Print
Category: Յուշատետր

Յունիս 25ին, 47 տարի առաջ, Ֆրանսա ապրող հայ աշխարհահռչակ նկարիչը՝ Գառզու պաշտօնական հրաւէր ստացաւ այցելելու Խորհրդային Հայաստան եւ իր արուեստը ներկայացնելու հայրենի հայութեան։

Հայրենահան եղած ու տարագրութեան մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու դատապարտուած հայկական տաղանդին ամէնէն լուսաշող աստղերէն մէկն էր Ժան Գառզու։

1966ին արդէն 59 տարեկան էր վրձինի հայ վարպետը։ Աշխարհահռչակ նկարիչի մեծարժէք պատուանդանը նուաճած էր, Ֆրանսային հպարտութիւն ներշնչող բացառիկ տաղանդ մըն էր, նաեւ՝ տարագիր հայութեան ձայնն ու պատգամը մեծ աշխարհին յիշեցնող իւրօրինակ դեսպան մըն էր։

Բայց հայրենի հայութիւնը դեռ ի վիճակի չէր եղած երկաթէ վարագոյրը գոնէ քիչ մը բանալու եւ «Արի Տուն» կանչելու իր արժանաւոր զաւակին։

Ի տարբերութիւն Հայկեան Հանճարի ճառագայթները աշխարհով մէկ սփռող՝ միջազգային համբաւի տիրացած մեր արժէքներէն ոմանց, Գառզու նաեւ այն եզակի Հայերէն էր, որ չմատնուեցաւ իր հայկականութիւնը լուսարձակներէ հեռու պահելու փորձութեան։ Ընդհակառակն՝ հետեւողականօրէն յիշեցուց բոլորին, թէ՝

«Իբրեւ նկարիչ՝ կը պատկանիմ ֆրանսական արուեստին, սակայն իմ բոլոր գործերուս մէջ անշուշտ հայ կը մնամ: Չէ՞ որ մենք ամէնքս մեր ժողովուրդին բեկորներն ենք»:

Աւելի՛ն. թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան արհաւիրքը միշտ յիշեց եւ յիշեցուց ու, այդ ներշնչումով ալ, քսաներորդ դարու գլխաւոր վկաներէն մէկը դարձաւ՝ պատերազմի եւ արիւնահեղութեան դէմ մարդկային ցասումին, որ եթէ պայքարի թափով չարտայայտուեցաւ, բայց խորապէս իրաւ Գեղեցիկի, Լուսաւորի եւ Սիրոյ պաշտամունքը տարածեց ամէնուր։

Մեծ Եղեռնէն վերապրած ու աշխարհով մէկ ցրուած՝ հայօրէ՛ն ապրելու եւ արարելու տարագիր հայու անժամանցելի իրաւունքին ՎԿԱՆ դարձաւ Գառզու եւ պատգամեց մեր սերունդներուն.-

«Էութեամբ, աշխարհզգացողութեամբ ես հայ նկարիչ եմ. ես իմ տառապած ժողովուրդին մէկ բեկորն եմ. անոր տաղանդին մէկ փոքր փայլատակումը: Հպարտ պէտք է զգամ ես ինձ, եթէ սիրեն ու գնահատեն իմ արուեստը... Մեր լեռները, մեր կիրճերը, մեր քարերը արարողներ են: Անոնք շատ ամուր են, ինչպէս պողպատը, եւ ինծի կը թուայ, որ ես արդէն նկարած եմ զանոնք, որ ես այս հողը տեսած եմ ուրիշ՝ մէկ այլ կեանքի մէջ:

