Print
Category: Յուշատետր

Հայ ժողովուրդը իւրայատուկ պատճառ ունի իր ազգային յուշատետրին մէջ կարեւորութեամբ նշելու Փետրուարի 28ի այս օրը։
108 տարի առաջ, փետրուարեան այսպիսի օր մը, Ցարական Կայսրութեան մենատէրը, կայսերական յատուկ հրամանագրով մը, վերահաստատեց Կովկասի փոխարքայութիւնը։

Ցարական կառավարման համակարգի այդ բարձրագոյն պաշտօնը Նիկոլայ Բ. Ցարը վստահեցաւ իր անձնական մտերիմներէն եւ ատենի արքայական ընտրանիի անդամներէն կոմս Իլարիոն Իվանովիչ Վորոնցով-Դաշկովին (1837-1916)։
Վորոնցով-Դաշկովի նստավայրը Թիֆլիսն էր եւ փոխարքայութեան պաշտօնը ան վարեց 1905էն մինչեւ 1915, երբ փոխարքային յանձնուեցաւ ռուսական զօրքին ընդհանուր հրամանատարութիւնը, Առաջին Աշխարհամարտին սկիզբը, Ռուս-Թրքական ռազմաճակատին վրայ։

Կովկասի մէջ փոխարքայութեան կառավարման համակարգին վերահաստատումը իր ուղղակի անդրադարձը ունեցաւ, Անդրկովկասի տարածքին, ռուսական տիրապետութեան տակ ապրող ազգերու եւ ժողովուրդներու կեանքին վրայ։
Ցարի որոշումը ունէր քաղաքական-ռազմավարական իր ծանրակշիռ պատճառները։
1904ին բռնկած էր Ռուս-Ճափոնական պատերազմը, որու ընթացքին ցարական զօրքը ծանր պարտութիւն կրեց։ Ցարական իշխանութեան այդ ընկրկումին անմիջապէս հետեւեցաւ յեղափոխական շարժման պոռթկումը ռուսական կայսրութեան ամբողջ տարածքին՝ բռնկելով Ս. Փեթերսպուրկէն։
Համառուսական յեղափոխական շարժման ալիքը իր ամէնէն բուռն արձագանգը գտաւ Անդրկովկասի մէջ, ուր Պաքուի նաւթային պաշարներուն տիրանալու մեծապետական մրցապայքարը իր գագաթնակէտին հասած էր այդ շրջանին։ Նոյն այդ խորապատկերով՝ լայն թափ հաւաքած էր աշխատաւորական պայքարը յանուն ընկերային պայմաններու բարելաւման ու արդարութեան։
Անդրկովկասեան այդ եռեւեփող միջավայրին մէջ, Ցարի իշխանութիւնը անդրդուելիօրէն յառաջ կը մղէր ամբողջ Կովկասը ռուսացնելու իր քաղաքականութիւնը։ Այդ անհեռանկար քաղաքականութեան անբաժանելի մասը կը կազմէր «Հայաստան առանց հայու» Ցարական ռազմավարութիւնը, որուն տխրահռչակ ծառաներէն էր ատենի Անդրկովկասի կառավարչապետը՝ իշխան Գոլիցին Գրիգորի Սերգէյեւիչ (1838-1907)։
Ցարիզմի որդեգրած ռուսացման ու Հայաստանի հայաթափման քաղաքականութիւնը իշխան Գոլիցին յառաջ կը մղէր ամենայն խստութեամբ ու կոպտութեամբ՝ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելով ամբողջ շրջանին մէջ։
Գոլիցինեան քայլերուն ամէնէն ծանրակշիռը հանդիսացաւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու եւ ինչքերու բռնագրաւման Ցարական հրամանագիրը, որուն գործադրութիւնը կառավարչապետը փորձեց պարտադրել խստագոյն միջոցներու կիրարկումով։
Պատմութենէն ծանօթ է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ բողոքի համաժողովրդային ուժեղ ալիք մը բարձրացաւ ցարական այդ անարդար, հայակործան եւ անընդունելի հրամանագրին տակ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսով եւ հայ հասարակական, քաղաքական եւ յեղափոխական բոլոր շրջանակներու համագործակցութեամբ կազմուած միասնական ճակատով՝ Անդրկովկասի հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ Գոլիցինեան խստութեանց դէմ։
Ցարական իշխանութիւնը ողջմտութեան դիմելու փոխարէն՝ իշխան Գոլիցինի ղեկավարութեամբ վճռեց ազգամիջեան ատելութեան եւ թշնամանքի ալիք բարձրացնել Անդրկովկասի թաթար եւ վրացի ազգաբնակչութեանց մօտ, որպէսզի հակահայ խժդժութեանց հրահրումով կարենայ խեղդել հայկական բողոքը, առնուազն՝ տկարացնել անոր թափը։
Այդպէս սկսան խմորուիլ հայ-թաթարական եւ հայ-վրացական ընդհարումները Անդրկովկասի ամբողջ տարածքին՝ Պաքուն եւ Թիֆլիսը թատերաբեմ դարձնելով անզէն հայ բնակչութեան դէմ կատաղած ամբոխներու կիրարկած խուժանային կոտորածներու։
Դաշնակցութիւնը բնականաբար ուժգնօրէն հակադարձեց եւ Նիկոլ Դումանի ընդհանուր ղեկավարութեան տակ Պաքուէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Շուշիէն մինչեւ Երեւան, հայ ժողովուրդը զէնք բարձրացուց, հերոսական ինքնապաշտպանութիւն իրականացուց եւ անփառունակ ձախողութեան մատնեց կառավարչապետ իշխան Գոլիցինի եւ անոր տխրահռչակ աջ բազուկը հանդիսացող Պաքուի նահանգապետ Նակաշիձէի հակահայ սադրանքը։
Հետեւաբար, ընդհանրապէս համառուսական յեղափոխութեան խմորումներուն եւ յատկապէս հայութեան ազգային-ազատագրական յաղթարշաւին դէմ յանդիման սահմռկած՝ Նիկոլայ Բ. Ցարը ստիպուեցաւ Կովկասի փոխարքայութիւնը վերահաստատել եւ անոր ղեկավարութիւնը վստահիլ «հին աղուէս»ի հռչակ վայելող կոմս Ի.Ի Վորոնցով-Դաշկովի։
Փոխարքան անշուշտ չհրաժարեցաւ ռուսացման քաղաքականութենէն, բայց նախընտրեց Անդրկովկասի սիրաշահումին վրայ խարսխել ռուսացման հետագայ քայլերը։ Այդ մեկնակէտով ալ, առաջին հերթին, Վորոնցով-Դաշկով յետս կոչեց հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման Ցարական հրամանագիրը, նաեւ ձեռնարկեց հայ-վրաց-թաթար հաշտեցման խորհրդակցութիւններու, որոնք ըստ էութեան ձեւական էին եւ այդպէս ալ ապարդիւն մնացին։
Բայց այդ բոլորը տարբեր յուշատետրի նիւթ են։

Ն.