116 տարի առաջ, Մարտ 13ի այս օրը, լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի բոլոր ժամանակներու հանճարեղ բանաստեղծներէն Եղիշէ Չարենց։
Ինչպէս բոլոր իրա՛ւ մեծութիւնները, Չարենց ինք եւս ամէն բանէ առաջ եղաւ իր ապրած ժամանակաշրջանին երգիչը։ Շնչաւորեց իր դարաշրջանի ոգին եւ ա՛յդ երգով վեր բարձրացաւ իր ժամանակաշրջանէն, բոլոր ժամանակներուն համար այժմէական իր պատգամը ստեղծեց եւ յաւերժութիւնը նուաճեց։
Այդպէ՛ս Չարենց իր ժամանակին, յատկապէս հայ ժողովուրդի յետ-Եղեռնեան ժամանակաշրջանին ամէնէն վաւերական երգիչը եղաւ եւ, իբրեւ այդպիսին, իբրեւ հայոց պատմութեան հազարամեակներու երթին վրայ յածող լուսաւոր աստղ, իւրայատուկ իր գահը գրաւեց մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։
Կը բաւէ որեւէ օր կամ օրուան որեւէ ժամուն կարդալ Չարենցը, որպէսզի մեր ապրած ժամանակն ու կեանքը դիտենք ու ընկալենք նոր լոյսի տակ՝ Չարենցի հրաբորբոք, այլեւ անսպառ խոհերու եւ յոյզերու լուսարձակով։
Շատ գրուած է Չարենցի «պոլշեւիկեան» խանդավառութեան, Կարմիր Արեւի մոլեռանդ պաշտամունքին եւ նոյնքան յախուռն ու խոր պատրանաթափութեան եւ շրջադարձին մասին։
Մեծն Չարենցի ծննդեան 116ամեակին նուիրուած այս անդրադարձին կիզակէտ ընտրուած է ի սկզբանէ հայ քերթողութեան հանճարեղ այս ծնունդը համակած ներքին անդոհանքը՝ ի տես հայ ժողովուրդի... «մահուան տեսիլին»։
Չարենց մէկէ աւելի գործեր ստեղծած է «Մահուան Տեսիլ» խորագրով, նաեւ՝ հայ ժողովուրդին էութիւնը խռոված մահուան ուրուականին հետ դէմ յանդիման կանգնած է յաճախ, գոյները խտացնող բանաստեղծական յղումներ կատարելով թշնամիներու կողմէ մահուան դատապարտուած, բայց միշտ յարութիւն առնելու եւ պայծառ գալիքը նուաճելու վճռականութեամբ առլցուն ազգային մեր հրաշազօր ներուժին։
Վստահաբար ընթերցողը ծանօթ է Չարենցի գլուխ-գործոցը համարուող «Գիրք Ճանապարհի» երկին երկարաշունչ այն բանաստեղութեան, որ «Մահուան Տեսիլ» խորագրով եւ Տանթէական շունչով՝ Չարենցեան իւրայատուկ վիպերգութիւնն է հայ ազգային-ազատագրական պայքարին։
Համեմատաբար նուազ ծանօթ է նոյն խորագիրը կրող Չարենցի հետեւեալ քերթուածը.-
Որպէս լքուած թաւջութակի ձգուած մի լար՝
Դողում է սիրտս կարօտով մի ահարկու.
Կարօտներիս գագաթն է այն՝ վերջի՛ն քնար.-
Մի պիրկ պարան ու երկնուղէշ փայտեր երկու։
Որպէս բախտիս մութ քամահրանքը, կամ որպէս
Մի հին խոստում, որ անկատար, դրժած թողի։
Կախաղանի փայտերն ահա քաղաքի մէջ
Կանգնել են, սէգ, ու սպասում են կախուողի։
Կանգնել են, լուռ իրար կքած, փայտեր երկու,
Ու մէջտեղում դողում է, մեղկ ու երերուն,
Մի գորշ պարան, ինչպէս տխուր այս օրերում
Անբոց մորմոքը նայիրեան իմ ո՛րբ հոգու.
