Print
Category: Յուշատետր

Արդի ժամանակներու համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն գայթակղութիւններէն մէկուն՝ Մուսթաֆա Քեմալի զօրքին Զմիւռնիա մուտքին եւ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական այդ չքնաղ քաղաքին հրոյ ճարակ կործանման տարելիցն է այսօր՝ 9 Սեպտեմբերը։


1922ի Սեպտեմբեր 9ին, Դաշնակիցներու նաւատորմին անտարբեր եւ ձեռնածալ հայեացքին տակ, քեմալական զօրքը՝ Նուրէտտին փաշայի մը հրամանատարութեամբ, յաղթական մուտք գործեց երեք քառորդով յունաբնակ եւ հայաբնակ Զմիւռնիա քաղաքը։ Երեք օր շարունակ թուրք զինուորները ահաւոր վայրագութեանց‘ կոտորածի ու կողոպուտի, բռնաբարման ու հրկիզման ենթարկեցին Եգէականի ափին հազարամեակներով ապրած ու բարգաւաճած այս գեղեցիկ, արգասաբեր ու վաճառականական մեծ կեդրոն քաղաքը։
Բայց յատկապէս Զմիւռնիայի հայկական թաղամասերէն սկսած եւ արագօրէն ամբողջ յունաբնակ քաղաքն ու արուարձանները տարածուած անզուսպ հրդեհը աշխարհի քարտէսէն ջնջեց, գրեթէ ամբողջութեամբ, յունական եւ հայկական՝ քրիստոնէակա՛ն շեշտակի դրոշմը Զմիւռնիային։ Իսկ յոյն թէ հայ այն զմիւռնիացիները, որոնք չէին կրցած յունական նահանջող զօրքին հետ հեռանալ իրենց ծննդավայր քաղաքէն, նոյնիսկ եթէ յաջողեցան խուսափիլ թրքական զօրքի կոտորածներէն, ի վերջոյ զոհ գացին Զմիւռնիայի մեծ հրդեհին՝ բախտաւոր պարագային ծովը նետուելով...
Այդպէ՛ս կործանեցաւ հելլէնական եւ հռոմէական դարերէն՝ Քրիստոսի ծնունդէն հազարամեակ մը առաջ կառուցուած ու մինչեւ 1920ականները հոյակերտ քաղաքակրթութիւն մը իր անունին կապած Զմիւռնիան, որ յատկապէս յոյն ժողովուրդին, բայց նաեւ 11րդ դարէն սկսեալ հոն հաստատուած հայութեան ստեղծագործ տաղանդին եւ քաղաքակրթական շնորհներուն խօսուն վկայութիւնն ու փառքի դափնեպսակը հանդիսացաւ։
Եւ ա՛յդ բարբարոսութեան վրայ հիմնուեցաւ Աթաթուրք հռչակուած Մուսթաֆա Քեմալի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ կործանուած Զմիւռնիային փոխարէն 1928ին ձեռնարկեց Իզմիր քաղաքի կառուցման, որ տասնամեակներու ընթացքին դարձաւ աւելի քան 2,5 միլիոն թուրք բնակչութեամբ առեւտրական մեծ նաւահանգիստ՝ միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն հանդիսանալով։
Շատ գրուած է ե՛ւ 1919էն 1922 յոյն¬թրքական պատերազմին, ե՛ւ նոյնինքն Զմիւռնիայի Աղէտին մասին։ Այսօր եւս լոյս կը տեսնեն տարբեր բնոյթի ուսումնասիրութիւններ կամ գրական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս եւ գեղարուեստական գործեր կը հրապարակուին՝ ամբողջապէս լուսաբանելու եւ արժեւորելու համար թէ՛ Զմիւռնիայի Աղէտը, թէ՛ Զմիւռնիայի քաղաքակըրթական մեծ ներդրումը։
Յատկապէս յոյն ժողովուրդը, աշխարհի չորս ծագերուն, ամէն Սեպտեմբերի 9ին, ոչ միայն կþոգեկոչէ յիշատակը բազմահազար իր նահատակներուն, այլեւ՝ կը սգայ կործանումն ու կորուստը յոյն ազգային յիշողութեան մէջ իր անփոխարինելի տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Զմիւռնիային։
