Print
Category: Յուշատետր

Փետրուար 20ի այս օրը, 57 տարի առաջ, Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Զարեհ Եպիսկոպոս. Փայասլեան։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նոր ժամանակներու ամէնէն սրբակեաց եւ վեհանձն հոգեւորականին՝ Զարեհ Առաջինի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրութիւնը, սակայն, զուգադիպեցաւ պատմաքաղաքական ծայր աստիճան լարուած եւ կրքոտ ժամանակաշրջանի մը։

Այդ պատճառով ալ, այլապէս ազգային թէ հոգեւորական բոլոր առումներով օրհնաբեր այդ ընտրութիւնը, 1950ականներուն բնորոշ միջազգային թէ ազգային հակամարտութեանց եւ Պաղ Պատերազմին զուգադիպելով, կիզակէտը դարձաւ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան գլխաւոր հանգոյցներէն մէկուն, եթէ ոչ ամէնէն ծանրակշիռ ցնցումին։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այդ օրերուն կը թեւակոխէր - թրքական պետութեան կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած, տարագրուած ու հայրենազուրկ դարձած հայութեան բեկորներուն հետ - սեփական վէրքերը դարմանելու եւ վերականգնելու հանգրուանը։ 1920ականներու վերջերուն Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի արուարձաններէն Անթիլիասի մէջ իր սփիւռքեան նստավայրը հաստատած՝ Սսոյ պատմական Ս. Աթոռը տակաւ կը վերանորոգուէր եւ թափ կու տար հոգեմտաւոր իր առաքելութեան ու ազգային-հասարակական ծառայութեան։ 1952ին վախճանեցաւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին գահակալ եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ամէնէն լուսամիտ ու մտաւորական հայրապետներէն Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը, որուն ջանքերով ու շունչով աշխուժացած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը սկսած էր հոգեւորական եւ ազգային առաքելութեան ու կոչումի տէր սերունդ հասցնել։ Զարեհ Եպիսկոպոս Փայասլեան Դպրեվանքի առաջին հունձքին մաս կը կազմէր եւ բառին ազնուագոյն իմաստով ձեռնասունն էր Գարեգին Առաջին Վեհափառին, որուն վախճանումէն ետք մեր ժողովուրդին հայեացքը բնականաբար ուղղուեցաւ դէպի Բերիոյ Թեմի առաջնորդ 41ամեայ Զարեհ Եպիսկոպոսը՝ արժանաւոր հոգեւորականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յաջորդ գահակալի պաշտօնին տեսնելու սպասումով։ Բայց Երկրորդ Աշխարհամարտին հետեւած միջազգային, միջին-արեւելեան թէ հայ ազգային քաղաքական պայմանները դասաւորուեցան եւ խաչաձեւուեցան այնպէս, որ կաթողիկոսական ընտրութիւնը ձգձգուեցաւ մինչեւ Փետրուար 1956։ Հարցը կաթողիկոսական ընտրութեան ձգձգումը չէր այնքան, որքան այդ ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւս սեփական քաղաքականութեան լծորդ դարձնելու եւ մեծապետական ազդեցութեան իր գօտիներու ընդարձակման ծառայեցնելու Խորհրդային Միութեան քաղաքականութիւնն էր։ Խորհրդային այդ քաղաքականութիւնը արդէն իր մականին տակ առած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը՝ մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի բռնկումը Ս. Էջմիածնի գահակալ Խորէն Ա. Մուրատբեկեանը սպաննելու սրբապղծութեան