Եւ արդեօք ո՞վ է երազել այդքան դաժան -
Ու լուսաւոր առաւօտները իմ հոգու
Ո՞վ դարձրեց - մի անկրակ իրիկնաժամ,
Ու գորշպարան, ու երկնուղէշ փայտե՜ր երկու։
Գուցէ այդ ե՜ս եմ, որ սրտով իմ լուսնահար
Ո՜չ մի կրակ հեռուներից ձեզ չբերի,
Ու ցանկացայ, որ չօրհներգէ ոչ մի քնար
Լուսապսակ, պայծառ գալիքը Նայիրի...
Երթամ մարող ու մարմարող իրիկուայ մէջ,
Որպէս ուրու հալածական, որպէս տեսիլ,-
Տա՛մ պարանոցս կարօտին այն երկնուշեղ
Ու օրօրուեմ՝ եղերական ու անբասիր...
Թող ո՜չ մի զոհ չպահանջուի ինձնից բացի,
Ուրիշ ոտքեր կախաղանին թող մօտ չգան.
Եւ թող տեսնեն ի՜մ աչքերի մէջ կախուածի,
Իմ բո՜րբ երկիր, լուսապսակ քո ապագան։
Թող դուրս ընկած իմ աչքերի մէջ կախուածի
Նոքա տեսնեն պայծառ օրերդ ապագայ,-
Թող ո՜չ մի զոհ չպահանջուի ինձնից բացի,
Ո՜չ մի ստուեր կախաղանիս թող մօտ չգայ...
Ահա այսպէ՛ս ապրեցաւ Չարենց հայ ժողովուրդին բաժին հանուած իր ժամանակաշրջանը.- Աշխարհաւեր Առաջին Աշխարհամարտը, հայ ժողովուրդը զգետնող Մեծ Եղեռնը, հայութեան ազգային հրաշազօր յարութիւնը եւ նոր դարաշրջանի յոյսը աւետող Ռուսական յեղափոխութիւնը։
Եւ հազիւ քսանամեայ երիտասարդ՝ Եղիշէ Չարենցի մէջ յաղթահասակ կանգնեցաւ բոլոր ժամանակներուն իր պատգամը ունեցող մեծ բանաստեղծը։
Հայ ժողովուրդին անցեալն ու ներկան, «Մահուան Տեսիլ»ն ու «Էպիքական Լուսաբաց»ը ընկալեց եւ եր- գեց բոլոր ժամանակներուն եւ հանուր մարդկութեան ուրոյն պատգամ փոխանցող շունչով ու ահագնութեամբ։ Խորշանքով դիտեց եւ կատաղօրէն մերժեց գաւառայնութեան ու գաւառամտութեան ամէն երանգ ու հակում, որովհետեւ հայկականին եւ հայրենականին մէջ յայտնագործեց դարերէն եկող ու դարերուն գացող մարդկային մեծ ժառանգութիւնը։
Տարբեր ներաշխարհ եւ իմացական խռովք չէր կրնար ունենալ Չարենցի հանճարով օժտուած յեղափոխաշունչ քերթողը, որ իր արարած ամէն տողին եւ երգին մէջ ներքին հուր դրաւ՝ նոր հորիզոն բանալու ամբողջական գիտակցութեամբ։
Համաշխարհային յեղափոխութեան հաւատաւոր երգիչը եղաւ Չարենց եւ իր հոգեկան ամբողջ զօրութեամբ յաւերժացուց «հին աշխարհը քանդող» եւ «պայծառ գալիքի արեւը բերող» մեծ պայքարին «Ամբոխները խելագարուած»։ Բայց ողջ աշխարհի եւ այդ ճամբով հայ ժողովուրդի գալիքին նկատմամբ միշտ եւ միայն լաւատեսութեամբ այդ աստիճան լեցուած հայ քերթողը երբեք մտահան չըրաւ Հայոց Արհաւիրքը՝ իր ստեղծագործական կեանքի սկզբնաւորութեան, ընթացքին թէ վերջալոյսին անպայման վերադառնալով ահաւոր մեր անցեալի արժեւորումին, ներկային եւ վաղուան համար նորովի դասեր քաղելով, սեփական անտեսումներն ու վրիպումները վերանայելու եւ սրբագրելու շեշտակի ջերմեռանդութեամբ։
1897ի Մարտ 13ին Կարս ծնած, բայց ծնողներուն բնակավայր պարսկական Մակու քաղաքը իբրեւ ծննդավայր երգած Եղիշէ Աբգարի Սողոմոնեանը, հազիւ պատանի դարձած, ոչ միայն անձամբ մաս կազմեց Արեւմտահայաստանին օգնութեան փութացող Հայ Կամաւորական Շարժումին, այլեւ՝ արեան ու արցունքի ճամբաներուն իր ապրած ծանրախոհ պահերը վերածեց բանաստեղծութեան։
