Print
Category: Յուշատետր

Մարտ 30ին (Հին Տոմարով 17 Մարտին), 150 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան սուլթանական հրովարտակով, պաշտօնապէս պետական վաւերացում ստացաւ հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշըրջանի կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։

Ինչպէս որ այդ «կայսերական հրովարտակին» վերաբերեալ Օրմանեան Արքեպիսկոպոս նշած է իր «Ազգապատում»ին մէջ, սուլթանը ամբողջ 34 ամիս ձգձգեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան օրէնըսդիր բարձրագոյն ժողովին կողմէ 1860ի Մայիս 24ին (Հին Տոմարով) որդեգրուած Ազգային Սահմանադրութեան պաշտօնական ճանաչումը։

Օսմանեան Կայսրութեան գահակալը, ընդհանրապէս իր բռնատիրական իշխանութիւնը պահպանելու մտասեւեռումով, չէր կրնար ընդունիլ, որ սահմանադրական կարգերու հաստատման փորձ կատարուի իր տիրակալութեան սահմաններէն ներս, նոյնիսկ եթէ խօսքը կը վերաբերէր «միլլէթ»ի մը՝ ազգային-կրօնական փոքրամասնութեան մը ներ-համայնքային կեանքի կազմակերպման մէջ ժողովրդավարական տարրական կանոններու կիրարկումին։

Իսկ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը սոսկ ներ-համայնքային կեանքի կազմակերպման հետամուտ կանոնադրութիւն մը չէր, նոյնիսկ եթէ պաշտօնական անուանումը այդպիսին էր՝ կանոնագրութիւն էր (Նիզամնամէ) օսմաներէնով։

Փաստօրէն Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ թէ արեւելեան՝ հայկակա՛ն նահանգներուն մէջ, 1850ականներուն արդէն, բուռն պայքար ծաւալած էր հայութեան կեանքը ժողովրդավարական մասնակցութեան սկզբունքներով ղեկավարելու հրամայականին շուրջ։

Առաջացած էին հակադիր երկու ճակատներ. մէկ կողմը՝ կղերամիտ եւ պահպանողական հոգեւորականներն ու ազգային ջոջերն էին՝ ամիրաներու եւ սեղանաւորներու ներկայացուցիչներով, իսկ միւս ճակատին վրայ խմբուած էին ազատախոհ մտաւորականները, որոնց աջակից էին նաեւ լուսամիտ հոգեւորականները եւ նոր կազմաւորուող քաղքենի խաւի, արհեստաւորներու (էսնաֆ) յառաջադէմ տարրերը։

Աշխարհաբարի որդեգրման եւ համընդհանուր ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջանն էր արեւմտահայոց համար։ Եւրոպա ուսանած, Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր 1848ի յեղափոխական պոռթկումներուն ականատես ու մասնակից դարձած խումբ մը հայ երիտասարդ մտաւորականներ, վերադառնալով Երկիր՝ յառաջդիմական իրենց գաղափարներով արթնցուցած էին Պոլսոյ թէ գաւառներու հայութիւնը։

Նոյնինքն Օսմանեան Կայսրութիւնը ընդհանրապէս յայտնուած էր Եւրոպայէն տարածուող ժողովըրդավարական գաղափարներու ուժեղ հոսանքին տակ, մանաւա՛նդ Պոլսոյ մէջ, ուր մամուլը հսկայաքայլ զարգացում կ'ապրէր եւ կ'ընդարձակէր ժողովրդային լայն բազմութիւններուն հասնելու իր ազդեցութեան շրջագիծը։

Քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ձեռքբերման համար տակաւ սաստկացող համընդհանուր այդ պայքարի մթնոլորտին մէջ, արեւմտահայ զարթօնքի շարժումը կեդրոնացած էր Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան բարեկարգման եւ ժողովրդավարացման վրայ, որովհետեւ օսմանեան օրէնքով իսկ Հայոց Պատրիարքութեան փոխանցուած էր կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն ոչ միայն հոգեմտաւոր կեանքի, այլեւ քաղաքացիական իրաւավիճակին առընչուող բոլոր հարցերու կարգաւորման լիազօրութիւնը, անշուշտ սուլթանական կառավարութեան բռնակալ հակակշռին տակ։

