Մայիս 7ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ 1062րդ տարեդարձը Հայկեան Հանճարի սրբազնագոյն ճաճանչումը հանդիսացող Գրիգոր Նարեկացիի աստուածահաճոյ ծնունդին։
«Նարեկ» անունով մեր ժողովուրդին կողմէ սրբացուած «Մատեան Ողբերգութեան» իր բանաստեղծական գործով՝ Նարեկացի ոչ միայն հայ գրականութեան վեհաշուք Արարատը դարձաւ, այլեւ՝ Աստուածաշունչի կամ Սուրբ Գիրքի չափ հոգեմտաւոր լոյսի ու սնունդի վարար աղբիւրն ու լուսաւոր փարոսը եղաւ հայ ժողովուրդին՝ ահա աւելի քան հազար տարիէ ի վեր։
Նարեկայ վանքէն դուրս աշխարհ չտեսաւ եւ ճգնաւորութենէ զատ կեանք չճանցաւ Գրիգոր վարդապետ, բայց ի վերուստ իրեն շնորհուած հանճարի մտքով ու սրտով, այլեւ բոլոր զգայարանքներով՝ շօշափեց, պեղեց եւ վերծանեց մարդն ու աշխարհը, կեանքն ու անդենականը իմաստաւորող բոլոր ճշմարտութիւնները։
Մանաւա՛նդ այդ բոլորը յաւիտենութեան յանձնեց բանաստեղծական այնպիսի երաժշտութեամբ, յուզական այնպիսի իրաւութեամբ եւ իմաստասիրական այնպիսի խորութեամբ, որ իր ժամանակին շունչը դառնալով մէկտեղ՝ եղաւ բոլոր ժամանակներուն համար անանց ճշմարտութեանց պատգամախօսը։
Բնաւ ալ պատահական չէ, հետեւաբար, որ արդի հայ գրականութեան բոլոր մեծութիւնները, Խաչատուր Աբովեանէն մինչեւ Սիամանթօ, Պետրոս Դուրեանէն մինչեւ Յովհաննէս Թումանեան, Դանիէլ Վարուժանէն ու Միսաք Մեծարենցէն մինչեւ Եղիշէ Չարենց ու Պարոյր Սեւակ, անվարա՛ն բոլորը Նարեկացին կþընդունին իբրեւ իրա՛ւ յոյզերու, խորագո՛յն ճշմարտութեանց եւ գեղարուեստակա՛ն արարումի մեծագոյն առաջնորդն ու վարպետը միանգամայն։
Իսկ հայ մարդը ամէնուր եւ բոլոր ժամանակներուն «Նարեկ»ը պահեց իր բարձին տակ, իբրեւ իր էութեան ամէնէն հարազատ ու խորասոյզ վկայարանը՝ անոր մէջ փնտռելով ու գտնելով ոչ միայն հոգեկան մխիթարութեան եւ փրկութեան, այլեւ՝ մարմնական ապաքինման ու առողջութեան հրաշազօր բալասանը։
Վասպուրական աշխարհի Ռշտունեաց գաւառի ծնունդ էր Գրիգոր Նարեկացի՝ Բզնունեաց տոհմի շառաւիղ, որ լոյս աշխարհ եկաւ Վանայ լիճի հարաւը գտնուող աննշան գիւղի մը մէջ, հոգեւորական եւ մտաւորական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Հայրը՝ Խոսրով արքեպիսկոպոս էր ու ծանօթ գրող։ Գրիգոր մանուկ տարիքին կորսնցուցած էր մայրը եւ ղրկուած էր հօրեղբօր՝ Անանիա վարդապետի մօտ, որ Նարեկայ վանքի վանահայրն էր. ամբողջ իր կեանքը Գրիգոր անցուց Նարեկայ վանքին մէջ եւ հոնկէ ալ ստացաւ իր Նարեկացի անուանումը։
Բանաստեղծի յորդաբուխ յուզաշխարհով օժտուած եւ աստուածաբան¬իմաստասէրի ընդգրկուն գիտելիքով ու ճանաչողութեամբ զարգացած հեղինակութիւն էր Գրիգոր Նարեկացի, որ իր ժամանակի ուսումնական այդ կարեւոր օճախի՝ Նարեկայ վանական դպրոցի սիւներէն մէկը դարձաւ։ Հակառակ որ միայն 52 տարի ապրեցաւ, բայց գրական եւ իմաստասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը ընծայաբերեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան գանձարանին։
