Print
Category: Յուշատետր

Հակառակ խորհրդային դարաշրջանէն «ժառանգուած» ապազգայնացման ու այլասերման բեռէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու իր յանդուգն քայլերուն, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մինչեւ այսօր կը շարուանկէ պահապան կանգնիլ խորհրդայիններուն կողմէ մայրենի մեր լեզուին պարտադրուած պոլշեւիկեան «ուղղագրութեան»։

Մարտ 4ի այս օրը կը լրանայ 91ամեակը այն տխրահռչակ հրամանագրին («դեկրետին»), որուն միջոցաւ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կործանելէ ետք, անոր աւերակներուն վրայ «թագաւորելու» եկած պոլշեւիկները զինու զօրութեամբ Հայերէնի իրենց ուզած «ուղղագրութիւն»ը պետականօրէն փաթթեցին հայ ժողովուրդի վիզին։

Ինչպէս խորհրդային ստրկամտութեան տասնամեակներուն, նոյնպէս եւ այսօր սակաւաթիւ են Ռաֆայէլ Իշխանեանի եւ Վարագ Առաքելեանի օրինակով հայ ազգային աւանդներու այն դրօշակիրները, որոնք հայ մտաւորականի իրենց կոչումին տէր կանգնելով պատրաստ են, ի գին հալածանքի եւ շնորհազրկումի, յառաջ մղելու Հայերէնի դասական՝ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը վերականգնելու եւ Մայրենին աշխարհով մէկ միեւնոյն ուղղագրութեամբ սերունդներուն փոխանցելու սրբազան պայքարը։

Ժամանակը եկած է, նոյնիսկ ուշացած ալ ենք արժանաւորապէս ընդառաջելու 91 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այս կնճռոտ, այլfu փշոտ հարցին համազգային ու վերջնական լուծում տալու մարտահրաւէրին։

1922ին Հայաստանի խորհրդային նորահաստատ իշխանութիւնները շատ լաւ գիտէին, թէ ի՛նչ կ'ընէին, երբ այդպէս՝ 4 Մարտին հրապարակուած հրամանագիր «դեկրետ»ով մը, պետականօրէն ու պաշտօնապէս հանրապարտադիր կը հռչակէին հայերէնի իրենց նախընտրած «ուղղագրութիւն»ը։

Սկզբնապէս Աբեղեանական յորջորջուած, աւելի ուշ՝ Հայաստանեան անուանուած եւ այսօր արդէն Պոլշեւիկեան նկատուող այդ «ուղղագրութիւն»ը, նոյնիսկ եթէ լեզուաբանական եւ գիտական առումով որոշ հիմնաւոր նախադրեալներ ունէր, այսուհանդերձ՝ պետականօրէն պարտադրուելով, էապէս եւ գերազանցապէս քաղաքական քայլ մը եղաւ։ Պառակտի՛չ քայլ մը՝ որուն միջոցաւ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը արմատական հարուած հասցուց հայ ժողովուրդի ազգային միասնականութիւնը վերականգնելու ճիգերուն, նուիրագործելով խզումը հայութեան հայրենաբնակ եւ տարագիր թեւերուն միջեւ։

Հարուածը շատ անդին կ'անցնէր արեւելահայութեան եւ արեւմտահայութեան, կամ՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ բնական ու կազմախօսական տարբերութիւններէն։ Խորհրդային քաղաքացիի եւ արտասահմանցիի «երկաթեայ վարագոյր»ով կ'երկատէր Հայերէնի եւ հայ գրականութեան միասնութեան հիմքը կազմող Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը։ Հարկ պիտի ըլլար սպասել տասնամեակներ, որպէսզի պոլշեւիկեան «ուղղագրութեամբ» լոյս տեսնեն մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը մեսրոպեան ուղղագրութեամբ լոյս տեսած հայ մշակոյթի՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ մեծերուն դասական գործերը։

Այսինքն՝ խորհրդային կարգերու տակ պէտք է կազմաւորուէր նոր սերունդ մը, որ դժուարութիւն պէտք է ունենար կարդալու եւ իւրացնելու Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ լոյս տեսած անցեալի հունձքը։ Այդ ճամբով նաեւ խորհրդայինները հետամուտ էին հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձարանէն միայն իրենց նախընտրած գործերը ժողովրդականացնելու՝ Պոլշեւիկեան «ուղղագրութեամբ» վերահրատարակուելու «պատիւ»ը անոնց վերապահելով...