1933ին գրուած իր վերջին «Մահուան Տեսիլ»ին մէջ, համաշխարհային յեղափոխութենէն հիասթափուած՝ Չարենց վերաժեւորումը կատարեց իր ազգային ակունքներուն, ի շարս ազգային մեր հիմնական արժէքներուն վերագնահատումը կատարելով մեր ժողովուրդին «քաղաքական անօթ»ը նուաճած գաղափարական մեծ շարժումին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, իբրեւ հայոց «արի այրերու տառապակոծ բանակ», որուն տուաւ եւ «Հըդահի՜ւն» անուանումը։
Չարենց բնաւ դաշնակցական չեղաւ, Նիկոլ Աղբալեաններու՝ Դաշնակցութեան կողմէ յայտնագործուելով եւ ամբողջական գուրգուրանքի արժանանալով հանդերձ, երկար ժամանակ ներքին պայքար մղեց Դաշնակցութեան պատմական դերն ու արժէքը խոստովանելու եւ ընդունելու դէմ, բայց ի վերջոյ եւ, գլուխը վրայ տալու գնով, կանգնեցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան համազգային արժեւորման դիրքերուն վրայ։
Եւ պատահական չէր, որ բանտային չարչարանքի տակ անգամ, Չարենց ամբողջական հաւատքով ու փարումով իր «Պատգամ» խորագրուած ծածկագիր կտակը գրեց եւ հայ ժողովուրդին պատգամեց՝
«Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
Այո՛, որքան մեծ ու սրտաբուխ եղաւ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան նկատմամբ Չարենցի պաշտամունքը, նոյնքան մեծ ու անհակակշռելի դարձաւ խորհըրդային ամբողջատիրութենէն իր հիասթափութիւնը։
Իր կեանքով ալ վճարեց ծանրագոյն գինը իր շրջադարձին, երբ «երկաթ»ն ու «պեթոն»ը ներբողելու իր խանդավառութեան վերջակէտ դրաւ ու հակեցաւ «Գիրք Ճանապարհի»ի ծանրախոհ դասերուն եւ պատգամներուն վրայ։
Հայաստանի «արեւահամ բառը սիրելու» Տաղարանով հայ քերթողութեան բարձունքը մագլցած Չարենցը, երբ կռնակ դարձուց «Լենինն ու Ալին» գովերգելու իր խանդավառութեան, բանտարկութեան մէջ եւ չարչարանքի տակ անգամ շարունակեց յեղափոխաշունչ իր երգը՝ հայ ժողովուրդի հզօրացման մէջ տեսնելով միակ փրկարար ուղին եւ պայծառ գալիքի գրաւականը։
Կþանցնին ժամանակները, կու գան ու կ'երթան ամէնէն ահեղ կայսրութիւններն անգամ, բայց անկորընչելի կը մնան դարու ոգին մարմնաւորող իրա՛ւ մեծութիւնները, որոնք նաեւ այժմէական շունչ կը հաղորդեն իրենց յաւերժ ներկայութեան։
Չարենց այդ հսկաներէն է եւ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ» խորագրով իր խոհուն բանաստեղծութիւնը թող ջերմացնէ ընթերցողի հոգին՝ հետեւեալ արեւահամ պատգամով.
Հազար ու մի վէրք ես տեսել,- էլի՜ կը տեսնես,
Հազար խալխի ձեռք ես տեսել,- էլի՜ կը տեսնես։
Աշնան քաղած արտի նման՝ Հազար զոհերի
Չհաւաքուած բերք ես տեսել,- էլի՜ կը տեսնես։
Գլուխդ չոր քամուն տուած պանդուխտի նման,
Հազար տարուայ հէք ես տեսել,- էլի՜ կը տեսնես։
Նարեկացի, Շնորհալի, Նաղաշ Յովնաթան,
Ինչքա՛ն հանճար, խելք ես տեսել,,- էլի՜ կը տեսնես։
Քո Չարենցին լեզու տուող երկիր Հայաստան,
Հազար ու մի երգ ես տեսել,- էլի՜ կը տեսնես։
Ն.