Մարտ 14ին հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ մահուան տարելիցը իր ամէնէն ժողովրդական ու սիրուած քնարերգակներէն՝ անզուգական Յովհաննէս Շիրազի։
Մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ Շիրազի դէմքը անջնջելիօրէն քանդակուած է իբրեւ մարտունակ եւ խրոխտ երգիչը գերեվարեալ Մասիսի տուն-դարձին, Սփիւռքի հայապահպանումին ու հայրենադարձութեան, Հայկական Իրաւունքի ու Արդարութեան վերականգնումին, Հայ Դատի պայքարին եւ արիւնոտ այդ ճամբուն վրայ ինկած հերոսական ողջակէզներուն...
Շիրազի լայն ժողովրդականութեան եւ մեծապէս սիրուած բանաստեղծի արժանաւորութեան պատուանդան ծառայեց նաեւ ազգային մեր սրբութիւնները՝ հայեցի՛ բարքերն ու արժէքները բարձրարուեստ քնարերգութեամբ շնչաւորելու Շիրազեան տաղանդը։
Հայ մօր պաշտամունքը, հայու հայրական իմաստութեան նահապետականացումը եւ հայոց տոհմիկ աւանդութեանց նոր ժամանակներու շունչով վերաթարմացումը ապրող կուռքի գահին բարձրացուցին Շիրազը։
Հայ գրականութեան մեծ անդաստանէն ներս Շիրազ յաջողեցաւ այսպիսի՛ անզուգական տեղ ու դիրք նուաճել, որովհետեւ ի վերուստ օժտուած էր քնարերգակի անխարդախ տաղանդով։
Փաստօրէն մեր ժողովուրդին համար Շիրազ հանդիսացաւ սրտի եւ մտքի հոգեհարազատ երգ երկնող բանաստեղծը, որ հայ ըլլալու հպարտութիւնը թեւաւորեց գեղարուեստական բարձրարժէք քնարերգութեամբ։
Մեծ բանաստեղծի մահուան 29րդ տարելիցին առիթով, ոգեկոչման այս պահը հաղորդութեան կը վերածեն հայ գրականութեան մեծանուն երախտաւորներէն քաղ
ուած վկայութիւնները.
- Արշակ Չօպանեան.- Յովհաննէս Շիրազը, որ երէկ անապաստան, խուժանային եւ որբ տղեկ մը եղած է..., այսօր, ըստ իս, Երեւանի եւ ամբողջ աշխարհի բանաստեղծներուն մէջ ինքնուրոյն տեղ մը գրաւելու արժանի ներշնչեալ, հմայիչ քնարերգակ մըն է։
- Աւետիք Իսահակեան.- Յ. Շիրազը հայ ժողովրդի վշտի դարաւոր մառախուղից ծագած աստղն է:
- Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեան.- Շիրազը սփիւռքի մէջ ամենաժողովրդական եւ սիրուած բանաստեղծն է, յուզիչ կապ է մեր եւ մեր հայրենիքի ժողովրդի մէջ, նրա ձայնը սփիւռքում սրտեր կը գրաւէ... Տարբեր լարեր կան անոր քնարին վրայ, թէ՛ աշուղական, թէ՛ քնարական, թէ՛ փիլիսոփայական եւ նկարագրով էլ, որպէս մարդ, նա հրաբխային բանաստեղծ է։
- Ուիլեըմ Սարոյեան.- Շիրազ մեծ տաղանդ մըն է։ Անիկա մեծ, մեծ անուն ունի եւ մենք շատ կը գնահատենք անոր գոյութիւն... Շիրազ թանկագին հոգի մըն է, ես շատ կը ցանկանամ լուրեր առնել անոր գրութիւններէն, լսել անոնք։ Ան տաղանդ է, մենք պէտք է հպարտ զգանք եւ մեծ պատիւ համարենք անոր հետ ծանօթ ըլլալ։
- Սուրէն Աղաբաբեան.- Նրա մէջ բոցկլտում էր մաշտոցեան լեզուի կրակը, նրա երակներում հոսում էր Նարեկացու եւ Քուչակի արիւնը, իսկ սրտի միջով անցնում էր Խաչատուր Աբովեանի վէրքը։ Նա տիրապետում էր Սասունցի Դաւթի ուժին, սակայն նրա պոեզիայում ծաղկում էր մօր ծաղիկը, որի անունը քնքշութիւն է։ Նրա քնարը պատուով կրում էր Կոմիտասի կարօտը եւ Մարտիրոս Սարեանի գոյների հարմոնիան։ Շիրազը ոչ միայն բանաստեղծական պատկերի անգերազանց վարպետ է, այլեւ բանաստեղծութեան գերազանց կառուցող-ճարտարապետ։ Շիրազի ստեղծագործութիւնը ոչ թէ պատմութիւն է կամ անցեալի յուշ, այլ բանաստեղծական գալիք, ուր թրթռում է պոեզիայի կենդանի ոգին, աստուածային շունչը։