Պատրիարքարանի ղեկավարման եւ այդ ճամբով հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքացիական կեանքի կարգաւորման ամբողջ գործունէութիւնը կղերի ու պահպանողական իշխանաւորներու մենաշնորհէն, կամայականութենէն եւ սուլթաններու ստրկամիտ ծառայութենէն դուրս բերելու, այլեւ ժողովուրդի լայն խաւերուն ներգործօն մասնակցութեամբ հակակշռելու Զարթօնքի շարժումը յաղթական մակընթացութեան փուլ թեւակոխեց 1853ին։

Պատրիարքութեան Ազգային Հոգեւոր եւ Գերագոյն Ժողովներու միացեալ նիստը, այդ տարի, տեղի տալով համաժողովրդային թափ ստացած ազատախոհ ճակատի ճնշման առջեւ, որոշեց կեանքի կոչել հայութեան կրթական կեանքի ղեկավարման յատուկ մարմին մը՝ «Ուսումնական Խորհուրդ» անունով, որուն պէտք է փոխանցուէր հայոց ազգային թէ մասնաւոր վարժարաններու եւ կրթական հաստատութեանց մատակարարման ու հունաւորման ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։

Յատկանշականը այն էր, որ նորաստեղծ «Ուսումնական Խորհուրդ»ին անդամ նշանակուեցան Եւրոպայէն ուսումնաւարտ խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներ։ Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ն. Պալեան, Ս. Վիչէնեան (Սերվիչէն), Կարապետ Իւթիւճեան, Մկրտիչ Աղաթոն եւ Գրիգոր Աղաթոն անունով այդ երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ եւ նուիրումով լծուեցան հայեցի դաստիարակութեան ուսումնական ծրագիրներու բարեկարգման եւ ընդհանրապէս հայոց կրթական կառոյցներու ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմերու վրայ դնելու աշխոյժ աշխատանքին։ Բնականաբար անոնք բախեցան իշխող մտայնութեանց յարուցած բազմատեսակ խոչընդոտներուն, բայց ոչ միայն տեղի չտուին, այլեւ բարեկարգչական եւ ժողովրդավարացման իրենց պայքարի ծիրը ընդլայ- նեցին՝ ամբողջ Պատրիարքարանի գործունէութիւնը ժողովրդավարականօրէն կանոնակարգելու մարտահրաւէրին ընդառաջ երթալով։

Տարիներու վրայ երկարեցաւ անոնց պայքարը, բայց այդ ժամանակամիջոցին մշակուեցաւ եւ բուռն հակազդեցութիւններու մթնոլորտին մէջ բիւրեղացաւ սահմանադրական ու կանոնադրական սկըզբունքներու ամբողջ շարք մը, որ Հայոց Պատրիարքի ընտրութենէն եւ հրաժարեցումէն մինչեւ ազգային իշխանութեանց տարբեր օղակներու կազմաւորման, իրաւասութեանց յստակացման ու զատորոշման հարցերը օրէնսդրական կարգաւորումի ենթարկեց։

Սահմանադրական սկզբունքներու, օրէնքներու եւ կանոններու այդ ամբողջութեան առանցքն ու առաջատար գաղափարը եղաւ հայ ժողովուրդին լիարժէք մասնակցութեան ա- պահովումը եւ ժողովրդային գերագոյն իշխանութեան հաստատումը Ազգի Գործերու յանձանձման ու ղեկավարման մէջ։

Այդ բարեկարգումներու ամբողջութիւնն էր, որ ստացաւ Ազգային Սահմանադրութիւն անուանումը եւ, յետ երկարատեւ բախումներու եւ ազատախոհական տրամադրութիւններու յաղթական տարածումին, 1860ի Մայիս 24ին ի վերջոյ որդեգրուեցաւ Հայոց Պատրիարքութեան Ազգային Ժողովին կողմէ։

