Յունուարի 10ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի մեծավաստակ ու աշխարհահռչակ արժէքներէն Նիկողայոս Ադոնցի, որ պատմաբանասիրական իր հսկայական աշխատանքով ու ազգային-քաղաքական խորաթափանց հետազօտութիւններով ոչ միայն աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իբրեւ քսաներորդ դարու մեծ մտաւորականներէն մէկը, այլեւ՝
հայ ժողովուրդին քաղաքակրթական նուաճումներն ու արժէքը ըստ արժանւոյն ծանօթացուց միջազգային հանրութեան։ Նիկողայոս Ադոնց ծնած էր 142 տարի առաջ, հայրենի Սիւնեաց աշխարհի Բռնակոթ գիւղը։ Գէորգ Տէր-Աւետիքեանի յարկին տակ ծնած Նիկողայոսը սերած էր դիւցազնական Դաւիթ Բէկի աջակից եւ հերոսատիպ Տէր-Աւետիքի տոհմէն։ Իր ծագումով իսկ՝ Ն. Ադոնց ազգային ինքնահաւատարմութեան այդ զուլալ ակունքէն ըմպեց սեփական ժողովուրդը լիարժէք ճանչնալու եւ անոր հոգեմտաւոր ժառանգութեան լիիրաւ տէր կանգնելու գաղափարական կենարար ջուրը։ Եւ Իմաստութիւնը ճանչնալու անյագ ծարաւ մը, մանուկ ու պատանի տարիքէն, վարակեց ի վերուստ իմացական անսահման շնորհներով օժտուած Տէր¬Աւետիքեան Նիկողայոսին։ Եւ այդ ծարաւը յագեցնելու անխոնջ ջանադրութիւնը ուսումնատենչութեան վարար կիրքի մը վերածուեցաւ Ադոնց գրչանունը ընտրած Մեծ Հայուն մէջ, որ իր կեանքին մեծագոյն մասը թէեւ անցուց հայրենի ոստանէն հեռու՝ Ռուսաստան եւ Եւրոպա, բայց ամէնուր գործեց եւ արարեց Հայրենիի ու Մայրենիի ճանաչողութեան, արժեւորման ու ներկայացման անսպառ պաշտամունքով։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ յաջորդաբար ծննդավայրի՝ Տաթեւի ծխական դպրոցին, Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանի եւ Թիֆլիսի ռուսական Գիմնազիայի մէջ։ Փայլուն ուսանող՝ 1885ին ընդունուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը ու անոր արեւելեան լեզուներու եւ պատմաբանասիրական բաժանմունքները պատուոյ յիշատակութեամբ ու ոսկեայ պարգեւանշանով աւարտեց 1889ին։ Դասախօս ունեցաւ մեծ հայագէտ Ն. Մառը։ Ուսումնասիրեց եւ տիրապետեց, հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին, լատիներէնի եւ հին յունարէնի, ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի, անգլերէնի եւ վրացերէնի։ 1889էն 1891, մասնագիտական իր պատրաստութիւնը խորացնելու նպատակով, Ադոնց գիտական աշխատանքով անցաւ Եւրոպա՝ Միւնիխ, Փարիզ, Լոնտոն եւ Վենետիկ։ Պատմագիտական, բանասիրական եւ լեզուագիտական իր ընդհանուր պատրաստութեան կողքին, Ադոնց խորացաւ բիւզանդագիտութեան մէջ։ 1893ին վերադարձաւ Կովկաս եւ, որոշ ժամանակ Թիֆլիսի մէջ վրացական սկզբնաղբիւրներու վրայ աշխատելէ ետք, հաստատուեցաւ Էջմիածին ու փարեցաւ Մատենադարանի ձեռագիրներու աշխարհին։ Տարիներու իր այդ աշխատանքին եւ հետազօտութեանց արգասիքը եղաւ 1898ին աւարտած «Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանում» կոթողական գործը (ռուսերէն), որ հանդիսացաւ վաղ¬միջնադարու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած պատմագիտական գլուխ¬գործոց երկ մը։ Գիտական այդ մեծարժէք աշխատասիրութեան հիման վրայ, 1908ին, Ադոնց պաշտպանեց Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանի իր մագիստրոսական աւարտաճառը եւ արժանացաւ «պրիվատ¬դոցենտ» տիտղոսին ու միացաւ համալսարանի դասախօսական կազմին։ 1915ին աւարտեց «Դիոնիսիոս Թրակացին եւ հայ մեկնիչները» աշխատասիրութիւնը, որուն հիման վրայ 1916ին պաշտպանեց իր բարձրագոյն ուսման աւարտաճառը եւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանէն արժանացաւ բանասիրութեան տոքթորի աստիճանին եւ փրոֆեսորի կոչման։ Նոյն տարին իսկ Ադոնց ձեռնարկեց հետազօտական շրջապտոյտի Հայաստանի տարածքին։ Եղաւ Էջմիածին, Մուշ եւ Կարին։ Մասնակցեցաւ նաեւ Վանի հնագիտական պեղումներու արշաւախումբին։ 1917ին ընտրուեցաւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի հոգաբարձու¬պրոֆեսոր եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1920, երբ խորհրդային կարգերու