- Ռազմիկ Դաւոյեան.- Ապագայում եւս շիրազեան բանաստեղծութիւնը բազմաթիւ հիւանդ հոգիներ ու սրտեր կը բուժի, ինչպէս այսօր մենք մոռացուած խոտեր ու ծաղիկներ ենք փնտռում՝ մեր հիւանդ մարմինը բուժելու համար։ Այն անթառամը, որ կայ շիրազեան բանաստեղծութեան մէջ, սքանչելի բոյր ունի եւ ապաքինող բաղադրութիւն։
Ահա՛ հայ քնարերգութեան այդ անթառամ շունչն էր, որ 29 տարի առաջ, Մարտ 14ի այս օրը, 69 տարեկանին մարմնապէս շիջեցաւ։ Հայոց աշխարհէն առյաւէտ բաժնուեցաւ եւ յաւերժի համաստեղութեան միացաւ լուսաբաշխ ու յուսաբեր աստղը անզուգական Շիրազի։
Շատ ու շատ տարիներ կþանցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թօթովանքով մեր աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ մրմնջել, նաեւ գոռալ՝ յանուն Արդարութեան յաղթանակին եւ Մասիս Սարի տուն¬դարձին։
Աւազանի անունով Օննիկ Կարապետեան՝ Յովհաննէս Շիրազ լոյս աշխարհ եկաւ Հայոց Արհաւիրքի օրերուն՝ 1915 թուի Սեւ Ապրիլի 27ին, Ախուրեան գետի ափին գտնուող գիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տան մէջ։
Նորածինը հազիւ երեք տարեկան մանուկ էր, երբ որբացաւ հօր կողմէ, որուն թուրք զինուորները սպաննեցին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակելու համար Արեւելահայաստանի վրայ գործուած 1918ի թրքական արշաւանքին ժամանակ։
Թրքական խժդժութեանց հետեւած իրարանցումին մէջ, Օննիկ կորսնցուց մայրը, անպատսպար փողոցները թափառեցաւ՝ հացի եւ օթեւանի կարօտ, մինչեւ որ անտէր լքուած հարիւրաւոր շատ որբերու հետ զինք եւս յանձնեցին Ալեքսանդրապոլի որբանոցին խնամատարութեան։ Դառն ու դաժան մանկութիւն մը անցուց, յաճախակի փախուստ տուաւ որբանոցի ճնշիչ մթնոլորտէն եւ, ինչպէս որ հետագային պիտի գրէր իր ինքնակենսագրութեան մէջ, «որբանոցից շատերն էին փախչում, մեծ մասը դէպի շուկայ, իսկ ես՝ դէպի Արփաչայի հովիտները՝ փնտռելու հայրիկիս բոստանը: Եւ մի վայրկեան ծաղիկների ու կակաչների մէջ մոռանում էի, որ որբ եմ...»:
Աւելի ուշ, երբ արդէն թեւակոխած էր պատանեկութեան տարիքը, Օննիկ լրիւ հեռացաւ որբանոցէն եւ բառին բուն իմաստով փողոցի կեանք ապրեցաւ, մինչեւ որ այդ ձախորդ օրերուն մէջ յանկարծ փայլեցաւ «ճակատագրական մի սուրբ վայրկեան»: Շիրազ պատահականօրէն հանդիպեցաւ հացը ձեռքին անցորդ խեղճ կնոջ մը: Սոված Օննիկը փորձեց փախցնել կնոջ հացը, բայց կինը բռնեց զինք եւ... սեղմեց կրծքին: Մայրն էր՝ Աստղիկը, որ վերջապէս գտած էր իր կորուսեալ որդին: Փաղաքշանքով «գիժ-ջան, գիժ» կրկնելով՝ մայրը որդւոյն տարաւ տուն, որ հին ու կիսափուլ խրճիթ մըն էր: Եւ ճակատագրական այդ օրէն, մօր խօսքը սրբութիւն եւ օրէնք եղաւ Օննիկի համար, իսկ մօր գլխաւոր խորհուրդն էր՝ «Արհեստ սովորիր... արհեստն է մարդուն ոսկէ բիլազուկ»:
