Մայիս 2ի այս օրը, 794 տարի առաջ, վախճանեցաւ ամենայն հայոց Կիլիկիոյ թագաւորութեան հիմնադիր Լեւոն Բ. Մեծագործ Արքան, որ իր Գործով ու Վաստակով արժանացաւ Մեծագործ, Բարեպաշտ, Մեծայաղթ եւ Բազմայաղթ պատուանուններուն։
Իր կտակին համաձայն՝ Լեւոն Բ. Թագաւորի մարմինը ամփոփուեցաւ Կաթողիկոսանիստ Սիս քաղաքին, իսկ սիրտը՝ իր կառուցած Ակների վանքին մէջ (Եախուտ եւ Բարձրբերդ գաւառներու սահմանագլուխին):
Այդպէ՛ս իր յաւերժական հանգիստը գտաւ ռազմական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերա-տնտեսական մեծագործութիւններով լեցուն կեանքը հայոց Լեւոն Բ. Ռուբինեան արքային։
10րդ դարուն Կիլիկիա եւ Անտիոք ապաստանած հայոց իշխանական տուներու, յատկապէս Հեթումեաններու հաստատած պետական իշխանութեան սահմանները Լեւոն Բ. մեծապէս ընդարձակեց ու ստեղծեց ամենայն հայոց Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մէջ ամբողջ դարաշրջան մը բացաւ եւ ազգային-քաղաքական անկորնչելի ժառանգութիւն մը կտակեց մեր սերունդներուն։
Ինչպէս որ «Հայկական Հանրագիտարան»ը կը նշէ՝ Լեւոն Բ.ի օրով Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան սահմանները տարածուեցան Միջերկրական ծովէն մինչեւ Տաւրոսի եւ Անտիտաւրոսի լեռները: Անոր գերիշխանութեան ենթարկուեցան նաեւ Փամփիլիան, Իսաւրիան, Լիկայոնիան, Կադառնիան, Գերմանիկէն:
Լեւոն Բ.ի հրամանով վերաշինուեցան սելճուք, մեմլուք եւ այլ ասպատակողներու կողմէ աւերուած ու աւարուած հայոց հին վանքերն ու բերդերը, կառուցուեցան նորերը:
Լեւոն Բ. ստեղծեց հայոց մշտական հզօր բանակը (վաթսուն հազար զինուորով), հաստատեց ռազմական ուսուցման որոշակի կարգ եւ կանոն, կանոնաւորեց արքունի սպասարկութիւնները, բարեկարգեց տնտեսական կեանքը, առեւտրական արտօնեալ պայմանագիրներ կնքեց (1211-1212 թուականներուն) Վենետիկի, Փիզայի, Ճենովայի ու վաճառաշահ այլ քաղաքներու եւ երկիրներու հետ, կազմակերպեց առեւտրական նավատորմիղ, բացաւ վարժարաններ, դպրատուներ (ուսուցումը՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով)։
Իսկ հոգեմտաւոր եւ մշակութային զարթօնքի առումով՝ Լեւոն Բ. իր արքունիքին մէջ արտօնեալ պայմաններ ստեղծեց գիտնականներու եւ արուեստագէտներու համար: Անոր թագաւորութեան շրջանին էր, որ նորովի ընդօրինակուեցան ու կորուստէ փրկուեցան հայկական բազմաթիւ հին ձեռագիրներ, հայերէնի թարգմանուեցան գիտական ու գրական արժէքաւոր երկեր:
Իրաւամբ, հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ Լեւոն Բ. յաւերժացաւ իբրեւ քաղաքական մեծ գործիչ եւ ռազմական խիզախ զօրավար, որ հայոց պատմութեան թատերաբեմ մուտք գործեց իբրեւ Կիլիկիոյ հայկական պետութեան իշխանապետ (Մեծ Պարոն, 1187-98) եւ մահկանացու իր կեանքը աւարտեց «Ամենայն Հայոց Թագաւոր»ի դափ- նեպսակով (1198-1219)։
