Print
Category: Յուշատետր

Օգոստոս 6ի օրը, 97 տարի առաջ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ապագային հաշւոյն, Դաշնակցութիւնը ընտրեց ծայր աստիճան դժուարին, այլեւ պատմական մեծ նշանակութեամբ պատասխանատու դիրքորոշում մը։


Օգոստոս 1914ի առաջին օրերուն, Օսմանեան Կայսրութիւնը կառավարող Իթթիհատ կուսակցութիւնը բանագնաց յատուկ պատուիրակութիւն մը ուղարկեց Կարին (Էրզրում), ուր Դաշնակցութիւնը նոր աւարտած էր իր 8րդ Ընդհանուր Ժողովը։ Բանագնացները Պեհաէտտին Շաքիրն ու Նաճի պէյն էին, որոնց յանձնարարուած էր հայ ժողովուրդի ատենի ազգային-քաղաքական ամէնէն ազդեցիկ ուժին՝ Դաշնակցութեան ներկայացնել թրքական պետութեան կողմէ առնուած կարեւորագոյն որոշում մը, որ Կայսերական Գերմանիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի հռչակումն էր։ Իթթիհատի մտադրութիւնը պարզ ու մեկին էր. առաջարկի ձեւով պահանջել Դաշնակցութենէն, որ միանայ Ռուսաստանի դէմ որոշուած պատերազմին՝ շարժման մէջ դնելով թուրքեւռուս սահմանագծի երկու կողմն ապրող ողջ հայութիւնը։
Ինչպէս որ Հրաչ Տասնապետեան կ՝ընդգծէ «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհանուր Ժողով» գործին մէջ, Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ ընտրուած Հայաստանի Բիւրոյին գլխաւոր ներկայացուցիչներուն՝ Ռոստոմի, Վռամեանի եւ Ակնունիի հետ տարուած բանակցութեանց ընթացքին, Իթթիհատի պատուիրակները «Դաշնակցութեան կþառաջարկեն Անդրկովկասի մէջ յառաջացնել ապստամբութիւն մը՝ ռուս զօրքը կռնակէն հարուածելու եւ դիւրացնելու համար թրքական բանակին յառաջխաղացքը դէպի Պաքու. փոխարէնը՝ «կը խոստանային» պատերազմի աւարտին նպաստել անդրկովկասեան ինքնավար Հայաստանի մը ստեղծման։ Դաշնակցութեան ղեկավարները կը փորձեն թուրքերը տարհամոզել պատերազմի մտնելու իրենց տրամադրութենէն, նման քայլ մը վտանգաւոր գտնելով Կայսրութեան ապագային համար։ Կը յայտնեն նաեւ, պաշտօնապէս, Ընդհանուր Ժողովի ծանօթ որոշումը։ Իթթիհատականները դժգոհ կը բաժնուին. պարզ է, որ նման պատասխան մը պիտի չգոհացնէր զիրենք»։
Ի՞նչ էր Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին այդ «ծանօթ որոշում»ը, որ իբրեւ պատասխան Դաշնակցութիւնը տուաւ Իթթիհատի բանագնացներու առաջարկ-պահանջին եւ որ օրին այդքա՜ն դժգոհ ձգեց թրքական պետութեան ղեկավարութիւնը։
Խնդրոյ առարկայ որոշումը իրողութեան մէջ առնուած էր Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ Հ.Յ.Դ. պատմական Ընդհանուր Ժողովներու շարքին ամէնէն կարճատեւը եղաւ, գումարուեցաւ դարձեալ Կարնոյ մէջ եւ բացուեցաւ 17 Օգոստոս 1913ին ու տեւեց միայն մէկ շաբաթ։ Պատճառը միջազգային տագնապալի կացութիւնն էր, որ առաջացած էր մօտալուտ մեծ պատերազմի մը հաւանականութեան հետեւանքով եւ մղած էր Դաշնակցութիւնը, որպէսզի միայն աղիտալի վտանգը դիմագրաւելու օրակարգով գումարէ Ընդհանուր Ժողով։
Դարձեալ Հ. Տասնապետեանի նոյն գործին վկայութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովի «առաջնահերթ քննութեան առարկան կը դառնայ «Հ.Յ.Դաշնակցութեան այլեւայլ հատուածներու փոխ-յարաբերութեանց» հարցը։ Պատերազմը նախատեսելի հաւանականութիւն մըն է, եւ մտահոգիչ է այն պարագան՝ որ հայութեան - ուստի նաեւ Դաշնակցութեան - տարբեր հատուածներ (Թրքահայաստան, Կովկաս եւ Պարսկաստան) կրնան գտնուիլ հակադիր ճակատներու վրայ։ Ընդհ. Ժողովը կþորոշէ՝ «Քաղաքական յարաբերութիւններու ատեն, համախորհուրդ ընկերվարական միւս կուսակցութիւններուն՝ օրինական բոլոր հնարաւոր միջոցներով կանխել զինուած ընդհարումները». իսկ եթէ պատերազմը անխուսափելի դառնայ, «ամէն քաղաքացի կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը ի՛ր պետութեան հանդէպ»։
Այս որոշումին յանգելու համար, Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին «քննութեան նիւթ կը կազմեն նաեւ՝ Թուրքիոյ կացութիւնը ընդհանրապէս եւ հայոց դիւանագիտական ճիգերը յատկապէս։ Կ՝արձանագրուին Իթթիհատի հետ Դաշնակցութեան խզման պատճառներն ու պարագաները։ Իթթիհատ անխախտ կերպով կը շարունակէ Թուրքիոյ աւանդական քաղաքականութիւնը՝ փոքրամասնութեանց եւ յատկապէս քրիստոնեաներու ճնշման գծով. այդ քաղաքականութիւնը ոչ միայն երկիրը քաղաքական թէ տնտեսական աղէտի կ՝առաջնորդէ, այլեւ՝ ոչ մէկ երաշխիք կը ներշնչէ՝ օսմանեան հայութեան գոյատեւման ապահովութեան տեսակէտէն»։
