«Այս բռնութիւնը երկար չի տեւի, Խ.Ս.Հ.Մ.ը լի է բանտերով եւ ճամբարներով, այն դատապարտուած է կործանման: Չարութեան կայսրութիւնը վերջապէս կը քանդուի: Իշխանութիւնը, որը պահւում է դաւաճանների միջոցով, գոյութեան իրաւունք չունի: Կը գայ նոր դարաշրջան, եւ հայը նորից կը դառնայ իր երկրի տէրը: Ճշմարտութիւնը կը յաղթի, եւ ինձ վերջապէս կը հասկանան, բայց, ցաւօք, ես արդէն չեմ լինի»:
Մարգարէական այս նախատեսութեան ու պատգամին հեղինակը հայ գրականութեան քսաներորդ դարու անմահներէն Գուրգէն Մահարին է, որուն ծննդեան 110ամեակը կը նշենք Օգոստոս 1ի այս օրը։
Հայ գրականութեան հալածուած, բռնադատուած ու աքսորուած սերունդին տաղանդաւոր ձայնը եղաւ Մահարի, որ ցմրուր ճաշակեց խորհրդային ամբողջատիրութեան խստագոյն հալածանքներուն դառն բաժակը։
Եղաւ տաղանդաւոր ձայնը խորհրդահայ գրականութեան հիմնադիր սերունդին, որ «Կարմիր Արեգակ»ին՝ «Մուրճ ու Մանգաղ»ին ձօնուած ներբողանքի դրօշակիրը ըլլալով հանդերձ՝ դատապարտուեցաւ իր ստեղծագործական կեանքին ամէնէն բեղուն շրջանը զոհաբերելու խորհրդային «Չարիքի Կայսրութեան» այսպէս կոչուած «ստալինեան մաքրագործումներ»ուն...
Մահարի կրտսեր գործակիցն ու գաղափարակիցը եղաւ Չարենցի ու Բակունցի, որոնք իրենց արեամբ վճարեցին ծանրագոյն գինը խորհրդային «Այգաբաց»ին։ Մահարի իր կարգին հալածուեցաւ ու բռնադատուեցաւ, բայց Չեկայի բանտերուն մէջ ֆիզիքապէս չսպաննուեցաւ, այլ դատապարտուեցաւ Սիպիրեան ցմահ աքսորի... Այդուհանդերձ՝ գոյատեւեց եւ վերադարձաւ իր ժողովուրդին ու հայ գրականութեան, որպէսզի կարենայ վկայել խորհրդային «դրախտ»ի բուն էութեան՝ հոգեբարոյական արհաւիրքին մասին։
Մահարի հաւատացողն էր, որ «Ամէն մէկի կեանքում պէտք է մի փոքր անձրեւային եղանակ լինի, որպէսզի յետոյ լաւ փայլատակի արեւը»: Իր ամբողջ գրականութիւնը կիզակէտ ունեցաւ այդ հաւատքն ու սպասումը։ Բայց անձնապէս իր ու յատկապէս իր պաշտած ժողովուրդին եւ հայրենիքին չար բախտէն, Մահարի ապրեցաւ ու վայելեց միայն կարճատեւ արեւոտ եղանակ, որովհետեւ շարունակ անձրեւ ու մշուշ, արիւն եւ ցաւ «տեղաց» իր ճամբու ընթացքին...
