Print
Category: Յուշատետր

Այսօր՝ Սեպտեմբեր 2ին, հայ ժողովուրդը կը տօնէ քսանամեակը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումին։
20 տարի առաջ, այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ եւ Շահումեանի Շրջան խորհրդային-իրաւական անուանումով ծանօթ հայոց Արցախ Աշխարհի զոյգ շրջաններու ժողովրդական պատգամաւորները, ատենի օրէնսդիր իշխանութեանց՝ Մարզային եւ Շրջանային Խորհուրդներու միացեալ նիստ մը գումարելով, որոշեցին հիմը դնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան։


Օրին դժուար էր հաւատալ, որ Շուշիի բարձունքներուն ամրակայուած ատրպէյճանական զօրքի հրետանիի հարուածներուն եւ արձակազէններու կրակոցին տակ ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ գտնուող, աւելին՝ անհաւասար ուժերով ազատութեան համար մարտնչող Արցախի հայութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլար, իրողապէս եւ ըստ ամենայնի, կենսագործելու իր անկախութիւնը ատրպէյճանական լուծէն՝ ի հեճուկս ժամանակի եւ պայմաններու աննպաստ դասաւորումին, քայլ առ քայլ կառուցելով գոյատեւելու ընդունակ իր պետականութիւնը։
Բայց նախ Արցախի, ապա՝ մայր Հայաստանի եւ, ի վերջոյ, աշխարհասփիւռ ողջ հայ ժողովուրդի վճռականութեան, մարտունակութեան եւ միասնական պայքարին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ եւ լիարժէք զարգացման իր հունը գտաւ մերօրեայ հայութեան ազգային անկախ պետականութեան երկրորդ կռուանը։
Այսօր, երբ 20 տարիներու հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք եւ ընդհանուր հաշուեկշռի կþարժանացնենք Արցախի հայութեան հետ մեր ժողովուրդին կտրած ուղին, արդարօրէն հպարտութիւնը կը համակէ մեր միտքն ու սիրտը՝ ի տես գերագոյն զոհաբերութեան գնով ձեռք բերուած նուաճումներուն։
Եւ առաջին հերթին կը խոնարհինք անմեռ յիշատակին առջեւ առիւծասիրտ այն ազատամարտիկներուն, որոնք հերոսական իրենց պայքարով եւ իմացեալ մահուամբ անմահանալու ազգային մեր աւանդը վերանորոգող իրենց մարտիրոսացումով՝ հայկական տարածք ազատագրելու եւ ամրօրէն պաշտպանելու նորօրեայ դիւցազնապատումը պարգեւեցին Հայաստանին եւ հայութեան։
Ծանրակշիռ որոշում էր 2 Սեպտեմբեր 1991ի լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը։ Խորհրդային բանակի համազգեստով գործող իշխանաւոր «օրինական» ուժ էր ատրպէյճանական զօրքը, որ այնուամենայնիւ ձեռնարկած էր Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու նորօրեայ ցեղասպանութեան։ Խաղաղ հաւաքներով եւ օրէնսդրական ու սահմանադրական իրաւունքներու վրայ խարսխուած դիմումներով արդարութիւն ու Հայաստանի հետ միացում պահանջող Արցախի հայութիւնը, ատրպէյճանական եւ խորհրդային հարուածներուն տակ մարդկային ու հողային ծանր կորուստներ կրելով հանդերձ, ի վիճակի եղաւ աստիճանաբար կռանելու իր ազգային-քաղաքական կամքն ու հաւաքական ուժը, քայլ առ քայլ ընդարձակեց ազգային-ազատագրական իր պայքարը, չընկրկեցաւ անարգ թշնամիի հարուածներուն տակ, այլ ընդհակառակն՝ երբ ներկայացաւ քաղաքական յարմար պահը, հռչակեց Արցախի իրողական անկախութիւնը եւ հիմը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան։
Պատմական ձեռնտու պահը ներկայացած էր քանի մը օր առաջ՝ 30 Օգոստոս 1991ին, երբ Մոսկուայի մէջ Կորպաչեւեան իշխանութեան դէմ կատարուած պետական բռնաշրջումի ձախորդ փորձէն եւ անոր հետեւած քաղաքական խառնակ վիճակէն օգտուելու նպատակով՝ Ալիեւեան Ատրպէյճանը որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութենէն եւ վերականգնել 1918-1920 թուականներու Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն, ինչ որ իրաւականօրէն եւ քաղաքականօրէն լրիւ ազատ արձակեց ձեռքերը Արցախի հայութեան, որպէսզի ձեռնարկէր ատրպէյճանական բռնակալ լուծէն ամբողջական ազատագրումի իր քաղաքական ոստումին։
