Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ,
Թնդացնում ես երկինք, գետինք տենչավառ,
Սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէ դար,
Հսկայ լերինք քեզ ապաստան, Անդրանիկ։
30 Օգոստոսի այս օրը, 84 տարի առաջ, Մ. Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, բոցավառ իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներու առասպելատիպ Քաջն ու Հերոսը՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ։
Շատ է գրուած ժամանակակից հայոց պատմութեան եզակի ու արծուաթռիչ այս Հսկային մասին, որ 1890ականներու վերջերուն Սասնոյ լեռներէն սկսաւ սաւառնիլ հայոց երկնակամարին վրայ, արժանաւորապէս խորհրդանշեց հայ ժողովուրդին մարտական ցայտուն արժանիքները՝ քաջութիւնն ու խիզախութիւնը, յանդգնութիւնն ու անձնազոհութիւնը, ռազմունակութիւնն ու տոկունութիւնը, քսաներորդ դարու առաջին քսանամեակի հայոց դարակազմիկ բոլոր վերիվայրումներուն վրայ դրաւ իր անջնջելի դրոշմը եւ... Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն ետք հեռացաւ Հայաստան Աշխարհէն՝ հեռաւոր Ֆրեզնոյի ցուրտ հողին մէջ իր վերջնական անդորրը գտնելու համար...
Վախճանեցաւ՝ «Գործս կէս մնաց»... տրտունջը շրթներուն։
Շատ է գրուած եւ տակաւին շատ ու շատ պիտի գրուի Հայոց Ազատամարտի անպարտելի Արծիւին մասին, որ անլռելի երգ դարձաւ նախ նոյնինքն հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերու շրթներուն։ Բանաստեղծներէն առաջ ժողովրդային մեր աշուղները վանկ առ վանկ հիւսեցին փառքը քաջ ֆետայիի, անձնուրաց յեղափոխականի եւ համազգային հերոսի ինքնատիպ մարմնաւորումը հանդիսացած այս մեծ Դաշնակցականին, որ ինչպէս Աւետիս Ահարոնեան պիտի ընդգծէր անզուգական հայդուկապետին ու անվիճելի զօրավարին մահուան առիթով գրուած իր մենագրութեան մէջ՝
«Անդրանիկ հայ ժողովրդի համար անհատ չէ, այլ մարմնացումն է մի հզօր ու անսասան գաղափարի։ Եւ իբրեւ այդպիսին՝ նա ժողովրդի երեւակայութեան մէջ անանձնացած, դիւցազնական է։ Կուռք է Անդրանիկը, որ մեր ժողովուրդն է կռել, կոփել ու քանդակել համապատասխան իր դարաւոր իղձերի, ձգտումների, ամբողջ իր իտէալին, արդարութեան եւ իրաւունքի ծարաւ իր հոգու պահանջներին։
«- Անդրանիկ գերազանցօրէն յեղափոխական էր։ Ըմբոստացած հողի ցասումն ու ընդվզումը։
«Եւ հէնց դրա համար է, որ հողի ու քրտինքի մարդիկ այնպէս պինդ սիրեցին նրան։
«Առաջնորդ, շէֆ էր ծնուած Անդրանիկ։ Ամէն տեղ ու ամէն պարագաներում Անդրանիկ մնում էր տիրական, իշխող ու հրամայող։
«- Կուսակցութեան չէր կարող տոկալ Անդրանիկ, թէեւ ոտքից գլուխը դաշնակցական էր։ Աւելի՛ն կþասեմ. նա կուսակցութիւն բնաւ չէր էլ հասկանում, աւելի եւս՝ պետականութիւն, որի մասին շատ թիւր ըմբռնում ունէր»...
Շատ է գրուած նաեւ ու մանաւանդ Դաշնակցութենէն «խռոված» բաժնուելու եւ իբրեւ այդպիսին աչքերը փակելու Անդրանիկի վերջին տարիներու ողբերգութեան մասին։ «Քաջ Անդրանիկ»ի մահուան 84ամեակին նուիրուած յուշատետրի այս էջով հարկ չկայ վերաբանալու այդ դառն թղթածրարը, որովհետեւ՝
- Նախ՝ ինչպէս Հրաչ Տասնապետեան կþընդգծէ, Դաշնակցութենէն անդին՝ «Հայաստանի անկախութեան օրերուն անհամաձայնութիւններ կþունենայ Հանրապետութեան կառավարութեան հետ եւ կþանցնի արտասահման»...
