեան սերուցքին դէմ մոլեգնած էր հալածանքի եւ «մաքրագործումներ»ու պետական կատաղութեան ահաւոր ալիքը՝ «ազգայնականութեան» (նացիոնալիզմի) եւ «դաշնակիզմ»ի դէմ պայքարի պատրուակով մշակութային սպանդ իրագործելով ու Խանճեաններու, Չարենցներու եւ Բակունցներու... գլուխը ուտելով, իսկ հազարաւորներ դէպի Սիպիր աքսորելով։
Անշուշտ միայն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած չէին Ստալինեան «Սարսափի կայսրութեան» կատաղի հալածանքները, ոչ ալ այդ «մաքրագործումներու»ն հետեւած «ազգային զարթօնքի գարունը» բացառապէս մեր ժողովուրդին վերապահուած էր։
Փաստօրէն միջազգային քաղաքականութիւնը թաւալգլոր անկումի զառիթափին վրայ էր, ողջ մարդկութիւնը կը դիմագրաւէր Երկրորդ Աշխարհամարտի ստոյգ վտանգը։ Ստալին ամէն հիմք ունէր, որպէսզի խորհրդային ամբողջատիրութեան կողմէ գերեվարեալ ազգերուն եւ ժողովուրդներուն ազգային ինքնասիրութիւնը շոյելով՝ զանոնք մղէր նոր զոհաբերութեանց... յանուն «խորհրդային ընդհանուր հայրենիք»ի։
Այո՛, այսպէս կոչուած «Հայրենական մեծ պատերազմ»ի նախօրեակն էր եւ «Ստալին Հայրիկ»ը ելք կը փնտռէր՝ միլիոնաւոր երիտասարդներ նացիական անխուսափելի ներխուժման դէմ ռազմաճակատ տանելու համար։ Իսկ հայ ժողովուրդի պարագային, Ստալինի ղեկավարած այդ «Հայրենական մեծ պատերազմ»ը պիտի արժէր կեանքը առնուազն երեք հարիւր հազար հայ զինուորագրեալներու...
Յուշատետրի այսօրուան՝ 12 Սեպտեմբերի էջը, սակայն, ուղղակիօրէն կապ չունի ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին ազգային զգացումներու զարթօնքին տրուած պետական¬պաշտօնական այդ խրախուսանքին եւ անոր քաղաքական յետին դիտաւորութեանց հետ։
Կապ ունի ա՛յն իրողութեան հետ, որ ստալինեան այդ «հոգեփոխութիւն»ը առիթը ընծայեց 1936¬1937ի արհաւիրքէն վերապրած հայ մտաւորականութեան, որպէսզի ձեռնարկեն հայոց ազգային դիւցազնապատումին՝ «Սասունցի Դաւիթ»ի վիպասքին ստեղծման հազարամեակը մեծարելու պաշտօնական տօնակատարութեանց։
Որոշ աղբիւրներ Սեպտեմբեր 12ը, իսկ ուրիշներ Սեպտեմբեր 15ը կը յիշատակեն իբրեւ «Սասունցի Դաւիթ»ի հազարամեակի տօնակատարութեանց սկզբնաւորման թուական։ Կարեւորը այն է, որ Երկրորդ Աշխարհամարտին սկիզբը դնող Լեհաստանի վրայ Հիթլէրի արձակած գերմանական յարձակման հրահանգէն օրեր ետք, Երեւան ողողուեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային ծառացման ոգին յաւերժացնող Սասունցի Դաւիթի դիւցազներգութեամբ։
Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Սասունցի Դաւիթ» անունով կայարանին եւ անոր հանդիպակաց հրապարակին վրայ Երուանդ Քոչարի ստեղծագործած յուշարձանին։ Հայոց ազգային հերոսապատումին նուիրուած գրական, թատերական եւ գեղանկարչական ստեղծագործութեանց շքերթ մը սկսաւ։ Բայց մանաւանդ հիմը դրուեցաւ դիւցազնավէպի գիտական համահաւաքման պետական գործին, որ կարեւորագոյն նուէրը հանդիսացաւ «Սասունցի Դաւիթ»ի հազարամեակին։
Թէեւ 19րդ դարու երկրորդ կիսուն արդէն կարեւոր ճամբայ կտրած էր ժողովրդային ասքերու եւ բանահիւսութեանց մէջ պահուած դիւցազնապատումին տարբերակները ի մի բերելու եւ բաղդատական ուսումնասիրութեան արժանացնելու գործը, այսուհանդերձ՝ յատկապէս 1939էն յետոյ մեծ թափով յառաջ մղուեցաւ հայոց դիւցազնավէպի համահաւաքման, ճշգրտման, ծանօթագրումի եւ բիւրեղացման գիտական աշխատանքը։ Բազմատասնեակ տարբերակները ի մի բերուեցան, վիպասքի գլխաւոր չորս ճիւղերը՝ Ա.) Սանասար ու Պաղտասար, Բ.) Մեծն Մհեր, Գ.) Սասունցի Դաւիթ եւ Դ.) Փոքր Մհեր բաժինները իրենց տեղերը գտան եւ հայ ժողովուրդը նոր ժամանակներ թեւակոխեց իր ազգային ազատատենչութեան, ըմբոստութեան եւ մարտունակութեան ոգին յաւերժացնող սպառիչ գրականութեամբ։
Ճիշդ է, ժամանակը նաեւ իր անհեթեթ դրոշմը փորձեց դնել «Սասմայ Ծռեր», «Սասունցի Դաւիթ» եւ այլ անուանումներով յայտնի Հայոց Դիւցազնապատումին վրայ։ Գտնուեցան խորհրդային քարոզարշաւի խնկարկուներ, որոնք փորձեցին դասակարգային պայքարի գաղափարախօսական մտակաղապարման ծառայեցնել «Սասունցի Դաւիթ»ը, բայց այդ անհեռանկար փորձերը ի վերջոյ նետուեցան գրական վիժուկներու աղբանոցը։
Մեր սերունդներուն ժառանգ մնաց ազգային ինքնաճանաչման եւ հպարտութեան վարար աղբիւր Սասունցի Դաւիթի ազգային վեհ տիպարը՝ իբրեւ օտարի տիրապետութեան տակ դանակը ոսկորին հասած հայոց ազգի անկասելի ծառացման հերոսական խորհրդանիշը։

Ն.