Լեւոն Բ. Ռուբինեաններու իշխանական տոհմէն սերած էր՝ Ստեփանէի կրտսեր որդին էր: Կիլիկիոյ հայոց իշխանութեան գահին վրայ յաջորդած էր եղբօրը՝ Ռուբէն Գ.ին (1175¬87): Լեւոն Բ. երկրի կարեւոր բերդին՝ Կապանի տէրն էր, աջակցած էր եղբօրը՝ պաշտպանելու եւ կառավարելու Կիլիկիոյ հայոց պետութիւնը: 1185ին, Ռուբէն Գ.ի Անտիոք գերի տարուելէն ետք, երկրի իշխանութիւնը կեդրոնացաւ Լեւոն Բ.ի ձեռքը։ 1187ին, Լեւոն Բ.ի եւ Հեթումեան Բակուր իշխանի ջանքերով՝ կարելի եղաւ փրկագին տալով ազատագրել եւ երկիր վերադարձնել Ռուբէն Գ.ին, որ իր գահը կամովին յանձնեց եղբօր, իսկ ինք դարձաւ կրօնաւոր, քաշուեցաւ Արքակաղնի վանքը, ուր եւ վախճանեցաւ նոյն տարին։
1187ի Մայիսին, Ռավին դաշտին վրայ (Սսոյ մօտ), Լեւոն Բ. Իշխան ջախջախեց Կիլիկիա ներխուժած Իքոնիայի թուրքմէն հրոսակները եւ ազատագրեց հայաբնակ քանի մը շրջաններ՝ ներառեալ Փռականայ բերդը: 1187ի վերջերուն յաղթանակ տարաւ եւ իր իշխանութեան լծակից դարձուց Հալէպի ու Դամասկոսի սուլթանին:
Եգիպտոսի սուլթանութեան դէմ Խաչակրաց Երրորդ Արշաւանքի (1189-92) ժամանակ, խաչակիրներուն օգնելու Լեւոն Բ.ի խոստումին դիմաց, Հռոմէական «Սրբազան Կայսրութեան» (Գերմանիա) Հենրիկոս Զ. Կայսրը պարտաւորուեցաւ հայոց իշխանապետին ճանչնալ իբրեւ Հայոց թագաւորը։
Այդպէ՛ս, գրեթէ միաժամանակ թագ ստանալով Հենրիկոս Զ. եւ Բիւզանդիոնի Ալեքսիոս Գ. Անկելոս կայսրներէն՝ Լեւոն Բ. թագադրուեցաւ 1198ի Սուրբ Ծննդեան օրը՝ Յունուար 6ին, Տարսոն քաղաքի Սբ. ՍոՖիա մայր տաճարին մէջ։ Հայոց կաթողիկոս Գրի- գոր Զ. Ապիրատը՝ հայկական ծէսով, իսկ Հռոմէական «Սրբազան Կայսրութեան» եւ Հռոմի Պապի ներկայացուցիչ Մայնցի Արքեպիսկոպոս Քոնրատ Վիտելպախը՝ լատինական ծէսով, Լեւոն Բ.ին օծեցին «Թագաւոր ամենայն Հայոց եւ Կիլիկիայի նահանգի ու Իսաւրիայի»։
Լեւոն Բ.ի թագադրութիւնը իր ժամանակի հայոց կեանքին մէջ եղաւ քաղաքական մեծագոյն իրադարձութիւնը՝ խորհրդանշելով Հայոց կործանուած թագաւորութեան վերականգնումը։
Ձգտելով ստեղծել կեդրոնաձիգ եւ անսահմա- նափակ միապետութիւն՝ Լեւոն Բ. իր իշխանութեան հնազանդեցուց Կիլիկիոյ կիսանկախ ու անջատամէտ որոշ աւատատէր իշխանները (մասնաւորապէս Կիլիկիոյ հայոց պետական իշխանութեան հիմնադիր Հեթումեանները):
Նոր դաշնակիցներ ձեռք բերելու նպատակով՝ Լեւոն Բ. խնամիական կապեր հաստատեց մերձակայ քրիստոնեայ պետութիւններու (Նիքիա, Կիպրոս, Երուսաղէմ եւ այլն) արքայական Տուներուն հետ։
