Print
Category: Յուշատետր

Հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներու եւ մեծավաստակ արժէքներու փաղանգին մէջ եզակի է տեղը լեզուաբան ու բանասէր, պատմագէտ ու մտաւորական Հրաչեայ Աճառեանի, որ 1953ի այս օրը՝ Ապրիլ 16ին, Երեւանի մէջ, առյաւէտ փակեց տքնաջան, այլեւ յոգնատանջ իր աչքերը։

Բառին բուն եւ ամէնէն ընդգրկուն իմաստով գիտուն՝ ակադեմիկոս հեղինակութիւնն է Հրաչեայ Աճառեան, որուն լեզուագիտական եւ բանասիրական աշխատութիւններուն միայն թւումը բաւարար է, որպէսզի հայ մարդը հպարտութեամբ ու պատկառանքով խոնարհի Հայկեան Հանճարի իւրայատուկ այս ճառագայթումին առջեւ։

Սերունդներու ակնածանքին արժանի է յատկապէս մեծոգի Հայու օրինակելի այն կերպարը, որ Հրաչեայ Աճառեան կերտեց ու յաւերժացուց իր կեանքով ու գործով։ Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան անհուն պաշտամունքը Աճառեան վերածեց կենսակերպի՝ բնատուր իր շնորհներն ու կարողութիւնները անսակարկ նուիրաբերելով ոչ միայն Մայրենիի անաղարտ պահպանման ու զարգացման, այլեւ հայոց ազգային ինքնահաստատման բազմաչարչար երթին առջեւ ոգեղէն հորիզոններ բանալու, ինքնահաւատարմութեան աղբիւրներ յայտնաբերելու մեծ առաքելութեան։

Աճառեան հաւատաց, որ «Միտքը սնունդ է. մտածել՝ նշանակում է սնուել»։ Այդ հաւատքով ալ իմաստաւորեց եւ բեղմնաւորեց իրեն բաժին հանուած կեանքի ժամանակը։ Լեզուագիտական ու բանասիրական իր աշխատասիրութիւններուն ամբողջապէս նուիրուելով մէկտեղ՝ բնաւ չմեկուսացաւ սեփական ժողովուրդին բաժին հանուած Արհաւիրքի կեանքէն։ Իսկ իր ապրած ժամանակը հալածանքի ու ծառացումի, հայաջնջումի եւ հայակերտումի, անկումի եւ թռիչքի բախտորոշ դարաշրջան մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար։ Աճառեան բացառապէս մտքի եւ գիտութեան մարդ եղաւ, բայց միաժամանակ ամէն բանէ վեր պահեց հայոց բազմաչարչար պատմութենէն իր յայտնագործած ազգային-քաղաքական սրբութիւնները։ Որքան հալածուեցաւ, այնքան բարութեամբ տէր կանգնեցաւ ազգային իր ճակատագրին եւ անվարան պատգամեց սերունդներուն, թէ՝

«Անմեղների ողբերգութիւնը սկիզբ է առնում մեղաւորների մեղաւորութիւնից: Սակայն մեղաւորների մեղաւորութիւնը երբեք չի արդարացնում անմեղների ողբերգութիւնը»։

1876ին Պոլիս ծնած, համեստ հնակարկատի զաւակ էր Հրաչեայ Աճառեան, որ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն շրջանաւարտ՝ երկու տարի, 1893-1894, Գատըգիւղի Արամեան դպրոցին եւ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ըրաւ։ 1895ին անցաւ Ֆրանսա, ուր մասնագիտական իր ուսումը կատարելագործեց Փարիզի Սորպոնի եւ Սթրազպուրկի համալսարաններու լեզուաբանական ճիւղերուն մէջ։ Արժանաւոր ուսանողը եղաւ մեծահռչակ հայագէտներ Ա. Մէյյէի եւ Հ. Հիւպշմանի։ Հ. Աճառեանի վրայ մեծ ազդեցութիւն գործեց այդ ժամանակաշրջանին իր ծաղկումը ապրող լեզուաբանութեան ֆրանսական՝ ընկերային ուղղութիւնը, որ իր շեշտակի դրոշմը դրաւ հայ մեծ լեզուաբանի հետագայ աշխատասիրութեանց վրայ։

1898ին, աւարտելով ուսումը, Հրաչեայ Աճառեան վերադարձաւ հայրենիք՝ դասախօսական պաշտօններ վարելով յաջորդաբար Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի, Շուշիի, Նոր Բայազէտի, Նոր Նախիջեւանի, Թեհրանի եւ Թաւրիզի թեմական ու ազգային վարժարաններուն մէջ։ 1923ին, իր դիմումին վրայ, հրաւիրուեցաւ Խորհրդային Հայաստան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, մինչեւ կեանքին վերջին օրերը, պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս եւ լեզուաբանութեան ամպիոնի վարիչ։ Յետ մահու՝ Հրաչեան Աճառեանի անունով կնքուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Լեզուի Հիմնարկը։

Ուսանողական զարգացման եւ դասախօսական պաշտօնավարութեան համար կատարուած տեղափոխութիւններով յատկանշուող իր կեանքի եղանակը մեծապէս օգնեց Հրաչեայ Աճառեանի, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ մեր ժողովուրդին ե՛ւ բարքերուն, ե՛ւ բարբառներուն, ե՛ւ մատենագրական հարուստ ժառանգութեան։ Իսկ իր լեզուագիտական բնատուր տաղանդով ու աշխատունակութեամբ՝ Աճառեան յաջողեցաւ այդ ամբողջ գիտութիւնը վերադարձնել իր ժողովուրդին՝ աւելի քան 200 գիտական մեծարժէք աշխատասիրութիւններու վաստակով մը։