Բայց նաեւ իր այժմէական դասերով՝ 9 Սեպտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը իր վրայ կը կեդրոնացնէ ուշադրութիւնը ոչ միայն յոյն ժողովուրդին, այլեւ թրքական եղեռնագործութեան այս կամ այն չափով զոհ գացած բոլոր ժողովուրդներուն, որոշապէս ցեղասպանութեան ենթարկուած իրաւատէր հայութեան։ Զմիւռնիայի կործանումը անմոռանալի դաս մը եղաւ բոլորիս համար, որովհետեւ 89 տարի առաջ պատահած մեծ ողբերգութեան նկատմամբ եւս Թուրքիա օրին որդեգրեց եւ, մինչեւ այսօր, կը շարունակէ կառչած մնալ պետական ու պաշտօնական ուրացումի եւ չքմեղանքի միեւնոյն քաղաքականութեան։
Աւելի՛ն. Զմիւռնիայի Աղէտը ուսանելի շատ ծանր դասեր կը փոխանցէ նաեւ մեծապետական աշխարհի ղեկավար ուժերուն նեղ¬շահամոլական վարքագծին մասին։ Կը յիշեցնէ Թուրքիան սիրաշահելու նպատակով մեծապետական ուժերը վարակած խօլ մրցապայքարը, որմէ առաւելագոյնս օգտուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ 1922ին՝ Զմիւռնիան գրաւելու եւ այդպէ՛ս կործանելու ժամանակ, ինչպէս որ օգտուած էր նախապէս ալ, 1920ի աշնան, արշաւելով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ եւ, անոր խորտակման ու խորհրդայնացման զուգահեռ, բռնագրաւելով հայապատկան Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Կարինը՝ ամբողջ Արեւմտահայաստանի վրայ թրքական տիրապետութիւն հաստատելով։
Մեծապետական ուժերու այդ վարքագիծը միշտ ալ բաւարար հիմք տուած է թրքական պետութեան վարիչներուն, Քեմալի ժամանակներէն մինչեւ Էրտօղանի այս օրերը, որպէսզի արհամարհեն պատմութիւնն ու թրքական եղեռնագործութեան զոհերուն ազգային յիշողութիւնը՝ անպատիժ մնացած իրենց յանցագործութեան վրայ գումարելով Ուրացման, այլեւ Պատմական Նենգափոխման ոճիրը։
Զմիւռնիայի Աղէտէն 89 տարի ետք ալ թրքական պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ աշխարհին հրամցնել միեւնոյն յանկերգը, թէ իբր՝
1) Յոյները իրենք հրահրեցին ազգամիջեան ատելութիւնն ու թշնամանքը, երբ 1919ի Մայիսին «գրաւեցին» Զմիւռնիան՝ օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան Կայսրութեան կրած խայտառակ պարտութենէն։
2) Զմիւռնիա մտած յոյն զինուորները ուղղակի կոտորածի ենթարկեցին քաղաքի թուրք փոքրամասնութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ քեմալականներու ատելավառ հակազդեցութեան։
3) Զմիւռնիան հրդեհի տուողներն ալ եղան իրենք՝ յոյն զինուորները, որոնք իրենց նահանջին եւ Զմիւռնիան պարպելու ժամանակ ուզեցին քարուքանդ քաղաք մը... աւար ձգել յաղթական թուրք բանակին։
Թրքական քարոզչութեան այսօրինակ յերիւրանքներն ու պատմական նենգափոխումները,  անշուշտ, իրենց հատու եւ սպառիչ պատասխանը ստացած են։ Սուտի ու կեղծիքի ճամբով պատմութիւնը նենգափոխելու եւ սեփական եղեռնագործութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի՝ արժանանալով հատու պատասխանի։ Յոյն, անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի եւ մանաւանդ հայ պատմաբաններու սպառիչ ուսումնասիրութիւններով եւ փատագրական հաւաքածոներով, ինչպէս նաեւ պետական արխիւներու մէջ պահուած զեկուցագրերու եւ նամակագրութեանց ճամբով՝ թրքական յանցագործութիւնը, իր ամբողջական ահաւորութեամբ, մերկացուած է ամէն կարգի ուրացման եւ խեղաթիւրման փորձերէ։