դիմելու գնով։ Իսկ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ կարճատեւ քաղաքական մեղրալուսինէն ետք, Խորհրդային Միութիւնը բուռն հակադրութեան եւ մրցապայքարի մէջ մտած էր Միջին Արեւելքի մէջ։ 1952ին Եգիպտոսէն թափ առած Նասըրական համարաբական շարժումը թափանցման պարարտ հող ստեղծած էր նաեւ Խորհրդային Միութեան համար, մեծապետական ազդեցութեան գօտիներու վերադասաւորման առումով։ Կիլիկեան Կաթողիկոսութիւնը այդ ժամանակաշրջանին ծուարած ու ամփոփուած էր յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմաններուն մէջ։ Հակակշռի տակ առնել Կիլիկեան Աթոռը՝ խորհրդայիններուն համար կը նշանակէր շրջանէն ներս թափանցման սեփական սայլին լծել Սուրիոյ եւ Լիբանանի հոծ հայութիւնը եւ զայն իբրեւ ճնշամիջոց գործածել՝ ի խնդիր զոյգ երկիրներու ուղղութեամբ խորհրդային քաղաքական ծրագիրներու իրականացման։ Մեծապետական ազդեցութեան իր գօտիներու ծաւալման այսօրինակ ախորժակներով՝ խորհրդային ղեկավարութիւնը շարժման մէջ դրաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, յատկապէս անոր նորընտիր գահակալը՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը։ Յանձնարարականը մէկ ու միակն էր. Կիլիկեան Աթոռին խորհրդային հաւատարմութեամբ գահակալ մը բազմեցնելով՝ ի սպաս խորհրդային կողմնորոշումի ամրապնդման մղել ոչ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքեան թեւին հոգեւորականները, այլեւ ընդհանրապէս միեւնոյն հունով հակակշիռ հաստատել սփիւռքահայութեան կազմակերպ գաղութներու աշխարհական, այլեւ քաղաքական-կուսակցական կառոյցներուն վրայ։ Ահա այսպէ՛ս մեծապետական մրցապայքարի կռուախնձոր դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական ընտրութիւնը։ Նաեւ նոյն ճամբով մոլեգնեցաւ խորհրդային իշխանութեանց եւ անոնց հլու-հնազանդ կամակատարը դարձած հայկական շրջանակներուն մոլագար հակադրութիւնն ու շղթայազերծած մաղձոտ արշաւը անձնապէս Զարեհ Առաջին Կաթողիկոսին դէմ։ Խորհրդայիններու «չար բախտ»էն պատահեցաւ կամ նոյնինքն հայ ժողովուրդին բախտը բերաւ այնպէ՛ս, որ խորքով պոլշեւիկեան եւ դրսեւորման ոճով հակադաշնակցական այդ խաժամուժը բախեցաւ Զարեհ Առաջին Վեհափառ անունով անմահացած Հայոց Հաւատքի հաստաբուն կաղնիին։ Զարեհ Եպիսկոպոս աներեր ու հաստատակամ դիմագրաւեց այդ բոլորը՝ ոչ միայն մինչեւ իր Կաթողիկոս ընտրութիւնը կամ ընտրութեան ամէնէն լարուած պահերուն, այլեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս իր ընտրութենէն եւ իբրեւ Զարեհ Առաջին Հայրապետ իր օծումէն ետք ալ։ Կաթողիկոսական իր պաշտօնավարութեան կարճատեւ՝ 7ամեայ շրջանին, որքան բարեացակամ ու ներողամիտ գտնուեցաւ անձնապէս իր դէմ կատաղած գռեհկագոյն բանսարկութիւններուն եւ վարկաբեկման արշաւներուն նկատմամբ, նոյնքան հաստաբուն կաղնիի պէս աներեր կանգնեցաւ ամէն կարգի յորձանքներուն դէմ ու անխախտ հաւատքով փարեցաւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի անկախութեան արժանաորապէս տէր կանգնելու իր կոչումին եւ առաքելութեան։ Զարեհ Առաջին կրցաւ դիմադրել ամէն կողմէ իր վեհութեան եւ Կիլիկեան Ս՛ Աթոռի արժանաւորութեան