Գուրգէն Գրիգորի Աճէմեան ծնած էր 1903 թուականի Օգոստոս 1ին, Վան՝ Արեւմտահայաստանի պորտը հանդիսացող հնաւանդ քաղաքին մէջ: Արեւմտահայու իր կազմաւորումը եւ մանկութեան ու պատանեկութեան իր յիշողութիւնները վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան իր հետագայ կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին համար։ Վանեցիի իր իւրայատուկ կազմաւորումով Մահարի մշակեց թէ՛ իր ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը, թէ՛ իր գեղարուեստական գրականութիւնը։ Պատահականօրէն չէր, որ Մահարիի արձակին մնայուն նուաճումները եղան իր «Մանկութիւն» (1929) եւ «Պատանեկութիւն» (1930), «Երիտասարդութեան սեմին» (1955) ու «Այրուող Այգեստաններ» (1966) գործերը, ուր մէկ կողմէ համով ու հոտով պատումն ու ստեղծագործական թարմ շունչը, իսկ միւս կողմէ դառն եւ թունաւոր տպաւորութիւններն ու համոզումները միշտ տիրապետեցին։ Թէեւ մինչեւ Առաջին Աշխարահամարտի բռնկումը, ինչպէս որ ինք կը վկայէ, Մահարի ապրեցաւ «քիչ թէ շատ անհոգ» մանկութիւն ու պատանեկութիւն, բայց այդ շրջանին իր ապրած թէ՛ անձնական, թէ՛ ազգային ողբերգական իրադարձութիւնները մինչեւ մահ ծանր մղձաւանջի մէջ պահեցին իր ողջ էութիւնը։ Մանաւանդ որ նախախորհրդային հայ իրականութեան ազգային-քաղաքական խմորումներուն՝ յատկապէս Դաշնակցութեան սերմանած ազատագրական եւ յեղափոխական արժէքներուն ու աւանդներուն հանդէպ անհաշտ հակադրութիւն մը շարունակ կրծեց Մահարիի գաղափարական էութիւնը, փոխարէնը անհիմն պաշտամունք մը զարգացնելով այսպէս կոչուած «խորհրդային դրախտ»ին նկատմամբ, որուն համար ծանրագոյն գին վճարեց՝ երկար տարիներ հայրենի հողէն ու հայ գրականութենէն զրկուած՝ հեռաւոր աքսորավայրերու մէջ ապրելով։
Մահարի գրչանունով անմահացած Գուրգէն Աճէմեանի գաղափարական աշխարհին անյաղթահարելի վէրքը եղաւ ու մնաց ընտանեկան ողբերգութիւն մը, որ պատահեցաւ իր մանկութեան տարիներուն։ Արմենական կուսակցութեան պատկանող հայրը սպաննուեցաւ իր սեփական մօրեղբօր կողմէ, որ դաշնակցական էր։ Մահարի մինչեւ մահ չկրցաւ հաշտուիլ այդ ողբերգութեան հետ եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի անցած ուղին դիտեց ու արժեւորեց թունաւոր այդ հոգեվիճակով՝ միջ¬կուսակցական վէճերով ու սուր հակադրութիւններով արատաւորել փորձելով հայ ազգային գաղափարաբանութեան անկորնչելի հարստութիւնը։
Եւ չափազանցութիւն պիտի չըլլայ այն ընդհանրացումը, որ Գուրգէն Մահարի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը եղաւ մինչեւ մեր օրերը հայրենաբնակ հայութեան որոշ շերտերուն մէջ «վերապրող» հակակուսակցական եւ յատկապէս հակադաշնակցական գաղափարական մաղձին։
Կենսագիրները իրաւացիօրէն կը նշեն, որ Սիամանթոյով եւ Վարուժանով, Թէքէյեանով ու Մեծարենցով սնած ու գրականութեան փարած Մահարիի կեանքը հիմնովին գլխիվայր շրջուեցաւ, երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը։ Պատանիի զարհուրած աչքերով ան հետեւեցաւ ու սեփական մորթին վրայ զգաց ահաւորութիւնը թրքական հայատեացութեան, եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական կեղծիքին ու շահամոլութեան։ Տեսաւ մանաւա՛նդ հերոսական խոյանքը սեփական ժողովուրդին, որ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրինակով նուաճեց արեւուն տակ յաղթահասակ կանգնելու մեր ազգային արժանաւորութիւնը։ Բայց որովհետեւ արեւմտահայութիւնը եւս քաղաքական իր ապագան կապած էր Ռուսաստանի հետ՝ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Վանի հայութիւնն ալ բիւրաւոր գաղթականներով անցաւ Արեւելահայաստան։