Արար աշխարհ այսօր գիտէ, արդէն, որ
1) Դաշնակիցները իրե՛նք Յունաստանի իշխանութեան վստահեցան Զմիւռնիայի հոգատարութիւնը եւ այդպէս էր, որ վարչապետ Վենիզելոս յունական զօրք ղրկեց Զմիւռնիա 1919ի Մայիսին։
2) Եթէ մինչեւ 9 Սեպտեմբեր 1922 մղուած յոյն¬թրքական կռիւներու ընթացքին յոյն զին-ւորներ գործեցին յանցանքներ թուրք խաղաղ բնակչութեան դէմ, այդ արարքները դատապարտելի ըլլալով հանդերձ՝ պատերազմը կորսնցընող բանակի մը զինուորներուն անկարգ եւ հասկնալի հակազդեցութեանց հետեւանքը եղան, մինչդեռ քեմալական զօրքը՝ յաղթական մուտք գործելով հանդերձ Զմիւռնիա, ուղղակի Նուրէտտին փաշայի հրահանգով ձեռնարկեց յոյն եւ հայ բնակչութեան սպանդին ու քաղաքի հրոյ ճարակ կործանումին։
3) Դաշնակիցները իր բախտին լքեցին Զմիւռնիան եւ անոր յոյն թէ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը պաշտպանող յունական զօրքը, երբ Քեմալ սկսաւ Լենինի հետ իր սիրաբանութեան, իսկ անգլիացիք եւ ամերիկացիք, ֆրանսացիք ու իտալացիք սկսան թըրքական ազգայնամոլութեան նորայայտ առաջնորդին սիրաշահելու միջոցներ փնտռել, որպէսզի չկորսնցնեն Առաջին Աշխարահամարտի իրենց նուաճած պատերազմական աւարները...
Պատմական ճշմարտութիւնը փաստագրող աղբիւրները նաեւ կþանդրադառնան յունական ներքին քաղաքականութեան մէջ այդ շրջանին երեւան եկած տարակարծութիւններուն, որոնց հետեւանքով Վենիզելոս կորսնցուց իշխանութիւնը եւ փոխարինուեցաւ ուժերով, որոնք ռազմական եւ դիւանագիտական փորձառու ուժերը հեռացուցին յոյն¬թրքական ռազմաճակատէն, ինչ որ եկաւ աւելիով տկարացնելու Զմիւռնիա հաստատուած յունական զօրքին դիմադրականութիւնը, գումարուելով Դաշնակիցներուն կողմէ լքուած ըլլալու վիճակին վրայ։
Այս բոլորը առաւլագոյն առարկայականութեամբ եւ գիտական փաստագրութեամբ ներկայացուած են տասնեակաւոր հատորներու մէջ, բայց յատկապէս ամերիկահայ պատմաբան Մարճըրի Յովսէփեան¬Տոփքինի «Զմիւռնիա 1922.¬ Քաղաքի մը կործանումը» խորագրով կոթողական գործին մէջ։
Թրքական ուրացումները եւ խեղաթիւրումները սուրճի գաւաթ մը անգամ լեցնելու չափ հիմք չունին։
9 Սեպտեմբեր 1922ին Թուրքիա մեծ ոճիր մը եւս աւելցուց դարաւոր իր յանցագործութեանց տխրահռչակ պատմութեան վրայ։
Թրքական եղեռնագործութեէն վերապրած ժողովուրդները չեն կրնար մոռնալ իրենց նահատակներն ու քաղաքակրթական ծանրագոյն կորուստները, բայց նաեւ իրենց մէջ ուժը պէտք է գտնեն չմոռնալու պատմութեան դաժան դասերը, որպէսզի անպատիժ մնացած ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած Ուրացման շարունակուող քաղաքականութեան եւ ցեղասպանական նոր ոճիրներու դարձեալ զոհ չերթան... իրենց հետագայ սերունդներով։


Ն.