դէմ ուղղուած ցեխարձակումներուն, որովհետեւ իր շուրջ համախմբուած տեսաւ խիտ շարքերը առաջին հերթին նոյնինքն մեր ժողովուրդին։ Ապա՝ շարունակ իր կողքին ունեցաւ հաւատաւոր ու ջերմեռանդ փաղանգը միաբանութեան իր հոգեւոր եղբայրներուն, որոնք ամբողջական հաւատարմութեամբ եւ զօրակցութեան ոգիով ամրապնդեցին իրենց արժանաւոր Վեհափառին կամքն ու մարտունակութիւնը՝ ձախողութեան մատնելու համար Կիլիկեան Աթոռի միաբանութեան պառակտումին հետամուտ բոլոր սադրանքները։ Զարեհ Առաջին եւ իր շուրջ բոլորուած օրինապահ միաբանները իրենց բախտին չլքուեցան երբեք։ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին անկախութիւնը պահպանելու եւ արմատաւորելու դրօշով ու Սփիւռքի հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնուրոյնութիւնը խորհրդային սպառնալիքին դէմ պաշտպանելու վճռակամութեամբ պայքարի դաշտ նետուեցան, ազգային գաղափարապաշտութեամբ տոգորուած, ողջ արտաշխարհի հայ մտաւորականութիւնն ու երիտասարդութիւնը։ Դաշնակցութիւնը բարձրահասակ ու բաց ճակատով փութաց պաշտպան կանգնելու Կիլիկեան Ս. Աթոռին եւ այդպէ՛ս ձախողութեան մատնուեցաւ խորհրդային սադրանքը։ Զարեհ Առաջինի Կաթողիկոս ընտրութեամբ Կիլիկեան Ս. Աթոռը ոչ միայն նուաճեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անկախութեան իրաւունքը եւ անփառունակ պարտութեան մատնեց խորհրդային ոտնձգութիւնները, այլեւ Սփիւռքի հայութեան տուաւ իր հոգեւոր միասնութեան կեդրոնը, որ ահա 57 տարիներէ ի վեր արժանաւորապէս կ'արտայայտէ Սփիւռքի Ձայնը թէ՛ համահայկական եւ թէ համաշխարհային բարձրագոյն բեմերէն։ Համասփիւռքեան զօրակցութեան եւ միասնութեան մեծ շարժումի մը մեկնակէտը հանդիսացաւ, հետեւաբար, 20 Փետրուար 1956ին Զարեհ Առաջին Վեհափառի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրութիւնը։ Այդ շարժումին արգասիքը եղան ինչպէս դէպի Կիլիկեան Ս. Աթոռ շրջադարձը Պարսկաստանի եւ Յունաստանի Էջմիածնական Թեմերուն, նոյնպէս եւ Կիլիկեան Թեմերու յառաջացումը Ամերիկաներու տարածքին ու Արաբական Ծոցի նորակազմ հայագաղութներուն մէջ ստեղծումը Կիլիկեան նոր Թեմերու։ Խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզումէն եւ Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ արդէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը անդրադարձած էր 1950ականներուն գործուած խորհրդային ոտնձգութեանց աւերին, նաեւ ու մանաւանդ՝ 1960ականներէն մինչեւ 1970ականներու կէսերը շարունակուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դէմ անհեռանկար պայքարին ազգավնաս էջը փակելու հրամայականին։ 1970ականներու վերջերէն սկսած եւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք նորովի հունաւորուած բանակցութիւնները՝ Թեմերու միացման եւ վերադասաւորման օրակարգին շուրջ, իրարու մօտեցուցած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ու Կիլիկեան Ս. Աթոռը։ Մերձեցման եւ միասնութեան այդ ճիգերը անպայման կ'արդիւնաւորուին ժամանակի ընթացքին, բայց իրենց բաղձալի արգասիքը տալու համար անխուսափելիօրէն քայլ պէտք է պահեն ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս եւ Սփիւռքի իւրայատկութեանց ու 21րդ դարու պայմաններուն հետ։ Իսկ մեր նորահաս սերունդները, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, պէտք է գիտնան, որ պատմութիւնը վերջնականապէս փակած է խորհրդային ոճով եւ քաղաքական պատուէրով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պառակտիչ դերակատարութիւն սահմանելու 1950ականներու տխուր էջը։ Ս. Էջմիածնի նախամեծար Աթոռի գահակալին երբեւիցէ պէտք չէ պարտադրուի, որ կրկնէ Երանայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառին յանձնարարուած դառն «առաքելութիւն»ը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 12 Փետրուար 1956ին ժամանեց Պէյրութի օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ երեսուն հազարէ աւելի հայերու ջերմ ծափողջիւններով։ Փետրուար 14ին նախատեսուած էր բացումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին՝ միակ օրակարգ ունենալով Կիլիկեան Ս. Աթոռի գահակալին ընտրութիւնը։ Վազգէն Ա. առաքուած էր խորհրդայիններու կողմէ, որպէսզի ամէն գնով յետաձգել տայ ժողովին գումարումը՝ իբր թէ հակադիր կողմերը հաշտեցնելու առաջադրութեամբ, բայց ըստ ամենայնի խորհրդային ոտնձգութեանց դէմ ծառացած պատգամաւորներու մեծամասնութեամբ յատկանշուող ժողովը խափանելու մտօք։ Զարեհ Եպիսկոպոս եւ իրեն զօրակցող օրինապահ միաբաններն ու Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աշխարհական մեծամասնութիւնը կուլ չտուին խորհրդային շաքարապատուած այդ թունաւոր խայծը։ Յարգեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին յայտարարած բարի ցանկութիւնը, որոշեցին շաբաթով մը յետաձգել Կաթողիկոսի ընտրութեան օրակարգը, որպէսզի Վազգէն Վեհափառ ժամանակն ու հնարաւորութիւնը ունենայ իր յայտարարած հաշտարար առաքելութիւնը ի կատար ածելու։ Բայց Ազգային Ընդհանուր Ժողովին բացումը կատարելէ եւ մնայուն դիւանի ընտրութեամբ ժողովին օրինականութիւնը հաստատելէ ետք կատարուեցաւ այդ յետաձգումը, ինչ որ տապարի հարուածի ազդեցութիւն ունեցաւ խորհրդայիններու հիւանդագին սադրանքներուն վրայ։ Այդ պատճառով ալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Լիբանանի մօտ Խ. Միութեան դեսպանատան հետ, լիբանանեան եւ սուրիական պետական իշխանութեանց մօտ ժողովը անվաւեր հռչակելու ապարդիւն փորձերէ եւ հակա-Անթիլիասական ու հակադաշնակցական ամբոխային կիրքերուն վրայ իւղ թափելէ ետք, Փետրուար 20ի վաղ առաւօտեան, առանց սպասելու Ազգային Ընդհանուր Ժողովի վճռորոշ նիստի բացումին, անշուք հեռացաւ Լիբանանէն՝ օդակայանին մէջ իրեն բարի ճանապարհ մաղթելու եկած փոքրաթիւ ամբոխի մը հակա-Զարեհեան ցեխարձակումներու աննախանձելի տարափին տակ... Հայոց ժամանակակից պատմութեան այս դառն ու տխուր էջը փակելու համար կþարժէ ընթերցողին յուշել նոյնինքն Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոսի յետադարձ հայեացքով արժեւորումը 20 Փետրուար 1956ի իրադարձութեանց։ Իր Կաթողիկոս ընտրութեան 6րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշող Կիլիկեան Միաբանութեան Վեհափառը հետեւեալը յայտարարեց 20 Փետրուար 1962ին.