Լեւոն Բ. հետեւողականօրէն պայքարեցաւ Անտիոքի գահաժառանգութեան համար։ Վերջինիս թագաւոր Ռէյմունտի մահէն (1197-98) յետոյ, անոր նորածին որդուն՝ գահաժառանգ Ռուբէն Ռէյմունտին որդեգրեց եւ հռչակեց Հայոց գահաժառանգ։ 1203ին Լեւոն Բ. գրաւեց Անտիոքը, որուն գահը յափշտակած էր Ռէյմունտի կրտսեր եղբայրը՝ Տրիպոլսի դուքս Պոհեմուտ Միակնանին, Անտիոքէն վտարեց ինքնակոչին աջակցած Տաճարական Ուխտի ասպետներուն, պատանի Ռէյմունտին կարգեց դուքս եւ 1210ին, Գերմանիոյ կայսեր եւ Հռոմի Պապին միջոցաւ վերահաստատեց իր որդեգիրին գահակալական իրաւունքը։ Իսկ 1219ին, երբ ՌուբԷն Ռէյմունտը կրկին անգամ կորսնցուցած էր Անտիոքը, Լեւոն Բ. զայն զրկեց գահակալական իրաւունքէն եւ Հայոց թագաւորութեան գահաժառանգ կարգեց իր մանկահասակ դուստր Զապէլին, որ եղաւ Հայոց Թագուհին՝ 1222էն մինչեւ 1252 եւ շարունակեց իր Մեծագործ հօր ազգային-քաղաքական ուղեգիծը։
Լեւոն Բ.ի ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ հայոց Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը ոչ միայն ներքնապէս ամրապնդելու բազմաշնորհ նախաձեռնութիւններով, այլեւ հայկական թագաւորութեան սահմանները ընդարձակելու զինուորական յաղթանակներով։ Ռազմական իր տաղանդին Լեւոն Բ. միացուց նաեւ դիւանագիտական ճկունութիւնը եւ առաւելագոյնս արդիւնաւորեց միջնադարեան աւատապետութեանց յայտնի խնամիական կապերու հաստատման եւ ուժեղացման վարքագիծը։
Հայոց պետական այրերու մեծագործ փաղանգին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն եղաւ Լեւոն Բ. Ռուբինեան թագաւորը, որուն յիշատակին նուիրուած այսօրուան վկայութիւնը կþարժէ եզրափակել Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան հիմնադրին շինարարական մեծ վաստակին վերաբերեալ Վահէ Անթանեսեանի գնահատականով.-
«Լեւոն Երկրորդի... թագաւորութեան օրօք Կիլիկիայում հսկայածաւալ շինարարութիւն կատարուեց. կառուցուեցին ամրոցներ, արգելապատնէշներ, պալատներ... Ռազմական, հոգեւոր, կենցաղային նշանակութեան շինութիւններ, կատարելագործուեցին երկրի կառավարման, պետական մարմինները, ստեղծուեց մշտապէս գործող 60.000անոց հզօր ու լաւ սպառազինուած բանակ:
Կիլիկիայի թագաւորութիւնը դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատեց եւրոպական երկրների հետ:
Ստեղծուեց հայոց առեւտրական նաւատորմը, մաքսային համակարգ, երկիրը ծաղկում էր բոլոր առումներով: Լեւոն Երկրորդն առեւտրական արտօնեալ պայմանագրեր կնքեց Ջենովայի եւ Վենետիկի Հանրապետութիւնների հետ: Այաս նաւահանգիստը դարձրեց առեւտրական մեծ կենտրոն, Կիլիկիայի ափամերձ ջրերում պայքարեց ծովահէնութեան դէմ: Կիլիկեան Հայաստանը առեւտրական կապերի մէջ էր եւրոպական հեռաւոր երկրների հետ: Դեռ Կիլիկեան Հայաստանից շատ առաջ, Իսոսի կամ Ալեքսանդրետի ծովածոցը կոչւում էր Հայոց ծոց, որ վկայում է հայկական նաւագնացութեան առկայութեան մասին»:
Ն.