Որբութեան եւ չքաւորութեան այդ տարիները ադամանդի պէս կոփեցին տաղանդը ստեղծագործական երկնատուր շնորհներով օժտուած Օննիկի, որ հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու երկնակամարին վրայ անմար աստղի իր տեղը գրաւեց իբրեւ Սիրոյ, Վշտի եւ Հայոց Սրբազան Դատի զգայուն եւ խոհուն երգիչը՝ Յովհաննէս Շիրազ գրչանունով։
Շիրազ պատանի տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ, բախտը փորձեց կօշիկի եւ հիսուածեղէնի արհեստներուն մէջ, բայց շուտով անդրադարձաւ, որ բանաստեղծութիւնն է իր կեանքի բուն եւ միակ ասպարէզը։ Սկսաւ ստեղծագործել 15 տարեկանէն եւ իր առաջին քերթուածները լոյս տեսան Լենինականի (Գիւմրի) հիւսուածեղէնի գործարանին գրական հրատարակութեան էջերուն։
1935ին առանձին հատորով լոյս տեսաւ իր երեխայրիքը՝ «Գարնանամուտ»ը, որ անմիջապէս յափըշտակուեցաւ ընթերցողներուն կողմէ եւ արագօրէն մեծ համբաւ ապահովեց քսանամեայ Շիրազին։ Ահա՛ նմոյշ մը.-
Մանուշակներ ոտքերիս ու շուշաններ ձեռքերիս,
Ու վարդերը այտերիս, ու գարունը կրծքիս տակ,
Ու երկինքը հոգուս մէջ, ու արեւը աչքերիս,
Ու աղբիւրները լեզուիս՝ սարից իջայ ես քաղաք,-
Ու քալեցի խայտալով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու շուշաններ ձիւնաթոյր,
Ու մարդիկ ինձ տեսնելով՝ իրենց յոգնած աչքերին
Տեսան ուրիշ մի աշխարհ, գարուն տեսան նորաբոյր,
- Ի՜նչ թարմութիւն,- ասացին,- ի՜նչ թարմութիւն,-
Ու բացին լուսամուտներն իմ առջեւ, ու ես իմ սիրտը բացել՝
Անցնում էի երգելով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու յասմիկներ հոգեթով,
Կարծես մի ողջ բնութիւն մի պատանի էր դարձել,
Քաղաք իջել լեռներից՝ կանգնէր զմրուխտ հեքիաթով
Երկրէ-երկիր շաղ տալով կակաչներն իմ ձեռքերի,
Մեր երգերի լուսաբացն ու գարունը լեռների։
Այսպէ՛ս սկսաւ Շիրազի անկասելի վերելքը դէպի հայ քնարերգութեան Մասիս բարձրունքը։
Սիրոյ եւ Վշտի երգերով յատկանշուեցաւ Շիրազի մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս եւ որքան ժամանակը թաւալեցաւ, այնքան պարզութիւնն ու խոհականութիւնը, գեղարուեստական քնա- րականութիւնը ու ազգային յուզաշխարհը բիւրեղացան Շիրազի մէջ, որ իբրեւ ինքնուրոյն դպրոց, ԵՐԵՒՈ՜ՅԹ դարձաւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսին՝ հայ գրականութեան վերազարթնումին վրայ իր տիրական դրոշմը դնելով։
Դարձեալ նմոյշ մը.-
Երկնքի սպիտակ, սպիտակ շուշաններ,
Իջնում էք անշշուկ, իջնում էք ձիւն դառած,
Իջնում էք պարուրում անտառներ ու դաշտեր,
Ու ծածկում իմ աչքից ձորերն իմ թափառած։
Թափուեցէ՛ք, իմ ձիւներ, երազներ քնքշաթով,
Թափուեցէ՛ք, ծածկեցէ՛ք ձորերն իմ յուշերի,
Ա՜խ, յուշերն ինձ անգամ խոցում են շշուկով,
Յուշերիս քուն բերէք մոռացման գիշերի։
Ես ամէն ինչի մէջ նրան եմ տեսնում դեռ,
Ոտքերի հետքերն եմ նշմարում քարերին,
Փռեցէ՛ք մոռացման սաւաններն, իմ ձիւներ,
Նրա հետ թափառած իմ բոլոր ճամբէքին։
Թող իջնի մազերիս ձմեռը տխրաձայն,
Միայն թէ մոռանամ, հեռանամ յուշերից,
Ա՜խ, իմ դառն յուշերը չպիտի քաղցրանան,
Թէկուզեւ մազերիս ձիւնն իջնի՝ ծածկի ինձ...
