Փետրուար 13ին, 94 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը, որ պատմական բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներ մուտքը հունաւորելու իմաստով։
Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կազմաւորման եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական միասնականութեան արմատաւորման մէջ մեծակշիռ ներդրում ունեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը, որ նախակարապետը եղաւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակի ծնունդին։
Յուշատետրի անցեալ շաբթուան՝ 6 Փետրուարի էջով անդրադարձ կատարուած էր համագումարի նախապատրաստութեան, հանդիսաւոր բացման եւ անոր մասնակիցներու կազմին։ Հակիրճ ներկայացուած էին նաեւ արեւմտահայ քաղաքական մտքի եւ գործիչներու, ինչպէս Անդրանիկ եւ Պօղոս Նուպար, այդ օրերուն դրսեւորած վերապահութիւնները, նոյնիսկ հակադրութիւնը նորաստեղծ հանրապետութեան հանդէպ... որուն մինչեւ իսկ տրուեցան «Արարատեան Հանրապետութիւն» եւ «թուրքի նուէր» նսեմացման ու անարգանքի որակումները։
Այսօրինակ վէճերն ու հակադրութիւնները բուռն էին այն աստիճան, որ 1917ին գումարուած Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարին նախագահներէն Անդրանիկ նոյնիսկ չուզեց ներկայ գտնուիլ երկրորդ համագումարին, որպէսզի իր մասնակցութիւնը յաւելեալ իւղ չթափէ հայոց ներքին պառակտման արդէն շիկացած կրակին վրայ։ Նաեւ մատնանշուած էր Յուշատետրի նախորդ անդրադարձով, որ միայն արեւմտահայ քաղաքական մտքին ու գործիչներուն յատուկ չէր հակասութեանց այդ մթնոլորտը։ Արեւելահայ միտքն ու գործիչները, իրենց կարգին, կտրականապէս հակադրուած էին Պօղոս Նուպարի առանցքին շուրջ Փարիզի մէջ հռչակուած Ազատ ու Միացեալ Հայաստանի կառավարութեան, որ իր առջեւ դրած էր Ծովէ Ծով Հայաստանի ստեղծման նպատակը՝ Դաշնակիցներու զինական եւ նիւթական աջակցութեան կապելով իր յոյսերը։
Թէեւ լարուած մթնոլորտի մէջ սկսաւ եւ հայոց պետականութեան ստեղծման մեծ հարցին շուրջ նմանօրինակ վէճերով իր աշխատանքները շարունակեց, Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը այդուհանդերձ ունեցաւ դրական աւարտ։ Որդեգրեց հռչակագիր մը եւ այդ հիմունքով կեանքի կոչեց արեւմտահայութիւնը ներկայացնող գործադիր մարմին մը, որուն յանձնարարեց ամէն ճիգ թափել՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի ազգային¬քաղաքական միասնականութեան կայացումին, Միացեալ Ազատ Հայաստանի հանգանակին շուրջ համախմբուելու առաջադրանքով։
Համագումարի Փետրուար 13ի եզրափակիչ նիստին որդեգրուեցաւ Արեւմտահայոց քաղաքական կամքը բանաձեւող եւ 8 կէտերէ բաղկացած Յայտարարութիւն մը, որ պաշտօնապէս կը ցոլացնէր այդ օրերուն հայ քաղաքական միտքը առաջնորդող ներհակ ուղղութիւնները.- Մէկ կողմէ միաժամանակ ճանաչում կը շնորհէր թէ՛ Պօղոս Նուպարի Ազատ եւ Միացեալ Հայաստանի ինքնակոչ կառավարութեան, թէ՛ Արարատեան Հանրապետութեան իշխանութիւններուն։ Իսկ Միւս կողմէ կեանքի կը կոչէր Արեւմտահայոց Գործադիր Մարմին մը, որուն կը յանձնարարէր լծուիլ Միացեալ Ազատ Հայաստանի պետական կայացումին։
Յայտարարութեան առաջին հինգ կէտերուն մէջ այսպէ՛ս խտացած է Համագումարին կողմնորոշումը.-
«Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը, քննելով հայ ժողովուրդի ներկայ կացութիւնը՝
