Print

Գերաշնորհ Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան
Աթէնք

Սիրելի՛ սրբազան,

Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը անգամ մը եւս մեր ազգին կեանքը կը պայծառակերպէ մահ-ւան վրայ տարած Աստուծոյ Որդւոյն յաղթանակով:

Աստուածաշունչին մէջ մահը հոմանիշ է չարին, սատանային, մեղքին ու խաւարին, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ բացակայութեան: Մարդկային կեանքը տիրապետուած էր այս չար ուժերով, որովհետեւ մարդը մերժած էր Աստուծոյ ներկայութիւնը: Քրիստոսի յարութեամբ երկրին վրայ կը հաստատուէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ մահուան ճիրաններէն ազատագրուած մարդը կը հրաւիրուէր ապրելու երկնային փրկութեան շնորհը:

Մեր ժողովուրդի զաւակները Քրիստոսի յարութեան մէջ տեսան կեանքի յաղթանակը ու փրկութեան երաշխիքը: Յարութեան խորհուրդով իրենց կեանքը շաղախեցին ու պատմութեան ճամբան լուսաւորեցին: Յարութեան խորհուրդով զօրացած մեր ժողովուրդը քաջօրէն դիմագրաւեց պատմութեան բոլոր տեսակի փորձանքները: Այսօր եւս, Աստուծոյ կենարար ներկայութիւնը ուրացող ու տեսանելի թէ անտեսանելի չարիքներով լեցուն աշխարհին մէջ, մեր եկեղեցին կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով բացուելու յարութեան խորհուրդին:

Մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի յարութեան հոգեւոր ցնծութեամբ լեցուն այս օրերուն հայրական սիրով կ'ողջունենք Ձեզ, Ձեր թեմի հոգեւոր դասը եւ Ազգային Իշխանութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Ձեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած մեր ժողովուրդի զաւակները: Կ'աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր Որդւոյն հրաշափառ յարութեամբ հզօրացնէ մեր ժողովուրդը:

Հայրապետական օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