Իր կենդանութեան իսկ Շիրազ դարձաւ ապրող առասպել մը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Առաջին հերթին՝ քաղաքամայր Երեւանի համար, ուր գրեթէ ամէնօրեայ իր գրական հաւաքները կ'ունենար փողոցը՝ Աբովեան, Ամիրեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկներուն, իր երկըրպագուներու հետ հանդիպումներով։ Այլեւ՝ աշխարհասփիւռ հայաշխարհի բոլոր ափերուն, ուր հայութեան նորահաս սերունդները իր բանաստեղծութիւններով երգեցին Սէրը, Հայոց Վիշտը, Մօր պաշտամունքը եւ, մանաւանդ, Հայկական Հարցը արդար լուծման արժանացնելու պահանջատիրական պայքարը։
Հայաշունչ մթնոլորտի մէջ կազմաւորուած ո՞ր հայը, այսօր, կրնայ մտահան ընել իր պատանեկութեան սորված եւ արտասանած Շիրազի «Ամենայն Սրտով» պայքարի հրաւէրը, որ ամբողջ ազգային զարթօնքի մը նշանաբանը դարձաւ՝
Օտարի ձեռքից հինգ հարիւր տարուայ հողերը այսօր ետ են գրաւում,
Օրէնք է, ու մենք էլ ասում, որ հողը տիրոջն է միայն պատկանում.
Բայց ինչի՞ խօսել ուրիշի մասին եւ միշտ մոռանալ ցաւը սեփական,
Ինչո՞ւ վաստակել, որ ուրիշն ուտի, մոռանալ քաղցը հարազատ մանկան:
Ո՛չ, բաւական է, չպէտք է լռել. երազել քիչ է, պէտք է պայքարել,
Քառասուն տարին դեռ նոր է անցել, հայոց հողերը պէտք է պահանջել.
Քարտէզի վրայ դեռ շատ անուններ մինչեւ օրս էլ հինն են մնացել,
Նոյնն են մնացել քաղաքներ, գիւղեր, շէներ ու գետեր եւ հին ամրոցներ:
Սահմանին թիկնած Արարատն է սէգ, իրեն լանջերով, զմրուխտ կուսական.
Արարատն է սիմպոլը հայոց, միշտ թվչանքով լի, քաղցր մայրական.
Իսկ այն կողմ հեռւում, Պինկէօլն է լքուած, սգուորի նման, սեւ ամպերի մէջ,
Վանայ եւ Նազիկ լճերն են նիրհում, Աղթամարն է մեր արտասւում անվերջ:
Այս բոլորը դուք տեսնում էք հայեր եւ այն թսղել էք բախտի պատմութեան,
Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում. ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան.
Պէտք է պայքարել, պէտք է պայքարել եւ պէտք չէ սոսկալ մահից սեփական,
Մահուան գնով էլ պարտաւոր ենք մենք միացեալ տեսնել հողը հայկական:
Այսպէ՛ս պատգամեց եւ իր բոցաշունչ երգերով մեր կեանքը իմաստաւորեց անզուգական Շիրազը՝ հայ քնարերգութեան անթառամ շունչը։
Ն.