Գուրգէն Աճէմեան մեծ գաղթի ժամանակ կորսնցուց մայրն ու հարազատները. իր սերընդակիցներու մեծ մասին պէս պատսպարուեցաւ որբանոցներու մէջ։ Տարիներ ետք Մահարի վերագտաւ իր մօրը եւ հարազատներուն։ Իր մանկութեան այնքան պաշտելի «տատիկ»ը արդէն մահացած էր գաղթի ճամբուն վրայ։ Թէեւ Թիֆլիս, Ալեքսանդրապոլ թէ Երեւան, որբանոցներու մէջ, նախնական կրթութեան ու կտոր մը հացի եւ պնակ մը կերակուրի հնարաւորութիւնը ունեցաւ, բայց որբի կեանքը շատ ծանր տարաւ Մահարի, խոր դառնութիւն եւ անսահման ցասում ապրեցաւ, որոնք երիտասարդութեան սեմին կանգնած հայ որբին մղեցին դէպի պոլշեւիկեան «Արեւածագ»ը պաշնելու ինքնախաբէութիւնը։
Որբանոցի տարիներուն Մահարի ծանօթացաւ Չարենցին եւ ուղղակի իբրեւ ուսուցիչի կապուեցաւ անոր հետ։ 1922ին լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ «Արտամետեան Գիշերներ» խորագրով։ Երկրորդ հատորը բանաստեղծութեանց՝ «Մրգահաս» խորագրով, լոյս տեսաւ 1932ին, «Ձօն՝ Եղիշէ Չարենցին» ներածութեամբ։ Աւելի ուշ, աքսորէ վերադարձին, լոյս տեսան Մահարիի բանաստեղծական միւս ժողովածուները՝ «Ծովի Երգեր»ը, «Հնձաններ»ը, «Անդունդն Ի Վեր»ը, «Անանձնական»ն ու «Պոեմներ»ը: Բանաստեղծական իր գործերուն մէջ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, մեծապէս զգալի են ոչ միայն արեւմտահայ գեղապաշտ սերունդին, այլեւ Տէրեանի ու Չարենցի ազդեցութիւնները։
Մահարիի գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-գաղափարական հետագայ ուղիի հունաւորման մէջ մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Ակսէլ Բակունցի։ Մահարի մեծ խանդավառութեամբ նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց իր «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» գործերը, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան եւ մեծ հռչակի արժանացուցին զինք: Բակունցի ներշնչումով՝ Մահարի իւրովի վերանայման ենթարկեց հայ ժողովուրդի մօտաւոր անցեալին վերաբերեալ իր տեսակէտները եւ սկսաւ վերարժեւորել ազգային-ազատագրական պայքարին գաղափարական աւանդները՝ համապատասխան թարմացման ենթարկելով իր ստեղծագործութիւնները։
Այդ հասունացման շրջադարձը բաւարար հիմք նկատուեցաւ խորհրդային իշխանութեանց համար, որպէսզի նաեւ Մահարիին ենթարկեն 1936ի համատարած հալածանքին ու բռնադատութեանց։ Թէեւ մահապատիժ չստացաւ, բայց մինչեւ Ստալինի մահը աքսորի դատապարտուեցաւ նաեւ Մահարի։ Աքսորի մէջ ամուսնացաւ լիթվացի Անտոնինայի հետ։ 1953ին վերադարձաւ Երեւան՝ հիւծած ու քայքայուած առողջութեամբ։ Թափով վերսկսաւ ստեղծագործական աշխատանքի։ 1950ականներու վերջերուն լոյս տեսաւ իր «Ծաղկած փշալարեր» վիպակը, որ աքսորի տարիներուն կը վերաբերի եւ իբրեւ «խորհրդային կուլակ»ի խորհրդանշած մարդկային ողբերգութեան ու գաղափարական արհաւիրքին նուիրուած ցնցիչ գրականութիւն՝ իր տեսակին մէջ միջազգային մեծ արժէք կը ներկայացնէ. այդ պատճառով ալ արժանացաւ ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութեանց։
Գուրգէն Մահարիի գրական ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն անոր գրած նամակները, որոնք երկար տարիներու վրայ տարածուած՝ ուղղուած են քսաներորդ դարու մեր գրականութեան մեծարժէք դէմքերուն եւ կը շօշափեն ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ ազգային մեր կեանքին հրատապ խնդիրները։
Գուրգէն Մահարի վախճանեցաւ Յունիս 17ին, 1969 թուին, Պալանգա (Լիթվա) եւ թաղուեցաւ Երեւան։
Ուշագրաւ է, որ 66 տարի ապրած եւ մէկ կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախիլ եղած՝ գաղթ ու աքսոր ճաշակած մեծարժէք հայ գրողը, այդքա՜ն բազմաչարչար կեանք ապրելով հանդերձ, խոր համոզումով միշտ տէր կանգնեցաւ իր կտրած ուղիին։ Ինչպէս որ իր ինքնակենսագրականի աւարտին կ'ընդգծէ՝
«… Եթէ այս րոպէին ներս մտնէր ահեղ եւ ամենակարող Եհովան, նստէր իմ դիմաց, մի ծխախոտ վառէր եւ ասէր.- Տալիս եմ քեզ երկրորդ կեանք, գծիր քո երկրորդ կեանքի ուղին օրօրոցից մինչեւ գերեզման, ինչպէս որ ցանկաս, եւ կը կատարուի քո կամքը… ինչպէ՞ս կ'ուզէիր ապրել։ Ես նրան կը պատասխանէի, առանց վարանելու.- Ճիշտ այնպէս, ինչպէս ապրեցի»։
Ն.