Օրին իսկ բուռն եղաւ ընդդիմութիւնը «սխալագրութիւն» խարանին արժանացած «դեկրետ»ային այդ «ուղղագրութեան» դէմ։ Ոչ միայն սփիւռքի տարածքին ազգային-քաղաքական անհաշտ պայքար ծաւալեցաւ ազգային մեր միասնականութեան սպառնացող վտանգին դէմ, այլեւ նոյնինքն Խորհրդային Հայաստանի մէջ գիտական ազդու ընդդիմախօսութիւն թափ առաւ նորամոյծ «ուղղագրութեան» նկատմամբ։

Այլապէս ու ամէն պարագայի, հայոց լեզուի եւ գրականութեան հսկաներէն հանդիսացող Մանուկ Աբեղեանի լեզուագիտական հիմնաւորումներու չարաշահումով՝ յառաջ քշուեցաւ Պոլշեւիկեան «ուղղագրութեան» պարտադրումը Լենինի ձեռնասուններուն կողմէ։ Մինչ Աբեղեանին կը յուզէր հայերէնի ուղղագրութիւնը պարզացնելու՝ «ինչպէս կը հնչենք, այդպէս ալ գրենք»ի տրամաբանութիւնը, խորհրդային նոահաստատ իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնները հիմնովին այլ էին, պոլշեւիկեան դաւանամոլական ներշնչում ունէին, հայ ժողովուրդէն իր ազգային¬պատմական յիշողութիւնը խլելու ծանրագոյն յանցագործութեան կը միտէին։ Միայն այդ ճամբով խորհրդայինները ի վիճակի պիտի ըլլային հայրենի հայութիւնը խզելու ամբողջական հայութենէն, որպէսզի մեկուսացուած Խորհրդային Հայաստանը ամբողջապէս համարկէին եւ ձուլէին խորհրդային բազմազգ «հայրենիք»ի ու «ժողովուրդ»ի խառնարան-կաթսային մէջ։

Նորելուկ «ուղղագրութիւն»ը պաշտպանելու եւ հիմնաւորելու նպատակով՝ խորհրդայինները ծաւալեցին ամբողջ ամբոխավարութիւն մը, ուր առատօրէն օգտագործեցին իբր թէ «ժողովրդային կրթութիւն», «գրաճանաչ հասարակութիւն» եւ «ժոովրդական մշակոյթ» հաստատելու, տարածելու եւ «զարգացնելու» կարգախօսները։ Ամբոխավարական այդ աղմուկին մէջ, խորհրդայինները ծայրայեղ կամակորութեամբ յառաջ տարին նոր սերունդին միայն իրենց «ուղղագրութիւն»ը սորվեցնելու տենդագին աշխատանքը՝ ընթերցող հասարակութիւնը նոր «ուղղագրութեամբ» տպագրուած գիրքերու հեղեղին տակ առնելով։ Իսկ միւս կողմէ՝ անվարան դիմեցին ամէնէն բիրտ միջոցներով հալածանքի, բանտարկութեան եւ մինչեւ իսկ սպանութեան քայլերու, որպէսզի լռութեան մատնեն պաշտօնական «ուղղագրութեան» ընդդիմախօսները։

«Եղէգները չխոնարհուեցին» սակայն։

Պոլշեւիկեան ուղղագրութեան դէմ հայրենի մտաւորականութեան խիզախ ներկայացուցիչները պարբերաբար բարձրացուցին բողոքի իրենց ձայնը, կրկին հալածուեցան, բայց եւ այնպէս Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան վերականգնման դրօշը ձեռքէ ձեռք փոխանցեցին։ Մինչեւ որ 1980ականներու համեմատաբար ազատ պայմաններուն մէջ, ազգային այժմէական հարցերու օրակարգին վրայ իր արժանի տեղը գրաւեց Հայերէնի միասնական ուղղագրութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը։

91 տարին շատ-շատ երկար ժամանակ է եւ պոլշեւիկեան «ուղղագրութիւն»ը իր աւերը գործած է արդէն։ Ամբողջ սերունդներ կազմաւորուած են Պոլշեւիկեան ուղղագրութեամբ։ Հրատարակչական հարուստ ժառանգութիւն մը կուտակուած է։ Մէկ օրէն միւսը կարելի չէ գիծ քաշել այդ բոլորին վրայ եւ... զերոյէն վերսկսիլ։

Բայց Հայաստանի վերանկախացումով սկսած հայոց ազգային պետականութեան վերականգնման երթը չի կրնար վերջնական յաղթանակով պսակուիլ, եթէ ապազգայնացման եւ այլասերման խորհրդային բեռը չկարենանք լրիւ թօթափել։

Մայրենիի Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը դժուարին պայքար եւ ծանր զոհողութիւն կը պահանջէ, որոնց արժանի են սակայն գալիք սերունդները։

Հայ ազգային ժառանգութեան լիարժէք տէր կանգնելու ճամբան կ'անցնի Մայրենիի միասնական ու դասական՝ Մեսրոպեա՛ն ուղղագրութեան վերականգնումէն։

 Ն.