Պայթունավտանգ զարգացումներով յղի կացութիւնը կազմակերպականօրէն դիմագրաւելու առաջադրանքով՝ Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհ. Ժողովը նաեւ հիմնական վերանայման կ՝ենթարկէր կուսակցութեան ղեկավար կառոյցը. վերջ կու տար Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյի եւ Պոլսոյ Պատասխանատու Մարմնի դրութեան, անոնց լիազօրութիւններով եւ աւելի ընդգրկուն իրաւասութիւններով կեանքի կոչելով Հայաստանի Բիւրօ, որ նստավայր պիտի ունենար Կարինը եւ նոր հանգրուանի մը, հայաստանակեդրոն ղեկավարման սկիզբ մը պիտի կազմէր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ։
Ազգային-քաղաքական միեւնոյն այս մտահոգութիւններէն եւ հիմնաւորումներէն մեկնելով՝ տարի մը ետք, Կարինի մէջ Յուլիս 1914ի կէսերուն բացուած եւ երկու շաբաթ տեւած Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովը, իր կարգին, եկաւ հաստատելու միեւնոյն որոշումն ու համապատասխան կեցուածքը։ Ժողովը որոշեց «մնալ անյողդողդ ընդդիմադիրի եւ անաչառ քննադատի դերին մէջ հանդէպ Իթթիհատի, պայքարելով անոր ազգայնական վնասակար եւ հակապետական քաղաքականութեան դէմ»։ Այդ մեկնակէտով ալ Ժողովը վերահաստատեց կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծը՝ մեծ պատերազմի մը հաւանականութեան պարագային.- «Իւրաքանչիւր պետութեան քաղաքացի պէտք է կատարէ իր պարտականութիւնները իր պետութեան նկատմամբ»։
Ահա ա՛յս պատասխանը տրուեցաւ Ժողովի աւարտէն ետք Կարին ժամանած եւ նորընտիր Հայաստանի Բիւրոյի ներկայացուցիչներուն հետ Օգոստոս 6ին հանդիպում ունեցած Իթթիհատի բանագնացներուն։
Հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնոտ թղթածրարին եւ ընդհանրապէս Հայկական Հարցի հոլովոյթին մէջ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան այս մերժողական պատասխանը։
Թուրք պետութեան ներկայացուցիչները մինչեւ այսօր կը փորձեն խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնը, երբ պաշտօնապէս եւ հետեւողականօրէն կը պնդեն, թէ հայերը իբր թէ Ա. Աշխարհամարտին ի նպաստ Ռուսաստանի ապստամբեցան թրքական պետութեան դէմ, որ իբր թէ այդ պատճառով ստիպուեցաւ... տեղահանել հայերը, իսկ ջարդե՞րը. իբր թէ երկու կողմերն ալ զիրար սպաննեցին եւ «ողբերգական դէպքեր»ու պատճառ դարձան, իբր թէ...
Մինչդեռ պատմական ճշմարտութիւնը փաստագրուած կերպով անվիճելի է։ 6 Օգոստոս 1914ին, արդէն Իթթիհատի բուռն ընդդիմադիր Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելով, Իթթիհատի յատուկ բանագնացները՝ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Նաճի պէյը պաշտօնապէս պահանջեցին, որ հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ կռնակէն հարուած հասցնէ թուրքեւգերման միացեալ գրոհին դէմ պատերազմ մղող ռուսական զօրքին։
Այդ օրերուն դեռ չկար նաեւ ռուսական զօրքերու կողքին հայ կամաւորական ջոկատներ կազմելու մտածումն անգամ, որուն այնքան կարեւոր տեղ կու տան թուրք պաշտօնական աղբիւրները, պատմական ճշմարտութիւնները նենգափոխելու իրենց հետեւողական ճիգին մէջ։
Հայ Կամաւորական Շարժման մտածումը հասունցաւ միայն այն ատեն, երբ թրքական պետութիւնը պատերազմ յայտարարեց Ռուսաստանի դէմ եւ Անդրկովկասի հայութիւնը, թէ՛ արեւմտահայութեան սպառնացող օրհասական վտանգը դիմագրաւելու, թէ՛ Ռուսաստանի նկատմամբ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնները կատարելու առաջադրանքով՝ ընդառաջեց հայկական կամաւորական խումբեր կազմելու Դաշնակցութեան կոչին։
Թրքական ուրացումներուն եւ պատմական նենգափոխումներուն ամէնէն հատու պատասխաններէն ու հերքումներէն մէկը Ուինսթըն Չըրչիլի այն մատնանշումն է, որ «հայերը նախընտրեցին թշնամի երկու բանակներուն մէջ ծառայելով եղբայրասպան կռիւ մղել, քան թէ դաւաճանել թուրք թէ ռուս քաղաքացիի իրենց պարտաւորութեանց» («The World Crisis», Ե. հատոր, Լոնտոն, 1929, էջ 404)։

Ն.