Print
Category: Յուշատետր

Յունուար 15ին, 158 տարի առաջ, Փարիզի մէջ սկսաւ հրատարակութիւնը երկլեզու՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն թերթի մը, որ կը կրէր «Մասեաց Աղաւնի» խօսուն անունը։

Միայն երեք տարի տեւեց թերթին հրատարակութեան փարիզեան շրջանը։ 1858ին դադրեցաւ լոյս տեսնելէ, բայց տարի մը ետք՝ 1859ին վերսկսաւ «Մասեաց Աղաւնի»ի հրատարակութիւնը այս անգամ ԹԷոդոսիայի մէջ (Խրիմ), հայերէնի եւ ֆրանսերէնի կողքին նաեւ ռուսերէն նիւթեր լոյս ընծայելով։ Թերթին հրատարակութեան այս երկրորդ շրջանը համեմատաբար երկար տեւեց, մինչեւ 1865 շարունակուեցաւ եւ վերջնականապէս շիջեցաւ, երբ «Մասեաց Աղաւնի»ին հիմնադիրն ու պահապան խմբագիրը՝ Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկի վախճանեցաւ։

Հայ ժողովուրդին քրիստոնէական հաւատքն ու ազգային հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութիւնը նորահաս սերունդներուն ջամբելու, հայոց Մայրենին եւ Հայրենիքը պաշտամունքի աստիճան սիրելու, պահպանելու եւ զարգացնելու առաքելութեան նուիրուած պատգամաբեր մը եղաւ «Մասեաց Աղաւնի»ն, որուն էջերուն իշխեց շունչը հայ հոգեւորականութեան լուսամիտ, այլեւ պահպանողական թեւին։

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ գաղափարական ուղղութիւնը Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոսի, որ իբրեւ պատանի ու երիտասարդ՝ ազգային իր կազմաւորումը ստացաւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ, կաթողիկէ հոգեւորական ծառայութիւնը ընտրեց իբրեւ կեանքի ասպարէզ, Ս. Ղազարի ամէնէն լուսամիտ վարդապետներէն մէկը եղաւ, «Բազմավէպ» հանդէսի գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ խմբագիրներէն դարձաւ, տարիներով եղաւ տնօրէնը Փարիզի «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանին, բայց 1850ականներուն, Մխիթարեան կուսակից վարդապետներու հետ, յանկարծ կռնակ դարձուց Կաթոլիկութեան եւ ղեկավարեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գիրկը վերադառնալու շարժումը։

Հետեւաբար, «Մասեաց Աղաւնի» ամսագրին հրատարակութեան փարիզեան շրջանը յատկանշուեցաւ հայ ազգային եկեղեցւոյ տեղն ու կարեւորութիւնը շեշտող նիւթերու առատութեամբ՝ ընդհանրապէս պահպանողական բուռն պայքար մղելով կրօնական, գրական թէ ազգային-գաղափարական ամէն կարգի օտարամուտ ազդեցութեանց եւ նորարարութեանց դէմ։ Գաբրիէլ Այվազովսկի աւագ եղբայրն էր աշխարհահռչակ ու հանճարեղ հայ ծովանկարիչ Յ. Այվազովսկիի։ Ծնած էր 1812ի Մայիս 10ին Խրիմի սեւ-ծովեան Թէոդոսիա քաղաքը, ուր եւ վերադարձաւ 1858ին իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Նոր Նախիջեւանի եւ Բեսարաբիոյ Վիճակի թեմակալ առաջնորդ։ Այդ առումով ալ «Մասեաց Աղաւնի»ի հրատարակութեան երկրորդ եւ վերջին այս շրջանը, որ շուրջ եօթը տարի տեւեց եւ ունեցաւ նաեւ «Ծիածան» անունով մանկապատանեկան յաւելուած մը, իր գագաթնակէտին հասցուց Գաբրիէլ Այվազովսկի Արքեպիսկոպոսին եւ ատենի հայ յեղափոխաշունչ մտաւորականութեան (Միքայէլ Նալբանդեան, Ստեփան Ոսկան) միջեւ գաղափարական բուռն պայքարը։

Ոչ միայն իր ժամանակին, այլեւ քսաներորդ դարուն ու մինչեւ վերջին տասնամեակները, Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկին եւ իր «Մասեաց Աղաւնի»ն ընդհանրապէս մեղադրուեցան իրենց պաշտպանած թունդ պահպանողական գաղափարներուն համար։ Իսկ խորհրդահայ պաշտօնական դիտանկիւնէն՝ Գ. Այվազովսկի մինչեւ վերջ ալ նկատուեցաւ արտայայտիչը հայ կղերի եւ ունեւոր խաւերու շահերուն՝ անվերապահօրէն պաշտպան կանգնելով ատենին տիրող հասարակական ու քաղաքական անարդար կարգերուն։ Ըստ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանին՝ «ազգասիրութեան» ու «միաբանութեան» կոչելով ազգը, նա դատապարտում էր քաղաքացիական պատերազմը, ապստամբութիւնը, «անհնազանդութիւնը», յեղափոխութիւնը եւ նրանց, ովքեր ընդդիմանում էին «օրհնաբանեալ տէրութեանը» եւ «երկպառակութեան» հրահրում ազգը»...

Բայց վերջին շրջանին, հայ պահպանողական գաղափարախօսութեան դիրքերէ կատարուող վերարժեւորումներու ծիրին մէջ, հայրենի հեղինակներ սկսած են մատնանշել, որ ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը խոր արմատներ ունէին Գ. Այվազովսկիի մտածողութեան մէջ։ Դիտել կու տան, որ Ցարիզմի հակահայ քաղաքականութեան եւ Սուլթանական հակահայ խժդժութեանց դէմ պարբերաբար բողոքած է հայ հոգեւորականութեան այս պահպանողական ներկայացուցիչը։ Բայց իր մէջ միշտ իշխեց այն խոր համոզումը, որ ըմբոստութեամբ եւ յեղափոխական քայլերով կը վտանգուին հայոց ազգային հաւատն ու լեզուն, որոնք Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկիի համար «հայօրէն գոյատեւելու ամէնէն ապահով ու անփոխարինելի կռուաններն էին» հայ ժողովուրդին պարտադրուած դաժան բռնատիրութեանց պայմաններուն տակ։

Իսկ ժամանակը եկաւ իր վճռորոշ տրամաբանութեամբ ցոյց տալու, որ նոյնինքն այդ անփոխարինելի կռուաններու պաշտպանութեան համար անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է մեր ժողովուրդին յեղափոխական ծառացումը։

«Մասեաց Աղաւնի»ն իր երկրորդ կեանքը ապրելու բախտը ունեցաւ մեր օրերուն, երբ 1990ականներու սկզբնաւորութեան թերթը վերահրատարակելու քայլին դիմեցին Այվազովսկիի համաքաղաքացիներ։ 1990էն 1992, Սիմֆերոպոլի մէջ, լոյս տեսաւ նոր շրջանի «Մասեաց Աղաւնի» ամսագրի 12 համար։ Իսկ 1994ի Դեկտեմբերէն ետք ան սկսաւ լոյս տեսնել իբրեւ շաբաթաթերթ։

2004էն ասդին թերթը կը հրատարակուի իբրեւ պարբերական հանդէս՝ արեւելահայերէն, ռուսերէն եւ ուկրաիներէն լեզուներով, եռամսեակը մէկ անգամ լոյս տեսնելով:

Ն.