- Ապա՝ ինչպէս Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, «Անդրանիկ խռոված մեռաւ Դաշնակցութեան հետ։ Վերջինը չպատասխանեց Անդրանիկի կողմէ եղած վիրաւորանքներուն եւ միշտ պահեց իր գուրգուրանքը հերոսին հանդէպ։ Անդրանիկի ամբողջ կեանքը անքակտելի կապերով միացած է Դաշնակցութեան պատմութեան հետ»։
- Վերջապէս եւ ամէնէն կարեւորը, ինչպէս որ Շաւարշ Միսաքեան պիտի նշէր 1928ի Յունուար 29ին, «Յառաջ»ի էջերուն, Անդրանիկի աճիւններուն Ֆրանսա տեղափոխութեան եւ Փէր Լաշէզի մէջ թաղման առիթով՝ «Հերոսը որ կը թաղուի այսօր, օտար հողի վրայ, ունեցաւ փառքի եւ դառնութեան օրեր։
«Փառք՝ Հայաստանի լեռներուն վրայ, «իբրեւ արծիւ»։ Դառնութիւն՝ քաղաքի մէջ, իբրեւ զէնքը վար դրած մարդ, որ ակռայ կը կրճտէ, գործը կիսատ մնալուն համար։
«... Զինքը չհասկցողները ուզեցին իբրեւ դրամագլուխ ծառայեցնել իր վրիպումները։ Մինչեւ այսօր ալ, այդ լպրծուն գետնին վրայ կեցեր են, առանց ըմբռնելու որ ատով ոչ թէ կը բարձրացնեն, այլ կը փոքրացնեն հերոսը։
«Որովհետեւ, եթէ Անդրանիկ դառնացաւ իր ընկերներէն եւ անկիւն մը քաշուեցաւ, «պառաւ»ներուն հաճոյք պատճառելու համար չէր։
«Ընդհակառա՛կն։ Եւ եթէ կարելի ըլլար կարդալ մարդոց սիրտը այնպէս, ինչպէս կը թղթատենք ու կը կարդանք գիրք մը, ապահովաբար սրտաբեկութեան շատ աւելի ծանր փաստեր պիտի գտնենք։
«Նայեցէք իր վերջին պատկերին եւ դատեցէք։
«Ո՜ւր այն խստագիծ Հայդուկը, պողպատէ նայուածքով եւ պիրկ ջիղերով, եւ ո՜ւր սա տժգոյն, նկուն դիմագիծը։
«Տարի՞քն է, որ կատարած է այդ այլափոխումը։
«Բայց Անդրանիկ նոր չծերացաւ։
«Հիւանդութի՞ւնը։ - Սակայն տարիներէ ի վեր հիւանդ էր ան, սաստկօրէն կը տառապէր, յաճախ կը մռնչէր յօդացաւի չարչարանքներէն, եւ դէմքը նորէն ամուր էր, իսկ նայուածքը՝ արու։
«Գիտութիւնը անճար է մարդոց սիրտը վերլուծելու։ Բայց այն սերունդը, որ Անդրանիկներով սնաւ ու ծաղկեցաւ, այն սերունդը հազար պատմութիւն կը կարդայ այս դէմքին վրայ, մանաւանդ 1920էն յետոյ։
«Ամէնէն առաջ կը տեսնէ անոր կատաղութիւնը, տարիներու հերակլեան պայքարին եւ սա տժգոյն մանրանկարին առջեւ։
«- Հայրենիք մը՝ ո՛չ ազատ, ո՛չ ալ անկախ։ Երկիր մը, որ իր թափառական զաւակներն անգամ համրանքով կը դատէ, տասը հազարին մէկ համեմատութեամբ, այն ալ պատահաբար։
«Հայաստան մը, վերջապէս, որ ոչ իսկ իր մեռելներուն տէր կþըլլայ»...
Այո՛, այսպէս կոչուած «դաշնակցական Հայաստան»էն սրտնեղած Անդրանիկին Խորհրդային Հայաստանը նոյնիսկ չուզեց հայրենի մեր հողին մէջ յաւիտենական հանգիստի արժանացնել։
Հայոց Ազատամարտի անպարտելի Արծիւին յիշատակին՝ այսօր չենք կրնար չյիշել յատկապէս Սիամանթոյի «Հայորդիները» շարքին Անդրանիկի նուիրուած դիպուկ պատգամը.
Խօսեցաւ ինծի ան եւ իր բառերը իրարու ետեւէ եւ կարգ առ կարգ
Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինախոյզ եւ առնական...
«Ոտքի՛ կեցի՛ր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս եւ մրրկուէ՛ անոնց հետ,
Որովհետեւ գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն
Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն»...
Անզուգական Անդրանիկ այդպիսի՛ վատագոյն վախճան ունեցաւ, որովհետեւ ռազմի դաշտէն չհեռացաւ վահանով կամ վահանի վրայ, այլ հեռաւոր Ֆրեզնոյի մէջ եւ փափուկ սնարի վրայ իր անզօր կատաղութեամբ մաշեցաւ, հանգեցաւ ու Փէր Լաշէզի պանթէոնին մէջ Ազգային Հերոսի փառքով... դամբարան ունեցաւ։
Դարձեալ Շաւարշ Միսաքեանի բառերով՝ «Անդրանիկը թաղելով Փէր Լաշէզի մէջ, կաղնեփայտէ սնտուկով, մեր ուխտը պիտի ըլլայ ոչ թէ ցուցադրել զայն իբրեւ հին փառքի ամուլ յիշատակարան մը, ինչպէս Լեւոն Լուսինեանը, այլ իբրեւ կենդանի մասունք մը, որ ուժ եւ հաւատք պիտի կաթեցնէ թմրութեան դատապարտուած հոգիներուն մէջ։
«Իր դամբարանը պէտք է դառնայ ներշնչարան մը, որպէսզի աւելի ամուր քալենք դէպի Անդրանիկներու երազը,¬ դէպի հայրենիքի եւ ժողովուրդի ազատութիւնը»։
Այսօր արդէն իր պաշտած Հայաստան Աշխարհին գիրկը վերադարձած է 30 Օգոստոս 1927ին վախճանած Սասնոյ Արծիւը, որ իր սերունդին հետ մարմնաւորեց երազը ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան ազատութեան եւ անկախութեան, երազ՝ որուն հասնելու երթը կը շարունակուի։
Պիտի՛ շարունակուի։
Ն.