«I. Սրտագին կþողջունէ եւ կը յայտարարէ Ազատ եւ Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը։
«II. Լիակատար վստահութիւն կը յայտնէ Ազատ եւ Միացեալ Հայաստանի Պօղոս Նուպար փաշայի անդրանիկ դահլիճին։
«III. Կը յայտարարէ իր վճռական որոշումն ու կամքը՝ ունենալ քաղաքական եւ պետական մէկ միութիւն համազգային հատուածներու եւ երկրամասերու միաւորութեամբ։
«IV. Կը պարտադրէ ընտրուած «Գործադիր Մարմնին»՝ նախարարական դահլիճին հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ մտնել՝ իրականացնելու եւ գործնականացնելու քաղաքական եւ պետական այն բոլոր աշխատանքները, որոնք հարկաւոր են Ազատ եւ Միացեալ Հայաստանի պետական գոյութիւնը հիմնաւորելու համար։
«V. Միաժամանակ կը պարտադրէ ընտրուած Գործադիր Մարմինին՝ գործնական քայլեր առնել Արարատեան Հանրապետութեան նախարարութեան եւ Խորհրդարանին հետ Միացեալ Ազատ Հայաստանի անկախութիւնը յայտարարելու եւ իր մասնակցութիւնը բերելու գոյութիւն ունեցող պետական եւ օրէնսդրական հաստատութիւններու մէջ համազգային միութիւնը իրականացնելու համար»։
Ա՛յս հիմունքով Համագումարին ընտրած Գործադիր Մարմնին մաս կազմեցին հետեւեալ 9 անդամները.-
«Սմբատ Բորոյեան, Խաչ. Պոնափարթեան, Ար. Սասունի, Գր. Պուլղարացի, Վար. Տէրոյեան, Ռուբ. Դրամբեան, Վահագն Քրմոյեան, Վաղ. Յոխիկեան, եւ Արս. Կիտուր»։
Համագումարի փակումէն ետք Գործադիր Մարմինը անմիջապէս աշխատանքի լծուեցաւ եւ հետագայ տասը օրերու ընթացքին, շարունակական նիստեր գումարելով, ընթացքի մէջ դրաւ Համագումարի որոշումներուն գործադրութիւնը։
Դիւրին չէր Գործադիր Մարմնին յանձնարարուած առաքելութեան իրականացումը։ Պօղոս Նուպարի կառավարութիւնը թէեւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր եւրոպական դիւանագիտութեան բեմին վրայ, բայց բուն Հայաստանի մէջ ցիրուցան եղած արեւմտահայութեան կազմակերպումն ու ղեկավարումը իրականացնելու որեւէ միջոց չունէր։ Գործադիր Մարմինը իր քննարկումներու ընթացքին շարունակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ այս փաստին եւ յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ «մէկ հայրենիք եւ Միացեալ Անկախ Հայաստան» ունենալու համար «անհրաժեշտ է յայտարարել Հայաստանի երկու հատուածների միացումը»՝ ինչպէս որ Սիմոն Վրացեան կը նշէ իր Հայաստանի Հանրապետութիւն» գործին մէջ։
Այդ եզրակացութենէն մեկնելով՝ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը ներկայացնող Գործադիր Մարմինը որոշեց պաշտօնապէս դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, որպէսզի որդեգրէ եւ պետականօրէն տէր կանգնի Միացեալ Հայաստանի ազգային-քաղաքական հանգանակին։
Վարչապետ Քաջազնունիի կառավարութիւնը արագօրէն ու անվարան ընդառաջեց այդ դիմումին եւ 25 Փետրուար 1919ի իր նիստին սկզբունքային որոշում կայացուց պետականօրէն որդեգրելու Միացեալ Հայաստանի հռչակման հանգանակը։
Համապատասխան օրինական ձեւակերպումը յանձնարարուեցաւ նախարարական յատուկ յանձնաժողովի մը, որ թէեւ նախապատրաստական իր աշխատանքները կատարեց, բայց դահլիճի փոփոխութեամբ՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ազգային-պետական հանգանակը պաշտօնապէս հռչակելու բախտը վիճակուեցաւ Հ.Հ. նորակազմ կառավարութեան վարչապետ Ալ. Խատիսեանին։
28 Մայիս 1919ին կատարուած պատմական այդ Յայտարարութեան կþանդրադառնանք Յուշատետրի այդ օրուան նուիրուած էջով։
Ն.