Print
Category: Յուշատետր

20րդ դարու 3րդ քառորդին, արդի հայ գրականութեան մէջ իր անզուգական բարձունքը նուաճած հանճարեղ բանաստեղծն է Պարոյր Սեւակ, որուն ծննդեան 89րդ տարեդարձը կը նշենք Յունուար 24ի այս օրը։


Եթէ քսաներորդ դարասկիզբին խորհրդահայ գրականութիւնը իր բանաստեղծական երթը սկսաւ Չարենցով եւ ազգային իր ինքնամաքրումը կատարեց անոր «Գիրք Ճանապարհի» կոթողական գործով, ապա 1950ականներէն մինչեւ 1971ի իր եղերական վախճանը, Պարոյր Սեւակ յայտնուեցաւ հայոց երկնակամարին վրայ եւ իր հանճարին ճառագայթումով լուսաւորեց մերօրեայ Հայ Մարդու ուղին՝ զայն ձերբազատելով խորհրդային դարաշրջանի ամէն կարգի խոտորումներէն, մոլորանքներէն եւ, մանաւա՛նդ, հայու ստրկական համակերպումէն։

«Մարդը Ափի Մէջ» վերծանող, «Եղիցի Լոյս» պատգամող եւ հայոց Արհաւիրքի «Անլռելի Զանգակատուն»ը ղօղանջ առ ղօղանջ հնչեցնող բանաստեղծը եղաւ Սեւակ, որ ոչ միայն հայոց պատմութեան երեքհազարամեայ աւանդներուն մէջ երկրաեց իր արմատները, այլեւ՝ իր ժամանակի պրիսմակով վերաթարմացուց հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ակունքները։

Իբրեւ այդպիսին՝ հայ ժողովուրդի անհուն բարութեան եւ անվեհեր ցասումին նորարար երգիչը դարձաւ Սեւակ, որ երկրաբան գիտնականի եւ բանասէր գրականագէտի վաւերականութեամբ զինեց բանաստեղծի իր գրիչը, որպէսզի հայոց սերունդներուն փոխանցէ քսաներորդ դարու շունչով թրծուած, նոր ժամանակներու իմացական եւ յուզական թռիչքով տիեզերքին բացուած Հայու Հոգին՝ իր սէրերով, մարդեղինութեամբ եւ գաղափարապաշտութեամբ։

Պարոյր Սեւակ Երեւոյթին նաեւ ողբերգական հնչեղութիւն տալու առումով՝ անշուշտ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ հայոց մեծ բանաստեղծին ապաժամ վախճանը, 47 տարեկանին, 1971ի Յունիս 17ին խորհրդաւոր եւ Խորհրդային պայմաններու մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածին հետեւանքով։ Արկած, որուն անհեթեթ պատահականութեան ոչ ոք հաւատաց։ Ընդհակառակն՝ վերջին քառասնամեակին ամբողջ գրականութիւն մը մշակուեցաւ բացայայտելու համար ծալքերը անհեթեթ իր վախճանին, Խորհրդային կարգերուն եւ բարքերուն մէջ փնտռելով պատասխանատուները Սեւակի եղերական վախճանին։

Հայաստանն ու հայութիւնը այդպէ՛ս յանկարծակի, չարաբաստիկ օր մը, առյաւէտ կորսնցուցին իրենց բազմադարեան ձայներուն, գոյներուն եւ խոհերուն՝ Հայ Հոգիի եւ Հայկեան Հանճարի ամէնէն վաւերական էատարրերուն կենսուրախ մարմնաւորումը, որ դեռ յիսուն տարեկան չէր եղած եւ այնքա՜ն ճառագայթող հասունացման տարերքին մէջ կը գտնուէր։

Սեւակի իսկ ըսելաձեւով՝ եթէ արդարադատ ենք, ապա անպայման պէտք է խոստովանինք ու ընդունինք, որ Սեւակի բանաստեղծութեամբ, ինչպէս եւ անոր եղերական մահով՝ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը փակեցին հազարամեակներու մեր պատմութեան խաւարանիստ փուլերէն մէկը, որ բիրտ ուժով հայ իրականութեան պարտադրեց «սովետական մարդ»ու եւ «սովետական հոգեկերտուածք»ի ծանր բեռը։

