Յուլիս 1ը, 18 տարի առաջ, անմոռանալի օր մը դարձաւ Սփիւռքի հայութեան համար։
Աշխարհի չորս ծագերէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսանիստ մայրավանքը՝ Անթիլիաս հաւաքուած էին հայ ժողովուրդի աշխարհական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչները, նաեւ տարբեր եկեղեցիներու եւ պետութեանց պաշտօնական պատուիրակները, որպէսզի հանդիսաւորապէս մասնակից եւ վկայ դառնան ազգընտիր նոր կաթողիկոս Արամ Առաջինի սրբամիւռոն օծման։
Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը 28 Յունիսին կատարած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին նոր գահակալի ընտրութիւնը եւ 1 Յուլիս 1995ին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բազմադարեան ու հնաւանդ կարգով, տեղի ունեցաւ նորընտիր Վեհափառին օծումը։
Արամ Առաջինի կաթողիկոս ընտրութիւնն ու օծումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցան ոչ միայն այն առումով, որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ «քաջ հովիւ» մը Ազգի կամօք եւ Աստուծոյ հաճութեամբ Վեհափառ Հայրապետ ընտրուեցաւ ու օծուեցաւ, այլեւ այն նշանակութեամբ, որ Արամ Ա.ի գահակալութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ամենայն արժանաւորութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, թեւակոխեց նոր ժամանակներու հետ վերանորոգուելու եւ վերաշխուժանալու կարեւոր փուլը։
Կաթողիկոսութեան վերանորոգումը սկսած էր աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, երբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Աթոռակից Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ստանձնեց ամբողջական պատասխանատուութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի ղեկավարութեան։ Հոգեմտաւոր բարձրարժէք ընդունակութիւններով օժտուած հեղինակութիւն էր Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, որ իր իսկ պատրաստած երիտասարդ հոգեւորականներուն հետ ուժերու բոլորանուէր լարումով՝ թափ տուաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերելքին, թէ՛ ազգային մեր իրականութեան մէջ քրիստոնէական ծառայութիւնը որակապէս բարձրացնելով, թէ՛ միջազգային մակարդակով կիլիկեան Ս. Աթոռի եւ Սփիւռքի հայութեան վարկն ու հեղինակութիւնը տարածելով։
1990ականներուն ազգովին թեւակոխած էինք Արցախեան պահանջատիրութեան եւ Հայաստանի վերանկախացման բախտորոշ ժամանակաշրջանը։ Երբ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոս վախճանեցաւ, Հայաստանի նորահաստատ իշխանութեանց քաղաքական նախաձեռնութեամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ վերանուանուեցաւ Գարեգին Առաջին։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին Ս. Էջմիածին տեղափոխութիւնը բնականոն ընթացք չունեցաւ։ Ազգընտիր Կաթողիկոսը դարձեալ ընտրութեան առարկայ դարձաւ եւ երբ ստանձնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովուապետութիւնը, ազգային-քաղաքական մեր իրականութիւնը որոշապէս ալեկոծուեցաւ, որովհետեւ աջէն ու ձախէն, հայրենիքէն թէ սփիւռքէն ձայներ բարձրացան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ստորադասելու տրամաբանութեամբ։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ եւ 28 Յունիս 1995ին կաթողիկոսութեան արժանաւոր հոգեւորականներու փաղանգէն Կաթողիկոս ընտրեց արժանաւորագոյնը՝ Արամ Արք. Քէշիշեանը, որ մինչ այդ առաջնորդն էր Լիբանանի Հայոց Թեմի։
Արամ Առաջին արժանաւորապէս կը մարմնաւորէր պահապան քաջ հովիւը ազգային եւ հոգեմտաւոր այն հիմնական եւ անփոխարինելի արժէքներուն, որոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը սկսած էին բարձրացնել դէպի Հայու Հաւատքին եւ Հայ Դատի սփիւռքեան անառիկ ամրոցը դառնալու բարձունքին։
Արամ Առաջին ոչ միայն Լիբանանի Հայոց Թեմին արժանաւորապէս ծառայած հոգեւորականն էր, այլեւ համարձակախօս ներկայացուցիչը դարձած էր Լիբանանի քաղաքական ու պետական շրջանակներուն մօտ հայ համայնքի եւ ընհանրապէս հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Նաեւ՝ արժանացած էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ատենապետութիւնը ստանձնելու բացառիկ վստահութեան, երկու անգամ ընտրուելով միջազգային այդ հեղինակաւոր պաշտօնին։
Այս բոլոր առումներով, Արամ Ա.ի Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրութիւնն ու օծումը անմոռանալի դարձակէտ մը եղան սփիւռքահայ կեանքին մէջ։
Ն.