Փաստօրէն Արցախը բնաւ մաս չէր կազմած թրքական սուիններով 1918ին ստեղծուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան։ Միայն խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք էր, որ Ստալինեան մութ գործարքով նուէր տրուած էր ազերիներուն... եւ 1991ին արդէն ժամանակն էր, եթէ ուշ չէր, որպէսզի անարդարութիւնը վերջնականապէս սրբագրուէր եւ, նոյնինքն խորհրդային օրէնքներով ու սահմանադրութեամբ առաջնորդուելով, բայց նաեւ ու մանաւա՛նդ միջազգային օրէնքի հիմնարար Ուխտագիրներուն վրայ հիմնուելով, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզն ու Շահումեանի Շրջանը միաւորուէին անկախ պետութիւն հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ։
Տարբեր ելք չունէր մեր ժողովուրդը, եթէ բրտօրէն յառաջ մղուող Արցախի հայաթափման վերջ պիտի տար՝ Լ.Ղ.Ի.Մ.ի եւ Շահումեանի Շրջանի կողքին Արցախեան հինաւուրց բոլոր տարածքներու ազատագրումն ալ նպատակ ունենալով։
2 Սեպտեմբեր 1991ի պատմական այդ որոշումին առաջնորդած քննարկումները եւ բանավէճերը արձանագրուած ու պահպանուած են եւ ամբողջ այդ թղթածրարը արդէն հանրամատչելի է։ Արցախի օրուան ղեկավարութեան ընդհանուր ուղղութիւնը ներկայացնելու առումով՝ դիպուկ է հետագային Լ.Ղ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշ ժամանակի մը համար ղեկավարած Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանի տուած հետեւեալ հիմնաւորումը.- «Առաջի՛ն. մեր բոլոր առաջարկները բանակցութիւնների, երկխօսութեան մասին՝ Ադրբեջանի կողմից ընդունուել են որպէս թուլութեան նշան։ Եւ բանակցութիւնների մասին մեր իւրաքանչիւր առաջարկ աւարտուել է մեր գիւղերի բռնատեղահանմամբ։ Լիազօր ներկայացուցիչների պատուիրակութիւնը երկու ամսից աւելի եղել է Մոսկուայում՝ հէնց այդ առաջարկութեամբ։ Այդ ընթացքում հայաթափուել են բազմաթիւ գիւղեր։ Եւ վերջապէս մենք հասկացել ենք, որ եթէ թշնամին գալիս է զէնքով, ապա նրան պէտք է պատասխանել նոյնով։ Սա՝ առաջի՛ն, որի վրայ մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք։ Չի՛ կարելի խնդրանքով գնալ թշնամու մօտ, որն իրեն համարում է ձիու վրայ:
«Երկրո՛րդ. Խ.Ս.Հ.Մ. կազմից միութենական  հանրապետութեան դուրս  գալու կարգի մասին Օրէնքը ցանկացած հանրապետութեան, առանձին ազգային¬տարածքային, ազգային-պետական միաւորման համար նախատեսում է հանրաքուէ։ Ինքնորոշուելով՝ այն կարող է միանալ այս կամ այն հանրապետութեանը։ Եթէ այսօր Ադրբեջանը հեռանում է՝ բարի ճանապարհ, մենք մնում ենք Միութիւնում։ Առա՛յժմ։ Ո՞ւմ հետ կը լինենք Միութիւնում, թէ՞ կը լինենք ինքնուրոյն՝ դա արդէն պէտք է որոշի ամբողջ ժողովուրդը եւ ոչ թէ նրանք, ովքեր հաւաքուել են այստեղ»։
Այդպէ՛ս, խորհրդային եւ միջազգային քաղաքական պայմաններուն համահունչ հունաւորուեցաւ Արցախի անկախացման ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը։
Այսօր քսանամեայ լիարժէք պետութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ ոչ միայն իր պաշտպանական բանակով կրցաւ ազերի բռնատիրութենէն ազատագրել հայապատկան Արցախի տարածքները, այլեւ՝ իրաւական ու ժողովրդավարական հիմունքով պետականութեան իր շէնքը քար առ քար բարձրացնել եւ նոյնինքն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան աւատապետական իշխանութեան տակ քաշքշուող ազերի հասարակութեան նախանձը գրգռել։
Ճիշդ է, Արցախի իրողապէս նուաճուած անկախութիւնը մինչեւ այսօր դեռ չէ արժանացած միջազգային ընտանիքի ճանաչումին եւ իրաւական նուիրագործումին։ Բայց երբ արեան գնով նուաճուած անկախութիւնը ի վիճակի ես պահելու, պետականօրէն արմատաւորելու եւ քաղաքականօրէն ամրապնդելու, անպայման վստահ կրնաս ըլլալ, որ ի վերջոյ կը հասնի նաեւ իրաւական ճանաչումի ժամը։
Այդ ինքնավստահութեամբ է, որ Արցախէն ու հայրենի մեր ոստաններէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր ափերը սփռուած իրաւատէր հայութիւնը, այսօր, միասնական միեւնոյն հաստատակամութեամբ կը տօնէ Արցախի անկախութեան հռչակման քսանամեակը։
Եւ կը վերանորոգէ ազգային իր սրբազան ուխտը.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կենսունակութեան կռուանները ուժեղացնելով՝ բոլոր ուժերով շարունակել արդէն քաղաքական-դիւանագիտական հուն մտած պայքարը, յանուն Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային իրաւական ճանաչումին։
Նաեւ, այդ ճամբով, յանուն մայր Հայաստանի հետ վերամիաւորումին։

Ն.