Այդ առումով միեւնոյն «դարաշրջան»ին երկու հանճարեղ երգիչները եղան Չարենց ու Սեւակ։ Այլապէս եւ ըստ ամենայնի ինքնատիպ անհատականութիւններ, եզակի բանաստեղծներ եւ անկոխ ուղիներ հարթող մեծութիւններ եղան երկուքն ալ։ Մինչեւ իսկ միեւնոյն «դարաշրջան»ը հայօրէ՛ն վերծանողներ ըլլալով հանդերձ՝ Չարենց երգեց համայնավարութեան փառքն ու ողբերգութիւնը, մինչ Սեւակ գլխագիր ՄԱՐԴը մաքրազտեց «սովետական» ամէն կարգի արատներէն ու ժանգերէն։

Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան՝ Սեւակ ծնած էր 24 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր «Զանգակատուն» կը կոչուի, ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին։

Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը եղաւ Սեւակ։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց երկրաբանի գիտական պատրաստութիւնն ու գրականագէտի բանասիրական-մշակութային հարուստ պաշարը։

Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։

1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական իր մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հրապարակախօս։

Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունեցաւ։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ «Անհաշտ Մտերմութիւն» (1953), «Սիրոյ Ճանապարհ» (1954), «Նորից Քեզ Հետ» (1957), «Անլռելի Զանգակատուն» (1959), «Մարդը Ափի Մէջ» (1962), «Եղիցի Լոյս» (1971) եւ «Ձեր Ծանօթները» (1971) գործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած «Սայաթ-Նովա» մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմէ հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։

Իր ծննդեան 89րդ տարեդարձը հաղորդութեան առիթի մը վերածելու նպատակով՝ անգամ մը եւս կարդանք «Իմ հայ ժողովուրդ» խորագրով իր պատգամ-բանաստեղծութիւնը.-

Իմ հայ ժողովուրդ, դու փոքր ես եղել
Աղբի՜ւր ես եղել եւ ո՛չ թէ հեղեղ:
Դու փոքր ես եղել, եղել ես մի բուռ,
Բայց մեծ է եղել ափդ լիաբուռ:
Դու փոքր ես եղել այն մուրճի՛ նման,
Որ ձեւ է տուել ժայռերին յամառ:
Փո՜քր, բայց նման այն կշռաքարին,
Որ միշտ դրուել է բարու նժարին
Եւ այդ նժարը ներքեւ է տարել...
Եկել են դարեր, անցել են դարեր,
Քեզ մատնել սրի, աւերի, գաղթի:
Բայց տիրացել ես այսօր մի բախտի,
Որ մեծ է քո հին վշտերի՜ց անգամ:
Եւ լա՜ւ է որքան, ինչ քա՜ղցր է զգալ,
Որ այսօր, երբ աշխարհը համայն
Կշեռքի երկու թաթի է նման
Դու քո պատմութեան դասերով բոլոր.
Քո երջանկութեամբ ու բախտով քո նոր,
Քո հին անունով, կեանքով դժուարին՝
ծանր կանգնած ես այն մեծ նժարին,
Որ ծանր է կշռում ո՛չ թէ արկերով,
Ո՛չ թէ վառօդի, զէնքի հակերով,
Ո՛չ թէ աւերման կրքով կատաղի,
Ո՛չ թէ մայրերի արցունքով աղի,
Այլ երջանկութեան մշտավառ հրով,
Խաղաղ ծերութեամբ, շիկանքով սիրոյ,
Հպարտ մայրութեամբ, ծիծաղով մանկան,
Ձեռքի սեղմումով բարեկամական...
Այն մեծ նժարին, որտեղ ապագան
Ու պատմութիւնն են դարծել կշռաքար:

Ն.