«Երիտասարդները թող չմոռնան այն կապերը, որոնք մեզ կը կապեն հիներու արուեստին. այդ կապերը որքան սերտ ըլլան, այնքան շատ պիտի կարելի ըլլայ ստեղծել հայկական մեծ արուեստ մը, որ մեր հին նշանաւոր ճարտարապետութեան եւ մանրանկարչութեան արժէքով արուեստ մը դառնալով՝ փոքր Հայաստանը պիտի մեծցնեն այնքա՜ն, որ ան չափուի աշխարհի խոշորագոյն արժէքներուն հետ: Արուեստը համաշխարհային կը դառնայ միայն ազգային տարրերով: Ազգայինը նկարչի ոտքի տակի հողն է: Բայց քալել եւ չշնչել՝ անկարելի է: Շնչելու օդը աշխարհինն է»:

Ա՛յս համոզումով եւ փիլիսոփայութեամբ ապրեցաւ ու ստեղծագործեց ֆրանսահայ նկարիչ, Ֆրանսայի Գեղարուեստի Ակադեմիայի անդամ, միջազգային մեծարժէք մրցանակներու դափնեկիր Գառնիկ   Զուլումեանը, որ իր աւազանի անուան սղումով ընտրեց Գառզու ստորագրութիւնը եւ դարձաւ ֆրանսական արդի գեղանկարչութեան խոշորագոյն դէմքերէն մէկը: Նկարիչ, որ արժանաւորապէս տիրացաւ Ֆրանսայի Արուեստի եւ Գրականութեան Ասպետի տիտղոսին ու Պատուոյ Լեգէոնի շքանշանին:

Գառզու ծնած էր Հալէպ, 1907ի Յունուար 1ին։ 1918ին ընտանիքին հետ տեղափոխուեցաւ Եգիպտոս, ուր Գահիրէի հայկական Գալուստեան վարժարանը աւարտելէ ետք, ուսանեցաւ Ֆրանսական Լիսէի մէջ եւ 1929ին մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսական Ճարտարապետական Դպրոցին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Միաժամանակ՝ յաճախեց Մոնպառնասի Կրան Շոմիէր ակադեմիան, ուր կազմաւորուեցաւ հետագայ բարձրարժէք նկարիչը:

1929ին բաց ասպարէզ մտնելու իր առաջին քայլը նետեց՝ մասնակցելով ֆրանսացի երիտասարդ նկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը, ուր Գառզուի «Ալքազարի հին պարտէզները» նկարը արժանացաւ Առաջին մրցանակի:

1930էն սկսեալ, Գառզու հետեւողականօրէն մասնակցեցաւ Փարիզի հայ արուեստագէտներու «Անի» միութեան ցուցահանդէսներուն: Իսկ 1930-40ականներուն, Գառզուի գործերը ցուցադրուեցան «Գերանկախներ»ու, «Անկախներ»ու եւ «Աշնանային» սալոններուն մէջ:

Առաջին այդ քայլերէն իսկ, Գառզու փարեցաւ նկարչական արուեստի նորարարական ուղղութեան։ Ստեղծեց ինքնատիպ ոճի բնանկարներ, դիմանկարներ, նաթիւրմորտներ: Այդ շրջանի իր գործերը կը յատկանշուին կարմիր, կանաչ եւ կապոյտ երանգներու հիւթեղ մակերեսներով ու մութ ֆոներով՝ ինչպէս որ արուեստի քննադատ մը բնութագրած է:

1939ին Փարիզի մէջ կազմակերպուեցաւ Գառզուի առաջին ցուցահանդէսը, որ փաստօրէն մեկնակէտը եղաւ հայ մեծ նկարիչի հետագայ՝ մնայուն վերելքին։ Իր թարմաշունչ արուեստին համար Գառզու 3 անգամ արժանացաւ Հոլմարքի մրցանակին (1943ին, 1951ին եւ 1953ին):

Գառզուի համբաւը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ 1950ական թուականներուն՝ յատկապէս իր ստեղծած հակապատերազմեան տրամադրութիւնները խորհրդանշող պատկերներով.- Լքուած ու աւերուած պալատներ, նաւահանգիստներ, երկաթուղային կայարաններ, ուր արտացոլուած է ամայութեան եւ տագնապի խոր զգացողութիւնը:

Ինչպէս քննադատները կը վկայեն՝ Գառզուի գործերուն մէջ իրականութիւնը կարծէք կերպարանափոխ-ւած եւ վերածուած է նրբագեղ գիծերու գրաւիչ հիւսուածքի եւ տեսիլք-աշխարհներու: Գիծերը գառզուական գեղանկարչութեան գլխաւոր արտայայտչամիջոցը դարձան: Հանրայայտ են «Երազներու ծովախորշը» (1951), «Վենետիկ» (1953), «Պուժիվալի լքուած պալատը» (1954), «Ափոքալիփսիս» (1957), «Երկաթուղի» (1958), «Երկրային դրախտ» (1959) անունով իր նկարաշարերը, «Լքուած նաւահանգիստը» (1966) վիմագրութիւնը, «Քաղաքը» (1972) խորհրդանըշական պատկերը եւ այլ գործեր:

Գառզու հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ արժէքաւոր բեմանկարիչ: Թատերական ծանօթ բեմադրութեանց նկարչական ձեւաւորումը կատարեց Փարիզի Ազգային Թատրոնին, Քոմէտի Ֆրանսէզին եւ Կրան Օփերային մէջ։ Նոյնպէս՝ Միլանի Լա Սքալայի մէջ կատարեց բեմական ձեւաւորումներ, որոնց շարքին ուշագրաւ են Ժան Ֆիլիփ Ռամոյի «Բարեկիրթ հնդիկներ»ը, Շառլ Ատանի «Ժիզէլ»ը, Ժան Ռասինի «Գոթողիա»ն, «Պոմպէյ»ը (1975), Օֆենպախի «Փերիքոլա»ն եւ ուրիշներ:

Կատարեց նաեւ պատկերազարդումները գրական հռչակաւոր գործերու, ինչպիսին եղան Անտրէ Մօրուայի «Ֆրանսա»ն, Էռնեստ Հեմինկուէյի «Հրաժեշտ զէնքին»ը, Ալպէր Քամիւի «Յուշատետր»ը, Ժիւլ Վեռնի «Երկրէն դէպի լուսին» եւ այլ գիրքեր:

Մինչ Գառզուի համբաւը արագօրէն կը տարածուէր աշխարհով մէկ եւ Սփիւռքի տարածքին մեր ժողովուրդը հպարտութեամբ կը փարէր ազգային իր յիշողութեան արժանաւոր այս յուշարարին, խորհրդային կողմն հայաշխարհի, նոյնինքն բուն երկրին մէջ, կը պարզուէր պաշտօնական անհեթեթ անտարբերութիւն մը։ Երկաթէ Վարագոյրը արդէն արգելք չէր կրնար ըլլալ, որ Խաղաղութեան եւ Մարդկայնապաշտութեան այս հայ՝ աշխարհահռչակ բանբերին անունն ու գործը արձագանգ գտնէին նաեւ սեփական հայրենիքին եւ ժողովուրդին մօտ։ Գառզուն անձամբ տեսնելու եւ անոր արուեստը ուղղակիօրէն ըմբոշխնելու պահանջը տարուէ տարի շեշտուեցաւ, մինչեւ որ 1966ի Յունիս 25ին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս հայրենիք հրաւիրեցին Հայաստանի ու հայութեան մեծանուն զաւակը։

Նոյն տարին իսկ Գառզու եկաւ Հայաստան եւ Երեւանի մէջ կազմակերպեց շուրջ 150 գունաւոր վիմագրութիւններու եւ գիրքերու ձեւաւորումներու ցուցահանդէս մը, որ եւ ամբողջութեամբ նուիրեց Հայաստանի պետական պատկերասրահին: Հետագային, յատկապէս Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Ազգային Պատկերասրահին եւ Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին Գառզու շարունակեց նուիրել գործեր (շուրջ 400 գործ), իսկ ի նպաստ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժած արուեստագէտներուն՝ 50 կրաֆիկ գործեր: Գառզու վախճանեցաւ 22 Օգոստոս 2000ին։

 Ն.