Նարեկացի նորարարական շունչով ու գեղարուեստական մշակումով յատկանշուող իր «Տաղեր»ով մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։ Հայ հոգեւորական դասական գրականութեան մէջ իսկական յեղաշրջում կատարեց՝ հայրենի բնութեան գեղեցկութիւնն ու երաժշտականութիւնը բանաստեղծական կշռոյթի վերածող իր տաղերով ու գանձերով։ Յեղաշրջեց նաեւ հոգեւոր ճշմարտութեանց ու գեղեցկութեանց բանաստեղծական ընկալումը՝ մարդկայնացնելով Աստուածայայտնութեան ողջ խորհուրդն ու կրօնական պաշտամունքը, աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ էակին ներաշխարհը բանի եւ երաժշտութեան վերածելով ու անդուլ ինքնամաքրման հունով զարգացնելով։ Այդպէ՛ս է, որ Գրիգոր Նարեկացիի «Տաղեր»ուն մէջ Աստուածամայրը խորհրդանշեց գերագոյն գեղեցկութիւնը. Աստուածամօր նուիրուած «Տաղ Վարդավառի»ն կը հանդիսանայ համաշխարհային գրականութեան գոհարներէն մէկը։
Բայց յատկապէս իր կեանքի վերջալոյսին՝ 1002 թուականին աւարտած «Մատեան Ողբերգութեան» երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ Գրիգոր Նարեկացի յաւերժութիւնը նուաճեց, բոլոր ազգերու եւ լեզուներու գրականութեան գանձարանին տալով հանճարեղ գլուխ¬գործոց մը, որ մինչեւ մեր օրերը սքանչացումով ու յափշտակութեամբ կը համակէ ընթերցողներն ու գիտաշխատողները աշխարհի չորս ծագերուն։
«Մատեան Ողբերգութեան» բանաստեղծութիւնը կը կրէ իր ժամանակաշրջանի շեշտակի դրոշմը։ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ թուրանական ու մոնկոլական՝ սելճուքեան ասպատակումի եւ աւերումի, հոգեմտաւոր արժէքներու խորտակման ու խաւարման դարերը կը սկսին եւ ահա ճիշդ այդ ահաւո՛ր անկումներու դարաշրջանին դէմ ըմբոստացման ինքնուրոյն՝ հայաշունչ պոռթկում է «Նարեկ»ը։ Խաւարին կը հակադրէ յաւերժական Լոյսը, երկնաւոր կեանքի մեղքերուն եւ չարիքներուն կը հակադրէ հաւատքի գեղեցկութիւնն ու հոգիի ազնուացումը։ Ինքնախարազանման եւ ինքնամաքրման ամէնէն իրաւ զգայնութիւնները լոյս աշխարհ կը բերէ՝ ուրուագծելու համար դէպի յաւերժական Լոյսին ու Գեղեցկութեան աղբիւրը առաջնորդող հայու ուղին։
Նարեկացի իր «Տաղեր»ով ու «Մատեան Ողբերգութեան» գլուխ¬գործոցով անբաժան ընկերակիցը եւ առաջնորդող փարոսը հանդիսացաւ բազմաչարչար հայ ժողովուրդին՝ խաւարանիստ այդ երկարատեւ դարերու ամբողջ երկայնքին։ Իր ներշնչած Հաւատքի ուժով եւ հոգեմտաւոր Գեղեցկութեան ու Լոյսի անխառն պաշտամունքով՝ Նարեկացի դարերէն վեր բարձրացաւ ու Յաւերժի Ճամբորդին, հա՛յ ժողովուրդին կտակեց ինքնապահման ու վերապրումի ամէնէն հրաշազօր զէնքերէն մէկը։
Նարեկայ վանքը այսօր չկայ, քսաներորդ դարասկիզբին վերջնականապէս քանդուեցաւ ինչ որ մնացած էր երբեմնի հայկական լոյսի այդ մեծ օճախէն։ Բայց «Նարեկ»ը կա՛յ ու կը շարունակէ շունչ, հաւատք եւ լոյս բաշխել հայ ժողովուրդի ինքնահաստատման յաւերժական երթին։
Այս տարի կը լրանայ մահուան 1010ամեակը հանճարեղ Նարեկացիին, որուն «Մատեան Ողբերգութեան»՝ Նարեկի բացած մարդկային խռովայոյզ տիեզերքին մասին հաղորդութեան խորազգած պահ մը կþընծայէ համացանցային «Լուսամուտ» կայքէջի ընթերցում¬վերծանումէն քաղուած հետագայ խորհրդածութիւնը.¬
«Որքան էլ Նարեկացին՝ որպէս մարդ անհատ, լինի մարդկութեան խորհրդանիշ, այնուամենայնիւ այնքան ներանձնական ինքնակործան անմիջականութեամբ է ամէն ինչ ներկայացնում, որ ասես ոչ թէ ինքն է մարդկութեան խորհրդանիշը, այլ հակառակը՝ մարդկութիւնն է իր խորհրդանիշը:
«Սա արդիւնք է ծայրայեղ կենտրոնացման, ինչը եւ աղօթքի գերագոյն վիճակն է: Այնպիսի կենտրոնացում, որ երբեք չկասկածես, թէ Աստուած չի լսում քեզ: Դա բարձրագոյն հաւատն է, որի միջոցով Նարեկացին փորձում է երկրային մեղքերի մէջ կորած մարդուց նոր մարդ ստեղծել:
«Այս ամէնով հանդերձ Նարեկացին ունի իր ժամանակի եւ իր միջավայրի շատ սուր զգացողութիւն. նրա առջեւ են ե՛ւ այնպիսիները, ում հանդէպ մաքրութեան պատասխանատուութիւնն է կրում, ե՛ւ նրանք, ովքեր թոյն ու չարութիւն են տարածում, որոնցից նա խորապէս խոցուած է ու մահացու վիրաւորուած:
«Նարեկացին հազարապատիկ աւելիով է մարդկութեան մեղքերի տէրը, բայց ծանր է տանում կողքի գոյութիւնների խայթոցները.¬ «Եւ քանզի խտրութիւն չդրի մանր ու մունր յանցանքների միջեւ, համարելով նրանք անվնասակար, Զազիր զեռունների խայթումներից խոցոտւում եմ արդ արժանապէս» (ԺԹ.): Եւ ապա.¬ «Զինեցի իմ դէմ անզգամ եւ անպարտելի հակառակորդներ...» (ԻԱ.): «Մէկ այլ առիթով ինքնաճանաչումն այսպիսի բովանդակութիւն է ստանում.¬ «Ունեմ ես նաեւ մի այլ դժնդակ կսկիծ իմ սրտում ¬ Ուրիշները ինձ համարում են այն, ինչ որ չեմ երբեք» (ԻԷ.): Դա էլ է նա իրեն արժանի համարում, որովհետեւ իրեն չի տեսնում անգամ մարդկանց մէջ.¬ «Անունն անգրելի մի վիժուածի պէս՝ մարդահամարից ջնջուեցի» (Ի.): Նարեկացին ջանում է իր կորցրածը վերականգնել, կորուստի դժոխային անդունդներից դուրս գալ եւ վերստին կերպաւորուել իր արժանի տեսքով.¬ «Ընդունի՛ր ինձ, Տէ՛ր, հոգուդ պատկերով կերպարանելով ինձ կրկին անգամ...» (Ի.):
«Ինքնախարազանումը՝ որպէս քրիստոնէական մաքրագործման միջոց, դառնում է գլխաւոր նպատակ.¬ «Եւ ես, որ տմարդների կարգն եմ դասուած՝ ինչպէ՞ս համարեմ ինձ մարդ» (ԻԱ.):
«Նարեկացու խօսքի մէջ շատ են քննիչ, դատաւոր, դատախազ, դատաստան, ատեան, դատաստանի բեմ եւ համանման այլ արտայայտութիւնները, որ որոշակի վիճակ ու յարաբերութիւն են ձեւաւորում: Դա էլ մղում է քանդելու մոլորութիւնների սովորութեամբ կապկպուած զգայարանները եւ տրուելու անմնացորդ խոստովանութեան: Նարեկացին ինքն այնպէս է առարկայանում այս վիճակների մէջ, որ դառնում է լրիւ տեսանելի: Ես տեսայ նրան,¬ կարող է ասել Նարեկի իւրաքանչիւր ընթերցող:
«Մեղաւոր¬քննիչ¬դատաւոր յարաբերութեան մէջ նա ոչ մի լաւ բանի սպասում չունի, քանի որ այդ լաւը իր համար չէ. «Թէ կերուխումի հրաւէր ստանամ՝ կը դողամ, ... Թէ հարցաքննութեան կանչուեմ՝ կը կարկամեմ, Թէ իրաւամբ քննուեմ՝ կը համրանամ» (ԻԳ.):
«Նարեկացին Տիրոջն է դիմում՝ խնդրելով «միտ» չբերել իր մեղքերը, քանզի Տիրոջ համար աւելի հեշտ է դրանք ջնջելը, քան իր համար՝ նկարագրելը (ԻԸ.):
«Այդպէ՛ս է, որովհետեւ՝
Ջանամ, եւ ոչ ինչ աւգտիմ,
Պնդիմ, եւ ոչ հասանեմ,
Փութամ, եւ ոչ ժամանեմ,
Անձկամ, եւ ոչ տեսանեմ,
Փափագիմ, եւ ոչ հանդիպիմ,
Կարաւտիմ, եւ ոչ պատահիմ... (ԻԸ.)։
«Նարեկացու խօսքի հիւսուածքն այնպիսին է, որ միաւորում է տեսանելին ու անտեսանելին, երեւացողն ու գաղտնին, այլ կերպ՝ ներսն ու դուրսը: Ահա՛ նրա կերպաւորած էութիւնը.¬ «Դէմքով ժպտուն է եւ մտքով՝ խոցուած, Երեսը ծիծղուն, եւ աչքն արտասուագին, Առերեւոյթ սփոփուած է ձեւացնում իրեն, Իսկ արտասուքը սրտի դառնութիւնն է վկայում: Իր երկու ձեռքում՝ երկու ըմպանակ. մէկն արեամբ լցուած եւ միւսը՝ կաթով... Միեւնոյն սրտում երկու զգացմունք՝ մէկը կասկածելի յոյսի եւ միւսը՝ ճշգրիտ կորստեան» (Լ.):
«Դա է պատճառը, որ իր ինքնարտայայտումը Նարեկացին համարում է «համայնապատում խոստովանութիւն» (ԼԲ.):
Ն.