Հրաչեայ Աճառեան հիմնադիրը եղաւ հայ լեզուի պատմութեան գիտական մշակումին եւ, մանաւա՛նդ, հայկական բարբառագիտութեան։

Սորպոնի համալսարանի ուսանողական իր շրջանէն սկսեալ, Հ. Աճառեան շեշտակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց հայ լեզուի կազմախօսական զարգացումը ուսումնասիրելու, յատկապէս հայոց բարբառներու առանձնայատկութեանց բաղդատական քննարկումը եւ դասակարգումը կատարելու աշխատանքին նկատմամբ։ Լեզուաբանութեան իր աւարտաճառը եղաւ, ֆրանսերէնով, «Հայ բարբառներու դասակարգումը» աշխատասիրութիւնը, որ առանձին հատորով լոյս տեսաւ 1909ին։

Հ. Աճառեան գիտականօրէն զարգացուց եւ հիմնաւորեց այն տեսութիւնը, որ մինչեւ հինգերորդ դար հայ ժողովուրդը ունեցած է գլխաւոր չորս բարբառներ միայն, որոնք աննշան տարբերութիւններով յատկանշուած են։ Այնուհետեւ, սակայն, մինչեւ 12րդ դար, հայ ժողովուրդին վիճակուած՝ տարբեր կայսրութիւններու տիրապետութեան տակ բաժան¬բաժան ապրելու կեանքին բերմամբ, առաջացած են բազմատասնեակ բարբառներ, որոնք նաեւ հիմնական տարբերութիւններ ունեցած են իրարմէ։

Հ. Աճառեանի տասնամեակներու այդ հետազօտութեանց կոթողական արգասիքը եղաւ «Հայերէն արմատական բառարան»ը՝ 1926էն 1935 հրատարակուած իր եօթը հատորներով, որուն մասին Փրոֆ. Մէյյէ հպարտութեամբ գրած է, թէ «Ոչ մի լեզուի համար չկայ այսքան ճոխ, այսքան կատարեալ ստուգաբանական բառարան»։

Նոյնքան կոթողական իրագործում եղաւ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»ը՝ իր հինգ հատորներով, ուր հայ մատենագիրներու եւ ձեռագիր մատեաններու ուսումնասիրութեամբ եւ այլ լեզուներով անձնանուններու հետ բաղդատական քննարկումով՝ Աճառեան սպառիչ համատեղումը եւ հիմնաւորումը կատարեց հայոց անձնանուններուն։

Հայ լեզուաբանին եւ բանասէրին կոթողական վաստակին երրորդ կարեւոր ուղղութիւնը նուաճեց Հ. Աճառեանի «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի՝ համեմատութեամբ 562 լեզուների» բազմահատոր աշխատասիրութիւնը, որուն միայն «Ներածութիւն»ը եւ վեց հատորները լոյս տեսած են։

Հրաչեայ Աճառեան հայ ժողովուրդին կտակեց երկու հարիւրը անցնող գիտական աշխատասիրութեանց հսկայական հարստութիւն մը։ Անոնց շարքին նոյնքան կոթողական տեղ կը գրաւեն հայերէն լեզուի կազմախօսական եւ պատմական ընդհանուր հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ ուղղագրական եւ քերականական առանձին խնդիրներուն նուիրուած բազմահատորանոց աշխատասիրութիւնները։ Այդպիսին են «Հայոց լեզուի պատմութիւն» երկհատորեակը, «Մ. Մաշտոց եւ գրերու գիւտի պատմութեան աղբիւրներն ու անոնց քննութիւնը» եւ «Հայոց գրերը» ծաւալուն աշխատասիրութիւնները, որոնք գիտական լոյսի տակ կը բերեն հոգեմտաւոր մեր հարստութեան հարազատ ակունքները։

Խորհրդային կարգերու տակ դիւրին չեղան Հրաչեայ Աճառեանի կեանքն ու աշխատանքը, որովհետեւ հայ ժողովուրդի դասական հարստութեան խորագոյն պաշտամունքով ապրող ու սնանող մեծ լեզուաբանին եւ բանասէրին առջեւ վարչակարգային շատ խոչընդոտներ յարուցուեցան։ Յատկապէս Աբեղեանական ուղղագրութեան որդեգրումին ու պարտադրումին դէմ բուռն ընդդիմութեան դրօշակիրը դառնալով՝ Հրաչեայ Աճառեան նաեւ իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ, յանուն հայ լեզուի քերականութեան եւ ուղղագրութեան անաղարտ պահպանման ծառանալով պոլշեւիկեան մշակութասպանութեան դէմ։

Իր այդ ծառացումին գինը շատ ծանր վճարեց Աճառեան։ Ձերբակալուեցաւ եւ չեկայական ծանրագոյն չարչարանքներու ենթարկուեցաւ. շուրջ երեք տարի բանտային կեանքի ստորնացման դառնագոյն բաժակը ցմրուր ճաշակեց։

Իբրեւ այդպիսին՝ գիտական իր մեծահարուստ ժառանգութեան կողքին, Հրաչեայ Աճառեան իր մտածողութեամբ եւ բարոյական կերպարով մարմնաւորեց Մեծոգի Հայու անխառն Տիպարը։ Արեւմտահայն ու արեւելահայը, ազգայնականն ու մարդասէրը, աստուածավախութիւնն ու ընտանիքի անսահման սէրը, անխոնջ աշխատասիրութիւնն ու կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու հաստատակամութիւնը, գիտական անշահախնդրութիւնը եւ արժէքներու պաշտամունքը միաձուլուեցան Աճառեանի մէջ եւ յաւիտենական օրհնութեան արժանացուցին զինք։ 

Ն.