«Սիրելի միաբան եղբայրներ, սիրելի սաներ, «Ի սրտէ շնորհակալ եմ ձեր սրտաբուխ եւ ազնիւ արտայայտութիւններուն համար, որոնք վստահ եմ, կը բխին նոյնքան ազնիւ սրտերէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուելուս վեցերորդ տարեդարձը զիս կը լեցնէ անգամ մը եւս ցաւալի եւ ուրախալի յուշերով: Արդարեւ, վեց տարիներ առաջ օդը նուազ փոթորկալից էր, քան այսօր. սակայն փոթորիկ կար այս դահլիճէն ներս, մանաւանդ՝ սրտերէ եւ հոգիներէ ներս: Պիտի կատարուէր պատմական ընթացիկ դէպք մը՝ ընտրութեամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յաջորդին: Բայց կատարուելիք այս ընտրութիւնը զգեցած էր, այս անգամ, բացառիկ հանգամանք եւ իմաստ, որովհետեւ այս Աթոռիս հակառակորդները կամ զայն անուանարկել ուզողները կը փափաքէին ընել այնպէս, որ ան դադրի ծառայելէ իր հոգեւոր կոչումին եւ  չկարենայ լրիւ կատարել իր պարտականութիւնները քրիստոնէական սուրբ կրօնին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումին մէջ: «Եթէ միայն նիւթական եւ տեսանելի դժուարութիւնները հաշուի առնէինք եւ մոռնայինք աստուածային օժանդակութիւնը, իմաստուն գործ պիտի չըլլար յանձն առնել կաթողիկոսական պաշտօնը եւ արտասահմանի մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այս Աթոռէն բաժին ինկող պարտականութեանց կատարումին ղեկավարութիւնը: Ու երբ կիլիկեան թեմերու Պատգամաւորական ժողովը իր ձայներու մեծամասնութիւնը կեդրոնացուց իմ վրայ, երբեք չխուսափեցայ կոչին դրական պատասխան տալէ‘ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեանց, անհասկացողութեանց, խոչընդոտներու եւ մինչեւ իսկ բացայայտ թշնամութեան‘ սիրելի անհատներէ կամ նոյնքան սիրելի կազմակերպութիւններէ ի յայտ բերուած: «Այժմ կ՛երեւակայեմ 1956 Փետրուար 20էն մինչեւ աշուն երկարող տաժանելի օրերը, որոնք լեցուն եղան ամէն տեսակի դժուարութիւններով: Ու կ՛ապրիմ դառն յիշատակովը ֆիզիքական ամայութեան, որ այս աթոռին ժամանակաւոր բաժինը եղաւ դպրեվանքի Պիքֆայա փոխադրութեամբը 1956ի Հոկտեմբերին: Ու մտքով կը տեսնեմ, որ այդ շրջանին Անթիլիասէն ներս հազիւ քանի մը ճրագներ կը պլպլային գիշերները: Ու գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի հետ եղաւ մեր ամբողջ գործավարութեան ընթացքին, ահա յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ այս Աթոռը կրկին պայծառացած է եւ ուրախութեամբ կը դիտեմ անոր բարգաւաճ վիճակը: Բազմապատկուեցաւ մեր միաբաններուն թիւը եւ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր սկսած ենք պատասխանել այս Աթոռին ուղղուած կոչերուն՝ առաջնորդներ եւ հովիւներ տրամադրելով հայ համայնքներուն: Մեր միաբանները շինարար աշխատանքի լծուած են հեռաւոր Ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ Պարսկաստան, ուր այս Աթոռին անունն իսկ անծանօթ էր տակաւին շատ մօտիկ անցեալին: Հաւանական է, որ աւելի հեռու տեղերէ ալ կանչուիք՝ ծառայելու եւ Հայ եկեղեցին կանգուն պահելու համար: Ու պիտի ընդառաջենք այդ հրաւէրներուն ոչ թէ կայսրութիւն հիմնելու, ոչ թէ թեմեր յափշտակելու, ու մանաւանդ՝ ոչ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հակադրելու համար. նման նպատակ չունեցանք ու պիտի չունենանք, այլ պարզապէս ծառայելու համար եւ ընելու այնպէս, որ արտասահմանի մէջ չեղծուի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նկարագիրը եւ հայ ժողովուրդը չհեռանայ իր մայր եկեղեցիէն ու կորստեան չդատապարտուի: «Մեր այս ոգին եւ ուղիղ դիրքը չէ հասկցուած դժբախտաբար ու մեզի կը վերագրուին մտայնութիւններ, որոնք նուազագոյնը ուղիղ չեն համեմատիր հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ հանդէպ մեր կեցուածքին հետ: Բայց մենք կ՛անգիտանանք այդ բոլորը եւ անտես պիտի առնենք բոլոր տեսակի անհասկացողութիւնները, ուրկէ եւ որքան որ սիրելի անձերէ կամ մարմիններէ բխին անոնք: Ու պիտի հասնինք հոգեւոր կարիքներուն մեր ժողովուրդին, որուն ծառայելը նկատած ենք միշտ մեր մեծագոյն փառքը: Կ՛ուզեմ, որ այս ոգիով լեցուիք բոլորդ, որպէսզի նման տարեդարձներ իմաստ ստանան ու դառնան  երջանիկ հանգրուաններ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ»:

Ն.