կաշկանդումներուն հետեւանքով վերջնականապէս անցաւ Եւրոպա, ուր Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ տասնամեակ մը դասախօսական պաշտօններ ստանձնելէ եւ գիտական իր աշխատութիւնները շարունակելէ ետք, 1930ին հրաւիրուեցաւ Պրիւքսէլի համալսարանը՝ ստանձնելու համար նորաբաց հայագիտական ամպիոնի պատասխանատուութիւնը։ Եւրոպական եւ յատկապէս Պրիւքսէլեան տարիները եւս բեղմնաւոր եղան Ն. Ադոնցի կեանքին մէջ։ Ոչ միայն նոր աշխատասիրութիւններով հարստացուց պատմագիտական, բանասիրական, լեզուագիտական եւ պատմաքաղաքական իր մեծարժէք վաստակը, այլեւ՝ դասախօսական իր նուիրեալ գործունէութեամբ հասցուց սերունդ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ զայն վերանորոգելու իր մեծ ծարաւին ու պաշտամունքին բաժնեկից դարձնելով իր ուսանողները։ Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն Պելճիքան եւս ինկաւ նացիական գրաւման տակ։ Ադոնց դարձեալ դիմագրաւեց նորաբնոյթ ճնշումներ եւ կաշկանդումներ, մինչեւ որ 1941ին փակուեցաւ Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ իր ղեկավարած ամպիոնը։ Եւ 27 Յունուար 1942ին, աշխատելու եւ արարելու իր ծարաւը առանց լիովին յագեցուցած ըլլալու՝ մեր աշխարհէն հեռացաւ Հայ Պատմաքաղաքական Մտքի 20րդ դարու Հսկան հռչակուած Նիկողայոս Ադոնցը։ Իր մահուան տարելիցին նուիրուած Յուշատետրի այս էջը կարելի չէ փակել՝ առանց անդրադառնալու Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն եւ աւարտին, Հայկական Հարցի ուսումնասիրութեան եւ օտարներու ծանօթացման ուղղութեամբ, Նիկողայոս Ադոնցի կատարած մեծարժէք ներդրումին։ 1918ին անգլերէնով լոյս տեսած իր երկու գործերը՝ «Հայկական Հարցի պատմական հիմքը եւ Թուրքիոյ կործանումը» (Historical Foundation of the Armenian Question and the Collapse of Turkey) եւ «Թուրքիոյ բաժանումը» (The Partition of Turkey) ոչ միայն հիմնաւորեցին պատմաքաղաքական նշանակութիւնը Հայկական Հարցին, այլեւ՝ մեծապէս սատարեցին հայանպաստ տրամադրութիւններու տարածումին ու արմատաւորումին։ Նոյն տարին Ադոնց ռուսերէնով հրատարակեց երկու այլ աշխատասիրութիւն՝ «Թրքական նոթը եւ Արեւմտեան Հայաստանը» (Turkey’s Note and Western Armenia) եւ «Հայկական Հարցն ու գերմանական ծրագիրները» (The Armenian Question and Germany Plans), իրենց կարգին կարեւոր ներդրում ունեցան հայ ժողովուրդի նկատմամբ արդարութիւն գործելու միջազգային զօրաշարժի առաջացման մէջ։ Այդ առումով ամբողջական եղաւ 1920ին անգլերէնով Լոնտոն հրատարակուած Ադոնցի «Հայկական Հարցը Սեւրի մէջ» գործը (The Armenian Question at Sevres)։ Ազգային¬քաղաքական իր կողմնորոշումը հիմնաւորող պատմաքաղաքական այս գործերով՝ Ն. Ադոնց դատապարտեց հաւասարապէս թէ՛ եւրոպական մեծ տէրութիւնները, որոնք Հայկական Հարցը ծառայեցուցին Թուրքիոյ վրայ իրենց ազդեցութիւնը զօրացնելու հաշիւներուն, թէ՛ խորհրդայինները, որոնք Պրեսթ¬Լիթովսքիի դաշնագրով Արեւմտահայաստանը իրողապէս «ընծայաբերեցին» թուրքերուն... Ինչպէս ատենին, նաեւ մեր օրերուն ազգային¬քաղաքական իր հնչեղութիւնը կը պահէ Ն. Ադոնցի պատգամը.¬ Առանց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու, այլեւ Հայկական Հարցին արդար լուծում մը գտնելու յանձնառութեան, ո՛չ Թուրքիա ինք, ոչ ալ անոր վրայ գրաւ դնող մեծապետական ուժերը ի վիճակի պիտի ըլլան Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին կայուն եւ արդար խաղաղութիւն հաստատելու։ Հայեւթուրք երկխօսութեան ու համերաշխութեան ձգտող բոլոր փորձերը, առանց այս պայմանը ամբողջացնելու, ի վերջոյ դատապարտուած են ձախողութեան ու պատմութեան փոշիներուն տակ թաղուելու... Այդ առումով՝ Նիկողայոս Ադոնցի ծննդեան տարեդարձը զգաստացման յուշարար առիթ մըն է այսօրուան հայ քաղաքական մտքի առաջնորդներուն, յատկապէս իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ղեկավարող ուժերուն, որպէսզի պատմութեան դասերը չանտեսեն, որքան ալ դառն ու դաժան ըլլան անոնք։
Ն.