Եւ Ազգային Սահմանադրութեան այդօրինակ որդեգրումին ընդդիմացող պահպանողական շրջանակներն էին, որ ամէն միջոցի դիմեցին, որպէսզի խափանեն անոր վաւերացումը սուլթանական կառավարութեան կողմէ։ Ներքին կարգով հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան կիրարկումը Հայոց Պատրիարքին կողմէ առկախուեցաւ հաստատումէն տարի մը ետք, 1861ի Օգոստոս 26ին։ Բայց Սահմանադրութեան կողմնակիցները տեղի չտուին եւ սաստկացուցին սուլթանական վաւերացման ձեռքբերումը արագացնելու պայքարը։ 1862ին նոյնիսկ ժողովրդային ցոյցեր կազմակերպուեցան Պոլսոյ հայութեան կողմէ՝ հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան պետական վաւերացումը պահանջելով։

Ժողովրդային այդ ուժեղ ճնշումը, նոյնպէս եւ եւրոպական արժէքներուն հետ քայլ պահելու Օսմանեան Կայսրութեան բարեկարգումի ընդհանուր հրամայականը ստիպեցին Սուլթանին, որ 30 Մարտ 1863ին պաշտօնապէս վաւերացնէ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։

Անշուշտ սուլթանական վաւերացման արժանացած Կանոնագրութիւնը կարեւոր չափով կտրեց 1860ին հաստատուած Սահմանադրութիւնը։ Անոր 150 յօդուածները զեղչելով հասցուց 99ի՝ դուրս ձգելով Պատրիարքութեան հիմնական որոշումներուն կայացման մէջ ժողովրդային ու աշխարհական մասնակցութեան իրաւունքն ու գերակշռութիւնը ամրագրող կարեւոր կէտերը։

Այսուհանդերձ՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմք ծառայեց արեւմտահայոց ազգային կեանքի կազմակերպական վերակառուցումին՝ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկման ուղղութեամբ։

Ազգային Սահմանադրութիւնը գործեց մինչեւ 1896, երբ Համիտ առկախեց անոր կիրարկումը։ Իսկ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք անիկա վերստին կեանքի կոչուեցաւ, բայց 1915ի ցեղասպանական մեծ ոճիրէն ետք անիկա ենթարկուեցաւ Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետութեան տարաբնոյթ կաշկանդումներուն։

Մէկուկէս դար անցած է այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։ 19րդ դարու երկրորդ կէսը հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ամէնէն բուռն դարձակէտը կազմեց։ Հայկական յեղափոխութեան բռնկումն ու բոցավառումը ուղղակիօրէն արագացուցին հայ կեանքի ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմքի վրայ հաստատելու եւ ամրապնդելու Ազգային Զարթօնքի շարժումը։ Այսօր չկայ Օսմանեան Կայսրութիւնը։ 1915էն 1923 հայ ժողովուրդը իր հայրենի բնօրրանէն արմատախիլ եղաւ ու աշխարհացրիւ դարձաւ։ Արեւելեան կողմն հայաշխարհի, մեր ժողովուրդը հերոսական ծառացումով եւ իր արեան գնով անկախ հայրենիք կերտեց ու ազգային պետականութիւն հիմնեց։

Այդպէ՛ս, քսաներորդ դարու ողջ ընթացքին, հայ ժողովուրդը նոր ժամանակներ մուտք գործեց տարահուն երկու ուղղութիւններով։ Բայց պատմակշիռ այդ զարգացումներու բովին մէջ իր կեանքը շարունակեց Ազգային Սահմանադրութիւնը, պատշաճեցաւ հայութեան սփիւռքեան կեանքի պայմաններուն եւ, մասնակի փոփոխութիւններով, շարունակեց հիմքը կազմել սփիւռքահայ հայօճախներու ազգային կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարումին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցներն ու թեմերը համապատասխան հունի մէջ պահելով եւ առաջնորդելով։

Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմնովին վերանայելու եւ հայ ժողովուրդի մերօրեայ իրականութեան լիարժէք համապատասխանեցնելու պահանջը շատոնց հասունցած է արդէն։ Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով՝ նաեւ հրատապ կարեւորութիւն ստացած է այդ պահանջը։ Եկած է ժամանակը, եթէ ուշացած չէ արդէն, որպէսզի նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Նուիրապետական Աթոռներու մասնակցութեամբ, 21րդ դարու ժողովրդավարացման ընդհանուր հունին մէջ վերահաստատուի հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը՝ համահունչ մեր ժամանակներու հայ կեանքի առանձնայատկութեանց, առաջնահերթութեանց եւ մարտահրաւէրներուն։

Ն.